Agos
Ֆրան­սա այն եր­կիրն է, որ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան մա­տու­ցեց հա­սարա­կական դի­մադ­րութեան յաղ­թա­նակով պսա­կուե­լու հզօ­րագոյն օրի­նակը։ 1789-ին քաղ­քե­նիական մեծ յե­ղափո­խու­թիւնը իշ­խա­նափո­խու­թեան ան­նա­խադէպ օրի­նակ մը ըլ­լա­լով նշուեցաւ պատ­մութեան հաս­տա­փոր գիր­քին մէջ։
Ֆրան­սա­կան մեծ յե­ղափո­խու­թեան բո­լոր հանգրո­ւան­նե­րը առան­ձին ու­սումնա­սիրու­թեան նիւթ դար­ձած են ըն­կե­րային գի­տու­թիւննե­րու տար­բեր ոլորտնե­րու մէջ։ Այդ օրի­նակէն ծա­գած է «Յե­ղափո­խու­թիւնը իր զա­ւակ­նե­րը կու­տէ» ասա­ցուած­քը։ Ար­դա­րեւ յե­ղափո­խու­թիւնը, որ առա­ջին հեր­թին ուղղո­ւած էր ազ­նո­ւական­նե­րու դա­սին, ար­քա­յական տոհ­մը գլխա­տելէ ետք հա­շուի նստաւ իր դաշ­նա­կից­նե­րուն հետ ալ։ Յե­ղափո­խու­թիւննե­րու այս յատ­կութիւ­նը տե­սանե­լի է մին­չեւ մեր օրե­րը։ 1979-ին Իրա­նի մէջ մո­լանե­րու վար­չա­կարգն ալ իշ­խա­նու­թիւնը ստանձնե­լէ ետք բազ­մա­մարդ խմբակ­ներ կա­խաղան բարձրա­ցուց քա­ղաքի հրա­պարակ­նե­րուն վրայ։ Մինչդեռ այդ նոյն մար­դիկ սա­տարած էին մո­լանե­րուն, պար­սից շա­հի անար­դար իշ­խա­նու­թիւնը կոր­ծա­նելու գոր­ծին մէջ։
Հոգ չէ թէ իշ­խա­նափո­խու­թեան չէ հա­սած, 1968-ի ու­սա­նողա­կան ցոյ­ցերն ալ Փա­րիզի փո­ղոց­նե­րէն փո­խադ­րուեցան աշ­խարհի հինգ ցա­մաքա­մասե­րու զա­նազան եր­կիրներ, բազ­մա­թիւ քա­ղաք­ներ։
Այ­սօր Ֆրան­սա եթէ ոչ իշ­խա­նափո­խու­թեան տեն­չով, բայց դժգո­հու­թեան նոր ալի­քով մը ան­գամ մը եւս օրի­նակ դառ­նա­լու նե­րու­ժը ու­նի։ Ինչպէս կը հե­տեւինք օր օրի, բո­ղոքի ցոյ­ցը մեկ­նարկեց աշա­կերտնե­րու դժգո­հու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Անոնք կը դժգո­հէին մա­նաւանդ պե­տական վար­ժա­րան­նե­րէ ներս տի­րող ան­փութու­թեան դէմ։ Չէ որ դրա­մապաշտ հա­մակար­գը պե­տական գան­ձէն դպրոց­նե­րու բար­գա­ւաճ­ման հա­մար յատ­կա­ցու­ցած գու­մա­րը կը կրճա­տէ տա­րուէ տա­րի։ Այդ կրճա­տու­մի հե­տեւան­քով կը նա­հան­ջէ ուսման մա­կար­դա­կը։ Բազ­մա­թիւ դա­սապա­հէր կ՚անցնին ոս­ւուցի­չի բա­ցակա­յու­թեամբ։
Աշա­կերտնե­րու այս ար­դար պա­հան­ջը ար­ձա­գանգ գտաւ նաեւ երկրի անի­րաւո­ւած, ան­տե­սուած բո­լոր հա­տուած­նե­րու մօտ։ Երի­տասար­դա­կան ցոյցնե­րու մաս­նակցե­ցան նաեւ բա­նուոր­նե­րը, երկրա­գործնե­րը, թո­շակա­ռու­նե­րը եւ վեր­ջա­պէս դե­ղին բաճ­կո­նաւոր­նե­րը։
Ոս­տի­կանու­թիւնը իր գոր­ծադրած կան­խա­միջոց­նե­րով հետզհե­տէ քննա­դատու­թիւննե­րու թի­րախը դար­ձաւ։ Քա­նի աճե­ցան ոս­տի­կանա­կան մի­ջամ­տութեան հե­տեւան­քով վնա­սուած քա­ղաքա­ցինե­րու թի­ւը, նոյնքան սրո­ւեցաւ ոս­տի­կան­նե­րու հան­դէպ թշնա­ման­քը։ Նաեւ պար­տինք նշել թէ երկրի ներ­քին գո­րոց նա­խարա­րի յայ­տա­րարու­թեամբ վնա­սուած ոս­տի­կան­նե­րու թիւն ալ գե­րազան­ցած է 1000-ը։
Ցու­ցա­րար­ներ խիստ մտա­հոգ են նաեւ իրենց մէջ թա­փան­ցած գրգռիչ պե­տական գոր­ծիչնե­րէ, որոնք գլխա­ւոր դե­րակա­տարը կը դառ­նան խա­նութնե­րու թա­լանու­մին կամ հա­սարա­կապատ­կան շէն­քե­րու հրկիզ­ման դէպ­քերրուն։
Դի­տորդներ ան­մի­ջական կապ կը տես­նեն Սեր­պիոյ եւ Պրա­զիլի ընտրու­թիւննե­րուն եւ Ֆրան­սա­կան ապստամ­բութեան մի­ջեւ։
Ի զուր չէ որ ԱՄՆ նա­խագա­հը ֆրա­սական ապստամ­բութեան դէմ աւե­լի մտա­հոգ է, քան ինքնին Էմա­նուէլ Մաքրոն։
Մամու­լի մաս­նա­գիտա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը, լրագ­րողնե­րու ձեր­բա­կալու­թե­նէն եւ կա­լանա­ւորու­մէն սկսեալ լրա­տուա­միջոց­նե­րուն տե­ղապահ նշա­նակե­լէն ու լրա­տուա­կան կայ­քե­րու եւ ըն­կե­րային ցան­ցի հա­շիւ­նե­րու հա­սանե­լիու­թեան ար­գելքներ սահ­մա­նելէն եւ զա­նազան ճնշումնե­րուն դէմ, Հոկ­տեմբե­րի 24-ի շա­բաթ օրը 10 քա­ղաքի մէջ միաժա­մանակ ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պե­ցին։ «Ո՛չ գրաքննու­թեան, ազա­տու­թի՛ւն լու­րին» կար­գա­խօսով կազ­մա­կեր­պո­ւած ցոյ­ցե­րուն լրագ­րողներ եւ քա­ղաքա­ցիներ հա­ւաքուեցան՝ գրաքննու­թեան, ճնշումնե­րուն եւ լրա­տուա­միջոց­նե­րու մի­ջամ­տութիւննե­րուն դէմ։
Իս­թանպու­լի քայ­լերթը ժա­մը 13.00-ին սկսաւ Գա­տըգիւ­ղի Ցու­լի ար­ձա­նէն։ Լրագ­րողներ եւ քա­ղաքա­ցիներ այստե­ղէն քայ­լերթով գա­ցին դէ­պի ծո­վափ։ Դաշ­տին մէջ ուս ու­սի աշ­խա­տող, գի­շերո­ւան կէ­սին դա­տարա­նին մէջ, ցե­րեկը հրա­պարակ­նե­րուն ու փո­ղոց­նե­րուն վրայ ժա­մանակ անցնող, եր­բեմն թա­տերաս­րա­հի մը կամ ստու­դիոյի մէջ ճամ­բա­ները հա­տուող լրագ­րողնե­րը այս ան­գամ իրենց հա­մար մէկ­տե­ղուե­ցան։ Բա­նուո­րին, աշ­խա­տաւո­րին, ԼԿՊԹԻ+ ան­հատնե­րուն, երի­տասարդնե­րուն կող­քին այս ան­գամ իրենց սե­փական ձայ­նը լսե­լի դարձնե­լու հա­մար հրա­պարակ ելան։ Թե­րեւս օրո­ւան յոյս ներշնչող երե­սակը այն էր, որ եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր ըն­կե­րային ցան­ցի գրա­ռումնե­րուն մէջ տես­նե­լու վար­ժո­ւած «Մի­նակ չէ» խօս­քը այս ան­գամ հրա­պարակ­նե­րուն մէջ, ուս ու­սի տրուած հա­մերաշ­խութեան մէջ իր պա­տաս­խա­նը գտաւ։ Իս­թանպու­լի զա­նազան կող­մե­րէն Գա­տըգիւղ եկած հա­զարա­ւոր քա­ղաքա­ցիներ ալ թէ՛ լրագ­րողնե­րուն հետ հա­մերաշխ ըլ­լա­լու, թէ՛ տե­ղեկա­տուու­թիւն ստա­նալու իրա­ւունքը պաշտպա­նելու հա­մար մաս­նակցե­ցան ցոյ­ցին։
Սպան­նո­ւած լրագ­րողնե­րը
յի­շատա­կուե­ցան
Քայ­լերթին ըն­թացքին բան­տարկեալ լրագ­րողնե­րուն կող­քին Թուրքիոյ մէջ սպան­նուած լրագ­րողներն ալ յի­շուե­ցան։ Մեր թեր­թին հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք, «Էվ­րենսել»ի լրագ­րող Մե­թին Կէօք­թե­փէ եւ «Ճումհու­րի­յէթ»ի սիւ­նա­կագիր Ու­ղուր Մումճու անուննե­րը մէկ-մէկ կար­դա­ցուե­լով յի­շատա­կուե­ցան։ Իւ­րա­քան­չիւր անու­նի ըն­թերցու­մէն ետք բազ­մութե­նէն «Ներ­կայ» կար­գա­խօսը բարձրա­ցաւ։
Ցոյ­ցեր՝ երկրին ամ­բողջ
տա­րած­քին
Իս­թանպու­լէն զատ, Ան­գա­րա, Իզ­միր, Էս­քի­շեհիր, Ան­թա­լիա, Ատա­նա, Գո­ճաէլի, Վան եւ Ամի­տա քա­ղաք­նե­րուն ալ լրագ­րութեան վրայ գոր­ծադրո­ւող ճնշու­մը բո­ղոքի առար­կայ դար­ձաւ։ Ան­գա­րայի մէջ լրագ­րողներ եւ մա­մու­լի մաս­նա­գիտա­կան կազ­մա­կեր­պութիւններ հա­ւաքո­ւեցան Քո­լէճ հրա­պարա­կին մէջ։ Բազ­մութիւ­նը քայ­լերթով շար­ժե­ցաւ դէ­պի Սա­քարիա պո­ղոտա։ Հա­մատեղ յայ­տա­րարու­թե­նէն ետք ԹԼԱ-ի Ան­գա­րայի մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խագահ Սի­նան Թար­թա­նօղ­լու կար­դաց բան­տարկեալ «Պիր­կիւն»ի լրագ­րող Իս­մա­յիլ Արըի պատ­գա­մը։ Իզ­մի­րի մէջ Թիւրքան Սայ­լան Մշա­կու­թա­յին Կեդ­րո­նին առ­ջեւ հա­ւաքո­ւած բազ­մութիւ­նը «Ո՛չ գրաքննու­թեան, ազա­տու­թի՛ւն լու­րին» կար­գա­խօսով քայ­լերթով գնաց դէ­պի նա­ւահան­գիստ։ Քայ­լերթին աջակ­ցութիւն ցոյց տո­ւաւ նաեւ Նոր Կու­սակցու­թեան նա­խագահ Էօզ­կիւր Էօզէլ։
վիպասան Կա­յէ Պո­րալըօղ­լո­ւի պատ­րաստած «Ազա­տու­թիւնը թռչնա­թեւին. Պատ­մո­ւածքներ Հրանդ Տին­քի հա­մար» գիր­քը Հոկ­տեմբե­րի 31-ի շա­բաթ օր կը մա­տու­ցո­ւի ըն­թերցա­սէր հա­սարա­կու­թեան։ Գա­րին Գա­րագաշ­լը, Մու­րա­դհան Մունկան, Սե­մա Գայ­կուսուզ, Այ­ֆեր Դունչ եւ Սե­լահատ­տին Տե­միր­թաշ նե­րառող գրող­ներ հա­մախմբող գիր­քը կեդ­րո­նացած է Հրանդ Տին­քէն ետք ձե­ւաւո­րուած հա­մատեղ յի­շողու­թեան եւ հա­մերաշ­խութեան վրայ։
Գիր­քին կազ­մի նկա­րազար­դումը պատ­րաստած է Քե­մալ Կէօք­հան Կիւրսէս։
Գիր­քին մէջ կան Գա­րին Գա­րագաշ­լըի, Մու­րա­դան Մունկա­նի, Րըտ­վան Հա­դու­նի, Սե­մա Քայ­կուսու­զի, Սե­վիմ Չի­չեգի, Այ­ֆեր Դունչի, Ըր­մագ Զի­լելիի, Մու­րադ Կիւլսո­յի, Մե­լիսա Քես­մե­զի, Մու­րադ Ու­յուրգու­լա­գի, Սե­լահատ­տին Տե­միր­թա­շի, Պեհ­ճեդ Չե­լիքի, Քե­րեմ Պա­գըճըի, Պո­լադ Էօզ­լի­ւօղ­լո­ւի, Քեամիլ Էր­տե­մի, Ֆեդ­հի­յէ Չե­դինի, Շեպ­նեմ Իշի­կիւ­զե­լի, Ֆի­կեն Ալ­քա­չի, Այ­շե­կիւլ Տե­վեճիօղ­լո­ւի եւ Էյ­լեմ Ադա­յի պատ­մո­ւածքնե­րը։
Գիր­քին նե­րածա­կան գրու­թեան մէջ Պո­րալըօղ­լու կը շեշ­տէ, թէ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք ձե­ւաւո­րուած հա­մատեղ սու­գը վե­րածո­ւեցաւ անձնա­կան պատ­մութիւննե­րու։ Նշե­լով, թէ Հրան­դը ճանչցող­նե­րը կամ չճանչցող­նե­րը իր պատ­մութեան հետ նոյ­նա­ցան, Պո­րալըօղ­լու կը գրէ, որ այս հա­մատեղ յի­շողու­թիւնը կրնայ նաեւ իր մէջ կրել այնպի­սի ապա­գայի մը կերտման հնա­րաւո­րու­թիւնը, ուր տար­բե­րու­թիւննե­րը կրնան միասին ապրիլ։
Հայաս­տա­նի տա­րած­քա­յին կա­ռավար­ման եւ են­թա­կառոյցնե­րու փոխ­նա­խարար Նա­րեկ Ապի­տոնեանը 23 Հոկ­տեմբե­րին ըն­դունեց Միացեալ Նա­հանգնե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րի ապա­հովա­կան աջակ­ցութեան հար­ցե­րով փոխ­տե­ղակալ Շո­նա Ուիլ­սը­նի գլխա­ւորած պա­տուի­րակու­թիւնը։
Հան­դիպման ըն­թացքին քննար­կո­ւեցան Հա­յաս­տա­նի եւ Միացեալ Նա­հանգնե­րու մի­ջեւ ու­ժա­նիւ­թի ոլոր­տին մէջ հա­մագոր­ծակցու­թեան ծի­րին մէջ իրա­կանա­ցուող ծրա­գիր­նե­րուն ըն­թացքը եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան զար­գացման հե­ռան­կարնե­րը։
Անդրա­դարձ կա­տարո­ւեցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ հիւ­լէական նոր կա­յանի կա­ռուցման։
Ապի­տոնեան տե­ղեկա­ցուց, որ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին կա­ռավար­ման եւ են­թա­կառոյցնե­րու նա­խարա­րին հրա­մանով նշա­նակո­ւած է «Հիւ­լէական նոր ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւրի կա­ռու­ցում» ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէնի ժա­մանա­կաւոր պաշ­տօ­նակա­տար։ Ան յոյս յայտնեց, որ այս նշա­նակու­մը նոր թափ պի­տի հա­ղոր­դէ կո­րիզա­յին նոր կա­յանի կա­ռուցման գոր­ծընթա­ցին, որոնց կար­գին՝ Միացեալ Նա­հանգնե­րու հա­մապա­տաս­խան ըն­կե­րու­թիւննե­րուն հետ տա­րուող աշ­խատանքներուն։
Պոլսաբնակ նախկին սաները կը ձեռնարկեն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 100-ամեակը նշել երգչախմբային համերգով մը, Պատրիարք Սրբազանի Հովանաւորութեամբ։
Լուսաւորիչ երգչախումբի համերգի ղեկավարն է ինք եւս Մելգոնեանի սան՝ Յակոբ Մամիկոնեան։ Երգչախումբին դաշնամուրով կ՚ընկերակցի Ռոպէր Տողանայ։
Սփիւռքահայ ուսման հաստատութիւններու մէջ ուրոյն տեղ մը ունեցող Մելգոնեանը, Բարեգործականի վարչակազմի դատապարտելի որոշումով վերջ տուած է իր առաքելութեան, տեղի տալով Մերձաւոր Արեւելքէն, Հիւսիային Ափրիկէյէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա երկարող աշխարհագրական տարածքի վրայ աշակերտ ընդունող բարձր մակարդակի կրթական հաստատութեան մը վերացման։
Երեւոյթը հետզհետէ դառն իրողութիւն մը ըլլալով ընդունուած է հայաշխարհի կողմէ։
Արդարեւ «Ակօս»ի խմբագրութիւնը այցելող նախկին սաներ Շնորհիկ Ալթուն եւ Օվսաննա Քալենտեր եւս արտայայտուեցան դպրոցի լքուած վիճակի մասին ու յայտնեցին թէ վարժարանի անցեալի հունձքի ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները ինքնին մխիթարութեան առիթներ կը ներկայացնեն։ «Հիմնադրութեան 100-ամեակը առիթ մըն է այս հաստատութեան հիմնադիրները, ուսուցիչները եւ սատարողները յիշատակելու համար» ըսին նախկին սաները։
Այս ան­­գամ մեր առած ինքնա­­թիռը ար­­շա­­­լոյ­­սի առա­­ջին շո­­ղերը տա­­կաւին եր­­կիր չհա­­սած թռիչք կա­­տարեց դէ­­պի պատ­­մա­­­կան Մե­­լիտի­­նէ կամ ալ մեր այ­­սօ­­­րուայ ըն­­դունո­­ւած տե­­ղանու­­նով՝ Մա­­լաթիա։
Այդ օր բա­­ցու­­մը պի­­տի կա­­տարո­­ւէր քա­­ղաքի 12-րդ գիր­­քի տօ­­նավա­­ճառին։ Ըն­­դա­­­ռաջե­­լով Մա­­լաթիոյ քա­­ղաքա­­պետա­­րանի հրա­­ւէրին կը փու­­թա­­­յինք տօ­­նավա­­ճարի ծի­­րէն ներս ելոյթ մը ու­­նե­­­նալու հա­­մար։ Այդ հրա­­ւէրի փո­­խան­­ցո­­­ղը եղած էր Պոլ­­սոյ մէջ մա­­լաթիացի­­ներու Հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան Միու­­թեան՝ «Մա­­լաթիա Հայ­­Տէր»ի հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րէն եւ առա­­ջին շրջա­­նի վար­­չութեան ատե­­նապետ Խոս­­րով Քէօլէ­­դաւի­­թօղ­­լո­­­ւի։ Ար­­դա­­­րեւ ինք եւս կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէր մե­­զի այս եռօ­­րեայ ճամ­­բորդու­­թեան ըն­­թացքին։
Քա­­ղաք հաս­­նե­­­լէ ետք մեր առա­­ջին գործը եղաւ այ­­ցե­­­լել ոս­­տի­­­կանա­­կան հիւ­­րա­­­նոցը, ուր պի­­տի գի­­շերէինք եր­­կու օր։ Այդտեղ ազա­­տուե­­ցանք մեր ծան­­րութիւննե­­րէն եւ ժա­­մանե­­ցինք տօ­­նավա­­ճառի կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած յա­­տուկ տա­­րած­­քը։ Բա­­ւակա­­նին ըն­­դարձակ վայր մըն էր ան, ուր ան­­մի­­­ջապէս կը նկա­­տուէր կրօ­­նական գիր­­քեր հրա­­տարա­­կող հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րու տա­­ղաւար­­նե­­­րը։ Անոնց մէջ իս­­կոյն կը նկա­­տէինք Թուրքիոյ Պատ­­մութեան Կա­­ճառի, Թուրքիոյ Լե­­զուի Կա­­ճառի, Կրօն­­քի Տես­­չութեան «ԻՇ» եւ «Եափը Քրե­­տի» դրա­­մատու­­նե­­­րու հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րու տա­­ղաւար­­նե­­­րը։ Յայտնի է թէ գրա­­կան գոր­­ծեր հրա­­տարա­­կող հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նե­­­րը այդքան ալ ցան­­կութիւն չէին ու­­նե­­­ցած այս տօ­­նավա­­ճառին մաս­­նակցե­­լու։ Անոնց մէջ միակ բա­­ցառու­­թիւնն էր «Ճան» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը, որ իր բա­­զում գիր­­քե­­­րու տե­­սակա­­նիով կը զբա­­ղեց­­նէր բա­­ւակա­­նին լայն տա­­րածք մը։ Տօ­­նավա­­ճառի մէջ ներ­­կա­­­յացո­­ւած գիր­­քե­­­րու պա­­շարի, եթէ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը իս­­լա­­­մական բնոյ­­թի հրա­­տարա­­կու­­թիւններ էին, անոր կը յա­­ջոր­­դէր նաեւ մա­­նուկնե­­րու ուղղեալ գիր­­քե­­­րու ճո­­խու­­թիւնը։
Այդ ամ­­բողջի մէջ մենք յա­­տուկ ու­­շադրու­­թիւն դար­­ձուցինք քա­­ղաքի երկու վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու, գրա­­կան ակումբնե­­րու ար­­տադրու­­թիւննե­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նող տա­­ղաւար­­նե­­­րու։ Այդտեղ ու­­շագրաւ էր թրքե­­րէն եւ իտա­­լերէն երկլե­­զու հա­­տոր մը, որուն հե­­ղինակ­­ներն էին, վար­­ժա­­­րանի մը աշա­­կերտներ, որոնք «Էրաս­­մուս»ի ծրա­­գիրով այ­­ցե­­­լած էին իտա­­լական վար­­ժա­­­րան մը եւ ապա տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը հա­­մադ­­րած հա­­տորի մը մէջ։ Թուրքիայէն եկող­­նե­­­րը իրենց տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը եւ հա­­սակա­­կից իտա­­լացի աշա­­կերտնե­­րը դար­­ձեալ իրենց տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը շա­­րադ­­րած էին ան­­ջատ գրու­­թիւննե­­րով, որու շնոր­­պիւ գո­­յացած էր սոյն հա­­տորը։
Ան­­մի­­­ջապէս կող­­քի տա­­ղաւա­­րին վրայ, այս ան­­գամ կը ցու­­ցադրո­­ւէր Քեր­­նէք Անա­­տոլու Լի­­սէսի վար­­ժա­­­րանի գրա­­կանու­­թեան ակումբի աշա­­կերտնե­­րու ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը՝ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան, հրա­­պարա­­կախօ­­սու­­թեան եւ հե­­քիաթագ­­րութեան յա­­տուկ բա­­ժին­­նե­­­րով։
Պաշ­­տօ­­­նական այ­­րե­­­րու
տո­­ղանցքը
Ըստ երե­­ւոյ­­թի մենք շատ աւե­­լի ու­­շադրու­­թիւն դար­­ձուցինք դպրոց­­նե­­­րու գրա­­կան ակումբնե­­րու հրա­­տարակ­­չութիւննե­­րուն։
Պար­­տինք նշել թէ եթէ զանց առ­­նենք երկսեռ աշա­­կեր­­տութեան ճռո­­ւողիւ­­նը եւ բզզո­­ցը, ամ­­բողջո­­վին այրիշ­­խան հա­­սարա­­կու­­թեան մը մէջ կը գտնո­­ւէինք։ Այս հան­­գա­­­ման­­քը ալ աւե­­լի տե­­սանե­­լի դար­­ձաւ սեւ գոյ­­նի ինքնա­­շարժնե­­րէն իջ­­նող սե­­ւազ­­գեստ պե­­տական այ­­րե­­­րու եւ անոնք շրջա­­պատող բազ­­մութեան շնոր­­հիւ։
Տօ­­նավա­­ճառի մուտքի դահ­­լի­­­ճին մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ Մա­­լաթիոյ Գիր­­քի 12-րդ տօ­­նավա­­ճառի պաշ­­տօ­­­նական բաց­­ման արա­­րողու­­թիւնը։ Օրո­­ւայ պա­­տուոյ հիւրն էր Երի­­տասար­­դութեան Նա­­խարա­­րը, որու շուրջ անընդհատ վազվզու­­քի մը մէջ էին Մա­­լաթիոյ Կու­­սա­­­կալը, քա­­ղաքա­­պետը, ԱՔՓ կու­­սակցու­­թեան Մա­­լաթիոյ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ատե­­նապե­­տը եւ բազ­­մա­­­թիւ պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեաներ։
Բաց­­ման ճա­­ռը ար­­տա­­­սանեց Մա­­լաթիոյ քա­­ղաքա­­պետը, որուն յա­­ջոր­­դե­­­ցին վերեւ նշո­­ւած աւա­­գանին, հուսկ բան­­քը թո­­ղելով նա­­խարա­­րին։
Ըն­­թերցո­­ղը այս նկա­­րագ­­րումէն կրնայ են­­թադրել թէ որ­­քան ցանցրա­­ցու­­ցիչ պա­­հեր ան­­ցան մին­­չեւ որ այդ աւագ­­նե­­­րը բազ­­ման արա­­րողա­­կար­­գի աւար­­տին լքեն տա­­րած­­քը եւ տօ­­նավա­­ճառը սկսի շա­­րու­­նա­­­կել իր բնա­­կանոն ըն­­թացքով։
Մա­­լաթիոյ հայ­­կա­­­կան հետ­­քե­­­րը
Օրո­­ւայ երկրորդ կէ­­սը ար­­ժե­­­ւորե­­լու հա­­մար մեզ կը սպա­­սէին քա­­ղաքի հայ­­կա­­­կան դի­­մագի­­ծը ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լու կա­­րողու­­թիւն ու­­նե­­­ցող կա­­ռոյցներ։ Մեր առա­­ջին այ­­ցե­­­լավայ­­րը եղաւ հան­­րա­­­ծանօթ «Թաշ Խո­­րան» Եկե­­ղեցին, որ հայ­­կա­­­կան տօ­­մար­­նե­­­րու մէջ ծա­­նօթ է իբ­­րեւ Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն անո­­ւանու­­մով։
Եր­­կար տա­­րիներ լքո­­ւած դիր­­քի մէջ մնա­­ցած այս տա­­ճարը այ­­սօր վե­­րանո­­րոգո­­ւած իր տես­­քով ար­­ժա­­­նի է տա­­րին գո­­նէ մէկ կամ եր­­կու ան­­գամ այ­­ցե­­­լող­­նե­­­րու աղօթքնե­­րը լսե­­լու։ Կ՚երե­­ւի 6 Փետ­­րո­­­ւար 2023-ի երկրա­­շարժն ալ ազ­­դակ մը ըլ­­լար, Մա­­լաթիա «Հայ­­Տէր» վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն թե­­րացած է իր գլխա­­ւոր առա­­քելու­­թիւնը՝ դէ­­պի բնօր­­րան ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւննե­­րը կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու խնդրին մէջ։
Երկրա­­շար­­ժի աւե­­րը տա­­կաւին տե­­սանե­­լի է քա­­ղաքի բո­­լոր շրջան­­նե­­­րուն։ Որոշ տե­­ղեր կը տես­­նենք փլա­­տակ­­ներ, որոշ տե­­ղեր տո­­միկ -տնակ­­ներ, իսկ շատ աւե­­լի յա­­ճախա­­կիօրէն ալ աւար­­տին մօ­­տեցող շի­­նու­­թիւններ։
Տե­­ղացի­­ներ այդ բո­­լորը դի­­տելով կ՚ափ­­սո­­­սան իրենց ծա­­նօթ Մա­­լաթիայի առ­­յա­­­ւէտ կո­­րուստին։ Բո­­լորը հա­­մոզո­­ւած են թէ վե­­րաշի­­նու­­թեան ար­­շա­­­ւը առ­­յա­­­ւէտ պի­­տի վե­­րաց­­նէ նախ­­կին Մա­­լաթիան։
Ան­­խուսա­­փելի ճշմար­­տութիւն, քա­­նի որ այս երկրի մէջ զար­­գացման չա­­փանիշն է նո­­րակա­­ռոյց բազ­­մա­­­յարկ շէն­­քե­­­րը, որ պի­­տի խոս­­տա­­­նայ կա­­ռու­­ցո­­­ղին մեծ շա­­հոյթ եւ գնո­­ղին ալ հետզհե­­տէ ար­­ժէք ստա­­ցող ներդրում։ Սա ոչ միայն Մա­­լաթիոյ, այլ բո­­վան­­դակ Թուրքիոյ հա­­մընդհա­­նուր այ­­լա­­­սերումն է, ուր բնա­­կարան­­նե­­­րը հետզհե­­տէ կը հե­­ռանան բնա­­կելի վայ­­րեր ըլ­­լա­­­լու իմաս­­տէն եւ կը վե­­րածո­­ւին շա­­հու­­թա­­­բեր ներդրումնե­­րու։
Մա­­լաթիոյ մեր յա­­ջորդ այ­­ցե­­­լավայ­­րը եղաւ Հա­­յոց Գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը։ Այստեղ մեր դի­­մաց կը յայտնո­­ւէր շրջա­­պատուած տա­­րածք մը, իր խնա­­մեալ, մա­­քուր տես­­քով։ Գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը օժ­­տո­­­ւած է նաեւ մա­­տու­­րով մը, որ իբ­­րեւ առա­­ջին տպա­­ւորու­­թիւն ամէն ինչ տեղն ու տեղն է բա­­ցի կեն­­դա­­­նու­­թե­­­նէ։ Թե­­րեւս ալ մեր տա­­րօրի­­նակ մտա­­ծելա­­կերպն է, որ մե­­ռեալ­­նե­­­րու տա­­րած­­քին կեն­­դա­­­նու­­թեան կա­­րիքը կը զգանք։ Հա­­մարեա բո­­լորն ալ լա­­տինա­­տառ շիր­­մա­­­քարե­­րով հա­­րուստ այս գե­­րեզ­­մա­­­նատան մէջ հանգչող միակ ոչ հայն էր՝ Գեր­­մա­­­նացի Քա­­րոզիչ Հեր­­ման Կես­­կէ, որուն այ­­րին յա­­տուկ ցան­­կութիւն ու­­նէր իր ամու­­սինը յու­­ղարկա­­ւորել Հա­­յոց Գե­­րեզա­­նատու­­նը։
Պի­­տի յի­­շէք Կէս­­կէ վայ­­րա­­­գօրէն սպա­­նուած էր Մա­­լաթիոյ մէջ, ձե­­ռամբ մո­­լեռանդ ար­­մա­­­տական մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու։ Այդ դէպ­­քը Թուրքիոյ մօտ ան­­ցեալի պատ­­մութեան մէջ կը յի­­շուի «Զիր­­վէ հրա­­տարակ­­չա­­­տան ջար­­դը» կո­­չու­­մով։
Այս քա­­ղաքին մէջ ըն­­դունո­­ւած սո­­վորու­­թիւն է մսա­­վաճառ­­նե­­­րու Քե­­պափ սար­­քե­­­լու աւան­­դոյթը։ Այս ըն­­թացքին ծա­­նօթ ենք Ան­­տիոքի Սա­­ման­­տաղ գա­­ւառէն, ուր մսա­­վաճա­­ռը իր ստանձնած պա­­տուէ­­րի քա­­նակով մի­­սը կը պատ­­րաստէ օգ­­տա­­­գոր­­ծե­­­լով պատ­­շաճ հա­­մեմունք եւ կը յանձնէ ան­­մի­­­ջապէս կող­­քին գոր­­ծող հա­­ցափու­­ռին։
Մենք ալ հե­­տեւե­­ցանք այդ աւան­­դոյթին եւ մսա­­վաճա­­ռին պա­­տուի­­րած լահ­­մա­­­ճուննե­­րը ստա­­ցանք հա­­ցափու­­ռէն եւ բռնե­­ցինք մե­­զի ու­­ղեկցող վաս­­տա­­­կաւոր ու­­սուցիչ Ֆիք­­րի Տե­­միր­­թա­­­շի պար­­տէ­­­զը։
Ու­­սուցի­­չի բնա­­կավայ­­րը քա­­ղաքի կեդ­­րոնն էր։ Այս հա­­տուա­­ծի պար­­տէ­­­զը ան կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծէ իբ­­րեւ ժա­­ման­­ցի վայր, ուր կը զբա­­ղի հո­­ղագոր­­ծութեամբ եւ գրա­­կանու­­թիւնով։
Անոր հե­­տաքրքրու­­թեան դաշ­­տերն են Մա­­լաթիոյ գա­­ւառ­­նե­­­րը, անոնց գիւ­­ղե­­­րը, իրենց պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալով ու ներ­­կա­­­յի պայ­­մաննե­­րով։ Այդ գրու­­թիւննե­­րը յա­­ճախ լոյս կը տես­­նեն շրջա­­նային «Մա­­լաթիա Հա­­պէր» թեր­­թի սիւ­­նակնե­­րէն։
Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով թէ նա­­խորդ գի­­շերը հա­­մարեա ան­­գուն ան­­ցած էր նա­­խընտրե­­ցինք փու­­թալ մեր իջե­­ւանած ոս­­տի­­­կանա­­կան հիւ­­րա­­­նոցը, յա­­ջորդ օրը աւելի առոյգ արթննա­­լու տեն­­չով։
Այդ օր մեզ կը սպա­­սէր նո­­րանոր ծա­­նօթու­­թիւններ, որոնցմէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը կու գար ալ աւե­­լի հարստաց­­նե­­­լու Մա­­լաթիայի նկատ­­մամբ մեր տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը։
Այս ան­­գամ այ­­ցե­­­լեցինք պատ­­մա­­­կան Վէնք Տա­­ճարը։ Սա հա­­յերէն վանք բա­­ռի աղա­­ւաղո­­ւած անո­­ւանումն է, որ տե­­ղական բար­­բա­­­ռի մէջ դար­­ձած է վէնք։ Այստեղ եւս ու­­շագրաւ էր կա­­տարո­­ւած վե­­րանո­­րոգու­­մը։ Վե­­րանո­­րոգո­­ւած բայց ան­­տե­­­սուած տա­­ճար մըն է Վէն­­քը, ուր տի­­րող տպա­­ւորու­­թիւնն է լքո­­ւածու­­թիւնը ու ան­­կենդա­­նու­­թիւնը։ Ափ­­սոս որ հայ ան­­հա­­­տի բա­­ցակա­­յումն է այդ լքո­­ւածու­­թեան երե­­ւոյ­­թը։
Մեր եռօ­­րեայ այ­­ցե­­­լու­­թեան ըն­­թացքին հան­­դի­­­պեցանք միայն կրօ­­նափոխ եղած հա­­յու մը ըն­­տա­­­նիքին։ Շնոր­­հիւ Խոս­­րով Քէօլէ­­դաւի­­թօղ­­լո­­­ւի անձնա­­կան բա­­րեկա­­մու­­թիւննե­­րուն այ­­ցե­­­լեցինք օճախ­­ներ, որոնք բա­­ցուե­­ցան մեր առ­­ջեւ իրենց ան­­կեղծու­­թեամբ։ Բայց այդ տու­­նե­­­րու իրո­­ղու­­թիւնը մնաց ան­­փո­­­փոխ, որ­­պէս ծպտեալ կեանք մը՝ այս կրօ­­նամոլ ու ազ­­գայնա­­կանա­­ցած քա­­ղաքի մէջ։ Հայ ըլ­­լա­­­լու, բայց ինքնու­­թիւնը քօ­­ղար­­կե­­­լու ամե­­նածանր դրսե­­ւորումնե­­րուն ակա­­նատես ըլ­­լա­­­լը իս­­կա­­­պէս ցա­­ւալի է։
Քա­­ղաքը բա­­զում անակնկալ­­ներ պար­­գե­­­ւեց մե­­զի, որոնք շատ ան­­գամ հա­­ճելի պա­­հերու վե­­րածո­­ւեցան։
Այդպի­­սին պա­­տահե­­ցաւ, երբ մեր ինքնա­­շար­­ժը կանգ առաւ բե­­նզինի լցկա­­կայա­­նի մը մէկ ան­­կիւնը եւ մենք ուղղուեցանք նոյն կա­­յանի յետնա­­մասը, ուր ըն­­դարձակ պար­­տէ­­­զի մը մէջ կա­­ռու­­ցո­­­ւած էր ճա­­շարան։ Այս տա­­րած­­քի սե­­փակա­­նատէ­­րը դար­­ձեալ Խոս­­րով Քէօլէ­­դաւի­­թօղ­­լո­­­ւի բա­­րեկամ­­նե­­­րէն մէկն էր, որ մեզ հիւ­­րա­­­սիրեց տե­­ղական խո­­հանո­­ցի ու­­տեստնե­­րով։ Լե­­զուի ըն­­կա­­­լած բո­­լոր հա­­մերը աղի, կծու, լե­­ղի, թթու կամ քաղցր դա­­րերու փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ ընդլու­­ծո­­­ւած են իրա­­րու՝ ներ­­կա­­­յանա­­լով բո­­լորո­­վին տե­­ղական ճա­­շատե­­սակ­­նե­­­րով։ Խոս­­տո­­­վանինք թէ պա­­տահա­­կանու­­թիւնը այնպէս ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ, ուր մենք այդ նոյն տե­­սակա­­նին քա­­նի մը ժա­­մերու ըն­­թացքին եր­­կու ան­­գամ համ­­տե­­­սեցինք։ Եր­­կուքն ալ ըն­­կե­­­րական ջերմ մի­­ջավայ­­րի մէջ։ Մին՝ Հա­­սանի ճա­­շարա­­նը, իսկ միւ­­սը Ահ­­մե­­­տի ըն­­տա­­­նեկան հար­­կին տակ։ Կե­­ռասը իբ­­րեւ պտուղ բո­­լորին ծա­­նօթ է։ Իսկ կե­­ռասի տե­­րեւ­­նե­­­րուն իբ­­րեւ ճա­­շատե­­սակ շա­­հագոր­­ծումը բո­­լորո­­վին տե­­ղական։ Նոյ­­նը կա­­րելի է ըսել կա­­ղամ­­բի տե­­րեւ­­նե­­­րուն հա­­մար ալ, ուր յա­­տուկ մի­­ջու­­կով բո­­լորո­­վին տար­­բեր ճա­­շատե­­սակի մը կը վե­­րածո­­ւի։
Այստեղ մե­­զի հա­­մար ու­­շագրաւ էր որմնան­­կար մը, ուր կը նկա­­տուէր քա­­ղաքի պատ­­մութեան մէջ որոշ տեղ զբա­­ղեցու­­ցած, համ­­բա­­­ւի տի­­րացած հան­­րա­­­ծանօթ խե­­ւեր։ Անոնցմէ իւ­­րա­­­քան­­չիւրը ու­­նէր իր յատ­­կութիւ­­նը եւ այդ յատ­­կութիւ­­նով ձեռք բե­­րած անու­­նը։ Իս­­կոյն յի­­շեցինք Հրանդ Տին­­քի յօ­­դուած­­նե­­­րէն մէ­­կը՝ որու մէջ ինք եւս կ՚անդրա­­դառ­­նար Մա­­լաթիոյ խե­­ւերուն։ Իս­­կա­­­պէս ալ իւ­­րա­­­քան­­չիւր չա­­փահաս մարդ, երբ պահ մը փոր­­ձէ յի­­շել իր կեան­­քի ըն­­թացքին հան­­դի­­­պած խե­­ւերը, դիւ­­րաւ կրնանք հաս­­տա­­­տել թէ անոնք ցան­­կա­­­ցած հա­­ւաքա­­կանու­­թեան լրա­­ցու­­ցիչ տար­­րերն են, որոնց բա­­ցակա­­յու­­թիւնով կեան­­քը շատ աւե­­լի ան­­տա­­­նելի պի­­տի դառ­­նար։ Մնաց որ շատ ան­­գամ վի­­ճելի երե­­ւոյթ է թէ ո՞վ է խե­­ւը, ո՞վ է խե­­լօքը։ Հա­­մակար­­գը այնպէս կը գոր­­ծէ թէ նոյ­­նիսկ ան­­միտ ու անի­­մաստ պար­­տադրանքնե­­րուն հլու հնա­­զանդ հա­­մակեր­­պողնե­­րը խե­­լօք հա­­մարո­­ւին, իսկ առար­­կողնե­­րը ար­­ժա­­­նանան խեն­­դի կո­­չու­­մին։
Բա­­նախօ­­սու­­թիւն՝ Քենթ
Քոն­­սէ­­­յի դահ­­լի­­­ճին մէջ
