Պատմութենէն այս կողմ Քուրթուլուշի մասին
Պոլսոյ հայաշատ Քուրթուլուշ թաղը իր պատմական անցեալով հետզհետէ աւելի ուշագրաւ դարձած է քաղաքի ամբողջութեան մէջ։ Վերջերս յաճախ համալսարանական աւարտաճառերու նիւթ դարձող թաղը, այդ ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ ալ աւելի տեսարժան կը դառնար։