Կը յիշատակուի անտեսուածներու նկարիչը
Տրուած ըլլալով թէ Յակոբ Արատ իր կեանքի վերջին ամիսները անցուցած էր Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ շրջափակին իրեն տրամադրուած սենեակ մը, որոշուած է նորատիպ գիրքի շնորհանդէսը կատարել սոյն եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, 8 Մայիս ուրբաթ երեկոյ, ժամը 19.00-ին։