Շա­­բաթ օրո­­ւայ յետ­­մի­­­ջօրէին այ­­ցե­­­լեցինք Ժպտա­­դէմ­­քե­­­րու սրճա­­րանը, ուր ան­­մի­­­ջական հա­­րեւա­­նու­­թիւնով է մեր բա­­նախօ­­սելիք Մա­­լաթիա Քենթ Քոն­­սէ­­­յի շէն­­քին։ Այնտեղ մա­­տու­­ցողնե­­րը տաուն սենտրո­­մով թե­­րաճ երի­­տասարդներ կամ պա­­տանի­­ներ են, որոնց դէմ­­քին յատ­­կանշա­­կան ար­­տա­­­յայ­­տութիւնն է ժպի­­տը։ Նախ­­քան հան­­դի­­­պում հա­­ճելի զրոյցնե­­րով լե­­ցուն եր­­կու ժա­­մեր ան­­ցուցինք, այդ սրճա­­րանին մէջ, շրջա­­պատո­­ւած սե­­րելի Խոս­­րո­­­վի բա­­րեկամ­­նե­­­րով ու բա­­րեկամ­­նե­­­րու բա­­րեկամ­­նե­­­րով։
Ապա ուղղո­­ւեցանք դէ­­պի բա­­նախօ­­սու­­թեան դահ­­լի­­­ճը ուր մեզ կը սպա­­սէին քա­­ղաքա­­պետա­­րանի պաշ­­տօ­­­նակազ­­մը եւ ժո­­ղովա­­վար բժիշկ Ալի Չա­­քըր։
Այդ հա­­տուա­­ծի մա­­սին ան­­ջա­­­տաբար պի­­տի ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւինք թեր­­թիս հա­­յերէն բաժ­­նի չոր­­րորդ էջին վրայ։
Մա­­լաթիոյ երեք օրե­­րը ու­­սուցո­­ղական էին մե­­զի հա­­մար, իբ­­րեւ նոր յայտնա­­բերումներ, բա­­ցայայ­­տումներ եւ մա­­նաւանդ ծա­­նօթու­­թիւններ։ Մա­­լաթիայէն եւ մա­­լաթիացի­­ներէն հրա­­ժեշտ առինք կրկին հան­­դի­­­պելու եւ այս ան­­գամ քա­­ղաքի հա­­րեւան վայ­­րերն ալ այ­­ցե­­­լելու ցան­­կութեամբ։
(Կայացած է՝ Երեւան: 8-9 Հոկտեմբեր. 2026 թուականին)
Հայաս­տա­­նի Ազ­­գա­­­յին Գրա­­դարա­­նի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ «Ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թիւն յա­­նուն կա­­յուն ապա­­գայի» խո­­րագ­­րով մի­­ջազ­­գա­­­յին գի­­տաժո­­ղովը՝ նո­­ւիրո­­ւած Ոս­­կան Երե­­ւան­­ցու տպագ­­րած առա­­ջին հա­­յերէն Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի հրա­­տարա­­կու­­թեան 360-ամեակին։ Գի­­տաժո­­ղովը հա­­մախմբած է մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեանը մի­­տուած ոլորտնե­­րու մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու՝ քննար­­կե­­­լու ազ­­գա­­­յին եւ տպա­­գիր ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան, ու­­սումնա­­սիր­­ման, հան­­րահռչակ­­ման ու ապա­­գայ սե­­րունդնե­­րուն փո­­խանցման ար­­դի խնդիր­­նե­­­րը։ Գի­­տաժո­­ղովի եր­­կօ­­­րեայ ծրա­­գիրն կ՚ընդգրկէր մշա­­կու­­թա­­­յին եւ ազ­­գա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան ու հան­­րահռչակ­­ման, մաս­­նա­­­գիտա­­կան զար­­գացման ու կա­­ռավար­­ման, ժա­­ռան­­գութեան թո­­ւային վե­­րափո­­խու­­մը, ինչպէս նաեւ փաս­­տաթղթե­­րու պահ­­պա­­­նու­­թեան ու վե­­րականգման առնչո­­ւող թե­­մաներ։ Առան­­ձին նիս­­տե­­­րուն անդրա­­դարձ կա­­տարո­­ւեցաւ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչին՝ որ­­պէս մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան, սփիւռքի ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան ու հան­­րահռչակ­­ման, ինչպէս նաեւ ազ­­գա­­­յին եւ տպա­­գիր ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան խնդիր­­նե­­­րուն։ Գի­­տաժո­­ղովի շրջա­­նակին կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցան նաեւ մաս­­նա­­­գիտա­­կան աշ­­խա­­­տաժո­­ղով­­ներ՝ նո­­ւիրո­­ւած գրա­­դարա­­նային եւ ար­­խի­­­ւային ոլորտնե­­րու փոր­­ձին ու ժա­­մանա­­կակից գոր­­ծիքնե­­րու կի­­րառ­­ման։ Ծրագ­­րի մէջ նե­­րառո­­ւած էր նաեւ թան­­գա­­­րան­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թիւն։
Գի­­տաժո­­ղովին կը մաս­­նակցէր նաեւ «Ակօս»-ի թղթա­­կից Մա­­րի Յով­­հաննի­­սեան, որու զե­­կոյ­­ցը՝ ««Ակօս» շա­­բաթա­­թեր­­թը՝ որ­­պէս արեւմտա­­հայ մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան ինստի­­տու­­ցիոնալ կրող եւ պահ­­պա­­­նող» վեր­­նա­­­գիրով, նո­­ւիրո­­ւած է «Ակօս»-ի՝ որ­­պէս արեւմտա­­հայ մշա­­կու­­թա­­­յին յի­­շողու­­թեան պահ­­պանման, փո­­խանցման եւ հան­­րահռչակ­­ման կա­­րեւոր հար­­թա­­­կի դե­­րին։ Զե­­կոյ­­ցի թե­­ման առանձնա­­յատուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան հա­­մատեքստի մէջ՝ ընդգծե­­լով մա­­մու­­լի դե­­րը ոչ միայն որ­­պէս տե­­ղեկատ­­ւութեան տա­­րած­­ման մի­­ջոցի, այ­­լեւ որ­­պէս հա­­մայնքի պատ­­մա­­­կան յի­­շողու­­թիւնը, լե­­զուամ­­շա­­­կու­­թա­­­յին ինքնու­­թիւնը եւ մտա­­ւոր ժա­­ռան­­գութիւ­­նը ամ­­րագրող ու սե­­րունդնե­­րուն փո­­խան­­ցող հաս­­տա­­­տու­­թեան։
Ստո­­րեւ կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք Մա­­րի Յով­­հաննի­­սեանի զե­­կոյ­­ցի սեղ­­մա­­­գիրը
«Ակօս» շա­­բաթա­­թեր­­թը՝ որ­­պէս արեւմտա­­հայ մշա­­կու­­թա­­­յին
ժա­­ռան­­գութեան ինստի­­տու­­ցիոնալ կրող եւ պահ­­պա­­­նող
«Մե­­ծար­­գոյ նա­­խագա­­հող, յար­­գե­­­լի գոր­­ծընկեր­­ներ,
Նախ կը ցան­­կա­­­նամ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնել այս հե­­ղինա­­կաւոր գի­­տաժո­­ղովի կազ­­մա­­­կեր­­պիչնե­­րուն՝ ազ­­գա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան խնդի­­րը գի­­տական քննարկման առանցքա­­յին թե­­մանե­­րէն մէ­­կը դարձնե­­լու հա­­մար։ XXI դա­­րի մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը վե­­րաճած է բազ­­մա­­­ճիւղ գի­­տակար­­գի, որ իր մէջ կը նե­­րառէ պատ­­մութիւ­­նը, մշա­­կու­­թա­­­բանու­­թիւնը, մար­­դա­­­բանու­­թիւնը, ժա­­ռան­­գա­­­գիտու­­թիւնը, լե­­զուա­­բանու­­թիւնը, յի­­շողու­­թեան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը եւ մե­­դիայի տե­­սու­­թիւնը։ Մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան վե­­րաբե­­րեալ ժա­­մանա­­կակից պատ­­կե­­­րացումնե­­րը վեր­­ջին տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րուն էական փո­­փոխու­­թիւննե­­րու են­­թարկո­­ւած է։ Եթէ նախ­­կին ժա­­ռան­­գութիւ­­նը հիմ­­նա­­­կանին կը նոյ­­նա­­­ցուէր պատ­­մա­­­ճար­­տա­­­րապե­­տական յու­­շարձան­­նե­­­րու, ձե­­ռագ­­րե­­­րու կամ թան­­գա­­­րանա­­յին հա­­ւաքա­­ծու­­նե­­­րու հետ, ապա այ­­սօր այն կը դի­­տար­­կո­­­ւի որ­­պէս առա­­ւել լայն հաս­­կա­­­ցու­­թիւն, որ կ՚ընդգրկէ լե­­զուն, հա­­ւաքա­­կան յի­­շողու­­թիւնը, մշա­­կու­­թա­­­յին ինքնու­­թիւնը, բա­­նաւոր եւ գրա­­ւոր աւան­­դոյթնե­­րը, ինչպէս նաեւ այն հա­­սարա­­կական կա­­ռոյցներն ու հար­­թակնե­­րը, որոնց մի­­ջոցաւ այդ ար­­ժէքնե­­րը կը պահ­­պա­­­նուին եւ կը փո­­խան­­ցո­­­ւին սե­­րունդէ սե­­րունդ։ Այս ըն­­կալման ձե­­ւաւոր­­ման գոր­­ծին շրջա­­դար­­ձա­­­յին նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցաւ ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ-ի 2003 թո­­ւակա­­նի «Ոչ նիւ­­թա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին» կո­­նուեն­­ցիան, որ շեշ­­տեց, որ ժա­­ռան­­գութիւ­­նը կը պահ­­պա­­­նուի ոչ միայն նիւ­­թա­­­կան ար­­ժէքնե­­րու պահ­­պա­­­նու­­թիւնով, այ­­լեւ անոնց շա­­րու­­նա­­­կական գոր­­ծա­­­ծու­­թեան, հան­­րայնաց­­ման եւ փո­­խանցման մի­­ջոցով։
Այս տե­­սան­­կիւնէն կը ցան­­կա­­­նանք անդրա­­դառ­­նալ «Ակօս» շա­­բաթա­­թեր­­թին՝ առա­­ջար­­կե­­­լով այն դի­­տար­­կել ոչ միայն որ­­պէս լրա­­տուա­­միջոց, այ­­լեւ որ­­պէս արեւմտա­­հայ ոչ նիւ­­թա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պանման, վե­­րար­­տադրու­­թեան եւ փո­­խանցման կա­­րեւո­­րագոյն հար­­թակ։
«Ակօս» հիմ­­նադրո­­ւած է 1996 թո­­ւակա­­նին Իս­­թանպու­­լի մէջ Հրանդ Տին­­քի նա­­խաձեռ­­նութեամբ։ Թեր­­թի ստեղծման հիմ­­նա­­­կան նպա­­տակը Թուրքիոյ հայ հա­­մայնքի ձայ­­նը հան­­րա­­­յին դաշտ հասցնելն էր, սա­­կայն գրե­­թէ երեք տաս­­նա­­­մեակի գոր­­ծունէու­­թիւնը ցոյց կու տայ, որ անոր առա­­քելու­­թիւնը զգա­­լիօրէն ընդլայ­­նո­­­ւած է։ Այ­­սօր «Ակօս»-ը ձե­­ւաւո­­րուած է որ­­պէս լե­­զուա­­կան, մշա­­կու­­թա­­­յին, պատ­­մա­­­կան եւ հա­­սարա­­կական նշա­­նակու­­թեան հաս­­տա­­­տուն հար­­թակ, որու գոր­­ծունէու­­թիւնը վա­­ղուց գե­­րազան­­ցած է դա­­սական մա­­մու­­լի սահ­­մաննե­­րը։ Մեր հե­­տազօ­­տու­­թեան հիմ­­նա­­­կան թեզն այն է, որ «Ակօս»-ը կ՚իրա­­կանաց­­նէ ոչ նիւ­­թա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան այնպի­­սի գոր­­ծա­­­ռոյթներ, որոնք սո­­վորա­­բար վե­­րապա­­հուած են յի­­շողու­­թեան պահ­­պանմամբ զբա­­ղուող կա­­ռոյցնե­­րուն՝ թան­­գա­­­րան­­նե­­­րուն, ար­­խիւնե­­րուն, գրա­­դարան­­նե­­­րուն եւ գի­­տական հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րուն։ Այս եզ­­րա­­­կացու­­թիւնը հիմ­­նո­­­ւած է մշա­­կու­­թա­­­յին յի­­շողու­­թեան տե­­սու­­թիւննե­­րու՝ Մո­­րիս Հալբվաք­­սի, Յան Աս­­մա­­­նի եւ Փիեռ Նո­­րայի աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու, ինչպէս նաեւ ժա­­ռան­­գա­­­գիտու­­թեան ժա­­մանա­­կակից մօ­­տեցումնե­­րու վրայ։ Յան Աս­­մա­­­նը մշա­­կու­­թա­­­յին յի­­շողու­­թիւնը կը սահ­­մա­­­նէ որ­­պէս այն հա­­մակարգ, որու մի­­ջոցով հա­­սարա­­կու­­թիւննե­­րը կը պահ­­պա­­­նեն եւ կը փո­­խան­­ցեն իրենց պատ­­մա­­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը։ Այդ յի­­շողու­­թիւնը կը գո­­յատե­­ւէ ոչ միայն նիւ­­թա­­­կան յու­­շարձան­­նե­­­րու մէջ, այ­­լեւ այն կրող­­նե­­­րու մի­­ջոցով, որոնք կ՚ապա­­հովեն անոր շա­­րու­­նա­­­կական վե­­րար­­տադրու­­թիւնը։ Մեր հա­­մոզու­­մով՝ «Ակօս»-ը մշա­­կու­­թա­­­յին յի­­շողու­­թեան պահ­­պանման այդպի­­սի կա­­րեւոր կրող­­նե­­­րէն մէկն է։
Առա­­ջին հեր­­թին՝ ան
կ՚ապա­­հովէ արեւմտա­­հայե­­րէնի կեն­­սունա­­կու­­թիւնը
Արեւմտա­­հայե­­րէնը ՈՒ­­ՆԵՍՔՕ-ի կող­­մէ կը դա­­սուի վտան­­գո­­­ւած լե­­զու­­նե­­­րու շար­­քին։ Լե­­զուի պահ­­պա­­­նու­­մը հնա­­րաւոր չէ միայն կրթա­­կան ծրագ­­րե­­­րու մի­­ջոցով։ Ան պէտք է գոր­­ծա­­­ծուի հա­­սարա­­կական կեան­­քի, լրագ­­րութեան, մշա­­կոյ­­թի, գի­­տու­­թեան եւ հան­­րա­­­յին հա­­ղոր­­դակցու­­թեան մէջ։ «Ակօս»-ը գրե­­թէ երեք տաս­­նա­­­մեակ շա­­րու­­նակ կը ստեղ­­ծէ հէնց այդ լե­­զուա­­կան մի­­ջավայ­­րը։ Անոր էջե­­րուն մէջ արեւմտա­­հայե­­րէնը կը ներ­­կա­­­յանայ ոչ թէ որ­­պէս պատ­­մա­­­կան ար­­ժէք, այլ որ­­պէս կեն­­դա­­­նի գրա­­կան լե­­զու, որը կ՚ար­­ձա­­­գան­­գէ ժա­­մանա­­կակից քա­­ղաքա­­կան, հա­­սարա­­կական, մշա­­կու­­թա­­­յին եւ գի­­տական գոր­­ծընթաց­­նե­­­րուն։ Հե­­տեւա­­բար, թեր­­թի գոր­­ծունէու­­թիւնը ոչ միայն լե­­զուա­­կան, այ­­լեւ ժա­­ռան­­գա­­­պահ­­պա­­­նողա­­կան նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի։
Երկրորդ կա­­րեւոր գոր­­ծա­­­ռոյ­­թը հա­­մայնքա­­յին յի­­շողու­­թեան
փաս­­տագրումն է
Ամէն շա­­բաթ թեր­­թի էջե­­րուն կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւին Թուրքիոյ հայ­­կա­­­կան հա­­մայնքի մշա­­կու­­թա­­­յին, կրթա­­կան, հո­­գեւոր, հա­­սարա­­կական եւ հան­­րա­­­յին կեան­­քի իրա­­դար­­ձութիւննե­­րը։ Ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին այդ հրա­­պարա­­կումնե­­րը ձեռք կը բե­­րեն սկզբնաղ­­բիւրա­­յին ար­­ժէք՝ դառ­­նա­­­լով Թուրքիոյ հայ հա­­մայնքի XXI դա­­րի պատ­­մութեան ու­­սումնա­­սիրու­­թեան կա­­րեւոր վա­­ւերագ­­րեր։ Այս իմաս­­տով «Ակօս»-ը ոչ միայն կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րէ ներ­­կան, այ­­լեւ կը ձե­­ւաւո­­րէ ապա­­գայի պատ­­մա­­­գիտա­­կան յի­­շողու­­թեան փաս­­տա­­­կան հիմ­­քը՝ ստեղ­­ծե­­­լով կեն­­դա­­­նի ար­­խիւ, որ ար­­ժէ­­­քաւոր է ինչպէս պատ­­մա­­­բան­­նե­­­րու, այնպէս ալ մշա­­կու­­թա­­­բան­­նե­­­րու, սո­­ցիոլոկ­­նե­­­րու եւ մե­­դիա-հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րու հա­­մար։
Եր­­րորդ կա­­րեւոր գոր­­ծա­­­ռոյ­­թը հայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին
ժա­­ռան­­գութեան, ինչպէս նաեւ հա­­սարա­­կական-քա­­ղաքա­­կան կեան­­քի հան­­րայնա­­ցումն է
Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն «Ակօս»-ը հա­­մակար­­գո­­­ւած անդրա­­դար­­ձած է Հա­­յաս­­տա­­­նի մշա­­կու­­թա­­­յին կեան­­քին, Մա­­տենա­­դարա­­նի գոր­­ծունէու­­թեան, հայ­­կա­­­կան ձե­­ռագ­­րա­­­կան մշա­­կոյ­­թին, ճար­­տա­­­րապե­­տական ժա­­ռան­­գութեանը, մի­­ջազ­­գա­­­յին գի­­տաժո­­ղով­­նե­­­րուն, թան­­գա­­­րանա­­յին նա­­խաձեռ­­նութիւննե­­րուն, մշա­­կու­­թա­­­յին ծրագ­­րե­­­րուն եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան, ինչպէս նաեւ հա­­սարա­­կական-քա­­ղաքա­­կան կեան­­քին վե­­րաբե­­րող այ­­լե­­­ւայլ իրա­­դար­­ձութիւննե­­րուն։ Այս հրա­­պարա­­կումնե­­րու շնոր­­հիւ Հա­­յաս­­տա­­­նի մշա­­կու­­թա­­­յին ու հան­­րա­­­յին գոր­­ծընթաց­­նե­­­րը հա­­սանե­­լի կը դառ­­նան Թուրքիոյ հայ հա­­մայնքին եւ աշ­­խարհի տար­­բեր երկրնե­­րուն բնա­­կուող հայ ըն­­թերցող­­նե­­­րուն։ Այսպէ­­սով կը ձե­­ւաւո­­րուի հա­­մահայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին հա­­ղոր­­դակցու­­թեան միաս­­նա­­­կան տա­­րածք, որ­­տեղ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ սփիւռքի մշա­­կու­­թա­­­յին, հա­­սարա­­կական, քա­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գե­­­րը մշտա­­պէս հա­­ղոր­­դակցու­­թեան մէջ են։
Չոր­­րորդ կա­­րեւոր
գոր­­ծա­­­ռոյ­­թը մշա­­կու­­թա­­­յին երկխօ­­սու­­թեան խթա­­նումն է
«Ակօս»-ի երկլե­­զու բնոյ­­թը եզա­­կի երե­­ւոյթ է հայ­­կա­­­կան մա­­մու­­լի պատ­­մութեան մէջ։ Թեր­­թը լոյս կը տես­­նէ արեւմտա­­հայե­­րէն եւ թրքե­­րէն, ին­­չը հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կու տայ հայ­­կա­­­կան մշա­­կոյ­­թը, պատ­­մութիւ­­նը եւ ար­­դի իրո­­ղու­­թիւննե­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նել ոչ միայն հայ ըն­­թերցո­­ղին, այ­­լեւ թուրք հա­­սարա­­կու­­թեան։ Այս իմաս­­տով «Ակօս»-ը հան­­դէս կու գայ որ­­պէս մշա­­կու­­թա­­­յին դի­­ւանա­­գիտու­­թեան կա­­րեւոր հար­­թակ՝ նպաս­­տե­­­լով փոխ ճա­­նաչո­­ղու­­թեան, երկխօ­­սու­­թեան եւ հայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան հան­­րայնաց­­մա­­­նը մի­­ջազ­­գա­­­յին հա­­մատեքստ։
Մեր հե­­տազօ­­տու­­թեան առանձնա­­յատ­­կութիւննե­­րէն մէ­­կը այն է, որ ան հիմ­­նուած է նաեւ գործնա­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թեան վրայ։ Վեր­­ջին չորս տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին, որ­­պէս «Ակօս» շա­­բաթա­­թեր­­թի թղթա­­կից, հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցած ենք լու­­սա­­­բանե­­լու հայ­­կա­­­կան մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեանը վե­­րաբե­­րող բազ­­մա­­­թիւ մի­­ջազ­­գա­­­յին գի­­տաժո­­ղով­­ներ, գի­­տական հա­­մաժո­­ղով­­ներ, թան­­գա­­­րանա­­յին ծրագ­­րեր, մշա­­կու­­թա­­­յին նա­­խաձեռ­­նութիւններ, ինչպէս նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ սփիւռքի հա­­սարա­­կական ու մշա­­կու­­թա­­­յին կեան­­քի կա­­րեւոր իրա­­դար­­ձութիւններ։ Այս փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը ցոյց կու տայ, որ մշա­­կու­­թա­­­յին լրագ­­րութիւ­­նը շատ աւե­­լի լայն գոր­­ծա­­­ռոյթ ու­­նի, քան պար­­զա­­­պէս տե­­ղեկա­­տուու­­թեան փո­­խան­­ցումը։ Մշա­­կու­­թա­­­յին թե­­մայով իւ­­րա­­­քան­­չիւր հրա­­պարա­­կում կը ստեղ­­ծէ յի­­շողու­­թեան նոր շերտ, հար­­ցազրոյցնե­­րը կը պահ­­պա­­­նուին որ­­պէս իրենց ժա­­մանա­­կի վկա­­յու­­թիւններ, իսկ մշա­­կու­­թա­­­յին ու հա­­սարա­­կական անդրա­­դար­­ձե­­­րը ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին կը վե­­րածո­­ւին պատ­­մա­­­գիտա­­կան ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու ար­­ժէ­­­քաւոր աղ­­բիւրնե­­րու։ Այսպէ­­սով, լրագ­­րո­­­ղը հան­­դէս կու գայ ոչ միայն որ­­պէս տե­­ղեկա­­տուու­­թեան փո­­խան­­ցող, այ­­լեւ որ­­պէս մշա­­կու­­թա­­­յին յի­­շողու­­թեան պահ­­պանման եւ հան­­րայնաց­­ման գոր­­ծընթա­­ցի մաս­­նա­­­կից։ Այս դի­­տար­­կումը յատ­­կա­­­պէս կա­­րեւոր է ազ­­գա­­­յին փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րու մա­­մու­­լի պա­­րագա­­յին, որ­­տեղ իւ­­րա­­­քան­­չիւր հրա­­պարա­­կում ու­­նի ոչ միայն լրագ­­րո­­­ղական, այ­­լեւ մշա­­կու­­թա­­­յին, հա­­սարա­­կական եւ պատ­­մա­­­կան նշա­­նակու­­թիւն։ Միեւ­­նոյն ժա­­մանակ, «Ակօս»-ը պէտք է դի­­տար­­կել նաեւ որ­­պէս հայ­­կա­­­կան հա­­սարա­­կական-քա­­ղաքա­­կան յի­­շողու­­թեան շա­­րու­­նա­­­կական ար­­խիւ։ Որ­­պէս հա­­սարա­­կական-քա­­ղաքա­­կան շա­­բաթա­­թերթ՝ ան ոչ միայն կը փաս­­տագրէ իր ժա­­մանա­­կի իրա­­դար­­ձութիւննե­­րը, այ­­լեւ կը ձե­­ւաւո­­րէ անոնց հան­­րա­­­յին մեկ­­նա­­­բանու­­թիւնը, կ՚ընտրէ պատ­­մա­­­կան յի­­շողու­­թեան մէջ պահ­­պա­­­նուող թե­­մանե­­րը եւ կը նպաս­­տէ ազ­­գա­­­յին ինքնու­­թեան շա­­րու­­նա­­­կական վե­­րաիմաս­­տա­­­ւոր­­մա­­­նը։ Թեր­­թի էջե­­րուն կ՚ար­­տա­­­ցոլո­­ւին ոչ միայն հա­­մայնքի ներ­­քին զար­­գա­­­ցումնե­­րը, այ­­լեւ հա­­յու­­թեան վե­­րաբե­­րող պե­­տական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւննե­­րը, քա­­ղաքա­­ցիական իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպա­­նու­­թեան հար­­ցե­­­րը, յի­­շողու­­թեան քա­­ղաքա­­կանու­­թեան դրսե­­ւորումնե­­րը, հա­­սարա­­կական քննար­­կումնե­­րը եւ միջ մշա­­կու­­թա­­­յին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը։ Այդպէ­­սով, «Ակօս»-ը կը ձե­­ւաւո­­րուի հա­­սարա­­կական-քա­­ղաքա­­կան յի­­շողու­­թեան փաս­­տագրա­­կան տա­­րածք։ Ուստի կը կար­­ծենք, որ ժա­­ռան­­գա­­­գիտու­­թեան ժա­­մանա­­կակից ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը մա­­մու­­լը եւս պէտք է դի­­տար­­կո­­­ւի որ­­պէս մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պանման ինքնու­­րոյն դե­­րակա­­տար։
Այսպէ­­սով, «Ակօս»-ի շուրջ երեք տաս­­նա­­­մեակի գոր­­ծունէու­­թիւնը կը վկա­­յէ, որ մա­­մու­­լի նշա­­նակու­­թիւնը չի սահ­­մա­­­նափա­­կուիր ժա­­մանա­­կի իրա­­դար­­ձութիւննե­­րու լու­­սա­­­բանու­­մով։ Ան կրնայ ձե­­ւաւո­­րել եր­­կա­­­րաժամ­­կէտ ար­­ժէք ու­­նե­­­ցող մտա­­ւոր եւ հա­­սարա­­կական տա­­րածք, որու մի­­ջոցաւ հա­­մայնքի ինքնըն­­կա­­­լու­­մը, պատ­­մա­­­կան փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը եւ մշա­­կու­­թա­­­յին ներ­­կա­­­յու­­թիւնը կը շա­­րու­­նա­­­կեն մնալ հան­­րա­­­յին շրջա­­նառու­­թեան մէջ։ Այս տե­­սան­­կիւնէն «Ակօս»-ը կա­­րելի է դի­­տար­­կել որ­­պէս այն եզա­­կի կա­­ռոյցնե­­րէն մէ­­կը, որու գոր­­ծունէու­­թիւնը ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին վե­­րածո­­ւած է ոչ միայն մա­­մու­­լի պատ­­մութեան, այ­­լեւ արեւմտա­­հայ մշա­­կու­­թա­­­յին կեան­­քի ու­­սումնա­­սիրու­­թեան կա­­րեւոր նիւ­­թի։
Շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն ու­­շադրու­­թեան համար»։
Մալա­թիոյ բա­նախօ­սու­թեան խո­րագի­րը ճշտո­ւած էր «Հա­մակե­ցու­թեան փի­լիսո­փայու­թիւնը եւ բա­րոյա­կանու­թիւնը» ըլ­լա­լով։ Տե­ղին ընտրո­ւած խո­րագիր մըն էր այս, քա­նի որ շա­տեր կը խօ­սէին եր­բեմնի բազ­մազգի եւ բազ­մամշա­կոյթ քա­ղաքի այ­սօր մատ­նո­ւած ամա­յու­թեան մա­սին։ Հա­մարեա բո­լորը կ՚անդրա­դառ­նա­յին այդ ամա­յու­թեան եւ այս ցա­մաքած երե­ւոյ­թը կը մեկ­նա­բանէին քրիս­տո­նէից բա­ցակա­յու­թիւնով։
Ընդհա­նուր հա­մոզում է թէ ան­հե­տացած է եր­բեմնի առա­տու­թիւնը, ճիշդ անոր հա­մար թէ վե­րացած է քա­ղաքի աշ­խա­տու­նակ ջի­ղը՝ իր տե­ղը թո­ղելով պա­տեհա­պաշտ մեր­ձե­ցումնե­րու։
Դար­ձեալ այ­րե­րէ բաղ­կա­ցող բազ­մութեան մը մաս­նակցու­թիւնով ըն­թա­ցող հան­դիպման ժո­ղովա­վարն էր բժիշկ Ալի Չա­քըր։ ան միաժա­մանակ կը պաշ­տօ­նավա­րէ պե­տական հի­ւան­դա­նոցի մէջ, իբ­րեւ ներ­քին հի­ւան­դութիւննե­րու մաս­նա­գէտ։ Առա­ջին հեր­թին ոմանք կաս­կա­ծով կը մօ­տենա­յին անոր ժո­ղովա­վարու­թեան։ Մտա­հոգու­թիւն կար թէ ժո­ղովա­վարը զրոյ­ցի ըն­թացքը կրնայ շե­ղել։ Այդպէս չե­ղաւ եւ ատե­նախօ­սը յստակ տո­ղերով նկա­րագ­րեց բազ­մա­տարր հա­սարա­կու­թեան կա­րողու­թիւննե­րը, որոնք հա­մաձայ­նութիւն գտան շուրջ 40 հո­գիէ բաղ­կա­ցող լսա­րանի կողմէ։
Յանկարծ» թատերախումբը կը շարունակէ նորարար բեմադրութիւններով հանդիսատեսի ուշադրութիւնը գրաւելու։ Նախապէս արհեստական բանականութեան մարդ էակի ինքնութեան վրայ ունեցած ազդեցութիւնը նիւթ առնող բեմադրութենէ ետք, այս անգամ անհատի միջավայրի հետ ունեցած փոխադարձ ազդեցութիւններն են, որ կը ներկայացուին հանդիսատեսի դատողութեան։
Այս ծիրէն ներս 19 Հոկտեմբերի երեկոյեան Փերայի Մուամմէր Գարաճա Թատերասրահի մէջ հանրութեան ներկայացող «52 Հերտզ» անուն բեմադրութեան թատերագիրները նոյն ինքն խաղի չորս դերասանուհիներն են։
Յայտնի է որ «Յանկարծ»ի այս բեմադրութեան մասին տակաւին երկար նկարագրումներու առիթ պիտի ունենանք յաջորդ ներկայացումներու զուգահեռ։
Բար­ռե­սիա Քո­լէք­թի­վի «Բար­ռե­սիաբար» սիւ­նա­կի աշուն-ձմեռ եղա­նակը պի­տի կեդ­րո­նանայ գաղ­թին, գաղ­թե­լու ան­կա­րողա­կանու­թեան եւ գաղ­թածնե­րու ապ­րումնե­րուն վրայ։ Լեռ­նա Պա­պիկեանի գրու­թեամբ սկսած այս յօ­դուա­ծաշար­քը կեան­քի պի­տի կո­չուի, նա­խորդ տա­րինե­րուն նման, մեր բո­լորին փոր­ձա­ռու­թիւննե­րով։ Լեռ­նա­յին յօ­դուա­ծը մեզ ոչ միայն յի­շեցուց, որ վեր­ջին հինգ սե­րունդնե­րու ըն­թացքին գաղ­թը բնաւ չէ բա­ցակա­յած հա­յերու կեան­քէն, այլ նաեւ ստի­պեց հասկնալ՝ որ բո­լորս ալ ու­նինք գաղ­թած հա­րազատ­ներ, կ՚ապ­րինք գաղ­թի գա­ղափա­րով ու գոր­ծադրու­թեամբ եւ շատ չենք մտա­ծեր, թէ ի՛նչ կը նշա­նակէ այս իրա­կանու­թիւնը մեր առօ­րեայ կեան­քին մէջ։ Թէեւ մեր Քո­լէք­թի­վին մէջ կան չգաղ­թածներ, սա­կայն կրնանք ըսել, որ բո­լորս ալ ու­նինք գաղ­թո­ղի փոր­ձա­ռու­թիւնը ապ­րած ազ­գա­կան­ներ, իսկ գաղ­թե­լու հա­ւանա­կու­թիւնը միշտ ալ ներ­կայ է։
Գաղ­թա­կանի անձնա­կան փոր­ձա­ռու­թե­նէս սոր­ված եմ, որ գաղ­թը, առա­ջին հեր­թին, ջան­քի խնդիր է, որ ան­ձը կը դնէ ծնած-մեծ­ցած երկրին եւ գաղ­թած երկրին տար­բեր ժա­մանա­կային փոր­ձա­ռու­թիւննե­րուն մի­ջեւ։ Ժա­մանա­կի կա­րեւո­րու­թիւնը կը գնա­հատո­ւի, մաս­նա­ւորա­պէս, գաղ­թո­ղին ծնած-մեծ­ցած եր­կի­րը վե­րադառ­նա­լու կա­րողու­թեամբ։ Այլ խօս­քով, եթէ գաղ­թողնե­րը կրնան որո­շել, թէ որ­քան ժա­մանակ պի­տի ապ­րին որ­պէս գաղ­թող, ապա այդ մէ­կը բա­ցառիկ մե­նաշ­նորհ է։ Այս առու­մով ար­դար պի­տի չըլ­լար նոյն ակ­նո­ցով դի­տել աշ­խա­տաւոր­նե­րու դէ­պի 20-րդ դա­րու ճար­տա­րարուես­տի եր­կիրներ կազ­մա­կեր­պո­ւած կեր­պով գաղ­թը եւ աղէ­տէ փախ­չողնե­րուն ու իրենց կեան­քը ալե­կոծ ծո­վուն յանձնող­նե­րուն գաղ­թը։
Գաղ­թին այլ ազ­դակնե­րէն է ժա­մանա­կահա­տուա­ծին ան­վերջ ըլ­լա­լը, որուն ար­դիւնքը անո­րոշ է։ Այս հա­տուա­ծին մէջ ինչ պա­տահի­լը կա­խեալ է ան­հա­տին ինքնիր կա­րողու­թեան գի­տակ­ցութե­նէն, որ­քա­նո՛վ ինքնիր ան­ձը ընտրե­լէն եւ որ­քա­նո՛վ իր առած ար­կա­ծաբե­րումնե­րուն իս­կա­պէս տո­կալէն։
Հա­յերուն հա­մար գաղ­թը նախ եւ առաջ պատ­մա­կան յի­շողու­թեան ջու­րի երես ել­լելն է, որ ան­մի­ջակա­նօրէն կա­պուած է աղէ­տի հետ։ Ողջ մնա­ցող ու հե­ռացող­նե­րը, հե­ռանալ կա­րողա­ցող­նե­րը, անոնք են, որոնք գի­տակ­ցա­բար կամ ան­գի­տակ­ցա­բար ամէ­նէն ար­մա­տական կեր­պով կամք գոր­ծադրե­ցին իրենք զի­րենք աղէ­տէն հե­ռու պա­հելու։ Այ­սուհան­դերձ, ֆի­զիքա­պէս վայ­րէ մը հե­ռանա­լը ան­պայմա­նօրէն չի նշա­նակեր ժա­մանա­կաւո­րապէս հե­ռանալ վայ­րէն։ Ըստ էու­թեան, յա­ճախ աղէ­տի ժա­մանա­կը կը գե­րազան­ցէ բո­լոր վայ­րե­րը եւ կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ գաղ­թի եր­կիրնե­րուն մէջ։
Թէ­կուզ գաղ­թածնե­րը ֆի­զիքա­պէս ելած են իրենց եր­կիրնե­րէն, անոնք կը շա­րու­նա­կեն կա­պուած մնալ իրենց եր­կիրնե­րուն՝ մնա­յուն հա­ղոր­դակցու­թեամբ եւ օրուան բո­լոր պա­հերուն լու­րե­րուն հե­տեւե­լով. կար­ծես ելեկտրա­կան վանդակ մը ըլ­լա­յին՝ իրենք զի­րենք գաղ­թին հե­տեւան­քով յա­ռաջա­ցած ճեղ­քե­րուն միացու­ցած։ Իրենց ֆի­զիքա­կան մի­ջավայ­րը փո­խուած է, բայց ժա­մանա­կային տե­ղաշար­ժը՝ ոչ. գաղ­թածնե­րը օդէն կա­խուած կը մնան, ամ­պի մը նման։
Ըն­տա­նիք­ներ, մաս­նա­ւորա­պէս, յա­ճախ կ՚ար­տա­յայ­տո­ւին, թէ կը գաղ­թեն իրենց երե­խանե­րու ապա­գային հա­մար, այ­նուամե­նայ­նիւ, գաղ­թող ըն­տա­նիքի իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մի կեան­քը փո­փոխու­թեան կ՚են­թա­կուի։ Գաղ­թը, խոր­քին մէջ, ըն­տա­նիքի դի­մագ­րա­ւած ամէ­նէն մեծ մար­տահրա­ւէր­նե­րէն մէկն է, քա­նի որ տա­րածա­կան եւ ժա­մանա­կային պատ­շա­ճեցու­մը նոյն ձե­ւով չի գոր­ծեր ըն­տա­նիքի իւ­րա­քան­չիւր ան­դա­մի վրայ։ Ըն­տա­նիքի ժա­մանա­կաւոր ճեղ­քե­րը, ըն­տա­նիքի երէց­նե­րուն օդին մէջ կա­խուած մնա­լը եւ երի­տասարդ սե­րունդնե­րուն յար­մա­րեցու­մը իրենց գաղ­թած երկրին գլխի­վայր կը շրջէ ըն­տա­նիքին ժա­մանա­կաւոր շար­ժա­բանու­թիւնը՝ ուղղա­կիօրէն ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նե­լով սե­րունդնե­րու մի­ջեւ կա­պերուն վրայ։ Այս առու­մով, երբ գաղ­թը չ՚ըն­կա­լուիր որ­պէս կա­մաւոր որո­շում՝ իր բո­լոր ար­կա­ծաբե­րու­թեամբ, եւ երբ չկան ըն­դունո­ւած որո­շու­մին հե­տեւանքնե­րը կրող ըն­տա­նիքի երէց­ներ, գաղ­թը կը դառ­նայ ան­կիւնա­դար­ձա­յին դէպք, որուն ժա­մանա­կային ճեղ­քին ազ­դե­ցու­թիւնը կը տե­ւէ սե­րունդներ շա­րու­նակ՝ բազ­մա­շերտ եւ դժո­ւար ըմբռնե­լի հե­տեւանքնե­րով։
Մէկ կող­մէն, գաղ­թողնե­րը տիւ ու գի­շեր աշ­խա­տելով կը փոր­ձեն տեղ մը գտնել գաղ­թած երկրին ամէ­նօրեայ կեան­քին մէջ՝ յա­ճախ որ­պէս աժան աշ­խա­տող ձեռ­քեր, միւս կող­մէ կը դառ­նան ամէ­նէն ան­տե­սանե­լի աշ­խա­տու­ժի ան­դուլ բա­նուոր­նե­րը՝ շա­րու­նա­կել մնա­լով ըն­տա­նիք, պա­հելով կա­պը ազ­գա­կան­նե­րու, ըն­կերնե­րու եւ ետին ձգած շրջա­պատին հետ, ըն­տա­նեկան ոս­տայնին մէջ պա­հելով ան­մի­ջական շրջա­պատէն օտա­րացած ազ­գա­կան­նե­րուն եւ կեր­տե­լով ու շա­րու­նա­կելով իրենց կա­պը երիասարդ սե­րունդնե­րուն հետ։ Չա­փազան­ցած չենք ըլ­լար, երբ ըսենք, որ հա­յերը հսկա­յական զգա­ցական ու տնտե­սական ներդրումներ եւ եր­կար ժա­մանա­կի վրայ ջան­քեր թա­փած են մաս­նա­կից դառ­նա­լու ծնունդնե­րու, մա­հերու, հար­սա­նիք­նե­րու, եր­ջանկու­թեան եւ տխրու­թեան՝ յաղ­թա­հարե­լով աշ­խարհագ­րութիւն, պա­տերազմներ եւ ժա­մանա­կային տար­բե­րու­թիւններ առ­նուազն հինգ սե­րունդներ շա­րու­նակ։
