Մէկ քիլօ նուշ, մէկ թաղ վար
Ամրան տաք յետմիջօրէի մը, հայրս ինձմէ ապսպրեց «մէկ քիլօ նուշ» բերել մեր թաղէն եւ Նոր Մարաշ անցնիլ միայն հոնկէ չգտնելուս պարագային։ Այդ օր փափաքս իրականացաւ եւ առջեւս առիթ բացուեցաւ առանձինս կտրելու 9 տարեկան փոքր հասակիս համար այլապէս արգիլուած պողոտան։ Խանդավառութեամբ մտայ առաջին խանութը եւ, նկատելով, որ ոչ ոք հայերէն կը խօսէր վաճառորդին հետ, պարզապէս ըսի՝ «Պատտի քիլօ նուշ» (արաբերէն՝ մէկ քիլօ նուշ կ՚ուզեմ)՝ առանց գիտնալու նուշին արաբերէն չըլլալը։