Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցագիր յղած է Համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-Պատրիարք Իլիա Բ-ի վախճանման առիթով
Վեհափառ Հայրապետը Ամենակալ Տիրոջ մխիթարութիւնը կը հայցէ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցու հոգեւորականութեան ու վրաց սգակիր բարեկամ ժողովուրդին՝ մաղթելով, որ Նորին Սրբութեան յիշատակը միշտ վառ մնայ հաւատաւոր իր զաւակներու սրտերուն եւ ներշնչման աղբիւր դառնայ գալիք սերունդներուն համար։