Գաղ­թի ան­տե­սանե­լի ազ­դակնե­րէն մէ­կը այն է, որ եթէ նոյ­նիսկ աւե­լի լաւ պայ­մաննե­րու գաղ­թած ըլ­լայ ան­հա­տը, ամէն պա­րագա­յի կեան­քը պի­տի սկսի զե­րոյէն՝ ըն­կե­րային թէ՛ մաս­նա­գիտա­կան ծի­րերուն մէջ։ Պար­տա­ւորու­թեամբ, ուսման, աշ­խա­տան­քի կա՛մ ամուսնու­թեան պատ­ճա­ռով գաղ­թած ըլ­լան անոնք, բո­լորն ալ պէտք է սոր­վին նոր երկրին ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին օրէնքնե­րը։ Տո­ւեալ վայ­րի մը մէջ վա­րուե­լակեր­պի բո­լորո­վին նոր գի­տելիք­ներ ձեռք ձգե­լը տա­րինե­րու կը կա­րօտի։ Երբ այ­լեւս իմաստ չու­նին տա­րինե­րու վրայ հաս­տա­տուած ծա­նօթու­թիւննե­րը, բա­րեկա­մու­թիւննե­րը, խնդիր­նե­րու լուծման եղա­նակ­նե­րը եւ ար­ժէք մը չու­նին կու­տա­կուած գի­տու­թիւնն ու փոր­ձա­ռու­թիւնը, այս ըն­կե­րային եւ կա­ռու­ցա­յին մեկ­նա­կէտին վրայ ճիգ թա­փուած տա­րինե­րը ձե­ւով մը ինքնին գաղ­թին հա­մար դրո­ւած քննու­թիւն մըն են։ Կը քննեն եթէ ան­հա­տը ինքզինք ընտրած է գաղ­թին մի­ջոցով կամ՝ ար­կա­ծաբե­րումնե­րը իբ­րեւ թէ կա­մաւոր որո­շու­մին եր­բե­ւէ ամ­բողջո­վին հասկցած եւ ըն­դունած է։ Յատ­կութիւններն ու ըն­կե­րային եւ մաս­նա­գիտա­կան փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը, որոնք մար­դը իր հետ կը բե­րէ իր գաղ­թած եր­կի­րը, կ՚իմաս­տա­ւորո­ւին միայն, երբ անոնք կրնան տե­ղաւո­րուիլ տո­ւեալ երկրի հա­մածի­րին մէջ,— այ­սինքն միայն որո­շակի ժա­մանակ մը ետք։ Այլ խօս­քով, մեր հետ բե­րած ձիր­քե­րը այլ երկրի մէջ տե­սանե­լի դառ­նա­լու հա­մար նախ պէտք է հաս­տա­տել մեր գո­յու­թիւնը եւ տե­սանե­լի դառ­նանք այդ այլ երկրին ժա­մանա­կին եւ վայ­րին մէջ։ Հոս եւս, ժա­մանակն է գաղ­թին հիմ­նա­դիր տար­րը։ Եր­բեմն այս գոր­ծընթա­ցը սե­րունդներ կրնայ տե­ւել։
Հե­րի Յա­րու­թիւնեան իր գլուխ գոր­ծոց «Չխօ­սուա­ծը որ­պէս ժա­ռան­գութիւն» (2019) հա­տորին մէջ, որ շու­տով «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ թրքե­րէնով լոյս պի­տի տես­նէ, կը քննէ իր ըն­տա­նիքին պատ­մութիւ­նը եւ գե­ղեց­կօ­րէն կը նկա­րագ­րէ իր վե­րապ­րած ծնող­քին Միացեալ Նա­հանգներ գաղ­թը, ինչպէս նաեւ իր, որ­պէս երե­խայ, բազ­մա­ժամա­նակա­յին ըն­տա­նիքի մէջ ապ­րած ըլ­լա­լը։ Յա­րու­թիւնեան այս ժա­մանա­կը կ՚անո­ւանէ «ներ­կայ-ան­ցեալ» ժա­մանակ։
Մեր յա­ռաջի­կայ յօ­դուած­նե­րուն ճամ­բով, որ­պէս քո­լէք­թիվ, մենք եւս պի­տի խօ­սինք մեր ըն­տա­նիքին ու մեր անձնա­կան գաղ­թե­լու եւ գաղ­թել չկա­րողա­նալու փոր­ձա­ռու­թիւննե­րուն մա­սին։ Այսպի­սով, մենք միաս­նա­բար պի­տի մտա­ծենք թէ ի՛նչ կը նշա­նակէ մե­զի հա­մար մեր կեան­քին մէջ յա­ռաջա­ցած ժա­մանա­կային եւ տա­րածա­կան ճեղ­քե­րը։
Թարգմա­նեց՝ Արազ Գո­ճայեան
Կայմէն դի­տեցի քեզ
Ամիս մը առաջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան թաք­նո­ւած գո­հար­նե­րը որո­նելու հա­մար իջած էինք «ան­դունդ»։ Այդ խոր ու խորհրդա­ւոր մթու­թեան մէջ, ի՜նչ հրաշք, կը փայ­լա­տակէր «ան­դունդ» բա­ռի լու­սա­ւոր պատ­մութիւ­նը,- ինչպէս նաեւ հա­յոց գրա­կանու­թեան եւ լե­զուի անդնդա­պահ գան­ձե­րը։ Իսկ այ­սօր, կ’առա­ջար­կեմ, որ մենք ըլ­լանք կայ­տառ ու բարձրա­նանք «կայմ»։ Հայ­կա­կան գրա­կանու­թիւնը, այդպէս չէ՞, հսկայ առա­գաստ մըն է եռա­կայմ։ Այդ կայ­մե­րէն աւագն է գրա­բարը, իսկ կրտսեր­նե­րը՝ արե­ւելա­հայե­րէնը եւ արեւմտա­հայե­րէնը։ Այ­սօր, կայ­մի արե­ւոտ բար­ձունքէն, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձեզ կը վստա­հեց­նեմ, որ դուք պի­տի կա­րենաք դի­տել հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան նոյ­նիսկ ամե­նահե­ռաւոր ափե­րը։ Ուստի, ամուր բռնենք կայ­մա­պարա­նը, ձեռ­քի եւ ոտ­քի ճկուն շար­ժումնե­րով մաքլցինք կայ­մէն վեր, ու­ռած առա­գաստնե­րը տես­նե­լով ու­րա­խանանք, ապա մենք կայ­մա­հար­թա­կի ապա­հովու­թեան մէջ վա­յելենք այս գրա­կան նա­ւուղղու­թիւնը։
Կայմն խո­նար­հե­ցաւ
Գի­տէ՞ք, թէ այ­սօր ես ին­չո՚ւ փա­փաքե­ցայ «կայմ» բա­ռի պատ­մութիւ­նը գրի առ­նել։ Մեր առա­գաս­տա­նաւու հան­դէպ հիացում եւ զար­մանք. եր­կիւղ նաեւ։ Ու­րիշ, ի՞նչ։ Որով­հե­տեւ, հա­կառակ կոր­ծա­նիչ փո­թորիկ­նե­րու, հա­կառակ անոր կո­ղերը հա­րուա­ծող վայ­րե­նի ալիք­նե­րու, չխոր­տա­կուե­ցաւ ան։ Առա­գաստնե­րը հեշ­տութեամբ ըն­դունե­ցին բքա­բեր հո­վերը։ Ճո­ճուե­ցաւ կայ­մը, բայց չխո­նար­հե­ցաւ ան։ Երե­քալեան կո­հակ­ներ հա­րուա­ծեցին անոր շի­նուած­քը։ Բայց, ան­շեղ գնաց ղե­կը։ Առա­սան­նե­րը պինդ մնա­ցին։ Այդ կայ­մը որ ու­նինք, Լի­բանա­նի նո­ճինե­րէն կամ սրբա­զան մայ­րի­ներէն շի­նուած ամ­րութիւն, ու­նի Աս­տո­ւածա­շունչով սկսող գրա­կան յի­շատա­կու­թիւն. «Տախ­տակք նո­ճիք ի Լի­բանա­նէ առան՝ առ­նել քեզ կայմս»։ Ս. Գիր­քի մէջ կայ նաեւ կայ­մի երկրորդ պատ­կեր մը՝ խար­խուլ եւ անօգ­նա­կան նա­ւու փո­խաբե­րու­թիւն մը, որ կը նկա­րագ­րէ Աս­տուծոյ զօ­րու­թեամբ լիակա­տար պար­տութիւն կրած թշնա­մին. «Խզե­ցան պա­րանք քո՝ զի ոչ հան­դարտե­ցին, նոյնպէս եւ կայմն խո­նար­հե­ցաւ»։ Իսկ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի հա­մար իր անձն էր խոր­տա­կուած կայ­մը։ Այժմ ականջ տանք անոր Մա­տեանին։
Ող­բա­ցող նա­ւապե­տը
Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին օր մը Վա­նայ ծո­վու ափին ակա­նատես եղաւ առա­գաս­տի մը խոր­տակման։ Ցնորք մըն էր ան փո­խաբե­րական։ Մա­տեանի մէջ Նա­րեկա­ցին տե­սաւ ար­տասո­ւալից նա­ւավար մը, որ իր ընկղմող նա­ւուն առ­ջեւ կ’ար­տա­սուէր ձեռ­քը ծնօ­տին դրած։ Նա­ւուն առա­սան­ներն էին խզո­ւած, դի­տարա­նը խո­նար­հուած, շի­նուած­քը իր զար­դա­րան­քէն զրկո­ւած, ապա­ւան­դա­կին պա­րանը կտրած, տախ­տա­կաշա­րը ան­ջա­տուած, գա­հաւո­րակը շփո­թած, ող­նա­փայ­տը բե­կուած, առա­գաստնե­րը ան­կարկա­տելի՝ ծո­ւէն-ծո­ւէն պատռտո­ւած, խա­րիս­խին ապա­ւինու­թիւնը լու­ծո­ւած, վան­դա­կապա­տին վա­յել­չութիւ­նը անշքա­ցած, իսկ կայ­մը՝ շա­տոնց իր ամ­բարձման տե­ղէն հիմ­նո­վին դուրս ելած. «Կայմն ամ­բարձման ի կա­յից իւ­րոց խլե­ցաւ»։ Միջ­նա­դարուն մա­տենա­գիր այ­րեր այլ կայ­մեր հաս­տա­տեցին մեր գրա­կանու­թեան շի­նուած­քի մէջ։ Ահա քա­նի մը ցցո­ւած օրի­նակ. «Ի թոյլ կայմս նա­ւի հա­սեալ հողմ», «Զկայմն կանգնեաց», «Կայմն խո­նար­հե­ցաւ. եւ ոչ իջուսցէ զմանր կայմսն»։ Մինչ հայ­կա­կան կայ­մե­րու վրայ կը ծա­ծանէին Կի­լիկիոյ դրօ­շակ­նե­րը, մեր մայ­րե­նին ալ դար­ձաւ «բազ­մա­կայմ»։ Հա­յոց լե­զուն «կայմ» բա­ռով շի­նուած եր­կու տաս­նեակի չափ բառ ու­նի։ Ահա քա­նի մը գո­յական, եւ քա­նի մը ածա­կան. կայ­մա­ձող, կայ­մա­հար­թակ, կայ­մա­խոռոչ, կայ­մագլուխ, ցռկա­կայմ, ան­կայմ, ինչպէս նաեւ Կիպ­րո­սէն Ղրիմ, Տրա­պիզո­նէն Վե­նետիկ նա­ւար­կող մեր նա­ւերը՝ միակայմ, երկկայմ, եռա­կայմ եւ քա­ռակայմ։
Կեան­քիս ջար­դո­ւած կայ­մը
Երբ առա­գաստնե­րու դա­րաշրջա­նը իր աւար­տին հա­սաւ, եւ անոնք յա­ւեր­ժա­կան հան­գիստի հա­մար մտան նա­ւարան­նե­րու գո­գը, «կայմ» բառն ալ, հա­մակեր­պո­ւելով նոր հո­վերու ուղղու­թեան՝ փո­խեց իր իմաս­տը։ Փո­խանակ երկնաս­լաց նո­ճի կամ մայ­րի մը ըլ­լա­լու, «կայմ» գո­յակա­նը դար­ձաւ քնա­րական բառ։ 19-րդ դա­րուն բա­նաս­տեղծի բե­կը բե­կուած հո­գին էր «կայմ»։ Մեր արե­ւելա­հայ կայ­մի բար­ցունքէն, ահա դուք կը տես­նէ՞ք Չա­րեն­ցը, Սե­ւակը, Դե­միր­ջեանը, Սա­հեանը…։ Սա­հեանը, իր առ­նե­լիքը առած եւ տա­լիքը տո­ւած մարդ՝ ծով ին­կած եւ աննպա­տակ տա­րու­բե­րուող կեան­քի իր կայ­մի առ­ջեւ ող­բաց. «Ինձ բաց թո­ղէք, ես գնամ։ / Թող ամէն ինչ մնայ ձեզ… / Կայմ ու կո­ղերը ջար­դո­ւած, / Անա­ռագաստ ու ան­ղեկ / Եւ անդրօշ նա­ւի պէս / Ինձ բաց թո­ղէք, ես գնամ»։ Դե­րենիկ Դե­միր­ճեանը, յու­սա­բեկ, կեան­քը աւեր եւ սին, մե­նակ, անե­լի մատ­նո­ւած մարդ՝ եր­գեց տխուր երգ մը. «Ծո­վի բա­ցերին, հե­ռո՜ւ վայ­րի, / Ուր մրրիկն է տրտնջում զուր, / Ըն­կած է ծոցն ալիք­նե­րի / Մի կայմ՝ ար­դէն բե­կուա՜ծ, տխուր…»։ Պա­րոյր Սե­ւակի հա­մար դա­լարա­գեղ բար­դի մըն էր կայ­մը։ Բա­նաս­տեղծի երե­ւակա­յու­թիւն։ Գի­շեր էր. Սե­ւակը նա­յեցաւ լեռ­նե­րուն։ Անոնք դա­շիւ­նա­ձեւ էին։ Տե­սաւ ան­դունդներ եւ վի­հեր։ Այդ խո­րու­թիւննե­րը վէր­քի նման էին։ Ապա բա­նաս­տեղծը սլա­ցիկ բար­դի մը նկա­տեց. «Սլա­ցիկ բար­դի, ասես կա­նաչ մի կայմ, / Որ նա­ւում է դէ­պի ծոուա­ծաւալ եր­կինք»։ Իսկ Չա­րեն­ցը, կամ­քի եւ կար­միր երա­զի քեր­թո­ղը, մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ կայ­մը կեան­քի կամքն է. «Կեանք իմ՝ / կանգնած դեռ կան­գուն / Կա՜մք, դու կայ­մեր կա­մեցար,– եւ կա­մար­ներ կա­մաւոր»։
Սի­լիվ­րիի այ­րած կայ­մը
Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան եռա­կայմ առա­գաս­տի արեւմտեան կայ­մի դի­տարա­նէն ի՞նչ հեշտ է նկա­տել Մար­մա­րայի ափե­րը, Իշ­խա­նաց կղզի­ներու հիւ­րընկալ մա­տոյցնե­րը եւ Վոս­փո­րի ծո­վախոր­շե­րը։ Հոն Չրա­քեանը եւ Սե­ւակը կայ­մի պատ­կե­րով եր­գե­ցին իրենց կեան­քի հէ­քիաթը։ Ռու­բէն Սե­ւակը, 1909 թո­ւականն էր, իր ծննդա­վայր Սի­լեմվրիոյ (Սի­լիվ­րի) ծո­վափ­նեայ բարձրունքէն դի­տեց հսկայ առա­գաս­տա­նաւու մը հրկի­զու­մը, ունկնդրեց անոր ճար­ճա­տիւ­նը. «Մո՜ւթ հրճո­ւան­քով օր մը տե­սայ թէ ինչպէ՜ս / Մեղմ գի­շերով, հան­դարտօ­րէ՜ն, ծու­լօ­րէ՜ն, / Նաւ մը հսկայ կրնար այ­րիլ շիւ­ղի պէս։ Ո՞վ էր մե­ղաւոր… Դա­ւադիր ծո­վը. Դա­ւադիր ծով մ’էր, անա­լիք, ահա­ւոր, / Արիւ­նի գոյն ներ­կած էր ջո՚ւրը գի­նով, / Այն իրի­կուն չէր շա­ռաչեր մին­չեւ որ / Նոր կայմ մըն ալ չիյ­նար կար­միր ճող­փիւնով»։ Նոյն տա­րին, Լո­զան քա­ղաքի մէջ Սե­ւակը գրի առաւ «Պի­տի մեռ­նի» քեր­թո­ւածը։ Մա­համերձ թռչուն մը, աշ­նան փո­թորի­կի մէջ, գորշ ծո­վու վրայ, ճիչ ար­ձա­կելով, ու­ժասպառ, ան­յոյս կը սու­րար։ Բայց հե­ռու է ափը, շատ հե­ռու. «Հե­ռո՞ւն. ո՚չ գիծ մը տար­տամ։ Հե­ռո՞ւն. ո՚չ կայմ մը նի­հար։ / —Ին­կի՜ր, ին­կի՜ր, խե՜ղճ թռչուն, ծո­վերու մէջ թէ ծաղ­կաց, / Պահ մը առաջ, պահ մը ուշ, Մա­հը նոյն Մահն է անա՜նց…»։ Իսկ Ինտրան, Սկիւ­տա­րի բար­ձունքնե­րէն դի­տեց Վոս­փո­րի խա­ղաղ հո­սող ջու­րե­րու ան­հուն կա­պոյ­տի վրայ ըն­թա­ցող նաւ մը։ Նա­ւը մնան էր Ինտրա­յին. առան­ձին. խա­ղաղ. յան­դուգն. աննշան ան­հունու­թեան մէջ լուռ. մռայլ։ տար­տամ. տա­տանող։ Ապա Չրա­քեանը պոռթկաց. «Ա՜հ, սոս­կա­լի՜ մտա­ծումներ, …ա՜լ հե­րի՚ք… / Նա՜ւ հե­ռաւոր, նա՜ւ ան­վե­հեր, նա՜ւ յան­դուգն…, / Թո՜ղ վեր­ջա­լոյս քեզ չլի­նի՜ աղի­տաբեր… / Թո՜ղ քո կայ­մեր եւ կողդ ներ­կե՜ն կար­միր, հեղ մ’… / Եւ դու սա­հի՜ս դէպ հո­րիզո՜նն անդ, հե­ռի՜ն…»։
Թղթա­կազմ կայ­մեր
Եթէ, մտա­ծեցի, հայ գիր­քը կայմն է հայ­կա­կան գրա­ւոր մշա­կոյ­թին, ու­րեմն, «կայմ»բա­ռը բիւր ան­գամներ յայտնո­ւած պի­տի ըլ­լար գիր­քի մը կող­քին վրայ։ Իմ հա­մեստ մա­կոյ­կիս հետ հայ­կա­կան գրատ­պութեան ով­կիանո­սի մէջ նա­ւար­կութիւն մը կա­տարե­ցի։ Որո­նեցի կայ­մեր։ Աւա՜ղ… Հա­զիւ եր­կու բե­կորի հան­դի­պեցայ ծփա­ցող. «Կա­րօտի կայմ։ Բա­նաս­տեղծու­թիւններ», Երե­ւան, 1985 եւ «Կե­ցու­թեան կայ­մեր։ Բա­նաս­տեղծու­թիւններ», Երե­ւան, 2017։ Մինչդեռ, մտա­ծեցի ափ­սո­սալով, կա­րելի էր բազ­մա­թիւ այլ անուններ հնա­րել։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, թող մեր առա­տաձեռ­նութիւ­նը ըլ­լայ ծոուա­ծաւալ, ու «կայմ» բա­ռով շի­նենք գիր­քի նոր անուններ, մի գու­ցէ օր մը բա­րեխիղճ հե­ղինա­կը իր հո­րիզո­նի վրայ նկա­տէ զա­նոնք. «Ին­կած կայ­մը։ Թա­տերա­խաղ, ըն­տա­նեկան ող­բերգու­թիւն», «Կեան­քիս կայ­մը։ Մար­տի­կի մը օրա­գիրը», «Կայմ բե­կեալ։ Հո­գեւոր ճա­ռեր, քա­րոզ­ներ», «Ջախ­ջա­խուած կայ­մը։ Սի­րային քա­ռեակ­ներ», «Կան­գուն կայ­մը։ Ան­կա­խու­թեան պատ­մա­վէպը», «Կայ­մե­րը չտա­պալո­ւեցան։ Էջեր Կ… քա­ղաքի ինքնա­պաշտպա­նու­թեան օրե­րէն»։
Կայ­մը լե­րան վրայ
Եթէ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, Հա­յաս­տա­նի մէջ, բար­ձունքի մը վրայ, պող­պա­տէ լա­րերով ամ­րա­ցուած կայմ մը տես­նէք, մի՚ զար­մա­նաք. «Ձայ­նասփիւ­ռի կայմ» է ան։ Ան­շուշտ, թէ «կայմ» բա­ռը պի­տի յար­մա­րէր ժա­մանա­կակից կեան­քի պա­հանջնե­րուն։ Հպար­տութիւն է նաեւ, որ ան­կախ երկրիս դրօ­շակը կը ծա­ծանի կայ­մի մը վրայ։ Իսկ կայ նաեւ ծի­ծաղե­լի կայմ մը։ Վա­հան Թո­թովեն­ցի հօ­րաք­րոջ ատամ­նե­րը։ Դուք տե­սա՞ծ էք այդ ատամ­նե­րը։ Իր «աւե­րակ խո­ռոչ» բե­րանի մէջ հօ­րաքոյ­րը ու­նե­ցեր է երեք՝ «կայմ». Ահա պատ­մութիւ­նը. «Վա՚յ թէ քնէր, այդ ժա­մանակ բե­րանն իրա­նը չէր— մի ան­տէր եւ աւե­րակ խո­ռոչ, ուր ամէն ինչ մտնում, ել­նում էր։ Այդ աւե­րակ խո­ռոչից դուռս էին ցցւում նրա իրա­րից հե­ռու երեք ատամ­նե­րը՝ ինչպէս ցա­մաք նե­տուած հին եւ խոր­տա­կուած նա­ւի կայ­մեր»։
Ճա­յը կայ­մի վրայ
Այժմ, յար­գե­լի ըն­թերցող, ժա­մանակն է որ մենք իջ­նենք հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան կայ­մէն, ղե­կը յանձնո­ւած մնայ ժա­մանա­կին՝ ամե­նավար­պետ նա­վապե­տին ու նա­ւու պատշգա­մի վրայ, բազ­րի­քին յե­նած, արե­ւել­քի եւ արեւ­մուտքի հո­վերը մեր մա­զերուն մէջ ըն­դունե­լով՝ այ­լեւս աւար­տենք «կայմ» բա­ռի հետ մեր կա­տարած ծո­վապ­տոյտը։ Եր­գով մը ան­շուշտ հրա­ժեշտ պի­տի տանք իրա­րու։ Բա­նաս­տեղծ Յով­հաննէս Ղա­զարեանի եր­գի վե­րածո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծութիւնն է, որ նո­ւիրո­ւած է հայ ժո­ղովուրդի յաղ­թա­կան կայ­մին։ Մին­չեւ յա­ջորդ յօ­դուա­ծը, շա­րու­նա­կեցէք նա­ւար­կել հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան բաց ծո­վուն մէջ.
Ի՜նչ մե­ղեդի­ներ մա­նեցիր, եր­կիր,
Ի՜նչ արե­գակ­ներ մա­ղեցիր վրաս,
Ի՜նչ ծիածան­ներ դու կա­մարե­ցիր,
Ի՜նչ անրջանքներ, կա­րօտ­ներ քու­րա։
Ես շատ սի­րեցի ծա­ռերդ, եր­կիր,
Քուն մտայ նրանց սա­ղարթնե­րի մէջ,
Աննման սիւ­քեր խառ­նե­ցի եր­գիս
Ու կա­պոյտնե­րում թե­ւածող կայմեր։
Այսօր Ֆրան­­սա­­­յի մէջ հիմ­­նա­­­կան հար­­ցումը փո­­ղոց­­նե­­­րուն ե՛րբ հան­­դարտիլն է։ Երի­­տասարդնե­­րուն եւ ժո­­ղովուրդին պա­­հանջնե­­րը պի­­տի լսո­­ւի՞ն, թէ ոչ. պա­­տահած բռնու­­թիւննե­­րը պի­­տի վե­­րածո­­ւի՞ն ընդդի­­մու­­թեան օրի­­նակա­­նու­­թիւնը եւ ցոյ­­ցի իրա­­ւունքը սահ­­մա­­­նափա­­կելու պատ­­ճա­­­ռի։ Եր­­րորդ վար­­կա­­­ծը, ար­­դեօք ծայ­­րա­­­յեղ աջը պի­­տի ստեղ­­ծէ՞ քա­­ղաքա­­ցիական պա­­տերազ­­մի մթնո­­լորտ։
Ֆրան­­սա­­­յի մէջ ու­­սուցիչ չու­­նե­­­ցող դա­­սարան­­նե­­­րու, կրթու­­թեան մէջ խտրա­­կանու­­թեան, ան­­հա­­­ւասա­­րու­­թեան եւ ապա­­գայի մտա­­հոգու­­թեան դէմ սկսած երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու աշա­­կերտնե­­րուն շար­­ժումը՝ Հոկ­­տեմբեր 17-ին վե­­րածո­­ւեցաւ հա­­րիւր հա­­զարա­­ւոր մար­­դոց մաս­­նակցած բո­­ղոքի ցոյ­­ցի։ Հոկ­­տեմբեր 19-էն ետք երկրին շատ մը քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ սկսան մաս­­նա­­­կի փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքներ։ Բռնու­­թեան դէպ­­քե­­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան շուրջ ըն­­թա­­­ցող քա­­ղաքա­­կան վի­­ճաբա­­նու­­թիւնը կը թի­­րախա­­ւորէ ո՛չ միայն կա­­ռավա­­րու­­թեան, այլ նաեւ ընդդի­­մու­­թեան օրի­­նակա­­նու­­թիւնը։
Ֆրան­­սա­­­յի մէջ Շա­­բաթ, Հոկ­­տեմբեր 17-ին կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած մեծ եր­­թին մաս­­նակցե­­ցաւ 800 հա­­զար մարդ։ Երկրի տա­­րած­­քին 110 տար­­բեր ցոյ­­ցեր տե­­ղի ու­­նե­­­ցան։ Քա­­նի մը շա­­բաթ առաջ աշա­­կերտնե­­րուն պա­­հանջնե­­րով սկսած բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րը այ­­սօր ար­­դէն դուրս եկած են կրթա­­կան ոլոր­­տի սահ­­մաննե­­րէն։ Կեան­­քի սղու­­թիւնը, վա­­ռելի­­քի գի­­ները, աշ­­խա­­­տավար­­ձե­­­րը, թո­­շակի իրա­­ւունքնե­­րը եւ հան­­րա­­­յին ծա­­ռայու­­թիւննե­­րու ան­­կումը եւս աւել­­ցած են շար­­ժումին պա­­հանջնե­­րուն։ Աշա­­կերտնե­­րուն կող­­քին միացան բա­­նուո­­րական արհմիու­­թիւններ, հա­­մալ­­սա­­­րանա­­կան­­ներ, ու­­սուցիչ­­ներ, առող­­ջա­­­պահու­­թեան ոլոր­­տի աշ­­խա­­­տող­­ներ, թո­­շակա­­ռու­­ներ եւ 2018-ին Ֆրան­­սան ցնցած Դե­­ղին Բաճ­­կոննե­­րու շար­­ժումին ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը։
Նա­­հան­­գա­­­պետա­­րանէն ար­­տօ­­­նուած օրի­­նական իրա­­ւունք հան­­դի­­­սացող եր­­թին վրայ CRS-ի (ցոյ­­ցե­­­րը ճնշող ոս­­տի­­­կանա­­կան ու­­ժեր) կի­­րար­­կած բռնու­­թիւնը, 1961-ի Հոկ­­տեմբեր 17-ին Ալ­­ճե­­­րիոյ ան­­կա­­­խու­­թեան հա­­մար կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած արիւ­­նա­­­լի ցոյ­­ցե­­­րէն ետք առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով այս չա­­փերուն հա­­սած է, կ՚ըսեն առա­­ջին սե­­րունդի տա­­րեց գաղ­­թա­­­կան­­ներ։ Ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րուն դէմ գոր­­ծա­­­ծեց պա­­տերազ­­մա­­­կան զէնք հա­­մարո­­ւող սար­­քա­­­ւորումներ։ Valeurs actuelles-ի թղթա­­կից Amaury Brelet-ի եւ ան­­կախ լրա­­տուա­­կան հար­­թակնե­­րու կող­­մէ ոս­­տի­­­կանա­­կան կա­­ռոյ­­ցէն սպրդած/ձեռք ձգո­­ւած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րուն հա­­մաձայն՝ միայն Հոկ­­տեմբեր 17-ի ըն­­թացքին գոր­­ծա­­­ծուած է տար­­բեր տե­­սակի նռնակ­­ներ, մշուշ ստեղ­­ծող ռումբեր եւ այլ սար­­քեր։
Հոկ­­տեմբեր 20-ին հրա­­պարա­­կուած հա­­շուեկ­­շի­­­ռին հա­­մաձայն, Հոկ­­տեմբեր 17-ի եւ 18-ի ըն­­թացքին ձեր­­բա­­­կալու­­թիւննե­­րուն թի­­ւը ան­­ցաւ 2.500-ը, մինչ 123 անձ բանտ ղրկո­­ւեցաւ։
Բայց հոս եր­­կու տար­­բեր երե­­ւոյթներ իրա­­րու հետ չշփո­­թելու անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը կայ։ Հա­­րիւր հա­­զարա­­ւոր մար­­դոց մաս­­նակցած հա­­սարա­­կական բո­­ղոքը եւ ցոյ­­ցե­­­րուն աւար­­տին մօտ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած կո­­ղոպուտն ու բռնու­­թիւնը նոյն բա­­նը չեն։
Աւե­­լին, այդ բռնու­­թեան դէպ­­քե­­­րուն մաս­­նակցող­­նե­­­րուն քա­­ղաքա­­կան ինքնու­­թիւնն ու կազ­­մա­­­կեր­­պա­­­կան կա­­պերը տա­­կաւին ամ­­բողջու­­թեամբ չեն լու­­սա­­­բանո­­ւած։ Եր­­թին ըն­­թացքին աշա­­կերտնե­­րուն եւ այլ մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն իրենց հե­­ռաձայննե­­րով նկա­­րահա­­նած հա­­րիւ­­րա­­­ւոր տե­­սերիզ­­ներ ցոյց կու տան, որ քա­­ղաքա­­ցիական հա­­գուստով ոս­­տի­­­կան­­ներ (մաս­­նա­­­ւորա­­պէս Յան­­ցա­­­գոր­­ծութեան դէմ պայ­­քա­­­րի բրի­­գատէն՝ BAC, կամ շրջա­­նային հե­­տախու­­զութե­­նէն ոս­­տի­­­կան­­ներ) ներ­­թա­­­փան­­ցած են եր­­թե­­­րուն մէջ, եւ որ այդ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը սկսած ու մաս­­նակցած են հրկի­­զու­­մի եւ կո­­ղոպու­­տի գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րուն։ Խա­­նութպան­­ներ կը յայտնեն, թէ «ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը հրա­­ման ստա­­ցած ըլ­­լալնուն հա­­մար իրենց խա­­նութնե­­րը պաշտպա­­նելու մի­­ջամ­­տե­­­լէ մեր­­ժած են»։ Լիոնի եր­­թին վրայ քա­­նի մը տե­­սագ­­րութիւններ կաս­­կած կը յա­­ռաջաց­­նեն, թէ երեք օր առա­­ջուան կո­­ղոպուտնե­­րը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած են ծայ­­րա­­­յեղ աջին կող­­մէ։ Յա­­մառ պա­­հանջնե­­րուն հա­­կառակ, կա­­ռավա­­րու­­թիւնը այս մա­­սին տա­­կաւին յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը չը­­րաւ։
Վար­­չա­­­պետ Սե­­պաս­­թիէն Լը­­քոր­­նիւ, Հոկ­­տեմբեր 19-ին՝ Եր­­կուշաբ­­թի օր, բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րուն մէջ պա­­տահած բռնու­­թեան դէպ­­քե­­­րէն ետք պնդեց, թէ «ծայ­­րա­­­յեղ ձախ շար­­ժումը» կ՚ու­­զէ «նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րուն հաս­­նե­­­լու շրջա­­նին երկրին մէջ մեծ խառ­­նա­­­կու­­թիւն յա­­ռաջաց­­նել»։ Փա­­րիզի գլխա­­ւոր դա­­տախազ Լոր Պե­­քիւ իր կար­­գին՝ TF1-ի ու­­ղիղ եթե­­րին մէջ այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն հան­­դէպ վե­­րապա­­հու­­թիւններ յայտնեց եւ ըսաւ, թէ մին­­չեւ հի­­մա դա­­տարան­­նե­­­րուն առ­­ջեւ կանգնած ան­­ձե­­­րուն «ծայ­­րա­­­յեղ ձախ շար­­ժումին» հետ կապ մը չէ հաս­­տա­­­տուած։ Այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը ցոյց տո­­ւաւ, որ իշ­­խա­­­նու­­թեան՝ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը որոշ խումբե­­րու վե­­րագ­­րող յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րուն եւ դա­­տական մար­­միննե­­րուն առ­­ջեւ եկած իրո­­ղու­­թիւննե­­րուն մի­­ջեւ շատ կա­­րեւոր տար­­բե­­­րու­­թիւն կայ։
Փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքներ
Հոկ­­տեմբեր 17-էն եր­­կու օր ետք վար­­չա­­­պետ Լը­­քոր­­նիւ նա­­հան­­գա­­­պետա­­րան­­նե­­­րէն խնդրեց, որ բռնու­­թիւններ եւ կո­­ղոպուտներ պա­­տահած շրջան­­նե­­­րուն մէջ մաս­­նա­­­կի փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքներ գոր­­ծադրեն։ Կ՚ըսո­­ւի թէ այս խնդրան­­քին գլխա­­ւոր պատ­­ճառնե­­րէն մէ­­կը երկրին հինգ խո­­շորա­­գոյն բա­­նուո­­րական արհմիու­­թիւննե­­րուն (CFDT, CGT, FO, UNSA եւ FSU) կո­­չով 2026-ի Նո­­յեմ­­բեր 5-ին կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւելիք եր­­թի եւ ցոյ­­ցի ալի­­քին առ­­ջեւն առ­­նելն է,
Փա­­րիզի մէջ Հան­­րա­­­պետու­­թեան հրա­­պարա­­կին եւ Լէ Ալ­­լի շրջա­­կայ որոշ փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ, գի­­շերո­­ւան ժա­­մը 23.00-էն մին­­չեւ առա­­ւօտեան ժա­­մը 06.00, փո­­ղոց ել­­լե­­­լը ար­­գի­­­լուե­­ցաւ։ Էլի­­զէի պա­­լատին, Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովին, Ծե­­րակոյ­­տին, Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թեան եւ քա­­նի մը մեծ կա­­յարան­­նե­­­րուն շրջա­­կայ­­քը ցոյ­­ցի եւ հա­­ւաքի ար­­գելքներ սահ­­մա­­­նուե­­ցան։
Լիոնի կեդ­­րո­­­նի Պել­­քուր հրա­­պարա­­կին մէջ, կո­­ղոպուտնե­­րէն վնա­­սուած առեւտրա­­կան­­նե­­­րուն եւ անվտան­­գութեան ու­­ժե­­­րուն օժան­­դա­­­կելու նպա­­տակով հա­­ւաք մը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ։ Սկիզ­­բը ոչ քա­­ղաքա­­կան հա­­մարո­­ւած այս հա­­ւաքին ծայ­­րա­­­յեղ աջա­­կող­­մեան խումբեր մաս­­նակցե­­ցան։ Եր­­թի ըն­­թացքին գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու եւ մու­­սուլման­­նե­­­րու դէմ կար­­գա­­­խօս­­ներ ար­­տա­­­սանո­­ւեցան, եւ Քել­­թա­­­կան խաչ կրող դրօշ մը բա­­ցուե­­ցաւ։
Շրջա­­նին մէջ ցոյ­­ցի եւ փո­­ղոց ել­­լե­­­լու ար­­գելքին հա­­կառակ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած եր­­թը՝ օրա­­կարգ բե­­րաւ հար­­ցը, թէ անվտան­­գութեան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րը որո՞ւ դէմ եւ ինչպէ՞ս կը կի­­րար­­կո­­­ւին։ Հա­­սարա­­կական լա­­րուա­­ծու­­թեան բարձրա­­ցած շրջա­­նի մը մէջ, ծայ­­րա­­­յեղ աջին փո­­ղոցին մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած կեր­­պով տե­­սանե­­լի դառ­­նա­­­լը հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րու պատ­­ճառ դար­­ձաւ։
Ֆրան­­սա­­­յի մէջ բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րը այ­­լեւս քա­­ղաքա­­կան վի­­ճաբա­­նու­­թիւննե­­րու վե­­րածո­­ւեցան։
17-ի եւ 18 Հոկ­­տեմբե­­րի դէպ­­քե­­­րէն ետք, Ծե­­րակոյ­­տի Իրա­­ւաբա­­նական յանձնա­­ժողովն ալ որո­­շեց կու­­սակցու­­թիւննե­­րու մի­­ջեւ քննու­­թիւն մը սկսիլ՝ անվտան­­գութեան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րուն պատ­­րաստու­­թեան, ոս­­տի­­­կանա­­կան մի­­ջամ­­տութիւննե­­րուն եւ քա­­ղաքա­­կան-վար­­չա­­­կան պա­­տաս­­խա­­­նատւու­­թիւննե­­րուն քննու­­թեան հա­­մար։
Իշ­­խա­­­նու­­թիւնը կ՚ու­­զէ անվտան­­գութեան պնդումնե­­րը առաջ բե­­րելով ստո­­ւէրի մէջ թո­­ղուլ բո­­ղոք­­նե­­­րու իրա­­կան պատ­­ճառնե­­րը։ Բռնու­­թե­­­նէն օգ­­տո­­­ւողը ո՞վ է։ Անվտան­­գութեան խօ­­սոյ­­թը ո՞ր քա­­ղաքա­­կան դե­­րակա­­տար­­նե­­­րուն ձեռ­­քը կը զօ­­րաց­­նէ, ո՞ր ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան իրա­­ւունքնե­­րուն սահ­­մա­­­նափա­­կու­­մը կ՚օրի­նականացնէ։
Մամու­լի կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը, լրագ­րողնե­րու ձեր­բա­կալու­թե­նէն ու կա­լանա­ւորու­մէն մին­չեւ լրա­տուա­միջոց­նե­րուն տե­ղապահ նշա­նակո­ւիլը, լու­րե­րու կայ­քէ­ջերու եւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու հա­շիւ­նե­րու հա­սանե­լիու­թեան ար­գե­լափա­կումնե­րը ընդգրկող ճնշումնե­րուն դէմ, Հոկ­տեմբե­րի 24-ին բո­ղոքի ցոյ­ցեր պի­տի կազ­մա­կեր­պեն։
Անոնց շար­քին Թուրքիոյ Լրագ­րողնե­րու Արհմիու­թիւնը, Թուրքիոյ Լրագ­րողնե­րու Ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը, Մա­մու­լի Խոր­հուրդը, Լրագ­րողնե­րու Ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը, Ար­դի Լրագ­րողնե­րու Միու­թիւնը, Իզ­մի­րի Լրագ­րողնե­րու Ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը, Տիգ­րիս-Եփ­րատ Լրագ­րողնե­րու Միու­թիւնը, DİSK Մա­մուլ-Աշ­խա­տանք եւ լրագ­րութեան մաս­նա­գիտա­կան միու­թիւններ ընդգրկող մա­մու­լի մաս­նա­գիտա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը, վեր­ջին օրե­րուն մա­մու­լի ազա­տու­թեան դէմ աճող ճնշումնե­րուն դի­մաց ամ­բողջ երկրի տա­րած­քին բո­ղոքի ցոյ­ցեր պի­տի կա­տարեն։
Մա­մու­լի մաս­նա­գիտա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն հա­մատեղ յայ­տա­րարու­թեան մէջ հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւննե­րը տեղ գտան.
