Հրթիռները անտէր մնացին
Իրանեան պատերազմի սկսելէն այս կողմ երկու հրթիռներ վնասազերծուեցան Թուրքիոյ տարածքին վրայ։ Արեւելեան Միջերկրականի տարածքին խարսխուած ՆԱԹՕ-ի օդային պաշտպանութեան սարքերը յաջողեցան Իրանէն արձակուած հրթիռները խփել Թուրքիոյ տարածքին վրայ, մէկը Անտիոքի, իսկ միւսը Այնթապի շրջակարգին մօտ։