«Ո՛չ գրաքննու­թեան, ազա­տու­թիւն լու­րին։ Մենք՝ ժո­ղովուրդին տե­ղեկա­տուու­թիւն ստա­նալու իրա­ւունքը պաշտպա­նող, ճշմար­տութեան ետե­ւէն վա­զող լրագ­րողնե­րը ներ­կա­յաց­նող մա­մու­լի մաս­նա­գիտա­կան կազ­մա­կեր­պութիւններս, կը յայ­տա­րարենք. Բաւ է, չենք կրնար շնչել։ Լրագ­րութիւ­նը յան­ցանք, լու­րը սպառ­նա­լիք, ճշմար­տութիւ­նը անըն­դունե­լի նկա­տուող, ոչ միայն լրագ­րողնե­րու, այլ նաեւ ընդդի­մացող բո­լորին գրաքննու­թեան են­թարկո­ւած կար­գի մը առ­ջեւ լուռ պի­տի չմնանք։ Մա­մու­լի ազա­տու­թիւնը միայն լրագ­րողնե­րու չէ, այլ ամ­բողջ հա­սարա­կու­թեան հիմ­նա­կան իրա­ւունքն է։ Ճշմար­տութեան լռե­ցու­մին, ժո­ղովուրդին տե­ղեկա­տուու­թիւն ստա­նալու իրա­ւունքին ար­գելք հան­դի­սանա­լուն եւ հա­սարա­կու­թեան բո­լոր խա­ւերուն գրաքննու­թեան են­թարկուելուն դէմ մեր ձայ­նը կը բարձրացնենք»։
Թէեւ կա­ղապա­րուած ար­տա­յայ­տութիւն մըն է, սա­կայն երբ խօս­քը Շա­հան Արծրու­նիի այս կեան­քէն բաժ­նո­ւելուն մա­սին է, Թուրքիոյ հա­յերուն երաժշտա­կան աշ­խարհին մէջ աստղ մը մա­րեցաւ ըսե­լը բնաւ չա­փազան­ցութիւն պի­տի չըլ­լայ։ Պո­լիս իր վեր­ջին գա­լուստին մեր թերթն ալ այ­ցե­լած էր, եւ հրա­ժեշտ առ­նե­լու պա­հուն՝ կրկին իրար չտես­նե­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը յի­շեց­նե­լով բաժ­նո­ւած էր մեզ­մէ։ Այդ պա­հուն չա­փազան­ցո­ւած թո­ւացող այս հրա­ժեշ­տը, ցա­ւօք, իրա­կանա­ցաւ։ Ար­տա­քին տես­քով իր իրա­կան տա­րիքը չցուցնող Շա­հան Արծրու­նիին մա­հը չէինք վա­յել­ցուցած։ Ցա­ւօք, Հոկ­տեմբեր 21-ին հա­սած լու­րե­րը մեզ ստի­պեցին դի­մագ­րա­ւել դառն իրա­կանու­թիւնը։ Շա­հան Արծրու­նի Նիւ Եոր­քի Մեն­հե­թըն թա­ղամա­սի, իր բնա­կարա­նին մէջ կեան­քէն հրա­ժեշտ առաւ։ Այս պա­հուն մա­հուան պատ­ճառնե­րը տա­կաւին յստակ չեն։ Սա­կայն այս լու­րը առ­նե­լով՝ ան­խուսա­փելիօրէն յի­շեցինք թէ ան, իբ­րեւ վար­պետ դաշ­նա­կահար եւ երաժշտա­գէտ-հե­տազօ­տող, կեան­քի ըն­թացքին մեծ ներդրում ու­նե­ցած էր իր ազ­գին եւ հա­մայն մարդկու­թեան։
Շա­հան Արծրու­նի կեան­քի շատ կա­նուխ շրջա­նին թո­ղած էր ծննդա­վայ­րը։ Ով­կիանո­սէն ան­դին եր­կիրնե­րու մէջ երաժշտա­կան կրթու­թիւնը աւար­տե­լէ զատ, իբ­րեւ դաշ­նա­կահար եւ հե­տազօ­տող՝ մաս­նա­գիտու­թեան աս­տի­ճան­նե­րէն արա­գօրէն բարձրա­ցած էր։ Անցնող տաս­նա­մեակ­նե­րուն բազ­մա­թիւ ան­գամներ Պո­լիս այ­ցե­լող Շա­հան Արծրու­նի, այդ այ­ցե­լու­թիւննե­րուն ըն­թացքին դա­սախօ­սու­թեան բնոյթ ու­նե­ցող նո­ւագա­հան­դէսնե­րով ապա­ցու­ցած էր թէ վար­պետ դաշ­նա­կահար ըլ­լա­լէ զատ նաեւ ար­ժէ­քաւոր ու­սուցիչ մըն է։
Վեր­ջին տա­րինե­րուն բե­մական ելոյթնե­րէն աւե­լի ձայ­նագրու­թիւննե­րու վրայ կեդ­րո­նացած էր, եւ «Քա­լան Միւ­զիք» պի­տակով իրար­մէ ար­ժէ­քաւոր ալ­պոմներ հրա­տարա­կած։ Անոնցմէ նախ կը յի­շենք Կո­միտաս Վար­դա­պետի դաշ­նա­մու­րա­յին գոր­ծե­րը հա­մադ­րած ալ­պո­մ։ Նոյնպէս մեծ խան­դա­վառու­թեամբ կին եր­գա­հան­նե­րու գոր­ծե­րը մեկ­նա­բանած ալ­պոմն ալ պատ­մութեան լոյս սփռող վա­ւերա­գիր մըն էր։ Հա­մեմա­տաբար քիչ յայտնի անուններ ու­նե­ցող կին եր­գա­հան­նե­րու գոր­ծե­րէն կա­տարած իր ընտրա­նին Շա­հան Արծրու­նիի երախ­տա­գիտու­թեան զգա­ցու­մը կ՚ար­տա­ցոլաց­նէր։
Պոլ­սոյ երաժշտա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մէջ անու­նը յա­ճախ իր հօ­րաք­րոջ՝ եր­գա­հան Սիր­վարդ Գա­րամա­նու­կի հետ յի­շուող արո­ւես­տա­գէտը, կ՚ան­մա­հանայ հա­մերգնե­րուն ու յու­շե­րուն կող­քին, ետին թո­ղած իւ­րա­քան­չիւրը խոր հե­տազօ­տու­թիւննե­րու ար­դիւնք եղող ալ­պոմներու շարքով։
20Հոկ­տեմբե­րը մեզ՝ «Ակօս»ի անձնա­կազ­մի հա­մար դար­ձեալ ծանր օր մըն էր, քա­նի որ այդ օր յու­ղարկա­ւորե­ցինք մեր սի­րեցեալ խմբագ­րա­պետ Եդուարդ Տան­ձի­կեանի քոյ­րը՝ Թա­լին Տան­ձի­կեանը։
Ան մի­ջոցէ մը ի վեր կը խնա­մուէր Պա­լըք­լըի Յու­նաց Հի­ւան­դա­նոցի յար­կին տակ։ Յան­կարծա­կիօրէն խան­գա­րուե­ցաւ անոր առող­ջութիւ­նը սրտի տագնապի հե­տեւան­քով, որու շա­րու­նա­կու­թեան իս­կոյն զինք փո­խադ­րե­ցին խտա­ցեալ դար­մանման կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող մի այլ հի­ւան­դա­նոց։ Բժիշկնե­րը դի­տել տա­լով թէ զար­կե­րակը չէ փա­փախած բա­ւական եր­կար ժա­մանակ, յու­սա­հատու­թիւն յայտնե­ցին ըսե­լով թէ եթէ յա­ջողին վե­րապ­րեցնել, վի­ճակը պի­տի չըլ­լայ այդ ն
ոյ­նը, ինչ որ էր այս պա­տահա­րէն առաջ։ Անոնք նոյ­նիսկ զգու­շա­ցու­ցին ա
մէն տե­սակ ան­բախցա­լի զար­գա­ցու­մի հան­դէպ պատ­րաստ գտնո­ւելու։
Նա­խորդ շա­բաթ առա­ւօտն էր, երբ կը պատ­րաստո­ւէինք «Աչըք Ռա­տիօ» ձայ­նասփիւ­ռի կա­յանէն սփռո­ւող «Ռա­տիօ Ակօս» հա­ղոր­դումին, խմբագ­րա­պետը զան­գա­հառե­լով գու­ժեց քիչ առաջ իրեն հաս­նող տխուր լու­րը։
Թէեւ այս աշ­խարհէն հրա­ժեշտ առ­նե­լու հա­մար տա­կաւին բա­ւակա­նին երի­տասարդ կը հա­մարո­ւէր, բայց ափ­սոս որ բազ­մաբնոյթ զա­նազան հի­ւան­դութիւններ եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր կը տան­ջէին զինք։
Փոր­ձով գի­տենք թէ բժիշկնե­րու նման պայ­մաննե­րու մէջ ար­տա­սանած «պատ­րաստ եղէք» ազ­դանշա­նը այդքան ալ իմաստ չու­նի վրայ հաս­նող կո­րուստի դի­մաց։ Ինչ մեղք որ այդ նոյն փոր­ձը ապ­րե­ցաւ նաեւ մեր խմբագ­րա­պետը, որուն այս պա­հուն մխի­թարա­կան նա­խադա­սու­թիւննե­րը իմաստ մը պի­տի չու­նե­նան, ար­դա­րեւ պի­տի ապա­ւինինք ժա­մանա­կի բու­ժիչ յատ­կութեան, որ նոյնպէս պի­տի դժո­ւարա­նայ հա­րազատ քրոջ կո­րուստը սփո­փելու։
Վեր­ջա­պէս քրոջ կո­րուստը ման­կա­կան յու­շե­րու մէջ մեծ քաղցրու­թեամբ յի­շատա­կուած պա­պենա­կան օճա­խի պա­տերէն մէ­կուն փուլ գալն է նաեւ։
Այս տխուր առ­թիւ խո­րապէս կը ցա­ւակ­ցինք մեր սի­րելի ըն­կե­րոջ եւ ըն­տա­նիքի բո­լոր պա­րաքաներուն։
European Partnership Foundation-ի «Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու բնա­­կանո­­նաց­­ման աջակ­­ցութիւն. սահ­­մա­­­նէն ան­­դին կա­­պերու ամ­­րապնդում» ծրագ­­րի շրջա­­նակին մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ Թուրքիայէն լրագ­­րողներ իրար հետ հա­­ւաքող «Հա­­յաս­­տան–Թուրքիա Մե­­տիա Հան­­րա­­­շար­­ժով Շրջա­­գայու­­թիւնը» սկսաւ Հոկ­­տեմբե­­րի 12-ին, երբ շրջա­­գայու­­թեան Հա­­յաս­­տա­­­նէն մաս­­նակցող մե­­դիայի աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րը եկան Պո­­լիս։
«Հա­­յաս­­տան–Թուրքիա Մե­­տիա Հան­­րա­­­շար­­ժի Շրջա­­գայու­­թիւն» ծրա­­գիրը, մինչ Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը օրէ օր կը զար­­գա­­­նան, կը նպա­­տակադ­­րէ որ եր­­կու եր­­կիրնե­­րուն ժո­­ղովուրդնե­­րը լրագ­­րողնե­­րու մի­­ջոցով ճիշդ տե­­ղեկու­­թիւն ստա­­նան։ Աս­­կէ զատ, կը նպա­­տակադ­­րէ որ եր­­կու եր­­կիրնե­­րուն լրագ­­րողնե­­րը ծա­­նօթա­­նան հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րուն եւ իրա­­րու ժո­­ղովուրդնե­­րուն ան­­մի­­­ջակա­­նօրէն, եւ այս բո­­լորը հա­­ւասա­­րակշռո­­ւած, իրո­­ղու­­թիւննե­­րու վրայ հիմ­­նուած եւ բազ­­մա­­­կող­­մա­­­նի կեր­­պով փո­­խան­­ցե­­­լով՝ նպաս­­տեն երկխօ­­սու­­թեան զար­­գացման։
Ինչպէս որ Տին­­քը կ'ու­­զէր
Հոկ­­տեմբե­­րի 12-ին Պոլ­­սոյ մէջ սկսե­­լով եւ 23-ին Երե­­ւանի մէջ աւար­­տե­­­լիք 12-օրեայ ճամ­­բորդու­­թեան, որուն կը մաս­­նակցին Թուրքիայէն եւ Հա­­յաս­­տա­­­նէն ընդհա­­նուր առ­­մամբ 14 լրագ­­րողներ, «Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա Մե­­տիա Հան­­րա­­­շար­­ժի Շրջա­­գայու­­թեան» առա­­ջին կա­­յան­­նե­­­րէն մէ­­կը եղաւ 23.5 Հրանդ Տին­­քի Յի­­շողու­­թեան Վայ­­րը։ Պոլ­­սոյ Առեւտրա­­կան Պա­­լատը այ­­ցե­­­լելէ ետք 23.5-ի մէջ հիւ­­րընկա­­լուած լրագ­­րողնե­­րուն Հրանդ Տին­­քի ժա­­ռան­­գութիւ­­նը ներ­­կա­­­յացո­­ւեցաւ ու­­ղեկցո­­ւած շրջա­­գայու­­թեամբ մը։ Ապա լրագ­­րողնե­­րը հան­­դի­­­պեցան Սեւ Ծո­­վու Տնտե­­սական Հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան մէջ Հա­­յաս­­տա­­­նի մշտա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Նա­­յիրի Պետ­­րո­­­սեանին հետ։
Լրագ­­րողնե­­րու հար­­ցումնե­­րուն պա­­տաս­­խա­­­նելով՝ Պետ­­րո­­­սեան ըսաւ թէ Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա Բնա­­կանո­­նաց­­ման Գոր­­ծընթա­­ցը դրա­­կան ուղղու­­թեամբ կը յա­­ռաջա­­նայ։ Հան­­դիպման ըն­­թացքին ընդգծո­­ւեցաւ թէ ամէն պա­­րագա­­յի կա­­պի շա­­րու­­նա­­­կու­­մը շատ կա­­րեւոր է, նշո­­ւեցաւ թէ Հա­­յաս­­տա­­­նը սահ­­մա­­­նին բաց­­ման հա­­մար բո­­լոր պատ­­րաստու­­թիւննե­­րը աւար­­տած է, իսկ Թուրքիան իր աշ­­խա­­­տանքնե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կէ։ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի մեր­­ձա­­­ւորու­­թեան պատ­­ճա­­­ռով սահ­­մա­­­նին չբա­­ցուե­­լու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնն ալ քննար­­կո­­­ւեցաւ, սա­­կայն եւս ան­­գամ մը ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւեցաւ թէ Երե­­ւանը Պա­­քուն կը դի­­տէ ոչ թէ իբր ար­­գելք, այլ իբր լու­­ծումին մէկ մա­­սը։ Միւս կող­­մէ, հան­­դիպման ըն­­թացքին հար­­ցում մը ուղղո­­ւեցաւ Թուրքիա-Յու­­նաստան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն անդրա­­դառ­­նա­­­լով. «Թուրքիա ին­­չո՞ւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ չը­­նէ ինչ որ Յու­­նաստա­­նի հետ ըրաւ»։ Լրագ­­րողնե­­րու պնդող հար­­ցումնե­­րուն հա­­կառակ, Թուրքիա-Հա­­յաս­­տան սահ­­մա­­­նին ե՞րբ պի­­տի բա­­ցուի հար­­ցումին հա­­մար ժամ­­կէտ մը չտրո­­ւեցաւ։
Պոլ­­սէն Կարս, Կար­­սէն Երե­­ւան
Լրագ­­րողնե­­րը «Հան­­րա­­­շար­­ժի Շրջա­­գայու­­թեան» ըն­­թացքին Թուրքիոյ կող­­մէն այ­­ցե­­­լեցին Իզ­­միր, Տիար­­պե­­­քիր, Վան եւ Կարս, ու հան­­դի­­­պեցան տե­­ղական պաշ­­տօ­­­նատար ան­­ձե­­­րու, գոր­­ծա­­­րար­­նե­­­րու, գոր­­ծա­­­րան­­նե­­­րու եւ քա­­ղաքա­­ցիական հա­­սարա­­կու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու հետ։ Ապա Հա­­յաս­­տան անցնող «մե­­տիա հան­­րա­­­շար­­ժը» գնաց Կիւմրի, Տի­­լիճան եւ ան­­կէ ետք ալ Երե­­ւան։ 14 հո­­գիանոց լրագ­­րո­­­ղական խումբը այ­­ցե­­­լեց նաեւ այժմ փակ գտնո­­ւող Ալի­­ճան/Մար­­գա­­­րա սահ­­մա­­­նային ան­­ցա­­­կէտը՝ եր­­կու եր­­կիրնե­­րուն կող­­մէն։ Շրջա­­գայու­­թեան ըն­­թացքին լրագ­­րողնե­­րը կը հան­­դի­­­պին տնտե­­սական կեդ­­րոննե­­րու, տե­­ղական ձեռ­­նարկու­­թիւննե­­րու, կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու եւ քա­­ղաքա­­ցիական հա­­սարա­­կու­­թեան կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու, ինչպէս նաեւ գոր­­ծա­­­րար աշ­­խարհի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու, զբօ­­սաշրջու­­թեան մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու, հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րու եւ տե­­ղական հա­­մայնքնե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րու հետ։
Հա­­յաս­­տա­­­նէն եւ Թուրքիայէն 14 լրագ­­րողներ եւ մե­­տիայի մաս­­նա­­­գէտ­­ներ, Պոլ­­սէն Երե­­ւան եր­­կա­­­րող հա­­րիւ­­րա­­­ւոր քի­­լոմեդր ճա­­նապարհ մը միասին կտրե­­լով, կը հե­­տեւին նաեւ պատ­­մա­­­կան Մե­­տաք­­սի Ճա­­նապար­­հին։ Կ՚այ­­ցե­­­լեն այնպի­­սի վայ­­րեր, ինչպէս Իզ­­մի­­­րի մէջ Եփե­­սոսը, Տիար­­պե­­­քիրի մէջ Սուրբ Կի­­րակոս Հայ­­կա­­­կան Եկե­­ղեցին, Վա­­նի մէջ Աղ­­թա­­­մար Եկե­­ղեցին, Կար­­սի Անիի Կա­­մուրջը։ Հա­­յաս­­տա­­­նի կող­­մէն՝ Սե­­ւանայ լի­­ճը, Գառ­­նիի Տա­­ճարը, Գե­­ղար­­դի Վան­­քը եւ նման պատ­­մա­­­կան ու զբօ­­սաշրջա­­յին վայ­­րե­­­րէ ետք կ՚այ­­ցե­­­լեն աւե­­լի տեխ­­նո­­­լոգիական նա­­խաձեռ­­նութիւններ, ինչպէս TUMO Center, Eleveight AI, Picsart։ Շրջա­­գայու­­թիւնը կ՚աւար­­տի ՄԱԿ-ի Կլի­­մայի Փո­­փոխու­­թեան COP17 Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի հար­­թա­­­կին վրայ։
Ծրագ­­րին առա­­ջին բա­­ժինը Թուրքիոյ մէջ, երկրոր­­դը՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւող ծրագ­­րին Հա­­յաս­­տա­­­նի բա­­ժինը կը ղե­­կավա­­րեն Եւ­­րա­­­սիական Հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան Հիմ­­նադրա­­մը եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Ար­­տադրող­­նե­­­րու եւ Գոր­­ծա­­­րար­­նե­­­րու Միու­­թիւնը, իսկ Թուրքիոյ բա­­ժինը՝ Թուրքիոյ Տնտե­­սական Քա­­ղաքա­­կանու­­թեանց Հե­­տազօ­­տու­­թեան Հիմ­­նադրա­­մը (TEPAV) եւ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը։
Երե­ւան հա­սած են շարք մը եր­կիրնե­րու առաջ­նորդներ եւ բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեաներ: Երե­ւանի մէջ սկսաւ Կեն­սա­բազ­մա­զանու­թեան մա­սին հռչա­կագի­րի կող­մե­րու 17-րդ հա­մաժո­ղովին(ՔՈՓ17) ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պո­ւած առաջ­նորդ նե­րու վե­հաժո­ղովը:
Վե­հաժո­ղովին կը մաս­նակցին աւե­լի քան մէկ տաս­նեակ եր­կիրնե­րու ղե­կավար­ներ, որոնց շար­քին Իրա­նի նա­խագահ Մա­սուտ Փե­զեշ­քիանը, Ղա­զախստա­նի նա­խագահ Քա­սիմ Ժո­մարթ Թո­քայե­ւը, Վրաս­տա­նի վար­չա­պետ Իրաք­լի Քո պա­խիծէն, ինչպէս նաեւ Կեդ­րո­նական Ասիոյ եւ Ափ­րի­կէի շարք մը եր­կիրնե­րու ղե­կավար­ներ: Երե­ւան կը գտնո­ւի նաեւ Մ.Ա.Կ.ի ընդհա­նուր քար­տուղար Ան­տո­նիօ Կու­թիերե­սը: Թուրքիան վե­հաժո­ղովին կը ներ­կա­յաց­նէ գիւ­ղատնտե­սու­թեան նախարարը:
Դուք ալ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի սա­­­ներէն էք։ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցի մա­­­սին դպրո­­­ցական շրջա­­­նէն ի՞նչեր լսած էք։ Իր կեան­­­քէն բնաւ ազ­­­դո­­­­­­­ւեցա՞ք։
Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի դպրո­­­ցական տա­­­րինե­­­րուս, մեր գրա­­­կանու­­­թեան դա­­­սագրքին՝ «Նոր Թան­­­գա­­­­­­­րան»ի մէջ, Մե­­­ծարեն­­­ցէն ու­­­նէինք «Հիւ­­­ղը» քեր­­­թո­­­­­­­ւածը, զոր կը կար­­­դա­­­­­­­յինք ու կը սեր­­­տէինք։ Ծա­­­նօթ էինք ան­­­շուշտ իր հան­­­րա­­­­­­­ծանօթ «Սի­­­րերգ»ին ու կ՚եր­­­գէինք ալ։ Այսպէս, Մե­­­ծարենց մեր պա­­­տանե­­­կու­­­թեան մէջ ներ­­­կայ էր թէ՛ ըն­­­թերցու­­­մով, թէ՛ եր­­­գով։ Սա­­­կայն իր գրա­­­կանու­­­թեան հետ բուն, խո­­­րունկ ծա­­­նօթա­­­ցումս հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան տա­­­րինե­­­րուն եղաւ։ Այդ շրջա­­­նին ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւն մըն ալ կա­­­տարած եմ իր հնչեակ­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին։ Մե­­­ծարենց, պէտք է ըսել, մեր լա­­­ւագոյն հնչե­­­կագիր բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րէն մէկն է։ Իր տա­­­ղերուն զգա­­­ցական հարստու­­­թեան կող­­­քին, այդ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը ին­­­ծի հա­­­մար բա­­­ցայայ­­­տեց իր արո­­­ւես­­­տին խստա­­­պահան­­­ջութիւ­­­նը նաեւ՝ բա­­­ռի ընտրու­­­թեան, պատ­­­կե­­­­­­­րի կա­­­ռուցման եւ բա­­­նաս­­­տեղծա­­­կան ձե­­­ւի մշակ­­­ման մէջ։
Իսկ իր կեան­­­քէն ազ­­­դո­­­­­­­ւա՞ծ եմ։ Երբ երի­­­տասարդ ես, գրե­­­թէ ան­­­կա­­­­­­­րելի է չազ­­­դո­­­­­­­ւիլ հան­­­դի­­­­­­­պելով այդքան կարճ կեան­­­քի եւ այդքան ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի վաս­­­տա­­­­­­­կի մը։ Քե­­­զի գրե­­­թէ տա­­­րեկից երի­­­տասարդ մը, որ հի­­­ւան­­­դութեան ու վա­­­ղահաս մա­­­հուան ստուերին տակ կրցած է նման գե­­­ղեց­­­կութիւն մը ստեղ­­­ծել՝ ան­­­խուսա­­­փելիօրէն կը յու­­­զէ քեզ։ Տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին, սա­­­կայն, այդ յու­­­զումը կը խո­­­րանայ. կը սկսիս աւե­­­լի լաւ զգալ, թէ որ­­­քան կեանք, լոյս ու մար­­­դոց հան­­­դէպ գո­­­րով կայ իր տա­­­ղերուն մէջ։
Այ­­­սօր, իբ­­­րեւ եկե­­­ղեցա­­­կան, այդ կարճ կեան­­­քին մէջ կը տես­­­նեմ նաեւ մե­­­զի տրուած ժա­­­մանա­­­կին ու շնորհնե­­­րուն ար­­­ժէ­­­­­­­քը զգա­­­լու հրա­­­ւէր մը։ Մե­­­ծարեն­­­ցի ըն­­­թերցու­­­մը զիս կը մղէ մտա­­­ծելու, թէ մենք մեր ստա­­­ցածը ինչպէ՛ս կը մշա­­­կենք եւ ի՛նչ կը փո­­­խան­­­ցենք ու­­­րիշնե­­­րուն։ Իր պա­­­րագա­­­յին՝ այդ փո­­­խան­­­ցումը տա­­­կաւին կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի։
Յա­­­կոբ Ճօ­­­լօլեան-Սի­­­րու­­­նիի մա­­­սին առա­­­ջին ան­­­գամ, երբ բան մը կար­­­դա­­­­­­­ցիք, ի՞նչ էր կար­­­դա­­­­­­­ցած­­­նիդ։
Սի­­­րու­­­նիի անու­­­նին ծա­­­նօթ էինք ան­­­շուշտ իր «Պո­­­լիս եւ իր դե­­­րը» քա­­­ռահա­­­տոր ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեամբ։ Սա­­­կայն դժուար է այ­­­սօր ճշդել, թէ իր­­­մէ կար­­­դա­­­­­­­ցած առա­­­ջին գրու­­­թիւնս ո՛րն էր։ Իր ան­­­ձին ու վաս­­­տա­­­­­­­կին հետ աւե­­­լի խոր ծա­­­նօթա­­­ցումս դար­­­ձեալ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան տա­­­րինե­­­րուն եղաւ։ Այդ շրջա­­­նին զինք ճանչցայ որ­­­պէս «Ազա­­­տամարտ»ի խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րէն, առա­­­ւելա­­­բար գրա­­­կան ասու­­­լիսնե­­­րով յայտնի Էսաեան սա­­­նուց միու­­­թեան հիմ­­­նա­­­­­­­դիր­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը եւ, առ­­­հա­­­­­­­սարակ, ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի գրա­­­կան կեան­­­քին կա­­­րեւոր դէմ­­­քե­­­­­­­րէն մին։
Այս ծա­­­նօթա­­­ցու­­­մը առանձնա­­­յատուկ ըն­­­թացք ստա­­­ցաւ աւար­­­տա­­­­­­­ճառիս շնոր­­­հիւ, որ նո­­­ւիրո­­­ւած էր «Նա­­­ւասարդ» հան­­­դէ­­­­­­­սին, որու եր­­­կու խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րէն մէկն էր ան՝ միւսն ըլ­­­լա­­­­­­­լով Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նը։ Հե­­­տեւա­­­բար, Սի­­­րու­­­նիի հետ իմ հան­­­դի­­­­­­­պումս եւս կա­­­պուե­­­ցաւ ու­­­սումնա­­­սիրա­­­կան աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի մը. պէտք էր հասկնալ հան­­­դէ­­­­­­­սին ծնունդ տո­­­ւող մի­­­ջավայ­­­րը, գրա­­­կան ու գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան ձգտումնե­­­րը, խմբա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րուն առա­­­ջադ­­­րանքնե­­­րը։
Այդ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի ըն­­­թացքին առ­­­ջեւս աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­բար բա­­­ցուե­­­ցաւ Սի­­­րու­­­նիի կեր­­­պա­­­­­­­րը՝ իբ­­­րեւ գրա­­­կան կեան­­­քէ ներս գոր­­­ծող, նա­­­խաձեռ­­­նող ու կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պող մտա­­­ւորա­­­կան։ «Պո­­­լիս եւ իր դե­­­րը»ի հե­­­ղինակ պատ­­­մա­­­­­­­բանի կող­­­քին կը տես­­­նէի երի­­­տասարդ գրա­­­գէտը, որ իր ժա­­­մանա­­­կակից­­­նե­­­­­­­րուն հետ մեր մշա­­­կոյ­­­թին ապա­­­գան կը մտա­­­ծէր եւ այդ ապա­­­գային ծա­­­ռայող գոր­­­ծի մը կը ձեռ­­­նարկէր։
Այս հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը կա­­­րեւոր եղաւ նաեւ Սի­­­րու­­­նիի հե­­­տագայ գրու­­­թիւննե­­­րը գնա­­­հատե­­­լու հա­­­մար։ Երբ ան կը պատ­­­մէ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի, Մե­­­ծարեն­­­ցի կամ իր ժա­­­մանա­­­կաշրջա­­­նի գրա­­­կան կեան­­­քի մա­­­սին, կը խօ­­­սի նաեւ իբ­­­րեւ այդ աշ­­­խարհը ներ­­­սէն ճանչցած մարդ։ Իր էջե­­­րուն մէջ ու­­­սումնա­­­սիրո­­­ղի գի­­­տելի­­­քը կը միանայ մաս­­­նակցի ու ակա­­­նատե­­­սի յի­­­շողու­­­թեան։ Այդ եր­­­կուքին հան­­­դի­­­­­­­պումն է, որ անոր վկա­­­յու­­­թիւննե­­­րը ին­­­ծի հա­­­մար առանձնա­­­պէս ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր կը դարձնէ։
Ին­­­ծի հա­­­մար յի­­­շողու­­­թիւնը պա­­­հելու այս աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը նաեւ երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն մըն է։ Մեզ­­­մէ առաջ ապ­­­րած ու ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծած մար­­­դոց հան­­­դէպ պա՛րտք ու­­­նինք. անոնց անուննե­­­րը յի­­­շելու կող­­­քին՝ պէտք է ճանչնանք ու ապ­­­րեցնենք անոնց թո­­­ղածը։ Սի­­­րու­­­նիի այս հա­­­տորը հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան պատ­­­րաստե­­­լու մէջ այդ պարտքի զգա­­­ցումն ալ իր բա­­­ժինը ու­­­նե­­­­­­­ցաւ ան­­­շուշտ։
Տէր-հայր, Երբ կը նա­­­յիք «այս հի­­­ւանդ, հան­­­ճա­­­­­­­րեղ պա­­­տանիին»՝ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցի կեան­­­քի պատ­­­մութեան ի՞նչ զգա­­­ցումներ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նաք։
Մե­­­ծարեն­­­ցի կեան­­­քին նա­­­յելով՝ նախ խոր ափ­­­սո­­­­­­­սանք մը կը զգամ. այդքան երի­­­տասարդ տա­­­րիքին ընդհա­­­տուած կեանք մը՝ իր մէջ դեռ չար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած այնքան կա­­­րելիու­­­թիւննե­­­րով։ Ակա­­­մայ կը մտա­­­ծես, թէ ի՛նչ կրնար տա­­­կաւին տալ մեր գրա­­­կանու­­­թեան, եթէ ժա­­­մանա­­­կը քիչ մը աւե­­­լի առա­­­տաձեռն գտնո­­­ւէր իրեն հան­­­դէպ։ Սա­­­կայն իր թո­­­ղած վաս­­­տա­­­­­­­կը կար­­­դա­­­­­­­լով՝ այդ ափ­­­սո­­­­­­­սան­­­քին կը միանայ հիացու­­­մը։ Այդքան կարճ ժա­­­մանա­­­կի մէջ ան կրցած է ամ­­­բողջա­­­կան բա­­­նաս­­­տեղծա­­­կան աշ­­­խարհ մը ստեղ­­­ծել՝ իր լե­­­զուով, երաժշտու­­­թեամբ եւ կեան­­­քին նա­­­յելու ու­­­րոյն կեր­­­պով։
Զիս ամե­­­նէն շատ յու­­­զո­­­­­­­ղը իր հո­­­գիին բաց մնալն է։ Հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը, անձկու­­­թիւնը, իրեն դէմ ուղղո­­­ւած անի­­­րաւ խօս­­­քե­­­­­­­րը կրնա­­­յին զինք ամ­­­բողջո­­­վին ամ­­­փո­­­­­­­փել սե­­­փական տա­­­ռապան­­­քին մէջ։ Բայց իր տա­­­ղերուն մէջ այնքա՜ն լոյ­­­սի ծա­­­րաւ, մար­­­դոց հան­­­դէպ գո­­­րով եւ ու­­­րի­­­­­­­շին օգ­­­տա­­­­­­­կար ըլ­­­լա­­­­­­­լու բաղ­­­ձանք կայ։ «Հիւղ» ըլ­­­լա­­­­­­­լու ցան­­­կութիւ­­­նը կամ «Տո՜ւր ին­­­ծի, Տէ՜ր, ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնն անանձնա­­­կան» աղեր­­­սանքը այս առու­­­մով խո­­­րապէս կը յու­­­զեն զիս։ Ինք խնամ­­­քի ու մխի­­­թարու­­­թեան կա­­­րօտ՝ կը ցան­­­կայ ու­­­րի­­­­­­­շի հա­­­մար ապաս­­­տան ու ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւն դառ­­­նալ։
Իբ­­­րեւ քա­­­հանայ՝ այս կե­­­ցուած­­­քին մէջ խոր հա­­­րազա­­­տու­­­թիւն մը կը զգամ մեր­­­ձա­­­­­­­ւորին հան­­­դէպ քրիս­­­տո­­­­­­­նէական սի­­­րոյն հետ։ Սե­­­փական ցա­­­ւին մէջ ան­­­գամ ու­­­րի­­­­­­­շին ցա­­­ւը տես­­­նե­­­­­­­լը, անոր ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը ցան­­­կա­­­­­­­լը հո­­­գեւոր մեծ հա­­­սու­­­նութիւն կը պա­­­հան­­­ջեն։ Մե­­­ծարեն­­­ցի տո­­­ղերը կար­­­դա­­­­­­­լով՝ ես ին­­­ծի կը հարցնեմ, թէ որ­­­քա­­­­­­­նո՛վ կը յա­­­ջողիմ ու­­­րի­­­­­­­շի հա­­­մար դառ­­­նալ մխի­­­թարա­­­կան ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւն։ Իր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը այսպէս նաեւ անձնա­­­կան քննու­­­թեան առիթ կու տայ ին­­­ծի։
Այս պատ­­­ճա­­­­­­­ռով Մե­­­ծարեն­­­ցի կեան­­­քը ին­­­ծի հա­­­մար նաեւ ներ­­­քին մե­­­ծու­­­թեան վկա­­­յու­­­թիւն մըն է։ Իր ցա­­­ւը իրա­­­կան է, բայց այդ ցա­­­ւին մէջ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ ապ­­­րիլ սի­­­րելու կա­­­րողու­­­թիւնը։ Երբ իր մա­­­սին կը մտա­­­ծեմ, հիացու­­­միս կը միանայ երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը՝ այն գե­­­ղեց­­­կութեան ու գո­­­րովին հա­­­մար, որ իր կարճ կեան­­­քէն հա­­­սած են մե­­­զի եւ տա­­­կաւին կրնան մեր ներ­­­սը բան մը փո­­­խել։
Գրքին մէջ կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւին 1900-ական­­­նե­­­­­­­րու սկիզ­­­բին Հա­­­միտեան դա­­­ժան լու­­­ծին տակ գոր­­­ծող մեր հայ­­­կա­­­­­­­կան կրթա­­­կան օճախ­­­նե­­­­­­­րը։ Այս նիւ­­­թին քիչ մը կրնա՞նք անդրա­­­դառ­­­նալ։
Սի­­­րու­­­նի այդ կրթա­­­կան օճախ­­­նե­­­­­­­րուն մա­­­սին կը խօ­­­սի իբ­­­րեւ զա­­­նոնք ներ­­­սէն ճանչցած մարդ։ Հա­­­միտեան բռնա­­­պետու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ, երբ վա­­­խը, գրաքննու­­­թիւնն ու լրտե­­­սու­­­թեան մթնո­­­լոր­­­տը կը ծան­­­րա­­­­­­­նային հայ կեան­­­քի վրայ, դպրոց­­­նե­­­­­­­րը մտա­­­ւոր ու հո­­­գեւոր շնչա­­­ռու­­­թեան կեն­­­սա­­­­­­­կան վայ­­­րեր էին։ Հոն լե­­­զու եւ գրա­­­կանու­­­թիւն սոր­­­վե­­­­­­­լու առըն­­­թեր՝ պա­­­տանի­­­ները կը ծա­­­նօթա­­­նային իրենց ժո­­­ղովուրդի ան­­­ցեալին, կը կա­­­պուէին անոր մշա­­­կոյ­­­թին եւ կը սկսէին մտա­­­ծել իրենց ընե­­­լիքին մա­­­սին։
Սի­­­րու­­­նի կը յի­­­շէ Պէր­­­պէ­­­­­­­րեանը, Մխի­­­թարեան վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րը եւ յատ­­­կա­­­­­­­պէս Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նը։ Վեր­­­ջի­­­­­­­նիս մա­­­սին իր պատ­­­մա­­­­­­­ծին մէջ շատ ու­­­շագրաւ ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւն մը կայ. պաշ­­­տօ­­­­­­­նական մա­­­տենա­­­դարա­­­նի կող­­­քին, աշա­­­կերտնե­­­րուն գրպան­­­նե­­­­­­­րուն մէջ կը շրջէր տե­­­սակ մը գաղտնի գրա­­­դարան։ Ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մա­­­­­­­նէ հաս­­­նող գիր­­­քերն ու թեր­­­թե­­­­­­­րը ձեռ­­­քէ-ձեռք կ՚անցնէին։ Այդ պատ­­­կե­­­­­­­րը շատ բան կ՚ըսէ սե­­­րունդի մը մտա­­­ւոր ծա­­­րաւին մա­­­սին։ Ար­­­տա­­­­­­­քին ճնշու­­­մը չէր կրցած մա­­­րել կար­­­դա­­­­­­­լու, իմա­­­նալու եւ աւե­­­լի լայն աշ­­­խարհի մը հա­­­ղոր­­­դա­­­­­­­կից դառ­­­նա­­­­­­­լու ցան­­­կութիւ­­­նը։
Մե­­­ծարենց հա­­­սունցաւ այդ մի­­­ջավայ­­­րին մէջ։ Սի­­­րու­­­նի Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նը անոր «հո­­­գեկան օրօ­­­րոցը» կը կո­­­չէ։ Դպրո­­­ցը իրեն տո­­­ւաւ ու­­­սում, ըն­­­կե­­­­­­­րական շրջա­­­նակ եւ իր գրա­­­կան առա­­­ջին փոր­­­ձե­­­­­­­րը զար­­­գացնե­­­լու մի­­­ջավայր։ Հի­­­ւան­­­դութեան պատ­­­ճա­­­­­­­ռով ու­­­սումը ընդհա­­­տելէ ետքն ալ ան դպրո­­­ցին ու ըն­­­կերնե­­­րուն հետ պա­­­հեց իր կա­­­պը։ Այս հան­­­գա­­­­­­­ման­­­քը ցոյց կու տայ, թէ կրթա­­­կան հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւն մը որ­­­քան խոր տեղ կրնայ ու­­­նե­­­­­­­նալ երի­­­տասար­­­դի մը նե­­­րաշ­­­խարհին մէջ։
Ին­­­ծի հա­­­մար, իբ­­­րեւ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նի նախ­­­կին սան, հա­­­յերէ­­­նաւանդ ու­­­սուցիչ եւ եկե­­­ղեցա­­­կան, այս էջե­­­րը կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն նաեւ այ­­­սօ­­­­­­­րուան ուղղո­­­ւած հար­­­ցում մը. մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րը որ­­­քա­­­­­­­նո՞վ կը յա­­­ջողին այդպի­­­սի մտա­­­ւոր հե­­­տաքրքրու­­­թիւն ու ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լու ցան­­­կութիւն արթնցնել։ Սի­­­րու­­­նիի նկա­­­րագ­­­րած պայ­­­մաննե­­­րը ծանր էին, բայց այդ պայ­­­մաննե­­­րուն մէջ ալ եղած են ու­­­սուցիչ­­­ներ ու աշա­­­կերտներ, որոնք հա­­­ւատա­­­ցած են հա­­­յերէն գրքին, կրթու­­­թեան եւ մշա­­­կոյ­­­թի ու­­­ժին։ Անոնց աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին պտուղնե­­­րէն մէկն ալ Մե­­­ծարենցն էր ան­­­կասկած։ Այդ ժա­­­ռան­­­գութիւ­­­նը մե­­­զի հա­­­մար հպար­­­տութիւն ըլ­­­լա­­­­­­­լու չափ՝ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն ալ է։
Կրթու­­­թեան այս պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը նաեւ հո­­­գեւոր երես ու­­­նի։ Երի­­­տասար­­­դին գի­­­տելիք ջամ­­­բե­­­­­­­լու հետ՝ պէտք է օգ­­­նենք, որ իր խիղ­­­ճը մշա­­­կէ, ու­­­րի­­­­­­­շի ար­­­ժա­­­­­­­նապա­­­տուու­­­թիւնը յար­­­գէ եւ իր կա­­­րողու­­­թիւննե­­­րը վե­­­րածէ ծա­­­ռայու­­­թեան։ Այս առու­­­մով դպրո­­­ցի եւ եկե­­­ղեց­­­ւոյ մի­­­ջեւ կեն­­­դա­­­­­­­նի գոր­­­ծակցու­­­թիւնը շատ կա­­­րեւոր կը նկա­­­տեմ։ Մեր զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րը կա­­­րիքն ու­­­նին մի­­­ջավայ­­­րե­­­­­­­րու, ուր միաժա­­­մանակ կա­­­րենան հար­­­ցումներ տալ, իրենց ար­­­մատնե­­­րը ճանչնալ, հա­­­ւատ­­­քի փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­նալ եւ զգալ, թէ իրենք հա­­­մայնքին սի­­­րուած ու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու ան­­­դամներն են։
Քիչ մըն ալ «Մա­­­սիս»ի մա­­­սին խօ­­­սինք։ Ի՞նչ էր «Մա­­­սիս»ը։ Պար­­­բե­­­­­­­րակա՞ն, ամ­­­սա­­­­­­­գի՞ր, օրա­­­թե՞րթ… Ո՞վքեր գրե­­­ցին «Մա­­­սիս»ի մէջ։
«Մա­­­սիս»ը պոլ­­­սա­­­­­­­հայ մա­­­մու­­­լի ամե­­­նէն կա­­­րեւոր եւ եր­­­կա­­­­­­­րամեայ անուննե­­­րէն մէկն էր։ Հիմ­­­նո­­­­­­­ւած է 1852-ին՝ Կա­­­րապետ Իւ­­­թիւճեանի կող­­­մէ, եւ լոյս տե­­­սած մին­­­չեւ 1908։ Իր հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան եր­­­կար ըն­­­թացքին ու­­­նե­­­­­­­ցած է տար­­­բեր պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նու­­­թիւն՝ շա­­­բաթա­­­թերթ, օրա­­­թերթ, նաեւ ամ­­­սա­­­­­­­թերթ։ Ուստի հար­­­ցումին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը կա­­­խեալ է այն շրջա­­­նէն, որու մա­­­սին կը խօ­­­սինք։ Մե­­­ծարեն­­­ցի գրա­­­կան գոր­­­ծունէու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն «Մա­­­սիս»ը գրա­­­կան շա­­­բաթա­­­թերթ մըն էր։
Անոր էջե­­­րուն մէջ տար­­­բեր տա­­­րինե­­­րուն գրած են մեր գրա­­­կանու­­­թեան կա­­­րեւոր դէմ­­­քե­­­­­­­րը՝ Պա­­­րոնեան, Զօհ­­­րապ, Օտեան, Սի­­­պիլ, Տէ­­­միր­­­ճի­­­­­­­պաշեան, Յա­­­րու­­­թիւնեան եւ շատ-շա­­­տեր։ Անոնցմէ ոմանք նաեւ խմբագ­­­րա­­­­­­­կան պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն ստանձնած են։ Այս անուննե­­­րը ար­­­դէն կը վկա­­­յեն, թէ ինչպի­­­սի դեր ու­­­նե­­­­­­­ցած է «Մա­­­սիս»ը՝ յատ­­­կա­­­­­­­պէս արեւմտա­­­հայ ար­­­ձա­­­­­­­կի զար­­­գացման եւ գրա­­­կան ճա­­­շակի ձե­­­ւաւոր­­­ման մէջ։
Մե­­­ծարեն­­­ցի պա­­­րագա­­­յին «Մա­­­սիս»ը առանձնա­­­յատուկ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նի։ Հո՛ն երեւ­­­ցած են իր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւննե­­­րը, եւ երի­­­տասարդ հե­­­ղինա­­­կը հոն է որ առիթ ու­­­նե­­­­­­­ցած է հան­­­դի­­­­­­­պելու իր ըն­­­թերցո­­­ղին։ Սի­­­րու­­­նի եւս աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցած է պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նին։ Սա­­­կայն հե­­­տագա­­­յին նոյն «Մա­­­սիս»ը պի­­­տի դառ­­­նար Մե­­­ծարեն­­­ցի դէմ ուղղո­­­ւած յար­­­ձա­­­­­­­կումնե­­­րուն գլխա­­­ւոր բե­­­մերէն մէ­­­կը՝ Ենովք Ար­­­մէ­­­­­­­նի եւ Փայ­­­լա­­­­­­­կի դե­­­րակա­­­տարու­­­թեամբ։
Ահա այս բարդ պատ­­­մութիւնն ալ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ Սի­­­րու­­­նի։ Գրա­­­կան մեծ աւանդ ու­­­նե­­­­­­­ցող պար­­­բե­­­­­­­րական մը կրնայ իր պատ­­­մութեան որոշ հանգրո­­­ւանին չհասկնալ նոր տա­­­ղանդ մը եւ նոյ­­­նիսկ անի­­­րաւ գտնո­­­ւիլ անոր հան­­­դէպ։ Բայց այդ հանգրո­­­ւանը պէտք չէ ծած­­­կէ «Մա­­­սիս»ի ամ­­­բողջ վաս­­­տա­­­­­­­կը։ Անոր էջե­­­րը այ­­­սօր թղթա­­­տելով՝ կը տես­­­նենք մեր գրա­­­կանու­­­թեան կազ­­­մա­­­­­­­ւորու­­­մը՝ իր յայտնու­­­թիւննե­­­րով, որո­­­նումնե­­­րով եւ հա­­­կասու­­­թիւննե­­­րով։ Այդ իմաս­­­տով «Մա­­­սիս»ը ամ­­­բողջ գրա­­­կան դա­­­րաշրջա­­­նի մը կեն­­­դա­­­­­­­նի վկա­­­յարանն է։
Մե­­­ծարեն­­­ցի դէմ ուղղո­­­ւած անի­­­րաւ խօս­­­քե­­­­­­­րը այ­­­սօր ալ կը յի­­­շեց­­­նեն խօս­­­քի հետ կա­­­պուած մեր պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը։ Քննա­­­դատու­­­թիւնը կրնայ օգ­­­նել մար­­­դու աճե­­­լուն, բայց կրնայ նաեւ խո­­­րապէս վի­­­րաւո­­­րել։ Ճշմար­­­տութիւ­­­նը ըսե­­­լու պա­­­հան­­­ջը պէտք է ու­­­ղեկցո­­­ւի դի­­­մացի­­­նի հան­­­դէպ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեամբ ու գո­­­րովով։ Այս զգօ­­­նու­­­թիւնը նոյնքան անհրա­­­ժեշտ է մեր այ­­­սօ­­­­­­­րուան յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րուն մէջ։
Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցի առնչու­­­թեամբ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուած «տար­­­տամ ոճ» բնո­­­րոշու­­­մը կրնա՞ք բա­­­ցատ­­­րել։
«Տար­­­տամ ոճ» բնո­­­րոշու­­­մը պէտք է հասկնալ իր պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կին մէջ։ Սի­­­րու­­­նի կը պատ­­­մէ, որ 1903-ին «Մա­­­սիս» բա­­­նաս­­­տեղծա­­­կան մրցում մը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած էր՝ «Բաժ­­­նո­­­­­­­ւած սիր­­­տեր» նիւ­­­թով։ Մե­­­ծարենց եւս մաս­­­նակցած էր՝ «Ծիածան» ծած­­­կա­­­­­­­նու­­­նով։ Դա­­­տակազ­­­մը, գնա­­­հատե­­­լով անոր տո­­­ղերուն հնչե­­­ղու­­­թիւնն ու յան­­­գե­­­­­­­րուն գե­­­ղեց­­­կութիւ­­­նը, միաժա­­­մանակ վե­­­րապա­­­հու­­­թիւն յայտնած էր՝ գրե­­­լով, թէ նոր գրող­­­նե­­­­­­­րը ու­­­նին քիչ մը տար­­­տամ ոճ, եւ իմաս­­­տի տար­­­տամ պատ­­­կե­­­­­­­րացում։ Ու­­­րեմն ասի­­­կա երի­­­տասարդ Մե­­­ծարեն­­­ցի մէկ քեր­­­թո­­­­­­­ւածին առի­­­թով ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած դա­­­տում մըն է, որ պէտք չէ տա­­­րածել իր ամ­­­բողջ ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութեան վրայ։
«Տար­­­տամ» ըսե­­­լով՝ հոս նկա­­­տի ու­­­նին անո­­­րոշ, ոչ բա­­­ւարար յստա­­­կու­­­թեամբ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն մը. կը զգան տո­­­ղին երաժշտու­­­թիւնն ու գե­­­ղեց­­­կութիւ­­­նը, բայց միտ­­­քին կամ պատ­­­կե­­­­­­­րին յստա­­­կու­­­թիւնը հա­­­մոզիչ չեն գտներ։ Այս գնա­­­հատա­­­կանին մէջ կա­­­րելի է տես­­­նել նաեւ գրա­­­կան ճա­­­շակ­­­նե­­­­­­­րու տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւն։ Նոր բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը զգա­­­ցու­­­մը եր­­­բեմն կը հա­­­ղոր­­­դէր նրբե­­­րան­­­գով, հնչիւ­­­նով ու թե­­­լադ­­­րանքով՝ ըն­­­թերցո­­­ղին մաս­­­նակցու­­­թիւնն ալ պա­­­հան­­­ջե­­­­­­­լով։ Այդպի­­­սի ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը կրնար անո­­­րոշ թո­­­ւիլ ուղղա­­­կի խօս­­­քի աւե­­­լի վարժ ըն­­­թերցո­­­ղին։
Սա­­­կայն պէտք չէ հա­­­կառակ ծայ­­­րա­­­­­­­յեղու­­­թեան եր­­­թանք եւ Մե­­­ծարեն­­­ցի վաղ շրջա­­­նի ամէն գործ կա­­­տարեալ հա­­­մարենք։ Ինքն ալ իր ինքնաքննա­­­դատու­­­թեան մէջ խօ­­­սած է սկզբնա­­­կան շրջա­­­նի խար­­­խա­­­­­­­փումնե­­­րուն մա­­­սին։ Սի­­­րու­­­նիի առար­­­կութեան բուն շեշ­­­տը այն է, որ դա­­­տող­­­նե­­­­­­­րը այդ պա­­­տանիին մէջ չեն նշմա­­­րած ապա­­­գայ մեծ բա­­­նաս­­­տեղծին կա­­­րելիու­­­թիւնը։
Այ­­­սօր երբ Մե­­­ծարենց կը կար­­­դանք՝ կը տես­­­նենք, թէ ան ինչպէս կրցած է զգա­­­ցու­­­մի ամե­­­նէն նուրբ, եր­­­բեմն դժո­­­ւար անուն ստա­­­ցող շար­­­ժումնե­­­րը լե­­­զուի վե­­­րածել։ Այդ նրբու­­­թիւնը ըմբռնե­­­լու հա­­­մար հարկ է դան­­­դաղ կար­­­դալ զինք՝ ու­­­շադրու­­­թիւն դարձնե­­­լով նաեւ բա­­­ռերու հնչիւ­­­նին եւ պատ­­­կերնե­­­րու փո­­­խադարձ կա­­­պին։
Տէր-հայր, ան­­­ցեալ շա­­­բաթա­­­վեր­­­ջին, Պիւ­­­յիւքտէ­­­րէի մէջ մա­­­տու­­­ցե­­­­­­­ցիք Ս. Պա­­­տարագ եւ Մի­­­սաք Մե­­­ծարեն­­­ցի եւ Յա­­­կոբ Ճօ­­­լօլեան-Սի­­­րու­­­նիի հա­­­մար կա­­­տարե­­­ցիք հո­­­գեհանգստեան պաշ­­­տօն։ Կա­­­յացաւ նաեւ Սի­­­րու­­­նիի՝ «Այս հի­­­ւանդ, հան­­­ճա­­­­­­­րեղ պա­­­տանին» հա­­­տորի շնոր­­­հանդէ­­­սը։ Ինչպէ՞ս ան­­­ցաւ։ Բազ­­­մութիւն կա՞ր։
Շատ ջերմ եւ յա­­­ջող օր մը ու­­­նե­­­­­­­ցանք Պիւ­­­յիւքտէ­­­րէի մէջ։ Ս. Աւե­­­տարա­­­նիչ­­­նե­­­­­­­րու տօ­­­նի առի­­­թով մա­­­տու­­­ցե­­­­­­­ցինք Ս. Պա­­­տարագ, ապա հո­­­գեհանգստեան պաշ­­­տօն կա­­­տարե­­­ցինք Մե­­­ծարեն­­­ցի եւ Սի­­­րու­­­նիի հո­­­գինե­­­րուն հա­­­մար։ Ապա, Հայ մշա­­­կոյ­­­թի շաբ­­­թո­­­­­­­ւան առ­­­թիւ, Պիւ­­­յիւքտէ­­­րէի թա­­­ղային խոր­­­հուրդի նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ կա­­­յացաւ նո­­­րատիպ հա­­­տորին շնոր­­­հանդէ­­­սը, որ կը վա­­­յելէր Ամեն. Ս. Պատ­­­րիարք Հօր բարձր հո­­­վանա­­­ւորու­­­թիւնը։ Այսպէս, եր­­­կու հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րուն յի­­­շատա­­­կը ոգե­­­կոչե­­­ցինք թէ՛ եկե­­­ղեցա­­­կան արա­­­րողու­­­թեամբ, թէ՛ անոնց կեան­­­քին ու վաս­­­տա­­­­­­­կին անդրա­­­դար­­­ձող գրա­­­կան ցե­­­րեկոյ­­­թով։
Աղօթքն ու յի­­­շատա­­­կի գրա­­­կան ոգե­­­կոչու­­­մը այդ օրը ին­­­ծի հա­­­մար խո­­­րապէս կա­­­պուած էին իրա­­­րու։ Հո­­­գեհան­­­գիստի ըն­­­թացքին մեր հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րը յանձնե­­­ցինք Աս­­­տուծոյ ողոր­­­մութեան՝ յա­­­րու­­­թեան յոյ­­­սով։ Ապա անոնց խօս­­­քը լսե­­­ցինք ու անոնց վաս­­­տա­­­­­­­կին հա­­­մար մեր երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տե­­­­­­­ցինք։ Այս հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մը առիթ եղաւ մտա­­­ծելու նաեւ մեր պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թեան մա­­­սին՝ ստա­­­ցած ժա­­­ռան­­­գութիւ­­­նը ապ­­­րեցնե­­­լու եւ յա­­­ջորդնե­­­րուն փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու։
Մաս­­­նակցու­­­թեան առու­­­մով գո­­­հացու­­­ցիչ էր։ Ին­­­ծի հա­­­մար յատ­­­կա­­­­­­­պէս ու­­­րա­­­­­­­խալի էր ներ­­­կա­­­­­­­ներու հե­­­տաքրքրու­­­թիւնն ու այն մտեր­­­միկ, ջեր­­­միկ մթնո­­­լոր­­­տը, որ ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւեցաւ Վոս­­­փո­­­­­­­րի այս հե­­­ռաւոր թա­­­ղի եկե­­­ղեց­­­ւոյ սրա­­­հին մէջ։ Մե­­­զի հետ էին նաեւ բա­­­նաս­­­տեղծ Զա­­­րեհ Խրա­­­խու­­­նիի 100-ամեակին առ­­­թիւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն ժա­­­մանած հիւ­­­րե­­­­­­­րը, որոնց ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը յա­­­ւելեալ ջեր­­­մութիւն բե­­­րաւ մեր հա­­­մախմբու­­­մին։
Շնոր­­­հանդէ­­­սի ըն­­­թացքին փոր­­­ձե­­­­­­­ցի ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նել Սի­­­րու­­­նիի վկա­­­յու­­­թեան ար­­­ժէ­­­­­­­քը եւ այն կեն­­­դա­­­­­­­նի Մե­­­ծարեն­­­ցը, որ կը յայտնուի իր յու­­­շե­­­­­­­րուն մէջ։ Գրա­­­կան խօս­­­քին ըն­­­կե­­­­­­­րացան աս­­­մունք, մե­­­ներգ, ինչպէս նաեւ ներ­­­կա­­­­­­­ներու սրտա­­­բուխ ելոյթնե­­­րը։
Ին­­­ծի հա­­­մար օրո­­­ւան ամե­­­նէն գե­­­ղեցիկ կող­­­մը այդ միաս­­­նա­­­­­­­կան, ան­­­կեղծ մաս­­­նակցու­­­թիւնն էր։ Ուխտա­­­ւոր դպիր­­­նե­­­­­­­րէն մին­­­չեւ աս­­­մունքող­­­ներն ու ունկնդիր­­­նե­­­­­­­րը՝ ամէն մարդ իր բա­­­ժինը բե­­­րաւ։ Կը կար­­­ծեմ՝ նման հան­­­դի­­­­­­­պումնե­­­րուն բուն ար­­­ժէքն ալ հոս է. գիր­­­քը առիթ կ՚ըլ­­­լայ, որ մար­­­դիկ հա­­­մախմբո­­­ւին, լսեն մեր հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րուն խօս­­­քը եւ նո­­­րոգեն անոնց հետ իրենց կա­­­պը։
Շատ կա­­­րեւոր կը նկա­­­տեմ, որ նման ձեռ­­­նարկներ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­նան մեր եկե­­­ղեցի­­­ներու շրջա­­­նակին մէջ։ Եկե­­­ղեցին նախ եւ առաջ Աս­­­տուծոյ հետ հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մի, աղօթ­­­քի, Ս. Պա­­­տարա­­­գի եւ խոր­­­հուրդնե­­­րու վայրն է։ Այդ հո­­­գեւոր կեան­­­քը պէտք է շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի նաեւ մեր փո­­­խադարձ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րուն մէջ՝ զի­­­րար լսե­­­լով, խնա­­­մելով, իրար­­­մէ սոր­­­վե­­­­­­­լով եւ միասին ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծե­­­­­­­լով։ Եկե­­­ղեց­­­ւոյ շուրջ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած գրա­­­կան կամ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին հան­­­դի­­­­­­­պումնե­­­րը կրնան սե­­­րունդներ մօ­­տեց­­նել իրա­­րու, երի­­տասարդ մը հա­­ղոր­­դա­­­կից դարձնել իր լե­­զուին ու ժա­­ռան­­գութեան եւ նոր կա­­պեր ստեղ­­ծել հա­­մայնքէն ներս։
Ահա թէ ին­­չո՛ւ մեր եկե­­ղեցի­­ները անհրա­­ժեշտ են։ Անոնց մէջ մարդ կրնայ իր ցաւն ու ու­­րա­­­խու­­թիւնը բե­­րել Աս­­տուծոյ առ­­ջեւ եւ իր կող­­քին գտնել աղօ­­թակից ու հո­­գատար մար­­դիկ։ Մա­­նաւանդ մեր փոք­­րա­­­ցող թա­­ղային հա­­մայնքնե­­րուն հա­­մար այդ ներ­­կա­­­յու­­թիւնը կեն­­սա­­­կան է։ Եկե­­ղեց­­ւոյ դու­­ռը բաց պա­­հելը նաեւ այսպի­­սի կեանք մը շա­­րու­­նա­­­կելու յանձնա­­ռու­­թիւն է՝ կա­­նոնա­­ւոր աղօթ­­քով, խնամ­­քով, կրթա­­կան ու մշա­­կու­­թա­­­յին աշ­­խա­­­տան­­քով։ Այդ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը բո­­լորս կը բաժ­­նենք՝ հո­­գեւո­­րական, թա­­ղային պա­­տաս­­խա­­­նատու, դպիր, ծնող եւ երի­­տասարդ։ Պիւ­­յիւքտէ­­րէի այդ օրը մե­­զի ցոյց տո­­ւաւ, թէ ի՛նչ ջեր­­մութիւն կրնայ ստեղ­­ծո­­­ւիլ, երբ իւ­­րա­­­քան­­չիւր ոք բե­­րէ իր մաս­­նակցու­­թիւնը։
Ժամա­նակա­կից արեւմտա­հայե­րէն բա­նաս­տեղծու­թեան կա­րեւո­րագոյն ներ­կա­յացու­ցիչնե­րէն Զա­րեհ Խրա­խու­նի, յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը յի­շատա­կուե­ցաւ իր ծննդեան դա­րադար­ձին՝ 16 Հեկ­տեմբե­րին, Նա­րեկեան սրա­հին մէջ կա­յացող հան­դի­սու­թիւնով մը։
Մնջո­ցառ­ման ներ­կայ գտնո­ւեցաւ Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք Սա­հակ Բ. Մա­շալեան իր կող­քին ու­նե­նալով հո­գեւո­րակա­նաց դա­սէ պա­տուի­րակու­թիւն մը եւս։
Բաց­ման խօս­քը ար­տա­սանեց Անի Գա­լայ­լը, փո­խան­ցե­լով մի­ջոցառ­ման նա­խապատ­րաստու­թեան փու­լե­րը եւ հա­կիրճ ծա­նօթաց­նե­լով յայ­տագրի բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Անի Գա­լայ­լը յայտնեց թէ յա­տուկ այս մի­ջոցառ­ման հա­մար քա­ղաքս ժա­մանած են Հա­յաս­տա­նէն երեք գ­րակա­նագէտ՝ Հա­մազ­գա­յինի Երե­ւանի Գրա­սենեակի տնօ­րէնու­հի Ռուզան­նա Առա­քելեան, բա­նասի­րական գի­տու­թիւննե­րու դոկ­տոր, Երե­ւանի Խա­չատուր Աբո­վեանի անո­ւան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րանի «Սփի­ւռք»ի գի­տաու­սումնա­կան կեդ­րո­նի հիմ­նա­դիր տնօ­րէն փրոֆ. Սու­րէն Դա­նիէլեան եւ նոյն կեդ­րո­նի ղե­կավար Տոց. Քնա­րիկ Աբ­րա­համեան։
Երեք հիւր զե­կու­ցողներն ալ իրե­րայա­ջորդ կեր­պով դրո­ւատե­ցին Խրա­քու­նի բա­նաս­տեղծի գրա­կան վաս­տակն ու առանձնա­յատ­կութիւննե­րը, անոր գրա­կան ար­տադրու­թիւնը դի­տելով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ժա­մանա­կաշրջա­նի յա­տուկ պայ­մաննե­րու մէջ։
Գրա­կանա­գէտ Կա­րօ Աբ­րա­համեան, Զա­րեհ Խրա­խու­նիի ծննդեան հա­րիւ­րա­մեակին ձօ­նուած մի­ջոցա­ռու­մին մաս­նակցե­ցաւ ու­ղարկած զե­կոյ­ցով, որ ըն­թերցեց «Մար­մա­րա» թեր­թի խմբա­գիր Նա­յիրա Սիւզմէ։
Մի­ջոցա­ռու­մը օժ­տո­ւած էր նաեւ երաժշտա­կան բա­ժինով մը։ Յայ­տագրի այս բաժ­նին մէջ նախ Ան­նա Գէոր­գեան Ու­ղուրլեանի կա­տարու­մով լսե­ցինք Առ­նօ Պա­պաճա­նեանի հան­րա­ծանօթ «Ող­բերգ ըստ Սա­յաթ Նո­վայի» անուն յօ­րինու­մը։ Ապա դաշ­նա­կահա­րու­հին ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ երգչու­հի Մա­րալ Այ­վա­զի եւ եր­գիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սարեանի կա­տարումնե­րուն։ Մա­րալ Այ­վազ եր­կու եր­գեր ընտրած էր անո­ւանի եր­գա­հան Խա­չատուր Աւե­տիսեանէն, որուն եւս ծննդեան դա­րադար­յը կը յի­շենք այս տա­րուայ ըն­թացքին։ Ար­դա­րեւ երգչու­հի Շու­շան Գա­լաթաշ եւս այս նոյն դահ­լի­ճին մէջ քա­նի մը ամիս­ներ առաջ հա­մերգ մը սար­գած էր ի յար­գանս Խա­չատուր Աւե­տիսեանի։ Մա­րալ Այ­վա­զի ու­ժեղ եւ քնքուշ կա­տարու­մով հնչե­ցին «Ծաղ­կած Բա­լենի» եւ «Իմ Լաւ» եր­գե­րը, եր­կուքն ալ Լու­տո­ւիկ Դու­րեանի բա­ռերով։
Ապա բեմ եկաւ մե­նակա­տար Ար­թիւր Պաղ­տա­սարեան, որ նախ մեկ­նա­բանեց Սիր­վարդ Գա­րամա­նու­կի ու ապա Պերճ Դի­ւար­պեանի յօ­րինումնե­րը, Զա­րեհ Խրա­խու­նիի խօս­քե­րով։
Յայ­տագրի մէջ յա­տուկ բա­ժին մը վե­րապա­հուած էր Հիլ­տա Գալ­ֆա­յեան Փա­նոսեանի «Պոլ­սա­հայ Նո­րարար Բա­նաս­տեղծու­թեան Պատ­մո­ւթեան Ու­րո­ւագի­ծեր» հա­տորի Խրա­խու­նիի վե­րաբե­րող էջե­րու ըն­թերցման հա­մար։ Ըն­թերցումնե­րը կա­տարե­ցին քա­ղաքիս հայ վար­ժա­րան­նե­րու ու­սուցչու­հի­ներ՝ Լիանա Պեն­լի, Տի­յանա Պուլտուք, Թա­թիա Մա­րաշ­լեան, Նա­յիրի Խա­չիկօղ­լու եւ Մա­րալ Սա­թար։
Բա­ւակա­նին բո­վան­դա­կալից յայ­տագրի յա­ջորդ բաժ­նին սրտի խօսք ար­տա­սանեց «Մար­մա­րա» օրա­թեր­թի հրա­տակու­թեան տնօ­րէն Արի Հատ­տէ­ճեան։ Ան նկա­տի ու­նե­նալով որ մին­չեւ իր ելոյ­թը բո­լորն ալ խօ­սած էին բա­նաս­տեղծ Զա­րեհ Խրա­խու­նիին մա­սին, ինք նա­խընտրեց հան­դի­սատե­սի հետ կի­սել Ար­թօ Ճիւմպու­շեանի կամ աւե­լի հա­րազատ կո­չու­մով Ար­թօ Տայ­տա­յի հետ ու­նե­ցած ապ­րումնե­րէն դրուագ­ներ։ Պատ­մեց Ճիւմպիւ­շեանի բա­րեկա­մու­թիւնը իր ծնող­քի հետ եւ փո­խան­ցեց վկա­յու­թիւններ ման­կա­կան տա­րինե­րու յի­շատակ­նե­րէն։
Ծան­րա­բեռ­նո­ւած յայ­տա­գիրը հետզհե­տէ կը մօ­տենար աւար­տին, երբ հան­դի­սավար Անի Գա­լայ­լը «Աս­մունքի Թա­գու­հի» ածա­կանով բեմ հրա­ւիրեց վաս­տա­կաւոր արո­ւես­տա­գիտու­հի՝ Սիլ­վա Կո­միկեանը։
Տի­կին Կո­միկեան իրեն յա­տուկ եռան­դով ար­տա­սանեց Խրա­խու­նիի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րէն նշոյշներ, ար­ժա­նանա­լով հան­դի­սատե­սի ջերմ գնա­հատան­քին, որ կը դրսե­ւորո­ւէր խան­դա­վառ ծա­փահա­րու­թիւննե­րով։
Մի­ջոցա­ռու­մը աւար­տին հա­սաւ մե­ծարեալ բա­նաս­տեղծի դստեր եւ որդւոյն շնոր­հա­կալու­թեան եւ երախ­տի­քի նա­խադա­սու­թիւննե­րով։
Պատ­րիարք Սրբա­զանը ար­տա­սանած հուսկ բան­քի մէջ եւս ող­ջունեց կա­տարուած աշ­խա­տան­քը, քա­նի որ ան կը մի­տի ար­ժա­նի բա­նաս­տեղծի մը անու­նը պան­ծացնե­լու բա­րի գոր­ծին։
Յա­րակից սրա­հի մէջ կա­յացաւ ըն­դունե­լու­թիւն, որու աւար­տին հան­դի­սատես­նե­րը առի­թը ու­նե­ցան ատե­նախօս­նե­րը, մե­նակա­տար­նե­րը, կազ­մա­կեր­պիչնե­րը եւ յատ­կա­պէս Խրա­խու­նիի հա­րազատ­նե­րը շնոր­հաւորելու։
Երբ կ’ըսենք, թէ այ­­­սօր մեր կեան­­­քը ալ­­­կո­­­­­­­րիթմնե­­­րը կը ղե­­­կավա­­­րեն, սո­­­վորա­­­բար կը մտա­­­ծենք Google-ի որո­­­նումնե­­­րուն, Facebook-ի կամ Instagram-ի լրա­­­հոսին, TikTok-ի տե­­­սանիւ­­­թե­­­­­­­րուն կամ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան իմա­­­ցակա­­­նու­­­թեան (ԱԻ) մա­­­սին։ Ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մը կ’որո­­­շէ, թէ ի՛նչ կը տես­­­նենք, ի՛նչ կը կար­­­դանք եւ ի՛նչ կ’առա­­­ջար­­­կո­­­­­­­ւի մե­­­զի։
Երբ վեր­­­ջերս այս նիւ­­­թը կը քննար­­­կէինք բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րու հետ, ներ­­­կա­­­­­­­ներէն մէ­­­կը հար­­­ցուց. «Չէ՞ք կար­­­ծեր, որ ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մը այնքան ալ նոր երե­­­ւոյթ չէ», ու շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց. «Մար­­­դը հա­­­զարա­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րէ ի վեր կ’ապ­­­րի հա­­­մակար­­­գե­­­­­­­րու մէջ, որոնք իրեն կ’ըսեն՝ այսպէս ըրէ՛, այսպէս մի՛ ըներ, այսպէս պէտք է վա­­­րուիս, իսկ եթէ այս սահ­­­մա­­­­­­­նը անցնիս՝ այս հե­­­տեւան­­­քը պի­­­տի կրես, եթէ այս պա­­­հանջնե­­­րը լրաց­­­նես՝ այս իրա­­­ւունքը պի­­­տի ստա­­­նաս։ Ալ­­­կո­­­­­­­րիթմներ չե՞ն ասոնք»։
Եւ այսպէս ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մի գա­­­ղափա­­­րը իր ար­­­հեստա­­­գիտա­­­կան սո­­­վորա­­­կան մի­­­ջավայ­­­րէն փո­­­խադ­­­րո­­­­­­­ւեցաւ ըն­­­կե­­­­­­­րային եւ հա­­­սարա­­­կական կեան­­­քի ոլորտ՝ դառ­­­նա­­­­­­­լով այս յօ­­­դուա­­­ծին շար­­­ժա­­­­­­­ռիթը։
Ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մը, իր ամե­­­նապարզ իմաս­­­տով, կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րու կամ քայ­­­լե­­­­­­­րու շարք մըն է, որ որոշ պայ­­­մաննե­­­րու տակ որոշ ար­­­դիւնքի կը յան­­­գի։ Այս իմաս­­­տով՝ մարդկա­­­յին ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը միշտ ալ ու­­­նե­­­­­­­ցած է իր ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մա­­­­­­­յին տրա­­­մաբա­­­նու­­­թիւնը։ Օրէն­­­քը պարզ օրի­­­նակ մըն է։ Եթէ որոշ եկա­­­մուտ ու­­­նիս՝ որոշ տուրք կը վճա­­­րես։ Եթէ որոշ պայ­­­մաններ կը լրաց­­­նես՝ որոշ իրա­­­ւունք կը ստա­­­նաս։ Եթէ օրէն­­­քը խախ­­­տես՝ որոշ հե­­­տեւանք կը նա­­­խատե­­­սուի։
Պայ­­­ման — կա­­­նոն — հե­­­տեւանք։
Ան­­­շուշտ, օրէն­­­քը բա­­­ռին հա­­­մակարգչա­­­յին իմաս­­­տով ալ­­­կո­­­­­­­րիթմ չէ։ Ան մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւն, դա­­­տողու­­­թիւն եւ եր­­­բեմն բա­­­ցառու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ։ Բայց անոր կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած­­­քին մէկ մա­­­սը ակնյայ­­­տօ­­­­­­­րէն ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մա­­­­­­­յին է։
Նոյ­­­նը կա­­­րելի է ըսել կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու, եկե­­­ղեցի­­­ներու, կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րու, դպրոց­­­նե­­­­­­­րու եւ նոյ­­­նիսկ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րու մա­­­սին։ Բո­­­լորն ալ ու­­­նին կա­­­նոն­­­ներ, իրա­­­ւունքներ, պար­­­տա­­­­­­­ւորու­­­թիւններ, սահ­­­մաններ եւ հե­­­տեւանքներ։
Սա­­­կայն հոս առ­­­կայ է աւե­­­լի հե­­­տաքրքրա­­­կան երե­­­ւոյթ մը՝ չգրո­­­ւած ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մը։
Հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան մը կա­­­նոնա­­­գիրը կրնայ ըսել, որ ամէն ան­­­դամ իրա­­­ւունք ու­­­նի մաս կազ­­­մե­­­­­­­լու ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան։ Բայց իրա­­­կան կեան­­­քի չգրո­­­ւած ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մը կրնայ բո­­­լորո­­­վին ու­­­րիշ ըլ­­­լալ։ Ծա­­­նօ՞թ ես ազ­­­դե­­­­­­­ցիկ մար­­­դոց։ Ըն­­­դունե­­­լի՞ ես ղե­­­կավա­­­րու­­­թեան հա­­­մար։ Շատ հար­­­ցումներ կ’ուղղե՞ս։ Կը քննա­­­դատե՞ս։ Կը հե­­­տեւի՞ս ըն­­­դունո­­­ւած գի­­­ծին։
Այս պայ­­­մաննե­­­րը ոչ մէկ տեղ գրո­­­ւած են, բայց կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան ան­­­դամնե­­­րը ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին կը սոր­­­վին զա­­­նոնք, եւ անոնք հետզհե­­­տէ կը գոր­­­ծեն չգրո­­­ւած կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րու կամ «ան­­­գիր ալ­­­կո­­­­­­­րիթմնե­­­րու» նման։
Այս իմաս­­­տով՝ հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թեան մը իրա­­­կան ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մը հասկնա­­­լու հա­­­մար թե­­­րեւս պէտք չէ միայն կար­­­դալ անոր կա­­­նոնա­­­գիրը։ Պէտք է նաեւ դի­­­տել՝ ի՞նչ վարք կը վար­­­ձատրէ եւ ի՞նչ վարք կը պատ­­­ժէ։ Նոյն տրա­­­մաբա­­­նու­­­թիւնը կա­­­րելի է տես­­­նել ամ­­­բողջ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մէջ, եկե­­­ղեցի, կու­­­սակցու­­­թիւն, միու­­­թիւն, ամէն տեղ…
Երե­­­խան կը սոր­­­վի, թէ ո՛ր վար­­­քը ծնող­­­քին կամ ու­­­սուցի­­­չին հա­­­ւանու­­­թիւնը կը ստա­­­նայ։ Աշ­­­խա­­­­­­­տողը կը հասկնայ, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ յա­­­ռաջա­­­նալու հա­­­մար։ Հա­­­մայնքի ան­­­դա­­­­­­­մը կը սոր­­­վի, թէ ո՛ր հար­­­ցումնե­­­րը ըն­­­դունե­­­լի են եւ ո՛ր սահ­­­մաննե­­­րը անցնի­­­լը կրնայ զինք մե­­­կու­­­սացնել։
Եւ եր­­­բեմն ամե­­­նէն ազ­­­դու կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րը ճիշդ անոնք են, որոնք ոչ ոք գրած է։
Խիստ գի­­­տական իմաս­­­տով՝ ասոնք ալ­­­կո­­­­­­­րիթմներ չեն, այլ ըն­­­կե­­­­­­­րային կա­­­նոն­­­ներ, խթան­­­ներ եւ վար­­­քի ձե­­­ւաւոր­­­ման եղա­­­նակ­­­ներ։ Բայց անոնց գոր­­­ծունէու­­­թեան մէջ կա­­­րելի է տես­­­նել նոյն հիմ­­­նա­­­­­­­կան տրա­­­մաբա­­­նու­­­թիւնը՝ որոշ վարք որոշ հե­­­տեւանք կը յա­­­ռաջաց­­­նէ, իսկ այդ հե­­­տեւան­­­քը կ’ազ­­­դէ յա­­­ջորդ վար­­­քին վրայ։ Բռնա­­­տիրա­­­կան հա­­­մակար­­­գը այս երե­­­ւոյ­­­թին ծայ­­­րա­­­­­­­յեղ օրի­­­նակը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ։ Հա­­­ւատար­­­մութիւ­­­նը կրնայ վար­­­ձատրո­­­ւիլ, ընդդի­­­մու­­­թիւնը՝ գին ու­­­նե­­­­­­­նալ, հնա­­­զան­­­դութիւ­­­նը՝ ապա­­­հովու­­­թիւն բե­­­րել, իսկ քննա­­­դատու­­­թիւնը՝ վտանգ։
Այս ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մա­­­­­­­յին տրա­­­մաբա­­­նու­­­թիւնը հա­­­զարա­­­ւոր տա­­­րինե­­­րու պատ­­­մութիւն ու­­­նի։ Անոր հա­­­մար հա­­­մակար­­­գի­­­­­­­չը անհրա­­­ժեշտ չէր։ Բռնա­­­տիրա­­­կան իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը սո­­­վորա­­­բար ձգտած են գիտ­­­նա­­­­­­­լու՝ ո՞վ հա­­­ւատա­­­րիմ է, ո՞վ դժգոհ է, ո՛վ որո՞ւ հետ կը խօ­­­սի, ի՞նչ գա­­­ղափար­­­ներ կը տա­­­րածո­­­ւին եւ ո՞ւր կրնայ ընդդի­­­մու­­­թիւն ծնիլ։ Տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը այն է, որ ան­­­ցեալին այդ բո­­­լորը կա­­­տարե­­­լու հա­­­մար կա­­­րիքը կար ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու, մատ­­­նիչնե­­­րու, գրաքննիչ­­­նե­­­­­­­րու եւ վար­­­չա­­­­­­­կան հսկա­­­յական մե­­­քենա­­­յի։
Այ­­­սօր ար­­­հեստա­­­գիտու­­­թիւնը կրնայ այդ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին մէկ մա­­­սը կա­­­տարել ան­­­հա­­­­­­­մեմատ աւե­­­լի արագ եւ շատ աւե­­­լի մեծ ծա­­­ւալով։ Հսկո­­­ղու­­­թիւնը, տե­­­ղեկու­­­թեան մշա­­­կու­­­մը եւ մար­­­դոց դա­­­սակար­­­գումը այ­­­լեւս կրնան մա­­­սամբ ինքնաշ­­­խատ դառ­­­նալ։
Բռնա­­­տիրու­­­թիւնը նոր չէ։ Ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մա­­­­­­­յին տրա­­­մաբա­­­նու­­­թիւնն ալ նոր չէ։ Նո­­­րը անոնց միացումն է մե­­­քենա­­­յին արա­­­գու­­­թեան եւ ան­­­նա­­­­­­­խադէպ ծա­­­ւալին հետ։
Ըն­­­կե­­­­­­­րային ցան­­­ցե­­­­­­­րը, ան­­­շուշտ, բռնա­­­տիրու­­­թիւններ չեն։ Բայց անոնց ալ­­­կո­­­­­­­րիթմնե­­­րուն մէջ նոյն հիմ­­­նա­­­­­­­կան սկզբունքնե­­­րէն մէ­­­կը կը գտնենք՝ վար­­­քը հասկնալ եւ ապա ազ­­­դել յա­­­ջորդ վար­­­քիդ վրայ։
Դուն տե­­­սանիւթ մը կը դի­­­տես։ Հա­­­մակար­­­գը կը նկա­­­տէ եւ նման տե­­­սանիւթ մը կը ցու­­­ցադրէ։ Դուն դար­­­ձեալ կը դի­­­տես։ Հա­­­մակար­­­գը կը սկսի քիչ մը աւե­­­լի լաւ ճանչնալ նա­­­խասի­­­րու­­­թիւններդ՝ հե­­­տեւեալ շղթա­­­յով.
մարդ → վարք → տո­­­ւեալ → ալ­­­կո­­­­­­­րիթմ → նոր առա­­­ջարկ → նոր վարք։
Բայց մարդկա­­­յին հա­­­սարա­­­կու­­­թիւննե­­­րը շա­­­տոնց ու­­­նե­­­­­­­ցած են նման շրջան­­­ներ։ Մեզ կը վար­­­ձատրեն որոշ վար­­­քի հա­­­մար, ու մենք զայն կը կրկնենք։ Մեզ կը մեր­­­ժեն ու­­­րիշ վար­­­քի հա­­­մար, ու մենք կը սոր­­­վինք խու­­­սա­­­­­­­փիլ ան­­­կէ։ Հա­­­մակար­­­գի­­­­­­­չը չէ ստեղ­­­ծած այս հիմ­­­նա­­­­­­­կան տրա­­­մաբա­­­նու­­­թիւնը։ Ան զայն մե­­­քենա­­­յացու­­­ցած, արա­­­գացու­­­ցած եւ ան­­­հա­­­­­­­մեմատ մեծ ծա­­­ւալի հաս­­­ցուցած է։
Ու­­­րեմն թե­­­րեւս սխալ հար­­­ցում կ’ուղղենք, երբ կը հարցնենք՝ ալ­­­կո­­­­­­­րիթմնե՞րը պի­­­տի ղե­­­կավա­­­րեն մեր կեան­­­քը։ Հա­­­ւանա­­­բար աւե­­­լի հե­­­տաքրքրա­­­կան է հարցնել՝ ո՞վ կը գրէ ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մը, ի՞նչ նպա­­­տակով, ո՞վ կը շա­­­հի ան­­­կէ, ո՞վ կրնայ փո­­­խել զայն, եւ ի՞նչ կը պա­­­տահի, երբ մէ­­­կը մեր­­­ժէ հե­­­տեւիլ անոր։
Այս հար­­­ցումնե­­­րը կը վե­­­րաբե­­­րին Facebook-ին եւ ԱԻ-ին, բայց նոյնքան ալ՝ պե­­­տու­­­թեան, եկե­­­ղեցիին, կու­­­սակցու­­­թեան, կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան եւ հա­­­մայնքին։
Եւ թե­­­րեւս ամե­­­նէն վտան­­­գա­­­­­­­ւոր ալ­­­կո­­­­­­­րիթ­­­մը այն չէ, որ հա­­­մակար­­­գի­­­­­­­չին մէջ գրո­­­ւած է։
Այլ այն, որ այնքան եր­­­կար ատե­­­նէ ի վեր կ’ապ­­­րի մեր հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րուն եւ մտա­­­ծողու­­­թեան մէջ, որ այ­­­լեւս չենք իսկ նկա­­­տեր անոր գո­­­յու­­­թիւնը։
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
(Տար­բերակ21)
Յա­րու­թը նկա­­տած էր զինք, ժա­­մեր շա­­րու­­նակ հե­­տեւած էր անոր նկա­­րահա­­նումնե­­րուն։ Զգա­­ցած էր տա­­րօրի­­նակու­­թիւն։Երբ ու­­րիշներ կը լու­­սանկա­­րէին հան­­րա­­­հաւա­­քի երե­­ւակա­­յական դրո­­ւակ­­նե­­­րը, ան իր ոսպնեակը ուղղած էր ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րուն։ Հան­­րա­­­հաւա­­քի բո­­լոր մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը հան­­դի­­­պած էին իր տե­­սախ­­ցի­­­կի տե­­սադաշ­­տին։
Յա­­րու­­թի ամ­­բողջ ու­­շադրու­­թիւնը կեդ­­րո­­­նացաւ այդ երի­­տասարդ լու­­սանկա­­րիչին։ Ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րու ցրո­­ւած պա­­հուն եւս շա­­րու­­նա­­­կեց իր զգոյշ հե­­տապնդու­­մը եւ ան­­գամ մը եւս հա­­մոզո­­ւեցաւ իր կաս­­կածնե­­րու իրա­­ւացիու­­թեան։ Նա­­խապէս երեք ան­­գամներ նկա­­տած էր տե­­սախ­­ցի­­­կէն դուրս բե­­րած memory card-երը փոք­­րիկ տու­­փի մը մէջ դնե­­լուն։ Օրո­­ւան աւար­­տին վեր­­ջինն ալ դուրս բե­­րաւ տե­­սախ­­ցի­­­կէն, տե­­ղաւո­­րեց այն նոյն տու­­փին մէջ եւ տո­­ւին ալ փո­­խան­­ցեց շէն­­քի ելեկտրա­­կան խնդիր­­նե­­­րու մաս­­նա­­­գէտ թեխ­­նի­­­կագոր­­ծին։ Յա­­րութ հի­­մա այ­­լեւս պի­­տի հսկէր նաեւ այս երկրորդ կաս­­կա­­­ծեալը։
Ան գի­­տէր թէ նման հե­­տապնդու­­մը կը պա­­հան­­ջէ մեծ համ­­բե­­­րու­­թիւն։ Ար­­դա­­­րեւ հա­­զիւ ամիս­­ներ անց, ու­­սա­­­նողի մը Ու­­ղուրին Լոն­­տո­­­նի մէջ ապ­­րածնե­­րը պատ­­մե­­­լով է որ վե­­րահաս­­տա­­­տեց իր շփո­­թը։ Միայն ինք էր այդ շփո­­թը ապ­­րողը։ Ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը տա­­րուած էին պա­­հի զար­­գա­­­ցումնե­­րով։ Անոնք չէին նկա­­տած իսկ այդ երի­­տասարդ ու­­սա­­­նողի վար­­մունքի տա­­րօրի­­նակու­­թիւնը։ Ո՞վ գի­­տէ Մի­­ջին Արե­­ւել­­քի ար­­տատնա­­յին եւ ար­­տադպրո­­ցային փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րով ձեռք բե­­րուած ու­­շի­­­մու­­թիւն մը պար­­զա­­­պէս։
Նման զգու­­շութիւ­­նով հան­­դերձ Յա­­րութ ալ չէր գի­­տեր ըն­­թացքի գոր­­ծադրու­­մը։ Երի­­տասարդ լու­­սանկա­­րիչի առած քա­­տրե­­րը ելեկտրա­­կան թեխ­­նի­­­կի ձե­­ռամբ փո­­խան­­ցո­­­ւած էր մի ու­­րի­­­շին եւ վեր­­ջա­­­պէս վեց ան­­ձե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող խմբակ մը մի առ մի քննե­­լով նկա­­րուող­­նե­­­րու դէմ­­քե­­­րը, դի­­մեցին ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան ըն­­ձե­­­ռած բո­­լոր մի­­ջոց­­նե­­­րուն, որու հե­­տեւան­­քով կա­­րելի եղաւ նաեւ ճշդել ցոյ­­ցե­­­րու մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու ինքնու­­թիւննե­­րը։
Աշ­­խա­­­տու­­թեան շա­­րու­­նա­­­կու­­թիւնը շատ աւե­­լի հե­­զասահ էր։ Այդ նոյն վե­­ցեակ խմբա­­կը թա­­փան­­ցեց նաեւ ու­­սա­­­նող­­նե­­­րու էլ- հաս­­ցէ­­­ներուն եւ սոց­­ցանցե­­րու գրա­­ռումնե­­րուն։ Այդպէս յայտնա­­բերած էին Ու­­ղուրի հա­­մաձայ­­նութիւն կնքած հա­­մալ­­սա­­­րանը։ Այդ հանգրո­­ւանէն ետք պարզ ման­­րա­­­մաս­­նութիւն մըն էր Իս­­րա­­­յէլի դես­­պա­­­նատու­­նէն կցոր­­դի մը տե­­սու­­չը այ­­ցե­­­լելով հա­­մալ­­սա­­­րան գա­­լու պատ­­րաստուող «ահա­­բեկի­­չի» մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւն փո­­խան­­ցե­­­լը։
Լոն­­տո­­­նի հա­­մալ­­սա­­­րանի տե­­սու­­չը տա­­րինե­­րու փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ գի­­տէր թէ ահա­­բեկիչ կո­­չուա­­ծը եր­­բեք ու եր­­բեք չէր յայտնուեր հան­­րա­­­հաւա­­քի մը բազ­­մութեան մէջ։ Բայց նոյն փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ կրնար են­­թադրել թէ ի՞նչ հե­­տեւանքներ կրնայ ու­­նե­­­նալ նման լրատ­­ւութիւ­­նը ան­­տե­­­սելը։ Չէր կրնար իր աթո­­ռը վտան­­գել օտա­­րազ­­գի ակա­­դեմա­­կանի մը ար­­դար պաշտպա­­նու­­թեան սի­­րոյն։
Պտոյ­­տը կա­­տարեց «Լոն­­տո­­­նի աչ­­քը» կո­­չուած քա­­րու­­զե­­­լը եւ Ու­­ղուր դուրս եկաւ մտքին մէջ պտտո­­ւող բազ­­մա­­­թիւ հար­­ցումնե­­րով, խնդիր­­նե­­­րով ու մտա­­տան­­ջութիւննե­­րով։ եղե­­լու­­թիւնը չէր պատ­­մած Նի­­կոլին, գո­­հացած էր «կարգ մը խո­­չըն­­դոտներ կան» ըսե­­լով։ Ան­­կա­­­րելի էր ԱՄՆ, եկած հա­­մալ­­սա­­­րանը վե­­րադառ­­նալ։ Հա­­մարեա ան­­կա­­­րելի էր նաեւ իր եր­­կի­­­րը վե­­րադար­­ձը։ Իր ու­­սումնա­­սիրած թե­­ման՝ ժո­­ղովուրդնե­­րու երաժշտու­­թիւննե­­րու փո­­խազ­­դե­­­ցու­­թիւնը մի­­միանց վրայ, ան­­բաղձա­­լի նիւթ կը հա­­մարո­­ւէր Թուրքիոյ մէջ, քա­­նի որ բա­­ցառիկ տար­­րա­­­լու­­ծա­­­րանի մը բնոյթ, մշա­­կոյթնե­­րու զա­­նազա­­նու­­թեան առու­­մով, բայց նման հե­­տազօ­­տու­­թիւնով ապ­­րուստ հո­­գալ, գրե­­թէ ան­­կա­­­րելի էր։
Ու­­ղուր աննպա­­տակ կը շրջէր Լոն­­տո­­­նի փո­­ղոց­­նե­­­րով։ Մատ­­նո­­­ւած կա­­ցու­­թե­­­նէն դուրս գա­­լու եղա­­նակ­­ներ կը որո­­նէր, բայց միշտ ապար­­դիւն կը մնա­­յին մտքով ան­­ցուցած­­նե­­­րը։
Երբ ճամ­­բուն վրայ հան­­դի­­­պեցաւ «PUB»ի մը հիւ­­րընկալ ցու­­ցա­­­փեղ­­կին, կար­­ծես յա­­տուկ հոս գա­­լու հա­­մար փո­­ղոց իջած ըլ­­լար, ան­­վա­­­րան ներս մտաւ։ Այդ ժա­­մուն բա­­պի ներ­­քե­­­ւը աւե­­լի լու­­սա­­­ւոր չէր, քան Լոն­­տո­­­նի փո­­ղոց­­նե­­­րը։
Պա­­տուի­­րեց սքոչ մը եւ նոյն պա­­հուն նկա­­տեց կին մը, որ շշով գա­­րեջուր կը խմէր ու իրեն կը նա­­յէր։ Երբ իրար հան­­դի­­­պեցան հա­­յեացքնե­­րը, ժպի­­տի փո­­խանա­­կում մըն ալ եղաւ եր­­կուքին մի­­ջեւ։
Զար­­մա­­­նալիօրէն ար­­տա­­­յայտչա­­կան էր այդ ժպի­­տը։ Ծա­­նօթա­­նալու ցան­­կութիւն կար դէմ­­քի մկան­­նե­­­րու այդ յայտնի- ան­­յայտ պո­­կու­­մի ու թու­­լացման մէջ։ Մարդ էակի բնո­­րոշ յատ­­կութիւն մը։ Հե­­տաքրքրու­­թիւն, յոյս, ակնկա­­լիք, թա­­խիծ, հրա­­ւէր կամ մեր­­ժում,գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն, դժգո­­հու­­թիւն… Այդ բո­­լորը ար­­տա­­­յայ­­տել աչ­­քե­­­րով, շրթնե­­րու հա­­զիւ նշմա­­րելի փո­­փոխու­­թիւննե­­րով, միայն մարդ արա­­րածի տրո­­ւած յատ­­կութիւն է։ Կի­­նը փոքր ինչ տե­­ղափո­­խուած էր իր նստած դիր­­քին մէջ։ Ու­­ղուր իս­­կոյն նկա­­տեց թէ սա հրա­­ւէր մըն է, մօ­­տենա­­լու հա­­մար։ Բաց չթո­­ղեց այդ առի­­թը եւ մօ­­տեցաւ, աչ­­քե­­­րուն մէջ գո­­հու­­նա­­­կու­­թեան փայ­­լով մը։
Յա­­րու­­թը՝ որ Պա­­ղես­­տի­­­նի զօ­­րակ­­ցութեան ցոյ­­ցի օրը, քայլ առ քայլ հե­­տեւած էր երի­­տասարդ լու­­սանկա­­րիչին, նկա­­տած էր «memory card»ե­­րը, որու փո­­խան­­ցե­­­լու, բայց յե­­տոյ չէր շա­­րու­­նա­­­կած իր հե­­տապնդու­­մը։ Հա­­զիւ որոշ ժա­­մանակ անց, երբ լսեց Լոն­­տո­­­նի հա­­մալ­­սա­­­րանի տե­­սու­­չի սե­­նեակի պա­­տահա­­ծը Ու­­ղուրի հետ,Վերսկսաւ իր հե­­տապնդման։
«Խել­­քի ճամ­­բան մէկ է» կ՚ըսէ արա­­ծը։ Յա­­րութ ալ հե­­տեւե­­ցաւ այդ նոյն ճամ­­բան, իր բջջա­­յին հե­­ռախօ­­սով ար­­ձա­­­նագ­­րած լու­­սանկա­­րի ու­­սումնա­­սիրու­­թեան։ Ան ալ ըն­­կե­­­րոջ մը օգ­­նութեամբ յա­­ջողե­­ցաւ իր նկա­­րած դէմ­­քը պիոմեթ­­րիկ դի­­ման­­կա­­­րի մը վե­­րածել եւ բաղ­­դա­­­տական որո­­նում մը կա­­տարել հա­­մալ­­սա­­­րանի աշա­­կեր­­տութեան անձնա­­կազ­­մին մէջ։
Ո՞վ էր այդ երի­­տասարդ լու­­սանկա­­րիչը։ Ինչպէ՞ս եղած էր որ անոր նկա­­րածը հաս­­նի Լոն­­տո­­­նի հա­­մալ­­սա­­­րանի տե­­սու­­չին եւ խան­­գա­­­րուի Ու­­ղուրի հետ կնքո­­ւած հա­­մաձայ­­նագրու­­թիւնը։
Յա­­րու­­թը, Ու­­ղուրը եւ այժմ Լոն­­տո­­­նեան բա­­պի մը մէջ ծա­­նօթա­­ցած Սա­­րան, (այդպէս էր շշով գա­­րեջուր խմող կնոջ անու­­նը) մատ­­նո­­­ւին նոյն հար­­ցումի պա­­տաս­­խա­­­նը փնտռե­­լու ըն­­թացքին մէջ։
Դո՚ւք, յար­գե­լի ըն­թերցող, կը յի­շէ՞ք ազ­գիս «պղերգ» օրե­րը, երբ հա­յը ծոյլ, հեղգ, յոյլ, թոյլ, մեղկ, ալար­կոտ, լորտ եւ դան­դա­ղաշարժ էր, այ­սինքն, պար­զա­պէս՝ «պղերգ»։ Ի՜նչ ու­րա­խու­թիւն. ան­ցան այդ օրե­րը, իսկ բա­ռը մնաց հայ­կա­կան հին մա­տենագ­րութեան էջե­րուն մէջ։ Քա­նի մը աղօթք, քա­նի մը տաղ,- չմոռ­նամ նաեւ Յով­հաննէս Շի­րազի մէկ քեր­թո­ւածը,- դեռ կը յի­շեն «պղերգ» ածա­կանը։ Այ­սօր, երբ գի­շերա­յին այս լուռ ժա­մերուն, լու­սամփո­փի մը լոյ­սին տակ, ամ­բողջ օր ձեր գոր­ծը, զա­ւակ­նե­րը, թոռ­նիկնե­րը, կամ՝ ազ­գա­յին միու­թիւն մը խնա­մելէ յօգ­նած՝ դուք կը վա­յելէք ծու­լութեան այս խա­ղաղ պա­հը, ես կ’առա­ջար­կեմ, որ կար­դանք «պղերգ» բա­ռի պատ­մութիւ­նը։
Պղերգ զօ­րական­ներ
Ո՞վ էր առա­ջին եւ ամե­նէն պղերգ հա­յը։ Չենք գի­տեր։ Բայց, մեր պատ­մա­հայր Մով­սէս Խո­րենա­ցին ու­նի եր­կու թեկ­նա­ծու. Հայ զօ­րական­նե­րը եւ Ար­տա­ւազդ թա­գաւո­րը։ Խօ­րէնա­ցին «Պատ­մութիւն Հա­յոց» աշ­խա­տաիրու­թեան մէջ «Ող­բամ զքեզ, Հա­յոց աշ­խարհ» ար­տա­յայ­տութեամբ նկա­րագ­րեց ազ­գիս վի­ճակը, ապա բա­ցատ­րեց, թէ ո՚վ էր իր պաշտ­օ­նի մէջ թե­րացո­ղը. (այնքան եր­կար է Խօ­րէնա­ցիի շա­րադրած ցու­ցա­կը, մենք այ­սօր բա­ւարա­րուինք քա­նի մը հա­տի հետ). «Վար­դա­պէտք տխմարք», «Կրօ­նաւորք կեղ­ծա­ւորք, սնա­փառք, պա­տուա­սէրք», «Աշա­կերտք հեղգք առ ու­սումն», «Իշ­խանք ապստամբք», «Դա­տաւորք սուտք, խա­բողք, կա­շառա­ռուք», իսկ վեր­ջա­պէս՝ անոնք որոնք պէտք էր որ եր­կի­րը պաշտպա­նէին՝ «…Զօ­րականք պղերգք»։ Խո­րենա­ցին մեր զօ­րական­նե­րու հա­մար գոր­ծա­ծեց նաեւ «անա­րի, սնա­պարծ, զի­նատեաց, հեշ­տա­սէր, ան­ժուժկալ, կո­ղոպ­տիչ եւ գի­նար­բու» կո­չումնե­րը։ Իսկ, ո՞ր թա­գաւորն էր հա­յոց պատ­մութեան ամե­նէն պղեր­գը։ Խօ­րէնա­ցին այդ հար­ցումին ալ ու­նի պա­տաս­խան։ Ար­տա­ւազդ թա­գաւո­րը, Տիգ­րան թա­գաւո­րի տղան, ըսաւ մեր պատ­մա­հայ­րը, արիու­թիւն կամ քա­ջու­թիւն ցոյց չտո­ւաւ. «Հա­յոց թա­գաւոր» Ար­տա­ւազդ որ­դի Տիգ­րա­նայ ոչ ինչ գործ արու­թեան եւ քա­ջու­թեան եցոյց», ան միայն կը պա­րապէր ու­տե­լով եւ ըմ­պե­լով՝ «Ու­տե­լեաց եւ ըմ­պե­լեաց պա­րապեալ», հե­ռու էր իմաս­տութե­նէ եւ բա­րի յի­շատակ­նե­րէ՝ «Զի­մաս­տութե­նէ եւ զբա­րի յի­շատա­կաց ան­փոյթ», ստրուկն էր իր փո­րին՝ «Ծա­ռայ եւ ստրուկ որո­վայ­նի»։ Վեր­ջա­պէս, իր զի­նուոր­նե­րը զայ­րա­ցան՝ «…Վասն առա­ւել պղեր­գութեանն»։
Թշո­ւառ պղեր­գը
Կաս­կած չու­նէի։ Գի­շեր մը առաջ Մա­տեան Ող­բերգու­թիւն մա­տեանի էջե­րը թեր­թե­ցի, որ­պէսզի «պղերգ» բա­ռի բազ­մա­թիւ պատ­կե­րաւոր գոր­ծա­ծու­թիւննե­րը ըն­թօ­րինա­կեմ ծո­ցատետ­րիս մէջ։ Աւա՜ղ, Նա­րեկա­ցին ան­տե­սեր էր այդ ածա­կանը։ Ապա բա­ցի Մա­տեանի արե­ւելա­հայե­րէն թարգմա­նու­թիւնը։ Զար­մա­նալով տե­սայ, թէ թարգմա­նու­թիւնը ու­նէր երեք «պղերգ»։ Ահա անոնցմէ ամե­նէն նկա­րագ­րա­կանը. «…Ահա ճշգրիտ պատ­կերն իրա­կան մի հեգ Ար­ժա­նապա­տիժ մի վտա­րան­դի Անձնա­նեծ թշո­ւառ պղերգ»։ Կ’ար­ժէ յի­շել, թէ թարգմա­նիչը, գրա­կանա­գէտ, պրո­ֆեսոր Վազ­գէն Գե­ւոր­գեանը «Ստե­փան Զո­րեան»ի անո­ւան մրցա­նակի 1980 թո­ւակա­նի դափ­նե­կիրն էր «Մա­տեան ող­բերգու­թեան» պոեմի թարգմա­նու­թեան հա­մար։
Վան­քի պղերգ աբե­ղան
Եղան օրեր, ճգնա­ւոր վա­նակա­նը, իր խու­ցի մէջ աւար­տեց մա­տեան մը ըն­թօ­րինա­կելու յոգ­նա­ջան եւ գի­շերա­ջան աշ­խա­տան­քը, ապա գիր­քի վեր­ջին էջի վրայ ինքզինք կո­չեց «պղերգ»։ Հին սո­վորու­թիւն։ Բազ­մա­թիւ են այդպի­սի յի­շատա­կարան­նե­րը։ Չե­ղայ պղերգ, եւ հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան էջե­րու մէջ գտայ եր­կու օրի­նակ։ Մէ­կը կը պատ­կա­նէր Յով­սէփ Աղ­թա­մար­ցի անուն կրօ­նաւո­րին։ Ան 1497 թո­ւակա­նին Գնու­նի­ներու նա­խարա­րական տի­րոյթ Բերկրի քա­ղաքի Ար­գե­լան վան­քի մէջ Շա­րակ­նոց մը ըն­թօ­րինա­կեց։ Գիր­քի յի­շատա­կարա­նի մէջ Յով­սէփ գրի­չը ինքզինք նախ կո­չեց «յե­տին եւ ան­պի­տան», ապա «պղերգ ի ման­կանս եկե­ղեց­ւոյ»։ Իսկ 1667 թո­ւակա­նին Յով­հաննէս անուն աբե­ղայ մը իր յի­շատա­կարա­նի մէջ մե­զի ձգեց հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. «Յի­շեցէ՚ք ի մաք­րա­փայլ յա­ղօթս», «Ար­տա­քուստ միայն երե­ւիմ կեղ­ծա­ւոր, եւ ի ներ­քուստ լի եմ անա­ռակու­թեամբ եւ չա­րու­թեամբ…», «Գոր­ծով ու­նայն եւ թա­փուր», «Ես չա­րեօք լցեալս եւ մե­ղօք զեղ­խեալս, ծոյլս եւ պղերգ»։
Վա­նեցի պղեր­գը
Միջ­նա­դարեան տա­ղասա­ցու­թեան մէջ միշտ չէ որ հայ բա­նաս­տեղծը յի­շեց «պղերգ» բա­ռը։ Կամ, ար­դեօ՞ք «պղերգ» բա­ռը ծու­լա­ցաւ եւ մեր­ժեց գրա­կան որե­ւէ աշ­խա­տան­քի մաս կազ­մել։ Պա­տաս­խա­նը չենք գի­տեր։ Միայն, թէ մե­զի ծա­նօթ է հին հայ­կա­կան տաղ մը, Սու­քիաս անուն բա­նաս­տեղծի յօ­րինա­ծը։ Սու­քիասը, 1636 թո­ւակա­նին ծնած մարդ, ապ­րե­ցաւ Վա­նի մէջ, կրթու­թիւն ստա­ցաւ, վար­դա­պետ եղաւ, ապա, չենք գի­տեր ին­չո՚ւ, իր կար­գա­կից եղ­բայրնե­րու զրպար­տութեան պատ­ճա­ռով վեց ամիս բան­տի մէջ մնաց։ 1707 թո­ւակա­նին, 71 տա­րեկա­նին, դեռ բա­նաս­տեղծու­թիւններ կը գրէր։ Մե­զի հա­սած 25-ի չափ չա­փածոյ գոր­ծե­րէն մէ­կը ու­շագրաւ է, ուր կը սոր­վինք, թէ Սու­քիասը «պղերգ եւ քնէած» մարդ էր։ Նոյն ոտա­նաւո­րի մէջ Սու­քիասը ինքզինք կո­չեց նաեւ «յոյլ, տար­տա­մեալ, մրա­փեալ, ապ­շեալ» մարդ, որ կ’ապ­րէր «…Ծու­լութեան մա­հաչափ մե­ղաց» մէջ։
Ար­ծա­թասէր պղեր­գը
Մխի­թար Գօ­շը ծոյլ մար­դու չէր սի­րեր։ Աւե­լի չէր սի­րեր ծոյլ եկե­ղեցա­կանին։ Գօ­շը «ան­կարգ» կը կո­չէր այդ տե­սակ­նե­րը։ «Գիրք դա­տաս­տա­նի» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ ին­չե՚ր չը­սաւ Գօ­շը անոնց հաս­ցէին. «Ար­ծաթ վար­ձու կու տան», «Տո­կոս կը պա­հան­ջեն», «Մո­ռանան զբար­բառ աս­տուածա­յին Գրոցն»։ Եւ մա­նաւանդ, ըսաւ մեծ գիտ­նա­կան, օրէնսդիր, առա­կագիր, ման­կա­վարժ եւ հա­սարա­կական գոր­ծի­չը, անոնք պղերգ են պաշ­տա­մունքի մէջ, թու­լա­սիրտ՝ աղօթ­քի մէջ. «…պղերգ՝ ի պաշտմանն եւ թու­լա­սիրտ՝ յա­ղօթս, մեղկ եւ ծոյլ՝ ի հա­ւատս»։ Բայց հայ­կա­կան եկե­ղեցին ու­նե­ցաւ իր աշ­խա­տասէր եւ ծա­ռայա­սէր զա­ւակ­նե­րը։ 1689 թո­ւակա­նին Եղիա Մու­շե­ղեան Կար­նե­ցին պաշտպա­նեց այդ ար­ժա­նի հո­գեւո­րական­նե­րը, որոնք մեր ազ­գի վի­ճակին ան­ծա­նօթ օտար­նե­րու կող­մէ «պղերգ» ըլ­լա­լու թե­րու­թեամբ կը մե­ղադ­րո­ւէին։ Այժմ եր­թանք 1724 թո­ւակա­նը, եւ ականջ տանք եւ­րո­պական դի­ւանա­գիտա­կան առա­քելու­թեան ան­դա­մի մը եւ Եղիա Մու­շե­ղեան Կար­նե­ցիի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած զրոյ­ցին։ Վայր՝ Պարսկաս­տան։ Յի­շեց­նեմ, թէ Կա­րինի հայ­կա­կան դպրո­ցի մէջ բարձր ու­սում առած, բա­նահա­ւաք, մի­ջազ­գա­յին վա­ճառա­կան, Իս­ֆա­հանի մէջ շա­հի, վէ­զիրի եւ ար­քունի­քի ան­դամնե­րու հետ անձնա­կան յա­րաբե­րու­թիւններ ու­նե­ցող Կար­նե­ցին 1724 թո­ւակա­նին Եւ­րո­պայի մէջ պարսկա­կան դի­ւանա­գիտա­կան պա­տուի­րակու­թեան ղե­կավարն էր, իսկ ֆրան­սա­ցինե­րը անոր կը վստա­հէին դի­ւանա­գիտա­կան առա­քելու­թիւններ։
Լրտե­սու­թի՞ւն ընե­լու եկած էք
Եղիա Մու­շե­ղեան Կար­նե­ցին եւ­րո­պական առա­քելու­թեան ան­դամնե­րուն հետ յա­ճախ հան­դի­պումներ կ’ու­նե­նար։ Օր մը օտար դի­ւանա­գէտ մը,- հա­ւանա­բար ֆրան­սա­ցի,- զրոյ­ցի մը ըն­թացքին հարց կու տայ Կար­նե­ցիին, թէ ին­չո՚ւ հայ հո­գեւո­րական­նե­րը օտար եր­կիրնե­րու մէջ առա­քելու­թիւն չեն կա­տարեր, ինչպէս կ’ընեն եւ­րո­պացի­ները Հա­յաս­տա­նի եւ բազ­մա­թիւ այլ եր­կիրնե­րու մէջ. «Ըն­դէ՞ր ձեր կրօ­նաւորքն ոչ շրջին քա­րոզել ընդ ամե­նայն աշ­խարհ, որ­պէս որ զմերն»։ Օտա­րակա­նը ի՚նքը կը պա­տաս­խա­նէ իր հար­ցումը, մե­ղադ­րե­լով որ մե­րոնք պղերգ են. «…Վասն զի են պղերգ եւ ան­հոգ»։ Կա­րեն­ցին կը պաշտպա­նէ հայ­կա­կան եկե­ղեցին այդ ան­գէտ մար­դու անի­րաւ մե­ղադ­րանքի դէմ. Մե­րոնք, կը բա­ցատ­րէ Կար­նե­ցին, այնքան ծանր բեռ ու­նին իրենց ու­սե­րուն վրայ, քան­զի ազգս անօ­րէն­նե­րու մէջ կ’ապ­րի եւ որ­պէս բա­րի հո­վիւ կը փոր­ձեն իրենց հօ­տը ապա­հով պա­հել. «Մերքն ոչ են ծոյլ, բայց պար­տա­կան են վասն յիւ­րոցն, քան­զի մեր ազգն է ի մէջ անօ­րինաց, հա­զիւ թէ կա­րեն հով­ւել մե­րոցն»։ Կը շա­րու­նա­կէ Կար­նե­ցին. ձե­րոնք ին­չո՞ւ եկեր են Հա­յաս­տան. լրտե­սու­թի՞ւն ընե­լու, գա՞նձ հա­ւաքե­լու։ Եթէ միայն հա­ւատ­քի հա­մար ըլ­լար, ձե­րոնք պի­տի շրջէին կռա­պաշտնե­րու մէջ, բայց ո՚չ թէ հա­յոց. «…Մի՞թէ ձերքն, որ շրջին ընդ ամե­նայն տե­ղիս, ոչ թէ միայն վասն հա­ւատոյ է, այլ ժո­ղովել­ւոյ զգանձս եւ լրտե­սելոյ։ Եթէ միայն վասն հա­ւատոյ լի­նէր, գնա­յին ի մէջ կռա­պաշ­տից եւ ոչ ի մէջ հա­յոց»։
Այ­սօր պղեր­գա­ցանք
Պղերգ բա­ռը այնքան ջա­նադիր չէր որ ու­նե­նար բիւր ածա­կան­ներ։ Հա­զիւ մէկ ձեռ­քի մատ­նե­րու չափ բառ շի­նեց պղեր­գը. ՊՂԵՐ­ԳԱ­ԲԱՐ եւ ՊՂԵՐ­ԳԱ­ԳՈՅՆ, 6րդ դար, ՊՂԵՐ­ԳԱ­ԲԵՐԻԼ, 12-րդ դար, ՊՂԵՐ­ԳԱՆՔ, թո­ւակա­նը ան­յայտ, եւ ՊՂԵՐ­ԳԱ­ՆԱԼ, 6րդ դար, այ­սինքն ծու­լա­նալ, ալա­րիլ, ան­փոյթ ըլ­լալ։ Ահա այս ըն­տիր բա­յի գոր­ծա­ծու­թեան եր­կու օրի­նակ. «Ի բա­րի գոր­ծոց պղեր­գա­ցայք», «Մի պղեր­գասցուք գո­հանալ զտեառ­նէ»։
Պղերգ կա­տուն
Աշ­խարհա­բար գրա­կանու­թեան մէջ հա­զու­գիւտ է «պղերգ» բա­ռի գոր­ծա­ծու­թիւնը։ Շիր­վանզա­դէն «Չար ոգի» գիր­քի մէջ մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ պղերգ ամու­սին մը ին­չե՚ր կ’ընէ իր կի­նը վշտաց­նե­լու հա­մար. «Պղերգ մար­դը, կար­ծես, կնոջ վիշ­տը աւե­լի կա­տարեալ անե­լու հա­մար մի սո­վորու­թիւն եւս ու­նէր։ Օրո­ւայ մեծ մա­սը յօ­րան­ջե­լով պտտում էր ու­րիշնե­րի խա­նութնե­րը, պա­տահած տե­ղը ըն­դունե­լով սրա­նից նրա­նից մի բա­ժակ օղի։ Այդ էլ բա­ւական չէր։ Նա բո­լոր մե­ռել­նե­րին ու­ղեկցում էր մին­չեւ գե­րեզ­մա­նատուն, երբ «մե­ռելա­հաց» ու­տե­լու յոյս ու­նէր»։ Յով­հաննէս Շի­րազը ամ­բողջ աշ­խարհը մե­ղադ­րեց «պղերգ» ըլ­լա­լու յան­ցանքով. «Միայն մայրն է մնա­ցել սուրբ Արա­րատ / Ողջ աշ­խարհում այս պղերգ»։ Իսկ հայ­րե­նիքի մէջ նոր սե­րունդի բա­նաս­տեղծ Նա­րինէ Աւա­գեանը օր մը յի­շեց Լե­նինա­կան­ցի իր մեծ մայ­րը, անոր «տաք, հա­ցոտ բուրմունքը», հին տու­նը, տան խա­ղաղ բա­կը եւ այդ բա­կի հա­ւատա­րիմ շու­նը. «Լի­նէր մեր բա­կը, մեր տու­նը լի­նէր, / Ինձ հետ մե­ծացած հսկայ տան­ձե­նին, / Եւ հա­ւատա­րիմ այն շու­նը լի­նէր…, / Լի­նէր մեր բա­կը, մեր տու­նը լի­նէր, / Պղերգ գո­յու­թեամբ մեր շու­նը լի­նէր»։
Կե­սու­րի գան­գա­տը. Հարսս պղերգ է
Պղերգ բա­ռը չու­նի իր եր­գը։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, ըլ­լանք բա­րեխիղճ, եւ մեր «ծոյլ» բա­ռի հա­մար եկէ՚ք, մե՚նք ստեղ­ծենք քա­նի մը սի­րուն, թարմ եր­գի անուն, «պղերգ» բա­ռին շնոր­հե­լով նոր կեանք մը։ (Մի գու­ցէ երա­ժիշտ մը նկա­տէ այդ անուննե­րը եւ ոգե­ւորո­ւած՝ ստեղ­ծէ քաղցր մե­ղեդի­ներ)։ Այժմ ձե­զի հրա­ժեշտ կու տամ քա­նի մը ծի­ծաղա­շարժ եւ կեն­սուրախ առա­ջար­կով. «Պղերգ կա­տուն», «Պղերգ Արան», ման­կա­կան եր­գեր, դաս­տիարա­կիչ պատ­գա­մով, «Պղերգ հար­սը», ժո­ղովրդա­կան կա­տակերգ, հարս ու կե­սու­րի երկխօ­սու­թեամբ, «Պղերգ ճպու­ռը», պղերգ ճպու­ռի եւ աշ­խա­տասէր մրջիւ­նի առա­կը եր­գի վե­րածո­ւած… Մին­չեւ յա­ջորդ յօ­դուածս, յար­գե­լի ըն­թերցող, վա­յելե­ցէք թեր­թի մը մէջ պատ­մութիւններ ըն­թերցե­լու այս պղերգ ժամերը։
Իսթանպուլի ուժգին տեղատարափին եւ հեղեղատարափին յանձնուած ժամերուն, այսինքն Հոկտեմբերի 14-ին, չորեքշաբթի օր, Թաքսիմի «Ինթըրքոնթինենթըլ» հիւրանոցին մէջ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները մօտէն հետեւողներուն համար կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ։
Թէեւ բազմաթիւ հիւրեր երթեւեկութեան պատճառով ուշացան, Սեւ Ծովու Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Իսթանպուլի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանը բոլոր հիւրերը դրան առջեւ դիմաւորեց։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրուան տարեդարձը, 9 տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով, պաշտօնական մակարդակով պիտի տօնուէր։ Ասիկա կը նշանակէր, որ պետութեան կողմէ ալ մասնակցութիւն պիտի ըլլար։ Արդարեւ, Արտաքին Գործոց Փոխանախարար Պերիս Էքինճին եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան միւս դիւանագէտները, թէեւ դժուարութեամբ՝ օդի եւ ճանապարհի պայմաններուն պատճառով, ընդունելութեան հասան։
Ընդունելութեան լայն մասնակցութիւն եղաւ։ Օտար առաքելութիւններու պետեր, Թուրքիա-Հայաստան Բնականոնացման Գործընթացի Թուրքիոյ Ներկայացուցիչ Սերտար Գըլըճը, Թուրքիոյ հայ համայնքէն հիմնադրամներու ղեկավարներ, Հրանդ Տինք հիմնադրամի Տնօրէն Խորհուրդի նախագահ Ռաքէլ Տինքը արդէն իրենց տեղերը գրաւած էին։ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Մաշալեանը եւ Հայ Աւետարանական Համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Գիրգոր Աղապալօղլուն ալ իրարու յաջորդելով ժամանեցին։ Ընդունելութեան սկսելէն անմիջապէս առաջ հիւրընկալի դերով Նայիրի Պետրոսեանը օրուան իմաստին շուրջ «Ակօս»ին համառօտ յայտարարութիւն մը ըրաւ եւ ըսաւ հետեւեալը.
«Այս ընդունելութիւնը ներկայ բնականոնացման ջանքերուն առընչութեամբ խորհրդանշական քայլ մըն է։ Շուրջ ինը տարի է, որ Իսթանպուլի մէջ ընդունելութիւն տեղի չէր ունեցած։ Ասիկա բնականոնացման գործընթացին մէջ մեզի հետ պաշտօնավարող թուրքիացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն յաջողութիւնն ալ է։ Եւ ասոնք գործընթացին դրական շարունակութիւնը հաստատող փոքր քայլեր են։»
«Նախ դրացիները»
Բոլոր հիւրերը հասնելէ ետք ուշադրութիւնները դարձան Պետրոսեանի եւ Էքինճիի ամբիոնէն ըրած ելոյթներուն։ Առաջին խօսքը առաւ Պետրոսեանը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր եկած հիւրերուն եւ խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մասին։
«Մեր յոյսն այն է, որ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը տիրեն», ըսաւ Պետրոսեանը եւ աւելցուց. «Հայաստանը որդեգրած է դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն ամենաբարձր առաջնահերթութիւն տուող «նախ դրացիները» քաղաքականութիւնը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան իր ունեցած նպաստը կը դիտէ որպէս միջազգային խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման ամրապնդման մէջ իր հիմնական պարտականութիւնը»։
Պետրոսեանը իր խօսքը աւարտեց հայերէն՝ «Կեցցէ՛ Հայաստան» ըսելով։
Ապա խօսքը առաւ Արտաքին Գործոց Փոխնախարար Պերիս Էքինճին։ «Այս ընդունելութիւնը մեր բնականոնացման գործընթացին կարեւոր արտացոլումը կը կազմէ», ըսաւ Էքինճին եւ իր խօսքը շարունակեց այսպէս.
«Այս բնականոնացման գործընթացը մենք կը վարենք ամենաբարձր անկեղծութեամբ եւ վճռականութեամբ, լիարժէք բնականոնացման հասնելու վերջնական նպատակին ուղղուած՝ երկկողմ մակարդակով։ Այս համատեքստին մէջ մեծ գոհունակութեամբ կը տեսնենք, որ մեր երկիրներուն միջեւ վերջին շրջանին բարձր մակարդակի այցելութիւններու աճը կարեւոր նպաստ կը բերէ մեր երկկողմ երկխօսութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ հասկացողութեան զարգացման։
Բացի ասկէ, փոխադրութեան, էներգիայի, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ եւ ուղղակի առեւտուրի վերսկսման ուղղուած բազմաթիւ շօշափելի քայլեր առինք։ Առնուած այս բոլոր քայլերը մեզի ուժեղ հիմքեր կու տան մեր տարածաշրջանի ապագային նայելու մեծ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ։ Թուրքիան Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ բնականոնացման դինամիկաները միշտ ալ աջակցած է։
Այս երեկոյ յատկապէս ընդգծել կ՚ուզեմ, որ առաջիկայ շրջանին ալ այս գործընթացներուն մեր անկեղծ ու անսասան աջակցութիւնը շարունակելով պիտի ըլլանք։»
Ամենաբարձր մակարդակի մասնակցութիւն
Էքինճին իր խօսքը աւարտեց Հայաստանը շնորհաւորելով։ Այսպիսով, Հայաստանի Անկախութեան օրուան ընդունելութիւններուն Թուրքիոյ կողմէ մինչեւ այսօր ամենաբարձր մակարդակի մասնակցութիւնը իրականացաւ։
Ելոյթներէն առաջ եւ ետք բոլորին մտքին մէջ նոյն հարցը կար. Սահմանը շուտով պիտի բացուի՞։ Քանի որ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Վարշաւայի մէջ մասնակցած ֆորումի մը ընթացքին ըսած էր. «Վաղը առտու լուրերուն մէջ «Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բացուեցաւ» խորագիրը կրնանք տեսնել»։ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնեաները, թէեւ շեշտած էին, որ գործընթացը յառաջ կ՚երթայ, «վաղը առտու»ի հարցին մէջ զգուշաւոր էին։ Ի դէպ, Միրզոյեանն ալ այս նախադասութիւնը որպէս փոխաբերութիւն գործածած էր։
Գիշերուան ամենակարեւոր պահերէն մէկը ելոյթները աւարտելէն ետք էր. երբ Պետրոսեանը եւ Էքինճին ամբիոնին վրայ էին, նախ Հայաստանի, ապա Թուրքիոյ ազգային քայլերգը հնչեց։ Այդ պահուն ետեւի էկրանին վրայ յաջորդաբար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դրօշները ցուցադրուեցան։
Ընդունելութեան ներկայ գտնուած եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու անցեալը գիտցող ամէն մարդ գիտակից էր, որ կարեւոր պահի մը վկան կ՚ըլլայ։ Ես ալ նոյնպէս։
Ընդունելութենէն բոլորը յոյսով հեռացան։ Հիւրերը հեղեղին յանձնուած Իսթանպուլի երթեւեկութեան միանալու պատրաստուելու ատեն՝ մեզմէ ոմանց մտքին մէջ ուրիշ հարց մըն ալ կար. Այո՛, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարծես իրենց ուղիին մէջ են, բայց չորս տարի առաջ համաձայնութեան յանգած, ցամաքային սահմանը առաջին հանգրուանին երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն եւ դիւանագէտներուն համար բանալու քայլն իսկ ինչո՞ւ տակաւին չէ կրցած առնուիլ։ Այո՛, շօշափելի յառաջընթացներ կան, սակայն նկատի ունենալով, որ գործընթացը 2020 թուականին սկսած է, աւելի առաջ հանգրուանի մը վրայ պէտք չէ՞ր գտնուէինք։ Արդեօք Ատրպէյճանի կողմէ գործընթացը դանդաղեցնող ազդեցութիւն մը կա՞ր։
Անձնապէս ես արդէն իմ մեկնաբանութիւններուս մէջ Ատրպէյճանի ազդեցութեան մասին կը խօսիմ. ասիկա գաղտնի հարց մըն ալ չէ։ Արտաքին Գործոց Նախարար Հաքան Ֆիտան նախապէս ընդգծած էր, որ գործընթացին յառաջընթացին համար կարեւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը։ Իսկ Ատրպէյճանը վերջնական ստորագրութեան հարցին մէջ դանդաղկոտ վարուիլը եւ սեղանին վրայ պայմաններ դնելը կը շարունակէ։
Մեր մտքին մէջ իհարկէ ուրիշ հարց մըն ալ կար. Յաջորդ ընդունելութիւնը այլեւս Իսթանպուլի մէջ հիմնուելիք Հայաստանի դեսպանատան մէջ կարելի պիտի ըլլա՞ր կատարել։
«Բնականոնացում»ի ամենակարեւոր քայլերէն մէկը այդ պիտի չըլլա՞ր։
Ափսո­սալու կա­րիք չկայ։ Հայ­րե­նի երկրի մայ­րա­քաղա­քը, միշտ ու­նի տօ­նական տրա­մադ­րութիւն, որ բախ­տա­ւոր կը դարձնէ իւ­րա­քան­չիւր այ­ցե­լու, պայ­մա­նաւոր որ ան­հա­տը իր մէջ ու­նե­նայ հա­մապա­տաս­խան նե­րուժ։
Մենք ալ բախ­տա­ւորո­ւեցանք վա­յելե­լով քա­ղաքա­մայր Երե­ւանի հիմ­նադրու­թեան 2808-ամեակը։
Երե­ւանի տա­րեդար­ձին ծա­նօթա­ցած ենք առա­ջին ան­գամ լսե­լով Ատիս Հար­մանտեանի «Իմ դա­րաւոր Էրե­բու­նի, ճա­հել ես այնքան, 2750 տա­րեկան» խօս­քե­րով սկսող եր­գը։ Ապա վա­յելած էինք 2750 ցայ­տաղբիւրնե­րով օժ­տո­ւած այ­գիի յայտնու­թիւնը Հան­րա­պետու­թեան Հրա­պարա­կի ան­մի­ջապէս կող­քին։
Վրայ հա­սած էր ամ­բողջ հա­յաշ­խարհը ալե­կոծող «Երե­ւան- Էրե­բու­նի» եր­գը։
Ակնթար­թի մէջ այս բո­լոր յի­շատակ­նե­րը տո­ղան­ցե­ցին մտքիս մէջ, երբ յան­կարծ Փուշքի­նի պո­ղոտա­յի վրայ երկյար­կա­նի հան­րա­շար­ժը կանգ առաւ կար­միր լոյ­սի պատ­ճա­ռաւ։ Հրա­շալի տրա­մադ­րութիւն մըն էր, այդ հան­րա­շար­ժէն հնչող բարձրա­ձայն պա­րային երաժշտու­թիւնը, որուն ըն­կե­րակ­ցութեամբ կը պա­րէին հան­րա­շար­ժի բաց տա­րած­քը ամ­բողջո­վին զբա­ղեց­նող երկսեռ երի­տասար­դութիւ­նը։ Կա­րելի չէր ան­հա­ղորդ մնալ այդ ու­րա­խու­թեան, ար­դա­րեւ մենք ալ մայ­թին վրայ սկսանք պա­րել ոգե­ւորիչ երաժշտու­թեան ելե­ւէջ­նե­րով։ Ահա­ւասիկ քա­ղաքը գրկած էր մեզ բո­լորս։ Պեր­լի­նաբ­նակ թուրք ամու­սիններ, պոլ­սաբնակ հա­յեր եւ իրենց ըն­կե­րակ­ցող մահ­մե­տակա­նացած հա­յեր։
Կա­ղապա­րուած մտքե­րուն դժո­ւար բա­ցատ­րե­լի պատ­կեր մըն էր գո­յացա­ծը։ Հայ­ը ինչպէ՞ս ըն­կա­լէր թէ թուրքի հետ նոյն ու­րախ տրա­մադ­րութիւ­նը պի­տի բաժ­նէ իր հայ­րե­նի երկրի մայ­րա­քաղա­քին մայ­թե­րուն վրայ։ Սա ըն­կա­լելու հա­մար միայն մէկ բան անհրա­ժեշտ է՝ կոտ­րել կարծրա­տիպ­ե­րը։
Մեր բա­րեկամ­նե­րը շատ բարձր տպա­ւորո­ւած են ոչ միայն քա­ղաքի, կեն­սունա­կու­թե­նէն, շքե­ղու­թե­նէն, ար­դիակա­նու­թե­նէն, քան մարդկանց հա­րազա­տու­թենէն։
Ըն­դա­մէնը հա­զիւ մէկ շա­բաթո­ւայ տու­րիստա­կան այ­ցե­լու­թիւն մըն է մեր կա­տարա­ծը, որ իր կար­գին ըն­կե­րագի­տական նոր փոր­ձի մը առիթ ստեղ­ծած է նաեւ։ Յի­շելով ճար­տա­րագի­տական եր­կիր Հա­յաս­տա­նի թէ Խորհրդա­յին տա­րինե­րը՝ թէ ան­ցումա­յին խա­ւարի օրե­րը ան­գործու­թեան դա­տապար­տուած, թա­լանո­ւած ու լքո­ւած գոր­ծա­րան­նե­րը, այ­սօր զար­մանքով կը դի­տենք այս երկրի մէջ աշ­խա­տանք ճա­րելու հա­մար փու­թա­ցած օտա­րերկրա­ցինե­րը։ Մա­նաւանդ յի­շելով թէ աշ­խա­տան­քը կորսնցու­ցած բազ­մա­թիւ հա­յեր, ցրուած են աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրներ, ստանձնած բա­զում դժո­ւար աշ­խա­տանքներ, մի բուռ հա­ցի սի­րոյն։
Այդ «մի բուռ հաց» կտրուկ ար­տա­յայ­տութիւ­նը իր մէջ կը բո­վան­դա­կէ նաեւ բա­զում երե­սակ­ներ։ Սպա­ռելու աւե­լի շատ մի­ջոց­ներ, աւե­լի փար­թամ կան­քի մը կողմնա­կի մաս­նա­կիցը դառ­նա­լու հնա­րաւո­րու­թիւններ եւ այլն։
Ինչ լաւ է տես­նել թէ Հա­յաս­տա­նը այդ կար­ծե­ցեալ զտա­րիւն դի­մագի­ծը կորսնցու­ցած է եւ դար­ձած բազ­մե­րանգ մշա­կոյթնե­րու, լե­զու­նե­րու, բար­քե­րու խաչ­մե­րուկ։ Հա­մաշ­խարհայ­նա­ցում կո­չուա­ծի յստակ պատ­կեր մըն է, որ կը տի­րէ եթէ ո՛չ ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նի, յատ­կա­պէս Երե­ւանի եւ մա­նաւանդ ալ կեդ­րո­նական հա­տուա­ծի մէջ։
Այս տո­ղերը կը գրենք Մի­սակ Մա­նու­շեանի անո­ւան զբօ­սայ­գիի հա­րեւա­նու­թեամբ, դի­տելով ապա­գայ սե­րունդի ման­կութիւ­նը, որ ու­րախ կը ճօ­ճուի այ­գիի օրօ­րոց­նե­րու վրայ երաշ­խա­ւորե­լով վա­ղուայ հան­դէպ մեր հա­ւատ­քը ու վստահութիւնը։
Եմե­նի «Ան­­սար Ալ­­լահ» շարժման հութսի­­ները Հոկ­­տեմբե­­րի 7-ի առա­­ւօտեան շարք մը ռազ­­մա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւններ իրա­­կանա­­ցու­­ցին Սաու­­տի Արա­­բիայի տա­­րած­­քին եւ Եմե­­նի Ադեն քա­­ղաքը։
Հութսի­­ներու խօս­­նակ Եահիա Սա­­րին պար­­զա­­­բանած է, որ շարք մը անօ­­դաչու թռչող սար­­քե­­­րով թի­­րախա­­ւորո­­ւած է սաու­­տա­­­կան «Խա­­լիդ Ար­­քա» մի­­ջազ­­գա­­­յին օդա­­նաւա­­կայա­­նը, որու հե­­տեւան­­քով օդա­­յին հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը խա­­թարո­­ւած է։
Ան նաեւ նշած է, որ հութսի­­ները իրա­­կանա­­ցու­­ցած են եւս եր­­կու ռազ­­մա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւն՝ բա­­լիս­­տիկ հրթիռ­­նե­­­րով եւ ԱԹՍ-նե­­րով թի­­րախա­­ւորե­­լով Ապ­­հա­­­յի Մի­­ջազ­­գա­­­յին Օդա­­նաւա­­կայա­­նը եւ Խա­­միս Մու­­շաիտ օդա­­յին խա­­րիս­­խը։ Բա­­ցի այդ, Սաու­­տեան Արա­­բիայի տար­­բեր շրջան­­նե­­­րուն ռազ­­մա­­­կան ճամ­­բարներ թի­­րախա­­ւորո­­ւած են, որու հե­­տեւան­­քով կան զո­­հեր ու վի­­րաւոր­­ներ։
Եմե­­նի «Ան­­սար Ալ­­լահ» շարժման հու­­թի­­­ները հայ­­տա­­­րարած են, որ Թաիզ նա­­հան­­գին խո­­ցած են սաու­­տա­­­կան ու­­ժե­­­րուն պատ­­կա­­­նող զի­­նուած հե­­տախու­­զա­­­կան անօ­­դաչու թռչող սարք։ Մաս­­նա­­­ւորա­­պէս, խօս­­քը թուրքա­­կան ար­­տադրու­­թեան «Bayraktar Akinci» տի­­պի ԱԹՍ-ի մա­­սին է։
Հութսի­­ներու խօս­­նակ Եահիա Սա­­րին յայտնած է, որ հութսի­­ները բա­­լիս­­տիկ հրթիռ­­նե­­­րով հա­­րուա­­ծած են Պապ էլ-Ման­­տէ­­­պի նե­­ղու­­ցի մեր­­ձա­­­կայ­­քին տե­­ղակա­­յուած Սաու­­տեան Արա­­բիայի կող­­մէն աջակ­­ցո­­­ւող ու­­ժե­­­րու հա­­ւաքա­­տեղի­­ներուն։
Հութսի­­ների առող­­ջա­­­պահա­­կան աղ­­բիւրնե­­րը յայտնած են, որ Զա­­մար նա­­հան­­գի Հա­­րան շրջա­­նին գտնո­­ւող բեն­­զալցա­­կաեանի վրայ Սաու­­տեան Արա­­բիայի գլխա­­ւորած կոալի­­ցիայի կող­­մէն իրա­­կանա­­ցուած օդա­­յին հա­­րուա­­ծի հետևան­­քով զո­­հուած է մէկ քա­­ղաքա­­ցիական անձ, ևս երե­­քը՝ վի­­րաւո­­րուած։
Հութսի­­ները յայտնած են Եմե­­նի շարք մը նա­­հանգնե­­րու ուղղու­­թեամբ սաու­­տա­­­կան ու­­ժե­­­րու հա­­րուած­­նե­­­րու մա­­սին
Եմե­­նի «Ան­­սար Ալ­­լահ» շարժման հութսի­­ներու առող­­ջա­­­պահու­­թեան եւ շրջա­­կայ մի­­ջավայ­­րի նա­­խարա­­րու­­թիւնը Հոկ­­տեմբե­­րի 9-ին յայտնած է, որ մայ­­րա­­­քաղաք Սա­­նային Սաու­­տեան Արա­­բիայի գլխա­­ւորած կոալի­­ցիայի եր­­կու օդա­­յին հա­­րուած­­նե­­­րու հե­­տեւան­­քով վի­­րաւո­­րուած է վեց քա­­ղաքա­­ցիական անձ, այդ թո­ւին՝ մէկ երա­­խայ։
Նա­­խարա­­րու­­թիւնը կոչ ըրած մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութեանը դա­­տապար­­տել այս յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը եւ ճնշում գոր­­ծադրել Սաու­­տեան Արա­­բիայի գլխա­­ւորած կոալի­­ցիայի վրայ։
Աւե­­լի վաղ հութսի­­ների ռազ­­մա­­­կան խօս­­նակ յայտնած է, որ Սաու­­տեան Արա­­բիայի օժա­­յին հա­­րուած­­նե­­­րու եւ հրթի­­ռային յար­­ռա­­­կումներ իրա­­կանա­­ցու­­ցած են քա­­ղաքա­­ցիական են­­թա­­­կառու­­ցո­­­ւածքնե­­րու եւ բնա­­կելի տա­­րածքնե­­րու վրայ:
Եմե­­նի Կար­­միր խա­­չը հայտնած է, որ 2026 թո­­ւակա­­նի Յու­­լի­­­սէն սկսեալ ստա­­ցած է 1800 դի­­մում հա­­րազատ­­ներ կորսնցու­­ցած ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րէն։
Թուրքիան, Փա­­քիս­­տա­­­նը, Չի­­նաս­­տան, Եգիպ­­տո­­­սը եւ Սաու­­տեան Արա­­բիան դա­­տապար­­տած են Ռիատի օդա­­նաւա­­կայա­­նի վրայ հութսի­­ներու յար­­ձա­­­կումնե­­րը
Թուրքիան, Փա­­քիս­­տան, Չի­­նաս­­տա­­­նը, Եգիպ­­տո­­­սը եւ Սաու­­տեան Արա­­բիան դա­­տապար­­տած են Իրա­­նի աջակ­­ցութիւ­­նը վա­­յելող եմե­­նեան հութսի­­ներու յար­­ձա­­­կումնե­­րը Ռիատի մի­­ջազ­­գա­­­յին օդա­­նաւա­­կայա­­նի վրայ՝ անոնք որա­­կելով որ­­պէս «վտան­­գա­­­ւոր սրա­­ցում, որ չի կրնար ար­­դա­­­րացո­­ւիլ կամ ըն­­դունո­­ւիլ որե­­ւէ պատ­­րո­­­ւակով»։
Հոկ­­տեմբե­­րի 11-ին Սաու­­տեան Արա­­բիայի իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը յայտնած էին մայ­­րա­­­քաղա­­քի մի­­ջազ­­գա­­­յին օդա­­նաւա­­կայա­­նի վրայ նոր յար­­ձակման հե­­տեւան­­քով մէկ զո­­հի եւ շուրջ մէկ տաս­­նեակ վի­­րաւոր­­նե­­­րու մա­­սին։ Յար­­ձա­­­կու­­մը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած էր մէկ օր անց այն բա­­նէն ետք, երբ հութսի­­ներու հա­­րուա­­ծի հե­­տեւան­­քով 13 մարդ զո­­հուած էր, աւե­­լի քան 300-ը՝ վի­­րաւո­­րուած։
Տա­­րածաշրջա­­նային չորս երկրնե­­րու խումբը վե­­րահաս­­տա­­­տած է իր հա­­մերաշ­­խութիւնն ու աջակ­­ցութիւ­­նը Սաու­­տա­­­կան Արա­­բիոյ՝ այդ թո­­ւի՝ երկրի կող­­մէն յար­­ձա­­­կումնե­­րուն հա­­կազ­­դե­­­լու, սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րը զսպե­­լու եւ անոնց կրկնու­­թիւնը կան­­խե­­­լու նպա­­տակով ձեռ­­նարկո­­ւող բո­­լոր «օրի­­նական մի­­ջոց­­նե­­­րուն եւ քայ­­լե­­­րուն» լիակա­­տար աջակ­­ցութիւ­­նը։
Չի­­նաս­­տա­­­նի ար­­տա­­­քին գոր­­ծե­­­րի նա­­խարա­­րու­­թիւնը եւս յայ­­տա­­­րարած է, որ կը դա­­տապար­­տէ հութսի­­ներու յար­­ձա­­­կումնե­­րը Սաու­­տեան Արա­­բիայի մայ­­րա­­­քաղաք Էր Ռիատի օդա­­նաւա­­կայա­­նի վրայ, որու հե­­տեւան­­քով զո­­հեր եւ վի­­րաւոր­­ներ գրան­­ցո­­­ւած են։
Իսթանպուլի 13-րդ Ծանր Քրէական Դատարանը մերժեց Օսման Քավալայի վերադատութեան համար ներկայացուած դիմումը։ Դատարանը չկիրարկեց Մարդու Իրաւանց Եւրոպական Դատարանի Մեծ Ատեանի կողմէ Քավալայի մասին տրուած իրաւունքի խախտման վճիռը։
Ըստ DW Թրքերէնէն Ալիճան Ուլուտաղի լուրի, Իսթանպուլի Հանրապետութեան Գլխաւոր Դատախազութիւնը, դատարանի խնդրանքով ուղարկած կարծիքին մէջ նշեց, որ Սահմանադրական Դատարանը տակաւին չէ կայացուցած իր վճիռը Քավալայի վերաբերեալ եւ որ ներքին իրաւական ուղիները չեն սպառուած, եւ խնդրեց մերժել դիմումը։
Դատարանի վճիռին մէջ շեշտուեցաւ, որ ՄԻԵԴ դիմելէ առաջ պէտք է սպառել ներքին իրաւական ուղիները։ Հիմնաւորման մէջ ըսուեցաւ, որ միջազգային իրաւունքի մէջ ընդունուած ընդհանուր սկզբունքներուն համաձայն՝ դիմողները նախ պէտք է դիմեն ազգային դատական մարմիններուն եւ օգտագործեն գոյութիւն ունեցող իրաւական ուղիները։ Վճիռին մէջ ըսուեցաւ. «Հակառակը ընդունիլը՝ միջազգային դատարանի մը իր իրաւասութիւնը գերազանցելով ինքնիշխան պետութեան իր դատական իրաւասութիւնը ինքնուրոյն գործադրելուն միջամտութիւն պիտի կազմէ»։
Թուր Ապ­տի­նի Ան­հել (Եմիշ­լի) գիւ­ղի բնակ­չութեան ցու­ցա­կին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած ասո­րի ըն­տա­նիքի մը՝ անուն եւ մա­կանուն փո­խելու պա­հան­ջով բա­ցած դա­տին մէջ Միտ­յա­թի 2-րդ Քա­ղաքա­ցիական Առա­ջին Ատեանի Դա­տարա­նը մաս­նա­կի որո­շում տո­ւաւ։ Դա­տարա­նը ըն­դունեց «Սի­քարէ» անու­նը «Քա­րին» ձե­ւով ար­ձա­նագ­րե­լու պա­հան­ջը, բայց Թրքա­կան Լե­զուի Ըն­կե­րու­թեան 1934 թո­ւակա­նի օրէն­քին յղում կա­տարող կար­ծի­քին հա­մաձայն՝ մեր­ժեց «Էր­չին» եղող մա­կանու­նը անոր ար­մատ «Հան­նէ» ձե­ւով փո­խելու պա­հան­ջը։
Լսու­մին խօսք առած հայ­ցո­ւոր­նե­րու փաս­տա­բան Պար­սաւմօ Կիւրքան, ու­շադրու­թիւն հրա­ւիրե­լով գոր­ծին մէջ գտնո­ւող ապա­ցոյցնե­րուն վրայ, յղում կա­տարեց նա­խապէս Միտ­յա­թի Քա­ղաքա­ցիական Առա­ջին Ատեանի դա­տարան­նե­րուն կող­մէ տրո­ւած նա­խադէպ որո­շումնե­րուն եւ Մար­դու Իրա­ւանց Եւ­րո­պական Դա­տարա­նի Աք­թաշ մա­կանու­նի որո­շու­մին (2017/18684)։ Փաս­տա­բան Կիւրքան շեշ­տեց, որ թէեւ Թրքա­կան Լե­զուի Ըն­կե­րու­թե­նէն ստա­ցուած գրա­ւոր պա­տաս­խա­նին մէջ նշո­ւած է, թէ պա­հան­ջո­ւած «Հան­նէ» մա­կանու­նը կա­նոնադ­րութեան հա­կասող է, սա­կայն այս կա­նոնա­կար­գումը 1934 թո­ւակա­նէն՝ Թուրքիոյ մէջ Մա­կանու­նի Օրէն­քին ու­ժի մէջ մտած օրէն մնա­ցած է։
«ՄԻԵԴ-ի եւ Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի որո­շումնե­րը պէտք է նկա­տի առ­նո­ւին»
Նշե­լով, որ «Հան­նէ» անու­նը ո՛չ մէկ օտար ցե­ղի կամ ազ­գի անուն է, այլ հա­սարա­կական յի­շողու­թեան եւ ըն­տա­նեկան ար­մատնե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող անուն մըն է, Կիւրքան յի­շեցուց, որ իր յա­ճախորդնե­րուն հօր անունն ալ դա­տարա­նի որո­շու­մով «Հան­նէ» դար­ձած է եւ այդ որո­շու­մը վերջնա­կանա­ցած է։ TDK-ի պա­տաս­խա­նին հա­ւատք չըն­ծա­յելով՝ դա­տին ըն­դունու­մը պա­հան­ջող փաս­տա­բան Կիւրքան ըսաւ, որ հիմք պէտք է ըն­դունո­ւին ՄԻԵԴ-ի ու Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարա­նի որո­շումնե­րը, ինչպէս նաեւ ար­դա­րադա­տու­թեան մար­միննե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ներ­կայ կի­րար­կումնե­րը։
Անու­նի փո­փոխու­թիւնը
ըն­դունո­ւեցաւ, մա­կանու­նը՝
մեր­ժո­ւեցաւ
Գոր­ծը քննող դա­տարա­նի կազ­մը, նշե­լով որ հե­տազօ­տու­թիւնը աւար­տած է, յայ­տա­րարեց իր որո­շու­մը։ Որոշ­ման հա­մաձայն՝ Սի­քարէ Էր­չի­նի «ՍԻ­ՔԱՐԷ» եղող անու­նը «ՔԱ­ՐԻՆ» ձե­ւով փո­խելու եւ սրբագ­րե­լու որո­շում տրո­ւեցաւ։
Կապ­րիէլա Էր­չի­նի, Մա­նուէ­լա Էր­չի­նի, Մա­րիա Էր­չի­նի եւ Սի­քարէ Էր­չի­նի «Էր­չին» եղող մա­կանուննե­րը «Հան­նէ» դարձնե­լու պա­հանջնե­րը սա­կայն մեր­ժո­ւեցան։
Կապ­րիէլ մա­կանու­նի դա­տին նման՝ վե­րադաս դա­տարա­նի կը փո­խադ­րո­ւի
Յի­շեց­նենք, որ նա­խապէս Թուր Ապ­տի­նէն Զո­ւիցե­րիա եր­կա­րող ար­մատնե­րու պայ­քա­րին մէջ «Կապ­րիէլ» մա­կանու­նը առ­նել ու­զող ասո­րի քա­ղաքա­ցինե­րու պա­հան­ջը տե­ղական դա­տարան­նե­րու կող­մէ մեր­ժո­ւած էր, եւ TDK-ի «թրքա­կան ծա­գում չու­նի» հիմ­նա­ւորու­մին վրայ՝ իրա­ւական պայ­քա­րը փո­խադ­րո­ւած էր Սահ­մա­նադ­րա­կան Դա­տարան։
Ասո­րի ըն­տա­նիք­նե­րուն ինքնու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ լե­զուի իրա­ւունքնե­րու շրջա­նակին մէջ ար­մա­տային մա­կանուննե­րու կեն­դա­նի պահ­պանման պայ­քա­րը՝ նա­խադէպ որո­շումնե­րով վե­րադաս դա­տարան­նե­րու մէջ շա­րու­նա­կուի­լը կը սպա­սուի։
ՄԱՐԹԱ ՍԷՕՄԷՔ
Թարգմա­նուած է «Սապ­րօ» թերթէն
Քոնկրե­սի աւե­լի քան 100 ան­դամներ՝ 26 ծե­րակու­տա­կան­ներ եւ Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տան 75 ան­դամներ, կոչ ըրած են Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Մար­քօ Ռու­պիոյին՝ կա­սեց­նե­լու ամե­րիկեան զի­նուո­րական աջակ­ցութիւ­նը Ատրպէյ­ճա­նին՝ վկա­յակո­չելով Պա­քուի կող­մէ ապօ­րինա­բար պա­հուող հայ բան­տարկեալ­նե­րու դէմ ար­ձա­կուած դա­տավ­ճիռնե­րը, հայ քրիս­տո­նէական ժա­ռան­գութեան ոչնչա­ցու­մը եւ Հա­յաս­տա­նի ինքնիշ­խան տա­րած­քին շա­րու­նա­կուող զի­նուո­րական բռնագ­րա­ւու­մը։
Ամե­րիկա­յի Հայ դա­տի յանձնա­խումբին աջակ­ցութիւ­նը վա­յելող երկկու­սակցա­կան նա­մակը նա­խաձեռ­նած են ծե­րակու­տա­կան­ներ Կե­րի Փի­թըրզ, Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրե­սական­ներ Կաս Պի­լիրա­քիս ու Ֆրենք Փա­լոն։ Նա­մակին իրենց զօ­րակ­ցութիւ­նը յայտնած են նաեւ Ծե­րակոյ­տի դե­մոկ­րատ ղե­կավար Չաք Շու­մըր եւ Ծե­րակոյ­տի ու Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տան շարք մը յանձնա­խումբե­րու եւ են­թա­յանձնա­խումբե­րու ղե­կավար­ներ։Նա­մակը պա­տաս­խանն է Թրամ­փի վար­չա­կազ­մի որո­շու­մին՝ եր­կա­րաձ­գե­լու «Ազա­տու­թեան աջակ­ցութեան որո­շում»ին 907-րդ յօ­դուա­ծի սահ­մա­նափա­կումնե­րու շրջան­ցումը, որուն հե­տեւան­քով կա­րելի պի­տի ըլ­լայ շա­րու­նա­կել զի­նուո­րական աջակ­ցութիւն տրա­մադ­րել Ատրպէյ­ճա­նին։
Նա­խագահ Թրամփ նման քայ­լի մը դի­մած էր նաեւ 2025 Օգոս­տո­սին՝ Սպի­տակ տան մէջ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի ղե­կավար­նե­րուն հետ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գաթ­նա­ժողո­վէն ետք, իսկ 2026 Յու­լի­սին Քոնկրե­սին տե­ղեկա­ցու­ցած էր այդ շրջան­ցումը եր­կա­րաձ­գե­լու իր մտադ­րութեան մա­սին։ «Ամե­րիկա­յի Քոնկրե­սը յստա­կօրէն իր պատ­գա­մը յղած է՝ երկկու­սակցա­կան եւ երկպա­լատ հիմ­քով։ Ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու տան Ար­տա­քին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու յանձնա­խումբի ջախ­ջա­խիչ՝ 44-7 քո­ւէար­կութե­նէն ետք, որ կը պա­հան­ջէր Ատրպէյ­ճա­նէն ազատ ար­ձա­կել հայ պա­տանդնե­րը, աւե­լի քան 25 նա­հանգնե­րէ աւե­լի քան 100 օրէնսդիր­ներ այ­սօր կոչ ըրին Թրամ­փի վար­չա­կազ­մին գոր­ծադրե­լու 907-րդ յօ­դուա­ծը եւ դադ­րեցնե­լու Ամե­րիկեան զէնքն ու օգ­նութիւ­նը ու­ժա­նիւ­թով հա­րուստ Ատրպէյ­ճա­նին», ըսաւ Ամե­րիկա­յի Հայ դա­տի յանձնա­խումբի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Արամ Համ­բարեան։
ՊՕՂՈՍ ՍԻԼԱՀԼԸ
Իոաննա Քու­չուրա­տիի մա­հուան լու­րը առ­նե­լուս՝ խոր վիշտ զգա­ցի։ Յան­կարծ տա­րիներ առա­ջուան օրե­րուն, երի­տասար­դութեանս օրե­րուն վե­րադար­ձայ։ Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանին մէջ սկսած մեր ծա­նօթու­թիւնը, տա­րիներ վերջ Սա­ման­տա­ղի մէջ նո­րէն իրա­րու հան­դի­պիլ­նիս, եւ ժա­մանա­կի անցքին հա­կառակ եր­բեք չպակ­սած մեր բա­րեկա­մու­թիւնը աչ­քե­րուս առ­ջե­ւէն ան­ցան։
Իոան­նա Քու­չուրա­տիի հետ առա­ջին ան­գամ 1962 թո­ւակա­նին ծա­նօթա­ցայ։ Այդ տա­րինե­րուն Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանի Փի­լիսո­փայու­թեան բաժ­նին մէջ ու­սա­նող էի։ Իոան­նան երի­տասարդ օգ­նա­կան էր։ Փի­լիսո­փայու­թեան հան­դէպ ու­նե­ցած մեր ընդհա­նուր հե­տաքրքրու­թեամբ սկսած ծա­նօթու­թեան վրա­յէն եր­կար տա­րիներ ան­ցան։ Կեան­քի ըն­թացքին մէջ ճամ­բա­ները բաժ­նո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, այդ օրե­րէն մնա­ցած գե­ղեցիկ յի­շատակ­նե­րը միշտ կեն­դա­նի մնա­ցին յի­շողու­թեանս մէջ։
2009 թո­ւակա­նին երբ Սա­ման­տա­ղի մէջ փի­լիսո­փայա­կան մի­ջոցա­ռում մը կազ­մա­կեր­պե­լու որո­շեցինք, միտքս եկած առա­ջին անուննե­րէն մէ­կը Իոան­նա Քու­չուրա­տին եղաւ։ Նու­րան Տի­րէքի, Կէօզէն Էօզի եւ միւս բա­րեկամ­նե­րուս հետ Սա­ման­տա­ղի Փի­լիսո­փայու­թեան Օրե­րը կը ծրագ­րէինք։ Մեր նպա­տակն էր փի­լիսո­փայու­թիւնը հա­մալ­սա­րան­նե­րէն դուրս հա­նել եւ հա­սարա­կու­թեան, մա­նաւանդ երի­տասարդնե­րուն հետ հան­դի­պեց­նել։ Այս պատ­ճա­ռով մի­ջոցա­ռու­մին ակա­դեմա­կան­նե­րուն կող­քին՝ երկրոր­դա­կան վար­ժա­րան­նե­րու փի­լիսո­փայու­թեան ակումբնե­րէն աշա­կերտներ ալ մաս­նակցե­լը ու­զե­ցինք։
Նման հան­դի­պու­մի մը մէջ Իոան­նա Քու­չուրա­տիին մեր մէջ ըլ­լա­լը շատ կը փա­փաքէի։
Մի­ջոցա­ռու­մէն մօ­տաւո­րապէս հինգ ամիս առաջ իր­մէ ժա­մադ­րութիւն առի եւ Մալ­թե­փէ Հա­մալ­սա­րան գա­ցի։ Գրե­թէ կէս դար ան­ցած էր։ Զիս մեծ ան­կեղծու­թեամբ դի­մաւո­րելը ինձ շատ ու­րա­խացուց։ Հին օրե­րուն մա­սին խօ­սեցանք, յի­շատակ­նե­րը նո­րոգե­ցինք։ Ապա Սա­ման­տա­ղի մէջ կազ­մա­կեր­պե­լ ծրագրած փի­լիսո­փայու­թեան օրե­րը պատ­մե­ցի եւ զինք հրա­ւիրե­ցի։ Մեր առա­ջար­կը ու­րա­խու­թեամբ ըն­դունեց։
Այդ օրը ին­ծի հա­մար ար­ժէ­քաւոր փի­լիսո­փայի մը մեր մի­ջոցա­ռու­մին հրա­ւիրու­մէն ան­դին, երի­տասար­դութեանս տա­րինե­րէն բա­րեկա­մի մը հետ նո­րէն հան­դի­պելու իմաստ ալ ու­նէր։
Պատ­րաստու­թիւննե­րը շա­րու­նա­կուած ատեն, մի­ջոցա­ռու­մէն քա­նի մը օր առաջ Իոան­նա­յէն հե­ռաձայ­նով զանգ մը առի։ Ըսաւ որ Փա­րիզի մէջ տե­ղի ու­նե­նալիք ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի ժո­ղովին նա­խագահ նշա­նակո­ւած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով բա­ցու­մին չի կրնար հաս­նիլ, բայց յա­ջորդ օրո­ւան ժո­ղովին կրնայ մաս­նակցիլ։ Իր ծանր ծրա­գիրին հա­կառակ խոս­տումը պա­հելով Սա­ման­տաղ գա­լը մեզ շատ ու­րա­խացուց։
2009 Հոկ­տեմբեր 2-ի երե­կոյեան, Շրջա­կայ Մի­ջավայ­րի Պահ­պանման Միու­թեան նա­խագահ Մի­շէլ Աթի­քի եւ իր բա­րեկամ­նե­րուն օժան­դա­կու­թեամբ, Զէյ­թունի­յէ թա­ղամա­սի Սուրբ Թեկ­լա եկե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ դի­մաւոր­ման ընթրիք մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք։ Մի­շէլ Աթիք պատ­րաստու­թիւննե­րը ստանձնած էր եւ տե­ղական ճա­շատե­սակ­նե­րով գե­ղեցիկ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծած։
Իոան­նան Հա­թայի օդա­կայա­նէն առի եւ ընթրի­քին վայ­րը տա­րի։ Ժո­ղովուրդին բազ­մութիւ­նը տես­նե­լով նախ զար­մա­ցաւ, ապա դէմ­քին վրայ մեծ ու­րա­խու­թիւն երեւ­ցաւ։ Եր­ջանկու­թիւնը աչ­քե­րէն կրնա­յի կար­դալ։ Եր­կար ճամ­բորդու­թեան յոգ­նութիւ­նը մոռ­ցած կը թո­ւէր։ «Լաւ է որ եկած եմ» ըսե­լով իր ու­րա­խու­թիւնը յայտնեց եւ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց։
Այդ պա­հը մին­չեւ այ­սօր իր ամ­բողջ կեն­դա­նու­թեամբ կը յի­շեմ։
Գի­շերը Սա­ման­տա­ղի մէջ ան­ցուց։ Յա­ջորդ առ­տու կա­նուխ արթնցած էր, ծո­վը, աւա­զու­տը եւ ծո­վափին վրայ քայ­լող մար­դի­կը դի­տած էր։ Նա­խաճա­շէն ետք Սա­ման­տա­ղի Փի­լիսո­փայու­թեան Օրե­րուն տե­ղի ու­նե­ցող սրա­հը գա­ցինք։ Սրա­հը լե­ցուն էր։
Իոան­նա Քու­չուրա­տի մեր հա­մաժո­ղովին «Բնու­թիւն եւ մարդ» խո­րագ­րով իր ելոյ­թով մաս­նակցե­ցաւ։ Երբ խօ­սիլ սկսաւ, սրա­հին մէջ խոր լռու­թիւն տի­րեց։ Բո­լորը մեծ ու­շադրու­թեամբ զինք կը լսէին։ Ելոյ­թը աւար­տե­լուն՝ ծա­փահա­րու­թիւննե­րը վայրկեան­ներ շա­րու­նա­կուե­ցան։ Ան­կէ ետք հար­ցումնե­րը իրար յա­ջոր­դե­ցին։ Իոան­նա մաս­նա­կից­նե­րուն, մա­նաւանդ երի­տասարդնե­րուն հե­տաքրքրու­թե­նէն շատ գոհ էր։ Հար­ցումնե­րուն պա­տաս­խա­նելու ըն­թացքին ոգե­ւորու­թիւնը աւե­լի կ՚աճէր։
Փի­լիսո­փայու­թիւնը միայն ակա­դեմա­կան շրջա­նակ­նե­րու նիւթ չըլ­լա­լը, բո­լորին կեան­քին կրնալ դպչի­լը, այդ օրը եւս ան­գամ մը տե­սանք։ Մա­նաւանդ երի­տասարդնե­րուն այսպի­սի կա­րեւոր մտա­ծողի մը հետ ուղղա­կի կապ հաս­տա­տել կրնա­լը, հար­ցումներ տա­լը եւ իրենց մտա­ծումնե­րը բաժ­նե­լը մե­զի հա­մար շատ ար­ժէ­քաւոր էր։
Ելոյթնե­րէն ետք միասին Վա­քըֆ­լը թա­ղամա­սը գա­ցինք։ Իոան­նան հոն ապ­րող մար­դոց հետ զրու­ցեց։ Տար­բեր մշա­կոյթնե­րու եւ հա­ւատքնե­րու միասին ապ­րի­լը զինք հիացու­ցած էր։ Շրջա­նին բազ­մամշա­կու­թա­յին կա­ռու­ցո­ւած­քը զինք խո­րապէս ազ­դած էր։
Ապա Խը­տըր­պէ­յի մէջ գտնո­ւող Մու­սա­յի Ծա­ռը տես­նե­լու գա­ցինք։ Շրջա­նին պատ­մութիւ­նը, ան­ցեալին պա­տահած­նե­րը եւ բնա­կավայ­րե­րուն պատ­մութիւննե­րը խօ­սեցանք։ Պա­թըայա­զի մէջ, բնու­թեան հետ միահիւ­սո­ւած ճա­շարա­նի մը մէջ բա­րեկամ­նե­րուս հետ տե­ղական ճա­շատե­սակ­ներ կե­րանք։ Գե­ղեցիկ զրոյցնե­րով ան­ցած օրո­ւան վեր­ջա­ւորու­թեան Իոան­նան օդա­կայան ճամ­բե­ցինք։
Կը զգա­յի որ Սա­ման­տա­ղէն գե­ղեցիկ յի­շատակ­նե­րով կը բաժ­նո­ւէր։ Չսխա­լած ըլ­լալս քա­նի մը ամիս վերջ նո­րէն տե­սայ։
Մի­ջոցա­ռու­մէ­նիս երեք-չորս ամիս վերջ, Եէտի­թեփէ Հա­մալ­սա­րանի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած փի­լիսո­փայա­կան հա­ւաքի մը մաս­նակցե­ցայ։ Իմա­ցայ որ Իոան­նան Սա­ման­տա­ղի փի­լիսո­փայու­թեան օրե­րը միւս ակա­դեմա­կան­նե­րուն մեծ ոգե­ւորու­թեամբ, եր­կար-եր­կար պատ­մած է։ Ասի­կա զիս շատ ու­րա­խացուց։ Ու­րեմն Սա­ման­տա­ղի մէջ ապ­րած մեր այդ գե­ղեցիկ օրե­րը իր յի­շողու­թեան մէջ ալ ան­մո­ռանա­լի տեղ մը գրա­ւած էին։
Մեր բա­րեկա­մու­թիւնը յա­ջորդ տա­րինե­րուն ալ շա­րու­նա­կուե­ցաւ։ Մալ­թե­փէ Հա­մալ­սա­րանին մէջ կա­տարո­ւած հա­ւաք­նե­րուն հան­դի­պեցանք, զրու­ցե­ցինք, հին օրե­րը յի­շեցինք։ Իւ­րա­քան­չիւր հան­դի­պու­մի ըն­թացքին նոյն ջեր­մութիւ­նը եւ ան­կեղծու­թիւնը զգա­ցի։ Տա­րիներ ան­ցած էին, պայ­մաննե­րը փո­խուած էին, բայց մեր մի­ջեւ բա­րեկա­մու­թեան ար­ժէ­քը եր­բեք փո­խուած չէր։
Իոան­նա Քու­չուրա­տի միայն մեր երկրին տո­ւած կա­րեւոր փի­լիսո­փայ մը չէր։ Մար­դուն տո­ւած ար­ժէ­քով, մտա­ծու­մին հան­դէպ ու­նե­ցած յար­գանքով, տար­բեր մշա­կոյթնե­րու հան­դէպ ցու­ցա­բերած հե­տաքրքրու­թեամբ եւ երի­տասարդնե­րուն հետ հաս­տա­տած ան­կեղծ կա­պով նաեւ հետք թո­ղած մարդ մըն էր։ Մար­դու իրա­ւունքնե­րուն եւ մար­դուն ար­ժէ­քին շուրջ զար­գա­ցու­ցած մտա­ծումնե­րը կեան­քին հան­դէպ իր մօ­տեց­ման մէջ ալ իրենց ար­ձա­գան­գը կը գտնէին։
Այ­սօր ետ նա­յելով, 1962-ին Իս­թանպու­լի Հա­մալ­սա­րանին մէջ սկսած մեր ծա­նօթու­թեան, 2009-ին Սա­ման­տա­ղի մէջ ապ­րած ան­մո­ռանա­լի հան­դի­պու­մին եւ յա­ջորդ տա­րինե­րուն շա­րու­նա­կուած մեր զրոյցնե­րուն որ­քան թան­կա­գին ըլ­լա­լը աւե­լի լաւ կը հասկնամ։
Իոան­նան ամէն ան­գամ որ կը յի­շեմ, Սա­ման­տա­ղի մէջ զինք դի­մաւո­րող բազ­մութիւ­նը տե­սած վայրկեանին ապ­րած իր ու­րա­խու­թիւնը, փի­լիսո­փայու­թեան մա­սին խօ­սած ատեն ու­նե­ցած ոգե­ւորու­թիւնը եւ իւ­րա­քան­չիւր հան­դի­պու­մի ըն­թացքին զգաց­նել տո­ւած այդ ան­կեղծ բա­րեկա­մու­թիւնը նո­րէն կ՚ապ­րիմ։
Կան մար­դիկ, որոնք միայն իրենց եր­կե­րով չէ, այլ նաեւ մեր կեան­քին աւել­ցուցած գե­ղեց­կութիւննե­րով մեր մտքին եւ սրտին մէջ գո­յատե­ւելու կը շա­րու­նա­կեն։ Սի­րելի Իոան­նա ու­սուցչու­հիս յար­գանքով, սի­րով եւ երախ­տա­գիտու­թեամբ կ՚ողջունեմ։
Երեք տա­րիներ ան­ցած են Հա­մասի 7 Հոկ­տեմբե­րի յար­ձա­կումնե­րէն ցայ­սօր։ Իս­րա­յէլի հետզհե­տէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րածած հա­կայար­ձա­կումնե­րը խլե­ցին աւե­լի քան 70 հա­զար պա­ղես­տինցի­ներու կեան­քեր։ Սա պաշ­տօ­նական տո­ւեալն է, որուն պէտք է աւելցնել անա­սուննե­րը, ձի­թենի­ները եւ ամ­բողջ կեն­դա­նու­թիւնը տա­րածաշրջա­նի։
«Թոյլ չենք տար որ Կազ­զան մար­դու իրա­ւունքնե­րու թա­ղուած գե­րեզ­մա­նի մը վե­րածո­ւի»։ Եր­կար ու դա­ժան տա­րիներ պա­ղես­տինցի­ներու մար­դու իրա­ւունքը պաշտպա­նելու եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան դի­մադ­րե­լու հա­մար տա­րած պայ­քա­րին հա­մար 2026-ին, Հրանդ Տինք Մի­ջազ­գա­յին Մրցա­նակին ար­ժա­նացած իրա­ւապաշտպան Ռա­ճի Սու­րա­նի, մրցա­նակա­բաշ­խութե­նէ ետք կա­տարո­ւած ժո­ղովի մը ըն­թացքին ար­տա­սանած էր այս նա­խադա­սու­թիւնը։ Ան այս տո­ղերով կը պար­զէր իրո­ղու­թիւն մը։ Կազ­զան այ­լեւս գե­րեզ­ման մըն է, ուր կազ­զա­ցիներ կը յա­մառին ապ­րիլ։
Մի այլ պա­ղես­տինցի, Աթ­թա Սաիտ Հա­սան Շե­ւիք եւս, յար­ձա­կումնե­րու եր­րորդ տա­րելի­ցին, հե­տեւեալը կ՚ըսէր BBC-ի թղթակ­ցին։ «Կեն­դա­նի ենք, բայց կ՚ապ­րինք ըն­դարձակ գե­րեզ­մա­նատան մը մէջ»։
Կազ­զա­յի Շու­ճայյէ թա­ղամա­սէն Աթ­թա Սաիտ Հա­սան Շե­ւիք կը պատ­մէ թէ Իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րուն կորսնցու­ցած է որ­դին, դուստրը, քոյ­րը եւ անոր երա­խանե­րը։ Շե­ւիք ըն­տա­նիքի մնա­ցեալ ան­դամնե­րուն հետ կը թա­փառի աջ ու ձախ. «Այ­լեւս լու­ծում մը գտնո­ւելու է, տա­րինե­րէ ի վեր կեղ­տի, խայ­տա­ռակու­թեան մէջ կ՚ապ­րինք» կ՚ըսէ Շե­ւիք։
Սա­միրա Ապ­տուլլահ Ալ Ուա­տիյա 7 Հոկ­տեմբե­րին հար­կադրո­ւած է Շու­ճայյէի իր բնա­կարա­նը լքել, որ­մէ ետք ոչ մէկ տեղ 40 օրէ աւե­լի չեն բնա­կած։ Պա­տերազ­մի ըն­թացքին որ­դի­ները կորսնցու­ցած Սա­միրա­յի հա­մար պա­տահար­նե­րը կա­րելի է բնու­թագրել մէկ բա­ռով, որն է սար­սա­փը։
Կազ­զա­յի հա­մար կնքուած զի­նադա­դար­նե­րը թուղթի վրայ կը մնան, քա­նի Իս­րա­յէլ յա­րատեւ կեր­պով կը շա­րու­նա­կէ պա­ղես­տինցու ցե­ղը կո­տորել։ Իս­րա­յէլի Արտ Գործ Նա­խարա­րը առանց ամչնա­լու պա­ղես­տինցի­ները կ՚որա­կէ անա­սուն մար­դիկ ըլ­լա­լով եւ կը պնդէ թէ պէտք է ոչնչա­ցուին։ Կը փոր­ձեն պա­ղես­տինցի­ները սո­վի ճամ­բով կրթել, հի­ւան­դա­նոց­նե­րը հրթի­ռակո­ծելով, ջու­րի սան­ձը խան­գա­րելով, սննդամ­թերքի նե­րածու­մը ար­գի­լելով մեզ կար­գի բե­րել կ՚ու­զեն։ Բայց գե­րեզ­մա­նը կը շա­րու­նա­կէ պա­հել իր կեն­դա­նու­թիւնը»։
Պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րը, թո­ւան­շաննե­րը պաղ են, կը տես­նենք ու կ՚անցնինք։ Բայց գո­նէ ան­գամ մը այդ թի­ւերը լսե­լու պա­հուն յի­շեցէք ձեր մեր­ձա­ւոր­նե­րը, հա­րազատ­նե­րը ու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րով Կազ­զա­յի մէջ մա­հացող­նե­րու թի­ւը 74 հա­զար է։ Տե­ղական աղ­բիւրնե­րու հա­մաձայն այդ թի­ւը շատ աւե­լի բարձր է, քա­նի կա­րելի չէ եղած շէն­քե­րու, դպրոց­նե­րու,հի­ւան­դա­նոց­նե­րու կամ շու­կա­ներու փլա­տակ­նե­րուն տակ ան­թաղ մնա­ցած­նե­րուն թի­ւը ճշդել։
Միւս կող­մէ նոյն 7 Հոկ­տեմբեր թո­ւակա­նին կը յի­շատա­կուի նաեւ Հա­մասի գոր­ծադրած յար­ձա­կումնե­րուն հա­զար եր­կու հա­րիւր իս­րա­յէլա­ցի զո­հերը։ Թէեւ յի­շատա­կումնե­րը կը կա­տարո­ւին բո­վան­դակ Իս­րա­յէլի տա­րած­քին, բայց յատ­կա­պէս կ՚առանձնա­նայ 378 ան­ձե­րու մա­հացած եւ 44-ին ալ պա­տանդ վեր­ցո­ւած «Նո­վա» երաժշտա­կան փա­ռատօ­նի կա­յացած վայ­րը։
Ի՞նչ կ՚ու­զէք մա­նուկնե­րէն
Պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րը թէեւ հե­ռու են կա­տարո­ւածը ցո­լաց­նե­լու առու­մով, բայց փո­խան­ցո­ւած տե­ղեկու­թիւննե­րէն կա­րելի է են­թադրել հա­կառա­կոր­դը, ոչնչաց­նե­լու ուղղեալ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րու տա­րողու­թիւնը։ Մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­ման կեդ­րո­նին հա­մաձայն 2023-ի Հոկ­տեմբե­րէն այ­սօր սպա­նուած են 21.745 երա­խաներ։ Անոնցմէ 293-ը նո­րածին­ներ էին եւ շուրջ հա­զարը տա­կաւին չէր լրա­ցու­ցած առա­ջին տա­րին։ 123 մա­նուկներ մա­հացան սնունդի ան­բա­ւարա­րու­թեան պատ­ճա­ռաւ, կամ այլ խօս­քով սո­վամահ եղան։ Երեք տա­րինե­րու ըն­թացքին 46 հա­զար երա­խայ վի­րաւո­րուե­ցան, իսկ 11 հա­զարը ան­դա­մահա­տուե­ցան։ Ըն­տա­նեզուրկ մնա­ցած, ռումբերու, պայ­թումնե­րու հե­տեւան­քով քու­նը խան­գա­րուած, բու­ժօգնու­թիւն չստա­ցած։
Իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րէն տու­ժողնե­րու շար­քին են տա­րեց­նե­րը, կա­նայք, հաշ­մանդամ­նե­րը, անա­սուննե­րը ու վեր­ջա­պէս հո­ղը։ Պա­ղես­տի­նի վի­ճակագ­րութեան կեդ­րո­նի հա­մաձայն քա­ղաքի 82 տո­կոսը գետ­նին հա­ւասա­րեցո­ւած է։ Ամ­բողջո­վին փլած են 134 հա­զար 422 շէն­քեր։ Տե­ղահա­նուած 1,65 մի­լիոն պա­ղես­տինցի ձմրան նա­խօրեակին բնա­կու­թեան լուրջ դժո­ւարու­թիւններ կը դի­մագ­րա­ւեն։
Քա­ղաքի են­թա­կառու­ցո­ւած­քը ամ­բողջո­վին վնա­սուած է։ Բնակ­չութեան 70 տո­կոսը օրա­կան հա­զիւ 6 լիթր ջուր կը ստա­նայ։
Լրագ­րողներ՝ ձեր անու­նը
տա­կաւին կը յի­շուի
Հա­մաշ­խարհա­յին բազ­մա­թիւ լրա­տուա­միջոց զուրկ են Կազ­զա մտնե­լու ար­տօ­նու­թե­նէն։ Եր­րորդ տա­րեդար­ձի մա­սին լրա­հոսը կը հա­ղոր­դո­ւի Իս­րա­յէլեան յի­շատա­կումնե­րու սահ­մա­նու­մով։ Լրագ­րողնե­րու կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու փո­խանցմամբ ցարդ սպա­նուած են 263 լրագ­րողներ։ Իս­րա­յէլի բան­տե­րուն մէջ կը պա­հուին 50 լրագ­րողներ, որոնցմէ 23-ը ձեր­բա­կալուած։ Կայ նաեւ երեք ան­յայտ կո­րած­ներ։
Լրագ­րո­ղու­թեան պար­տա­կանու­թիւնը կա­տարած պա­հուն սպա­նուած սի­րելի պաշ­տօ­նակից­ներ Սա­մէր Ապու Տաք­քա, Էնէս Էլ Շե­րիֆ, Մաիրամ Էպու Տաք­քան եւ Ֆաթ­մա Հա­սու­նա­յի ազ­նիւ յի­շատա­կին յար­գանքով։
Ձեր անուննե­րը տա­կաւին կը յիշուին։
9Հոկ­տեմ­բեր Ուրբաթ երե­­կոյ, Երե­­ւան «Յա­­ռաջ» կեդ­­րո­­­նի մէջ կա­­յացաւ անուանի գրա­­կանա­­գէտ Մարկ Նշա­­նեանի «Բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն եւ Յե­­ղափո­­խու­­թիւն» խո­­րագ­­րեալ հատորի շնոր­­հանդէ­­սը։
Ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը՝ որ լոյս տե­­սած է Պոլ­­սոյ մէջ, «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան «ԿԱՄ» մա­­տենա­­շարէն, կը քննար­­կէ հայ գրա­­կանու­­թեան եր­­կու կա­­րեւոր դէմ­­քե­­­րու, Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի եւ Վա­­հէ Օշա­­կանի քեր­­թո­­­ղական գոր­­ծե­­­րը ու աշ­­խա­­­տան­­քը։
«Առա­­ջին ակ­­նարկով պա­­տահա­­կան թո­­ւացող այս հան­­դի­­­պու­­մը խոր­­քին մէջ երկխօ­­սու­­թիւն մըն է եր­­կու տար­­բեր աշ­­խարհնե­­րու մի­­ջեւ։ Մէկ կող­­մէն Սո­­վետա­­կան Հա­­յաս­­տանն ու Չա­­րեն­­ցի «Հայ­­րե­­­նիք»ի որո­­նու­­մը, միւս կող­­մէն սփիւռքեան գո­­յավի­­ճակին մա­­սին Վա­­հէ Օշա­­կանի վկա­­յու­­թիւնը։
Հե­­ղինա­­կը գրա­­կանա­­գիտա­­կան ու փի­­լիսո­­փայա­­կան վեր­­լուծումնե­­րով կը քննէ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցի գոր­­ծին մէջ պատ­­մութեան, սու­­գի եւ գրա­­կան լե­­զուի հար­­ցե­­­րը, ինչպէս նաեւ Վա­­հէ Օշա­­կանի ար­­ձակն ու քեր­­թո­­­ղու­­թիւնը լոյս տակ բե­­րելով անոնց մի­­ջեւ գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ան­­տե­­­սանե­­լի կա­­պը։
«Կամ» մա­­տենա­­շարի եր­­րորդ միաւո­­րը հան­­դի­­­սացող «Բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն եւ յե­­ղափո­­խու­­թիւն» հա­­տորը հայ գրա­­կանու­­թեան, լե­­զուին եւ պատ­­մութեան նո­­ւիրուած խո­­րունկ հա­­մեմա­­տական մըն է եւ ար­­ժէ­­­քաւոր աղ­­բիւր մը բո­­լոր ըն­­թերցող­­նե­­­րու հա­­մար» գրո­­ւած է հրա­­տարակ­­չա­­­տան ծա­­նօթագ­­րութեան մէջ։
Յա­­ռաջ կեդ­­րոնն կա­­յացած շնոր­­հանդէ­­սի պա­­հուն հե­­ղինա­­կը շուրջ 1,5 ժամ տե­­ւողու­­թեամբ բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ իր կա­­տարած ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մա­­սին։ Յա­­տուկ անդրա­­դար­­ձաւ ժո­­ղովրդա­­կան սահ­­մա­­­նու­­մով բնու­­թագրո­­ւած խօս­­քին ու մե­­ղեդիի որ գե­­ղագի­­տական եղա­­նակ­­նե­­­րով ազ­­գա­­­յինի վե­­րածո­­ւելուն մա­­սին։
Այս հաս­­տա­­­տու­­մի վառ ապա­­ցոյց իբ­­րեւ օրի­­նակ բե­­րելով Կո­­միտաս Վար­­դա­­­պետի կա­­տարած հսկայ գոր­­ծը, պատ­­մեց թէ ան­­տե­­­սած, ար­­հա­­­մար­­հո­­­ւած գեղ­­ջուկ եր­­գը վար­­դա­­­պետի գե­­ղագի­­տական մի­­ջամ­­տութեամբ դար­­ձաւ «ազ­­գա­­­յին», պաշ­­տա­­­մունքի առար­­կայ դարձնե­­լով Կո­­միտա­­սը։
Գրա­­գէտ­­նե­­­րու եւ գրա­­սէր­­նե­­­րու կո­­կիկ բազ­­մութեան մը մաս­­նակցու­­թեամբ կա­­յացող շնոր­­հանդէ­­սը աւար­­տին հա­­սաւ աս­­մունքով, ուր Թու­­մա­­­նեան Թան­­գա­­­րանի աշ­­խա­­­տակից տի­­կին Մայ­­տա Պոշ­­կե­­­զենեան ար­­տա­­­սանեց Չա­­րեն­­ցեան բա­­նաս­­տեղծու­թիւն։
Երբ եր­­կու եր­­կիրնե­­րու սահ­­մա­­­նագի­­ծը կը դառ­­նայ ան­­հա­­­ղորդ տա­­րածք մը, բնա­­կանա­­բար կ՚ու­­նե­­­նայ խորհրդան­­շա­­­կան նոր իմաստ մը եւս։ Այդպի­­սին եղած է Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ Թուրքիոյ պե­­տական սահ­­մաննե­­րու մեր­­ձա­­­կայ­­քը։ Օրն ի բուն իրար տես­­նող մար­­դիկ պե­­տական սահ­­մա­­­նագ­­ծի մը տար­­բեր կող­­մե­­­րը գտնո­­ւելով ան­­հա­­­ղորդ դար­­ձած են իրա­­րու։
Երե­­ւոյ­­թը ու­­շագրաւ էր նաեւ գե­­ղարո­­ւես­­տի ու գրա­­կանու­­թեան ոլոր­­տի մարդկանց հա­­մար եւս։ Ար­­դա­­­րեւ «Ակօս»ի վաս­­տա­­­կաւոր լու­­սանկա­­րիչ Պերճ Արա­­պեան ըն­­կե­­­րակ­­ցե­­­լով «Ճումհու­­րի­­­յէթ» թեր­­թի աշ­­խա­­­տակից Փը­­նար Էօղիւնչի հետ ուղղո­­ւեցաւ սահ­­մա­­­նամերձ Բա­­գարան եւ Հա­­լըքըշ­­լաք գիւ­­ղե­­­րը՝ մին Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ միւ­­սը Թուրքիոյ սահ­­մա­­­նագ­­ծին վրայ։
Պերճ Արա­­պեանի այս ու­­ղե­­­ւորու­­թեան ըն­­թացքին պատ­­կե­­­րած լու­­սանկար­­նե­­­րը ամ­­փո­­­փուե­­ցան «Գիւղ մը, գետ մը եւ եր­­կու եր­­կիրներ» խո­­րագ­­րեալ ալ­­պո­­­մի մը մէջ։
Յի­­շենք թէ այ­­սօր եր­­կու եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ բա­­ժանո­­ւած գիւ­­ղը ան­­ցեալին ամ­­բողջա­­կան միաւոր մը կը կազ­­մէր, Ախու­­րեան գե­­տի եր­­կու ափե­­րուն տա­­րածո­­ւող իր դիր­­քով։
Սահ­­մա­­­նամերձ կո­­չու­­մի մի այլ բա­­ցատ­­րութիւնն է կեդ­­րո­­­նախոյ­­զը։ Սա իր հետ կը բե­­րէ աչ­­քէ հե­­ռու ըլ­­լա­­­լու հան­­գա­­­ման­­քը եւս։ Հո­­գեվի­­ճակ մը՝ որ հա­­ւասա­­րապէս կը բաժ­­նեն սահ­­մա­­­նամերձ տա­­րածքնե­­րու բո­­լոր բնա­­կիչ­­նե­­­րը, ան­­կախ իրենց ազ­­գա­­­յին, կրօ­­նական, լե­­զուա­­կան տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րուն։ Լքո­­ւածու­­թեան հո­­գեբա­­նու­­թիւնն է ան, որ ալ աւե­­լի շեշ­­տա­­­կի կը դառ­­նայ տնտա­­սական ծանր պայ­­մաննե­­րով։
«Եր­­կու կող­­մե­­­րուն ալ հանդիպեցանք խոժոռադէմ մարդկանց, որոնց այլամերժական հայեացքը զգալի էր մերթ իմ մերթ ալ Փնարի հանդէպ։ Մեր բա­­րեբախ­­տութիւնն էր օգ­­տո­­­ւիլ եր­­կու տա­­րիներ առաջ այս գիւ­­ղե­­­րուն մէջ աշ­­խա­­­տակ­­ցող Ալի Սալ­­թա­­­նի փոր­­ձա­­­ռու­­թիւննե­­րէն։ Անոր յանձնա­­րարու­­թեամբ ծա­­նօթա­­ցանք Բա­­գարա­­նի մէջ Գո­­հար եւ Զոհ­­րապ Ղա­­զարեան­­նե­­­րուն եւ Հա­­լըքըշ­­լա­­­քի մէջ ալ Սա­­յիմա եւ Ճե­­մալ Սա­­րըտաղ ամո­­լին, որոնք մեզ հիւ­­րընկա­­լեցին իրենց ըն­­տա­­­նեկան եր­­դի­­­քին տակ» կը պատ­­մէ Պերճ Արա­­պեան։
Վե­­րոն­­շեալ ալ­­պո­­­մը պաշ­­տօ­­­նական հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէ մը աւե­­լի յի­­շատա­­կարա­­նի մը բնոյթ ու­­նի, որ Քե­­մալ Ճեն­­կիզքա­­նի, Եու­­սուֆ Աս­­լա­­­նի, Մու­­րատ Կեր­­մե­­­նի եւ Տո­­րա Կիւ­­նե­­­լի լսո­­ւան­­կարնե­­րու ան­­ջատ հա­­ւաքա­­ծօնե­­րով կը կազ­­մէր ժա­­մանա­­կակից լու­­սանկա­­րիչ­­նե­­­րու գոր­­ծե­­­րէն բաղ­­կա­­­ցող շարք մը։
Ուրախու­թիւն միայն
Միայն շա­բաթ մը առաջ էր, որ մենք վա­յելե­ցինք «միայն» բա­ռի պատ­մութիւ­նը։ Կար­ծե­ցինք, թէ հո­գեւոր ան­ցեալ մը միայն ու­նէր ան, քան­զի կար­դա­ցինք Աս­տո­ւածա­շունչ մա­տեանի ջեր­մե­ռանդ խօս­քեր՝ «Ոչ հա­ցիւ միայն կեց­ցէ մարդ», «Մի՚ երկնչիր, միայն հա­ւատա», ապա լսե­ցինք «Միայն սուրբ…» աղօթ­քը։ Մենք տե­սանք մա­տենա­գիր այ­րեր, որոնք մեղ­քի եւ ամօ­թի զգա­ցու­մով միայն իրենց անու­նը դրած էին մա­գաղա­թի վրայ, այլ՝ ոչինչ։ Միայն» բա­ռի պատ­մութիւ­նը այդ օր աւե­լի ծան­րա­ցաւ, երբ տե­սանք, թէ պան­դուխտ հա­յը տխուր եր­գեր հիւ­սեց եւ բա­ցատ­րեց, թէ սի­րելի­ներէն եւ հայ­րե­նիքէն հե­ռու՝ ին­քը միայ­նակ է եւ միայն կու լայ։ Մել­քոն Կիւրճեանը, անոնց սրտա­կից գրի­չը, որ­պէս փոքր սփո­փանք՝ որո­շեց գաղ­թա­կան եղ­բայրնե­րու կեան­քը գրել միայն։ Ապա ես մտա­ծեցի. Ար­դեօ՞ք «միայն»բա­ռը մի միայն տրտմու­թեան բառն է։ Անի­կա կրնա՞ր ծա­ռայած ըլ­լալ նաեւ ծի­ծաղի եւ սի­րոյ։ Յայտնո­ւեցաւ, թէ «միայն» բա­ռը ու­նէ՚ր քնա­րական էջեր եւս։ Այ­սօր, ես կ’առա­ջար­կեմ, որ մենք, գի­շերա­յին այս խա­ղաղ ժա­մերուն, երբ միա­յնակ ենք լու­սամփո­փի մը մեղմ լոյ­սին տակ, ըն­թերցենք կեն­սուրախ քա­նի մը տաղ, քա­նի մը տող։
Հե­կեկանք միայն
«Միայն» բա­ռը դար­ձաւ քնա­րական, երբ եր­կու թո­քախ­տա­ւոր տղա­ներ բառս սի­րային քեր­թո­ւած­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծեցին։ Անոնք սէր եւ ապ­րիլ կ’ու­զէին։ Անոնցմէ մէ­կը Մատ­թէոս Զա­րիֆեանն էր։ Աւա՜ղ, Պոս­ֆո­րի սի­րալիր ջու­րե­րը բու­ժա­րար չէին անոր հի­ւանդ թո­քերուն հա­մար, ոչ ալ Պոլ­սոյ գե­ղատե­սիլ բլուրնե­րու շունչը՝ իր վի­րաւոր սիր­տի հա­մար։ Տղան լոկ ապ­րիլ կ’ու­զէր, վա­յելել կոյս կեան­քը. «Հրեշ­տակնե­րու պէս՝ հե­ռուն, / Ծա­ռեր ճեր­մակ, / Շու­շաններ / Թա­ւիշ­ներ, / Օ՜ կեանքն այս կոյս։ Կը դո­ղայ… / Օ՜ քաղցրու­թիւնն այդ, հե­ռուն, իմ դառ­նութեանս դի­մաց… / Ապ­րի՜լ միայն, ըլ­լալ լոկ, խո­նար­հութեամբ մը, Աս­տո՜ւած…»։ Մէկ այլ քեր­թո­ւածի մէջ ող­բա­ցող Մատ­թէոսը խօ­սեցաւ ճեր­մակ աղջկան. «Ճեր­մա՚կ աղ­ջիկ, ին­ծի կ՚ըսես, / Ականջս ի վար, / Որ ըլ­լաս փոքր իմ սի­րահա՚ր… / Միայն թէ կը լսե՞ս / Ողբն ան­տա­ռին… / Իմ սիրտս է ճի՚շտ ան­տա­ռին պէս… »։ Իսկ Կով­կա­սի մէջ մէկ այլ թախ­ծոտ տղայ, Վա­հան Տէ­րեանը, իր հո­գիին մէջ գտաւ հե­կեկանք միայն. «Աշ­նան երգ։ Կրակ­ներս ան­ցան, / Ցուրտ ու մէգ է միայն… Դու դեռ ապ­րում ես երա­զի նման. / — Բայց չէ՞ որ միշտ էլ երազ էր միայն… Իմ սրտում միայն սա­ռած հե­կեկանք»։
Միայն Աս­տո­ւած գի­տէ
«Միայն» բա­ռի մէջ շատ ուշ խառ­նո­ւեցաւ ծի­ծաղը։ Հայ ըն­թերցո­ղը մին­չեւ 1941 պէտք էր սպա­սեր, որ Փա­րիզի մէջ լոյս տես­նէր գիրք մը, ու մե­զի տար քիչ մը ժպիտ։ Խօսքս Նշան Պէ­շիկ­թաշլեանի մա­սին է։ Պա­տանի Նշա­նը, դեռ Պոլ­սոյ պատ­կա­ռելի թա­ղամաս Բե­րայի նա­խակրթա­րան­նե­րու աշա­կեր­տած տա­րինե­րուն ար­դէն նո­ւիրո­ւած էր հա­յոց գի­րին ու գրա­կանու­թեան։ Իսկ, հա­յոց պատ­մութեան աղի­տալի օրե­րուն, ան չէր կրնար գրող մը մնալ միայն։ 1922 թո­ւակա­նին երբ Զմիւ­ռիայէն տե­ղափո­խուե­ցաւ Յու­նաստան, նախ Կոր­ֆու կղզիի վրայ դար­ձաւ որ­բախնամ ազ­գա­սէր, ապա Փա­րիզի մէջ՝ հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նիչը։ Այդ օրե­րուն ան գրի առաւ «Հայ աղբրտիք» գիր­քը եւ մե­զի բա­ցատ­րեց մեր հայ­րե­նակից­նե­րու թե­րու­թիւննե­րը։ Ահա՚, կե­սարա­ցին. «Կա­խարդ մըն է ան, որ գի­տէ ամէն բան ոս­կիի վե­րածե­լու գաղտնի­քը։ Մէկ բան միայն չէ կրցած ոս­կիի վե­րածել՝ հա­յերէն լե­զուն»։ Վա­նեցին. «Քի­թը մեծ է։ Աս­տո­ւած միայն գի­տէ, թէ այդ քի­թը ո՚ւր կը սկսի եւ ո՚ւր կը վեր­ջա­նայ»։ Իսկ ծաղ­րե­լով Զմիւռնիոյ հա­յու լե­զուն՝ ան գրեց. «Որով­հե­տեւ ինք ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տա­ղան­դով չէր ծնած, այլ միայն թարգմա­նիչի տեն­դով, իրար խառ­նեց հա­յերէ­նը, յու­նա­րէնը, ֆրան­սե­րէնը եւ թուրքե­րէնը՝ մէջ­տեղ բե­րելով զմիւռնե­րէնը»։
Միայն կա­նանց հա­մար
«Միայն» բա­ռը յա­ճախ լոյս տե­սաւ հայ­կա­կան գիր­քի վրայ. անդրա­նիկը՝ 1886 թո­ւակա­նին։ Ես մի­ջազ­գա­յին պտոյտ մը կա­տարե­ցի հայ­կա­կան գրատ­պութեան պատ­մութեան մէջ եւ միայն ձե­զի հա­մար, յար­գե­լի ըն­թերցող, հա­մադ­րե­ցի քա­նի մը խո­րագիր՝ սկսե­լով անդրա­նիկ այդ հա­տորէն. «Հա՞րկ է որ մկրտու­թիւնն ըլ­լայ ընկղմամբ միայն», Պո­լիս, 1886։ Ապա աշ­խարհի բո­լոր կող­մե­րը լոյս տե­սան այլ գրա­ւիչ անուններ. «Միայն կի­նը- Բա­նաս­տեղծու­թիւններ», Թիֆ­լիս, 1919, «Հ.Յ. Դաշ­նա­կացու­թեան ծրագ­րի վե­րաքննու­թիւն- Դաշ­նակցա­կան ըն­կերնե­րու հա­մար միայն», Լոս Ան­ճը­լըս, 1930, «Մի բա­րիք կայ՝ միայն գի­տու­թիւնը եւ մի չա­րիք՝ տգի­տու­թիւնը…», Մար­սէյլ, 1930, «Միայն մէկ ժամ», «Միայն երգն է յա­ւեր­ժա­կան», «Միայն Յի­սուս», «Բաց միայն իմ դի­մաց ճամ­բա­ներն Ար­մե­նիոյ», Պէյ­րութ, «Տալ միայն», «Չորս տող միայն», Իս­թանպուլ։ Իսկ Երե­ւանի մէջ մայ­թի մը վրայ գիր­քեր շա­րած գրա­վաճա­ռը ձեր ներ­կա­յու­թիւնը նկա­տելով եթէ հարցնէ՝ «Ին­չո՞վ կա­րող եմ օգ­նել», դուք, այդպէս չէ՞, կը պա­տաս­խա­նէք՝ «Միայն կը նա­յիմ»։ Այն ժա­մանակ մար­դը, մի՚ զար­մա­նաք, մայ­րա­քաղա­քի մէջ լոյս տե­սած տաս­նեակ հա­տոր­ներ հպար­տութեամբ ցոյց կու տայ ձե­զի եւ կը բա­ցատ­րէ, թէ բո­լորն ալ ըն­տիր գիր­քեր են. «Գրպա­նի օրա­ցոյց. Միայն կա­նանց հա­մար», «Միայն տղա­մարդկանց հա­մար- Վէպ», «Քա­ղուած­ներ Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդհ. ժո­ղովի որո­շումնե­րից ։ Միայն մար­միննե­րին հա­մար», «Նիւ­թեր…- միայն կու­սակցա­կան ան­դամնե­րի հա­մար», «Միայն քեզ հա­մար- բա­նաս­տեղծու­թիւններ», «Ոչ միայն հա­ցիւ», «Միայն արեւդ տես­նեմ- բա­նաս­տեղծու­թիւններ», «Ոչ միայն ֆուտբո­լի մա­սին- Պատ­մութիւններ անո­ւանի ֆուտբո­լիստնե­րի կեան­քից», «Իսկ հե­րոս­նե­րը միայն ծնւում են», «Երե­ւան-Փա­րիզը միայն չվերթ չէ», «Միայն թէ լոյ­սը չմա­րի- վէպ», «Միայն թէ լաց չլի­նէք- պատ­մո­ւածքներ», «Միայն թէ դու ապ­րես», «Ղա­րաբա­ղը միայն ԼՂԻՄ-ը չէ» Բաց նա­մակ ՌԴ նա­խագահ պր. Վ.Վ. Պու­տի­նին, հա­յերէն, ռու­սե­րէն, անգլե­րէն, ֆրան­սե­րէն, Երե­ւան, Ամա­րաս, 2014։
Միայն եր­գեր շատ սի­րեցի
Օրեր եղան, հայ­րե­նանո­ւէր, հայ­րե­նասէր եւ իմաս­տա­սէր այ­րեր իրենց կեան­քը եւ միտ­քը նո­ւիրե­ցին վե­րին գա­ղափար­նե­րուն։ Երբ նկա­տեցի, թէ յայտնի հա­յեր թե­ւաւոր խօս­քե­րու հա­րուստ ժա­ռան­գութիւն մը ու­նին՝ որո­շեցի ընտրա­նի մը կազ­մել եւ ձե­զի մա­տու­ցել։ Անոնցմէ եր­կու հա­տը նո­ւիրո­ւած էր հա­յոց մայ­րե­նիին. «Մեր լե­զուն միայն մեզ չի պատ­կա­նում, այլ աշ­խարհին, նա միայն մեր սրբու­թիւնը չէ, այլ մա­սունքը հա­նուր մարդկու­թեան», Պա­րոյր Սե­ւակ, «Ժո­ղովուրդն է միայն, որ կը դարբնէ լե­զուն կեան­քի ամէ­նօրեայ սա­լին վրայ», Գրի­գոր Զոհ­րապ։ Եր­կու հա­տը նո­ւիրո­ւած էր հայ­րե­նասի­րու­թեան եւ անձնա­զոհու­թեան. «Ոմանք արե­ւը միայն խա­ւար­ման ժա­մանակ են նկա­տում…։ Ապստամբ ժո­ղովրդին միայն Աս­տո­ւած կա­րող է յաղ­թել», Գա­րեգին Նժդեհ։ Նժդե­հը ակ­նարկեց նաեւ Զմիւռնիոյ հա­յու­թեան կու­տա­կած հարստու­թեան. «Միայն զմիւռնիացի հա­յոց հարստու­թեամբ կա­րելի պի­տի լի­նէր մի մեծ ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱՆ գնել»։ Անդրա­նիկ Փա­շան մե­զի բա­ցատ­րեց իր պայ­քա­րի միակ նպա­տակը. «Ես մշտա­պէս ձգտել եմ միայն մի բա­նի եւ պայ­քա­րել եմ միայն մի բա­նի՝ իմ հա­րազատ ժո­ղովրդի ազա­տու­թեան եւ բա­րեկե­ցու­թեան հա­մար»։ Եր­կու խօսք ալ կեան­քի նպա­տակի մա­սին. «Քո գոր­ծը միայն քո անու­նը կը պա­հէ», Խա­չատուր Աբո­վեան, «Երբ սի­րում ես քո ըն­կե­րին, աւե­լի մեծ ես, քան եթէ սի­րես միայն քեզ՝ միայն քո ես-ը։ Երբ սի­րում ես մի ամ­բողջ ժո­ղովուրդ, աւե­լի մեծ ես, քան եթէ սի­րես միայն ըն­կե­րիդ», Աւե­տիք Իսա­հակեան։ Իսկ Դու­րեանի խօս­քե­րու մէջ մենք լսե­ցինք թո­քախ­տա­ւորի մը դիւ­րա­բեկ նե­րաշ­խարհը. «Ես, որ աշ­խարհի մէջ միայն եր­գեր շատ սի­րեցի, կ’ու­զեմ, որ իմ վեր­ջին շունչս ալ երգ մ’ըլ­լայ»։ Ապա, տղան ինքն իրեն հա­մար յօ­րինեց հրա­ժեշ­տի խօսք մը՝ յու­զիչ դամ­բա­նական մը. «Ա՜հ, եղ­բայր իմ, ահա երի­տասարդ մը, որ եկած է աշ­խարհ միայն իր մահն ու թշո­ւառու­թիւնը տես­նե­լու եւ զգա­լու հա­մար»։
Միայն այդ չի վա­ճառ­ւում
«Միայն» բա­ռի երաժշտա­կան պատ­մութիւ­նը շատ հին է։ Ան ու­նի հո­գեւոր սկիզբ։ Հա­յը առա­ջին ան­գամ իր պա­տարա­գի մէջ եր­գեց «միայն» բա­ռը, երբ «Բուն պա­տարա­գի» մէջ ոտ­քի ելաւ Հա­ւատամ­քը եղա­նակա­ւորեալ ար­տա­սանե­լու նպա­տակով. «…Հա­ւատամք եւ ի մի միայն, ընդհան­րա­կան եւ առա­քելա­կան սուրբ եկե­ղեցի»։ Ապա, նոյն պա­տարա­գի մէջ հա­յը յու­զիչ երգ եր­գեց. «Միայն Սուրբ, / Միայն Տէր, / Յի­սուս Քրիս­տոս ի փառս Աս­տուծոյ Հօր. Ամէն»։ Իսկ մեր օրե­րուն «միայն» բա­ռը դար­ձաւ սի­րային եր­գե­րու սի­րելի բա­ռը. Մէ­կը Աւե­տիք Իսա­հակեանի՝ 1893 թո­ւակա­նին Լայփցի­կի մէջ գրի առած «Գի­շերն եկա­ւ» քեր­թուածն է, որ Ալ. Հէ­քիմեանի քնքոյշ եղա­նակով կը շա­րունկէ մեր ականջնե­րը շո­յել. «Գի­շերն եկաւ, զով-հովն ըն­կաւ… / Սիրտս խնդաց, կուրծքս թնդաց / Եւ լա­րերը խզո­ւեցին… / -Միայն սի­րոյ լա­րը մնաց / Սրտիս ան­հուն խոր­քե­րում»։ Ճար­տա­րապետ, երա­ժիշտ, եր­գա­հան, բա­նաս­տեղծ, եր­գիչ, նկա­րիչ, 1968-1979 տա­րինե­րուն «Առա­քեալ­ներ» ռոք խումբի հիմ­նա­դիր, իսկ 2018-2020 թո­ւական­նե­րուն Երե­ւանի գլխա­ւոր ճար­տա­րապետ Ար­թուր Մես­չեանը սար­սա­փով տե­սաւ, թէ աշ­խարհի վրայ ամէն ինչ վա­ճառ­քի դրո­ւած է, բայց մէկ բան միայն ծա­խու չէ։ Մէս­չեանը երգ մը գրեց իր դժգո­հու­թիւնը (եւ յոյ­սը) յայտնե­լու հա­մար. «Միայն նա չի վա­ճառ­ւում, / Որ ոչ ծնւում է, ոչ շնչում, / Որ ոչ լռում է, ոչ ճա­ռում, / Միայն նա չի վա­ճառ­ւում։ / Մնա­ցածը վա­ճառ­ւում է… / Եւ միայն խա­չիդ գա­մերը, / Այս կեան­քի տա­ռապանքնե­րը / Միայն այդ չի վա­ճառ­ւում։ / Եւ սրտին սեղ­մո­ւած պատ­կե­րը, / Կո­րուստի թախ­ծոտ աչ­քե­րը, / Միայն այն չի վա­ճառ­ւում։ / Մնա­ցածը վա­ճառ­ւում է, / Մնա­ցածը վա­ճառ­ւում են, / Եւ բո­լորն են վա­ճառ­ւում»։
Ես սի­րում եմ միայն քեզ
Ահա ուշ գի­շեր է։ Վա­յելե­ցինք «միայն» բա­ռի դառն եւ ծի­ծաղե­լի, իմաս­տուն եւ խրա­տական եր­գը։ Քա­նի որ, յար­գե­լի ըն­թերցող, կեան­քի ու­րա­խու­թիւնն է մեր միակ նպա­տակը, ես կ’առա­ջար­կեմ, որ սի­րային եր­գով մը հրա­ժեշտ տանք իրա­րու. «Միայն քեզ», Սի­րու­շօ. Մին­չեւ յա­ջորդ հան­դի­պում՝ ձեր կեան­քի մէջ ու­նե­նաք սէր միայն, ու­րա­խու­թիւն միայն եւ բա­րեկա­մի հետ բարձրա­ցած բա­ժակ մը քաղցր, կար­միր գի­նի միայն.
Առա­ջին սէ­րը ինձ թւում է
Միշտ կ’ապ­րի
Այ­րե­լով տո­ղերը
Կ’ար­տա­սուի
Ար­ցունքներ թող­նե­լով
Ես սի­րում եմ միայն քեզ,
Այ­րո­ւող իմ սիր­տը տես,
Քեզ մօտ գա­լիս եմ,
Որ ասեմ ես քոնն եմ.
Ես սի­րում եմ քեզ,
Միայն քեզ։
Ամբողջ ճամ­բու տե­ւողու­թեամբ զա­նազան միտ­քեր եկան ու ան­ցան Նի­կոլի գլխուն մէջ։ Նախ մտա­ծեց Վե­հանոյ­շի մա­սին, խոր­հե­ցաւ թէ շու­տով պի­տի յա­ռաջա­նայ մտքի մո­լորումնե­րը։ Որո­շեց յա­ջորդ այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին հան­դի­պել նաեւ հօ­րը դա­սըն­կե­րոջ, Ստե­փան Չիզ­մե­ճեանին. Իր­մէ լսե­լու հա­մար թէ եթէ մտքի խան­գա­րու­մը աւել­նայ, խնամ­քի ի՞նչ մի­ջոց­ներ կ՚ու­նե­նան Ազ­գի Տան մէջ։ Առանձնու­թիւնը Վե­հանոյ­շի նա­խընտրու­թիւնն էր թէեւ, բայց իրենք չէին կրնար այդ նա­խընտրու­թիւնը պատ­րո­ւակե­լով հրա­ժարիլ որ­դիական պա­տաս­խա­նատուու­թե­նէ։
Այդ խոր­հուրդնե­րու մէջ էր՝ երբ գնաց­քը հա­սաւ Եէնի­գաբո­ւի կա­յարա­նը։ Ցու­ցա­տախ­տակնե­րուն հե­տեւե­լով ան­վա­րան գտաւ մետ­րօ­պոլի­տենի մուտքը, ուր այս ան­գամ պի­տի ճամ­բորդէր մին­չեւ Լե­ւենդ։ Այդտեղ կրկին պի­տի փո­խէր ստոր­գետնեայ եր­կա­թու­ղին, հաս­նե­լու հա­մար Հի­սարիւսթիւ կո­չուած թա­ղամա­սը, ուր կը գտնո­ւի նաեւ իր դա­սաւան­դած հա­մալ­սա­րանի հան­րա­կացա­րանը։
Ճամ­բորդու­թեան ըն­­թացքին խոր­­հե­­­ցաւ նաեւ նոր ծա­­նօթա­­ցած քա­­ղաքին մա­­սին։ Թէ հայ­­րը եւ թէ հօ­­րեղ­­բայրը շատ պատ­­մած էին Պոլ­­սոյ մա­­սին, բայց քա­­ղաքի ժխո­­րը, բազ­­մութիւ­­նը, ժո­­ղովուրդի զա­­նազա­­նու­­թիւնը, բո­­լորն ալ կը գե­­րազան­­ցէին այդ պա­­տումնե­­րով գո­­յացած կար­­ծե­­­ցեալ պատ­­կե­­­րացումնե­­րը։ Այս մտա­­ծած պա­­հուն անդրա­­դար­­ձաւ թէ նոյ­­նիսկ հայր կամ հօ­­րեղ­­բայրը, եւս պի­­տի դժո­­ւարա­­նային իրենց յի­­շած Պո­­լիսը գտնե­­լու մէջ։ Մտա­­բերեց եր­­կա­­­թու­­ղիի երեք գի­­ծեր փո­­խելով կա­­տարած ներ­­քա­­­ղաքա­­յին ճամ­­բորդու­­թիւնը եւ ալ աւե­­լի հա­­մոզո­­ւեցաւ թէ անոնք հաս­­տատ պի­­տի շփո­­թին իրենց ու­­ղին։
Երբ հա­­սաւ Հի­­սարիւսթիւ, փո­­խանակ դէ­­պի հան­­րա­­­կացա­­րան ուղղո­­ւելու, բռնեց հա­­կառակ ու­­ղին ու մտաւ հա­­մալ­­սա­­­րանի մուտքի դրան հա­­րեւա­­նու­­թեամբ սրճա­­րան մը։ Մտքով հա­­շուեց եր­­կիրնե­­րու մի­­ջեւ ժա­­մի տար­­բե­­­րու­­թիւնը եւ հա­­ւաքեց Ու­­ղուրի հա­­մարը։ Սո­­վորու­­թիւն դար­­ձած կեր­­պով նախ­­քան զան­­գա­­­հարել գրա­­ռու­­մով հար­­ցուց։ «Հար­­մար ե՞ս»։ OK պա­­տաս­­խա­­­նը տես­­նե­­­լով իս­­կոյն զան­­գա­­­հարեց։
Ժի­­րայրն ու Ար­­մա­­­նը այս քա­­ղաքէն մեկ­­նե­­­լէ ետք առա­­ջին ու կար­­ծես վեր­­ջին ան­­գամ Կար­­պի­­­սի յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան հա­­մար այ­­ցե­­­լած էին իրենց ծննդա­­վայ­­րը։ Այդ այ­­ցե­­­լու­­թե­­­նէն 22 տա­­րիներ ետք, Նի­­կոլ ոտք կը դնէր Պո­­լիս, մեծ տար­­բե­­­րու­­թիւն նկա­­տեց լսած­­նե­­­րով պատ­­կե­­­րացումնե­­րուն եւ սե­­փական փոր­­ձով տե­­սած­­նե­­­րուն մի­­ջեւ։
Անընդհատ ընդլայ­­նող եւ բազ­­մա­­­ցող այս քա­­ղաքին մէջ կա­­յին թա­­ղեր, որոնք ծա­­նօթ չէին նաեւ քա­­ղաքի ու­­րիշ հա­­տուա­­ծի մը ծնած մարդկանց հա­­մար իսկ։
Պայ­­մա­­­նագիր կնքած հա­­մալ­­սա­­­րանը իր պատ­­մա­­­կան ան­­ցեալով ու գրա­­ւած դիր­­քով ար­­տա­­­կար­­գօ­­­րէն հմա­­յիչ էր։ Միւս կող­­մէ դեռ եկած օր իսկ ակա­­նատես եղաւ հա­­մալ­­սա­­­րանի տես­­չա­­­րանի մօտ կա­­տարո­­ւած բո­­ղոքի ցոյ­­ցին։ Հա­­մալ­­սա­­­րանի դա­­սախօս­­ներ հա­­ւաքո­­ւած էին տես­­չա­­­րանի շէն­­քի առ­­ջեւ, կռնակ­­նին շէն­­քին դար­­ձուցած լուռ կանգնած էին։ Շու­­տով իմա­­ցաւ թէ ակա­­դեմա­­կան­­նե­­­րու այդ ցոյ­­ցը կը կրկնո­­ւէր ամէն շա­­բաթ, իբ­­րեւ բո­­ղոքի ցոյց երկրի նա­­խագա­­հին կող­­մէ ձեռ­­նադրո­­ւած տե­­սու­­չի դէմ։
Հա­­մալ­­սա­­­րանի մի­­ջավայ­­րին լե­­զուի խնդիր չու­­նէր։ Հա­­մարեա բո­­լորը կը՝ տի­­րապե­­տէին անգլե­­րէնի։ Իսկ փո­­ղոցը ական­­ջը բա­­ւական սո­­վոր էր թրքե­­րէնի Ժի­­րայր իր ըն­­կերնե­­րէն ոմանց հետ թրքե­­րէն կը խօ­­սէր։ Բա­­ռացի իմաս­­տը չի­­մանայ իսկ կը գու­­շա­­­կէր թրքե­­րէնով ար­­տա­­­սանո­­ւած հայ­­հո­­­յանքնե­­րը։
Այս բո­­լորը վայրկեան­­նե­­­րու տե­­ւողու­­թեան մէջ փո­­խան­­ցեց Ու­­ղուրին։ Պատ­­մեց նաեւ Վե­­հանոյ­­շի եւ անոր ապ­­րած մի­­ջավայ­­րի մա­­սին։ Բաժ­­նեց իր մեծ­­մօր նկատ­­մամբ մտա­­հոգու­­թիւննե­­րը։
Ու­­ղուր եւս պատ­­մե­­­լիք­­ներ ու­­նէր իր լոն­­տո­­­նեան տպա­­ւորու­­թիւննե­­րէն։ Նի­­կոլն ու Ու­­ղուրը հա­­զիւ քա­­նի մը օրե­­րու տար­­բե­­­րու­­թեամբ դուրս եկած էին Միացեալ Նա­­հանգնե­­րէն։ Մէ­­կը եկած էր Պո­­լիս, իսկ միւ­­սը Միացեալ Թա­­գաւո­­րու­­թիւն։ «Կը սպա­­սէի որ եղա­­նակը անձրե­­ւոտ պի­­տի ըլ­­լայ, բայց շա­­բաթ մըն է որ արեւ-արե­­գակ պայ­­ծառ եղա­­նակ մը կը տի­­րէ հոս» պատ­­մեց Ու­­ղուրը։ Ապա ան ալ տե­­ղեկու­­թիւններ տո­­ւաւ Նի­­կոլի նման եր­­կու ուսման շրջան դա­­սաւան­­դե­­­լու հա­­մար եկած հա­­մալ­­սա­­­րանին մա­­սին։ Որ­­պէս տար­­բե­­­րու­­թիւն Նի­­կոլէն, Ու­­ղուր իր դի­­մաց գտած էր խիստ աւան­­դա­­­պահ մի­­ջավայր մը։ «Այստեղ կեան­­քը կ՚ըն­­թա­­­նայ կարգ ու կա­­նոն­­նե­­­րու հրա­­մայա­­կանով։ Կար­­ծես ժա­­մանա­­կը սա­­ռած ըլ­­լայ ան­­ցեալի որոշ մէկ հա­­տուա­­ծին եւ դուն խզո­­ւիս դուրսը անընդհատ հո­­սող կեան­­քէն եւ այս պատ­­մա­­­կան ամ­­րո­­­ցին մէջ, որ կը կո­­չուի հա­­մալ­­սա­­­րան, շրջա­­պատուիս ու­­րիշ աշ­­խարհի մը պատ­­կա­­­նող մարդկանց հետ»։
Տե­­ղին էր Ու­­ղուրի « ու­­րիշ աշ­­խարհի մը պատ­­կա­­­նող» նմա­­նու­­թիւննե­­րը, քա­­նի որ Անգլիոյ նման աւան­­դա­­­պաշտ եր­­կիրնե­­րու մէջ բո­­լորը չեն որ կ՚ու­­նե­­­նան հա­­մալ­­սա­­­րան յա­­ճախե­­լու կա­­րելիու­­թիւնը։ Այդ տե­­սակ եր­­կիրնե­­րու մէջ բարձր պաշ­­տօննե­­րու կո­­չուե­­լու ծա­­ռայող ու­­սումը որոշ դա­­սակար­­գի մը մե­­նաշ­­նորհն է։ Ուսման առա­­ջին մա­­կար­­դա­­­կին՝ նա­­խակրթա­­րանի տա­­րինե­­րէն դպրոց յա­­ճախող իւ­­րա­­­քան­­չիւր հա­­րիւր աշա­­կեր­­տէ հա­­զիւ մէկ ձեռ­­քի մա­­տերուն թի­­ւով պի­­տի հաս­­նի այդ հանգրո­­ւանին։ Ու անոնց ո՞ր աշա­­կերտներ ըլ­­լալն ալ յայտնի է տա­­կաւին առա­­ջին դա­­սարա­­նէն իսկ։
Ու­­ղուր ան­­վա­­­րան OK գրած էր Նի­­կոլի «Հար­­մար ե՞ս» հար­­ցումին։ Նի­­կոլ նման հար­­ցում ուղղած պա­­հուն ուրկէ՞ կրա­­հեր թէ Ու­­ղուր նոյն այդ պա­­հուն ուր է եւ ի՞նչ դիր­­քի մէջ։
Վե­­րադառ­­նանք Լոն­­տոն, ուր Ու­­ղուր բո­­լորո­­վին հիաս­­թա­­­փուած կեր­­պով նստած է «London eye»ի 32 խցիկ­­նե­­­րէն մէ­­կուն եւ գա­­րու­­զե­­­լի պտոյ­­տով կը փոր­­ձէ քա­­ղաքի հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը ըմ­­բոշխնել կա­­րելի ամե­­նաբարձր դիր­­քէն դի­­տելով։
Կը փոր­­ձէր հասկնալ հան­­դի­­­պած աղէ­­տի գոր­­ծի­­­քաւո­­րու­­մը։ Նի­­կոլի մտա­­վախու­­թիւնը իրա­­կանա­­ցած էր մի փոքր տար­­բե­­­րու­­թիւնով։ Շան­­թա­­­հարո­­ւած էր ոչ թէ Թրամ­­փի այ­­լա­­­մերժ հե­­տապնդումնե­­րէն, այլ ուղղա­­կի ՄՕ­­ՍԱՏ-ի գոր­­ծիչնե­­րու հետզհե­­տէ տիեզե­­րական ծաւալի հա­­սած վրի­­ժառու­­թե­­­նէն։
Խնդրին մեկ­­նա­­­կէտը Ու­­ղուրին ալ յա­­ճախած հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ կա­­յացող բո­­ղոքի ցոյց մըն էր, որ կազ­­մա­­­կեր­­պուած էր Կազ­­զա­­­յի մէջ գոր­­ծադրուող վայ­­րա­­­գու­­թեան հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թեան հա­­մար։
Երկրա­­գունդի արեւմտեան հա­­տուա­­ծի բազ­­մա­­­թիւ հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րու մէջ ծա­­ւալող այդ բո­­ղոքի ալի­­քը, հա­­մարեա բո­­լոր իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու կող­­մէ դի­­տուե­­ցան իբ­­րեւ հա­­կասե­­միդ գրգռու­­թիւն։ Այդ մե­­ղադ­­րանքով բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան բազ­­մա­­­թիւ ու­­սա­­­նող­­ներ։ Իսկ ար­­տերկի­­րէ եկող­­նե­­­րու վի­­զանե­­րը ջնջո­­ւեցան ու բազ­­մա­­­թիւ երի­­տասարդ յայտնո­­ւեցան փախստա­­կանի դիր­­քին մէջ։
Թէեւ Ու­­ղուր այդ առու­­մով դժո­­ւարու­­թիւն մը չէր ապ­­րած այդ օրե­­րուն։ Իրեն սպառ­­նա­­­ցող դա­­ւադ­­րութեան հա­­մար պի­­տի ճամ­­բորդէր եր­­կա­­­րատեւ թռիչ­­քով, պի­­տի հաս­­նէր Լոն­­տոն, պի­­տի այ­­ցե­­­լէր հրա­­ւէր ստա­­ցած հա­­մալ­­սա­­­րանի տե­­սու­­չի գրա­­սենեակը եւ այդ սե­­նեակի գրա­­սեղա­­նին վրայ պի­­տի տես­­նէր իր լու­­սանկա­­րը, ձեռ­­քին պա­­ղես­­տի­­­նեան դրօ­­շակով վան­­կարկած պա­­հուն։
Տե­­սու­­չը սառն ձայ­­նով ու բա­­ռերը յա­­տուկ շեշ­­տե­­­լով ըսաւ թէ ստի­­պուած է ջնջել իր հետ կնքո­­ւած հա­­մաձայ­­նութիւ­­նը, քա­­նի որ իբ­­րեւ եր­­կրի կա­­րեւոր ԲՈՒՀ-երէն մէ­­կը, չեն կրնար հան­­դուրժել հա­­կասե­­միդ ելոյթնե­­րու։ Այս ըսե­­լու պա­­հուն հա­­յեաց­­քը կ՚ուղղէր մէկ սե­­ղանին վրայ դրո­­ւած լու­­սանկա­­րին, մերթ ալ խօ­­սակ­­ցի դէմ­­քին։
Ու­­ղուր զգա­­ցած էր թէ օգուտ մը պի­­տի չու­­նե­­­նայ տե­­սու­­չը հա­­մոզել մի­­տող ոեւէ բա­­ցատ­­րութիւն, նոյն յստա­­կու­­թեամբ փո­­խադար­­ձեց նշե­­լով թէ իրա­­ւունքը պի­­տի պաշտպա­­նէ իրա­­ւական գետ­­նի վրայ, քա­­նի որ հա­­մալ­­սա­­­րանի որո­­շու­­մը զուրկ է օրի­­նակա­­նու­­թե­­­նէն։ Ու­­ղուր ինք ալ գի­­տէր թէ Անգլիա այն բա­­ցառիկ եր­­կիրն է, որ չու­­նի ճշտո­­ւած սահ­մա­նադ­րութիւն, բայց փո­խարէ­նը ու­նի ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գի բա­ւակա­նին ամուր աւան­դութիւն։ Եւ այդ եր­կի­րը ծա­նօթ է նաեւ իր աւան­դա­պաշ­տութեամբ։
Սոյն տա­րուայ ուսման տա­րեշրջա­նի վե­րամու­տը եղաւ բա­ւակա­նին փո­թոր­կոտ։ Ար­դէն յի­շողու­թիւննե­րու մէջ թարմ էր նա­խորդ տա­րուայ որոշ բռնու­թեան դէպ­քեր, որոնք պա­տահած էին դպրոց­նե­րէ ներս եւ թէ աշա­կեր­տա­կան եւ թէ ու­սուցչա­կան կեան­քի կո­րուստնե­րու պատ­ճառ դար­ձած։
Բնա­կանա­բար հա­սարա­կու­թեան մօտ լայն ար­ձա­գանգ գտած նման պա­տահար­նե­րը իր հետ բե­րած էին բազ­մաբնոյթ մեկ­նա­բանու­թիւններ։ Ոմանք կը մե­ղադ­րէին դպրոց­նե­րու վա­րիչ­նե­րը, որոնք անհրա­ժեշտ կան­խա­միջոց­ներ չէին ապա­հոված։ Իսկ ին­չե՞ր են այդ կան­խա­միջոց­նե­րը։ Այս պա­հուն առա­ջար­կո­ւած եղա­նակ­նե­րէն ոմանք խիստ կը հա­կասեն դպրոց կո­չուած կա­ռոյ­ցի ըն­կա­լու­մին։ Օրի­նակի հա­մար շա­տեր կը պա­հան­ջէին թէ իւ­րա­քան­չիւր աշա­կերտ նախ­քան դպրոց մտնել, խու­զարկո­ւի պաշ­տօ­նեայի մը կող­մէ։ Այդ առա­ջար­կողնե­րու միտ­քովն իսկ չէր անցներ թէ նման կան­խա­միջո­ցը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար միշտ կա­րելի է գտնել այլ եղա­նակ­ներ։ Վեր­ջա­պէս «անվտան­գութիւն» կո­չուա­ծը գոր­ծադրե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ է ամ­բողջ հա­մակար­գը վտան­գել, դպրո­ցը վե­րածե­լով ար­գե­լանո­ցի։
Վեր­ջին օրի­նակին մէջ դէպ­քի դրդա­պատ­ճա­ռը իր հա­սակա­կից­նե­րու մէջ ինքզինք մե­կու­սա­ցուած զգա­ցող աղջնա­կի մը վրի­ժառու­թիւնն է հա­սարա­կու­թե­նէն։ Ու­րեմն խնդի­րը կրկին ու­նի ըն­կե­րային ծալ­քեր, որոնց հա­մար բո­լոր եր­կի­րը կա­րօտ է յա­տուկ դար­մա­նու­մի։
6 Հոկ­տեմբեր, երեք­շաբթի օր, Պա­շաք­շե­հիրի լի­սէի մը աշա­կեր­տուհի, 2011-ին ծնած Ֆ.Մ.-ն, իր բնա­կած Գա­յապա­շը թա­ղամա­սի միջ­նա­կարգ դպրոց­նե­րէն մէ­կուն եկած եւ իր հետ բե­րած դա­նակով դպրո­ցի բա­կին մէջ աշա­կերտնե­րուն վրայ յար­ձա­կած էր։ Յար­ձա­կու­մի հե­տեւան­քով մէկ աշա­կերտ կեան­քը կորսնցու­ցած, եօթը աշա­կերտ ալ վի­րաւո­րուած էին։
Դէպ­քէն ետք բժշկա­կան խումբե­րու կող­մէ Պա­շագ­շե­հիրի Չամ եւ Սա­քու­րա Հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րո­ւած աշա­կերտնե­րէն 2-ը, բուժման աւար­տին դուրս եկան։
Կը տե­ղեկա­ցուի, թէ 5 աշա­կերտնե­րու բու­ժումը հի­ւան­դա­նոցին մէջ կը շա­րու­նա­կուի։
Յար­ձա­կու­մին մէջ կեան­քը կորսնցու­ցած 10 տա­րեկան Էս­լեմ Սա­րէ Պու­լութի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը կա­տարո­ւեցաւ Պար­թը­նի մէջ։
Ինչպէս նշո­­ւած է մամ­­լոյ հա­­ղոր­­դագրու­­թենէն, գրա­­սէր­­նե­­­րու յի­­շողու­­թեան մէջ տա­­կաւին թարմ է Մխի­­թարեան Սա­­նուց Միու­­թեան եր­­դի­­­քին տակ կազ­­մա­­­կեր­­պուած գիր­­քի տօ­­նավա­­ճառ­­նե­­­րը։ Այս տա­­րի, Թարգման­­չաց Տօ­­նի օրե­­րուն Արաս Հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը եւ Եսա­­յեան Միու­­թիւնը միաս­­նա­­­բար կը կազ­­մա­­­կեր­­պեն «Կրկին» կո­­չու­­մով գիր­­քի փա­­ռատօն մը՝ 8-9-10 Հոկ­­տեմբեր 2026-ին, Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Նա­­րեկեան Սրա­­հին մէջ։
Ստո­­րեւ մեր ընթրցող­­նե­­­րուն ու­­շադրու­­թեան կը ներ­­կա­­­յաց­­նենք, այս նիւ­­թով հրա­­պարա­­կուած մամ­­լոյ յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը։
Պոլ­­սա­­­հայ մա­­մու­­լը, դա­­րաւոր հրա­­տարակ­­չա­­­կան աւան­­դութիւ­­նը, հնա­­վաճառ­­նե­­­րը եւ ան­­կախ հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րը կը հա­­մախմբո­­ւին Թարգման­­չաց Տօ­­նի առի­­թով։ Փա­­ռատօ­­նը կը նո­­րոգէ գիր­­քի հան­­դի­­­պումնե­­րու այն աւան­­դութիւ­­նը, որ եր­­կար տա­­րիներ Փան­­կալթըի Վար­­ժա­­­րանէն Շրջա­­նաւարտնե­­րու Միու­­թեան յար­­կին տակ ծաղ­­կած էր եւ հա­­մայնքի յի­­շողու­­թեան մէջ թան­­կա­­­գին հետք թո­­ղած։ Այ­­սօր, տա­­րիներ ետք, կրկին կը վե­­րած­­նի՝ աւե­­լի լայն մաս­­նակցու­­թեամբ եւ տար­­բեր հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու միաս­­նութեամբ։ Երեք օր տե­­ւելիք հան­­դի­­­պու­­մը ըն­­թերցող­­նե­­­րուն պի­­տի առա­­ջար­­կէ ըն­­դարձակ ծրա­­գիր՝ գիր­­քի վա­­ճառ­­քի տա­­ղաւար­­նե­­­րէն մին­­չեւ զրոյցներ, բաց ար­­հեստա­­նոց­­ներ եւ գրող­­նե­­­րու հան­­դի­­­պումներ։
Հրանդ Տին­­քի 1996-ին «Ակօս»-ի էջե­­րուն մէջ գրած ան­­մո­­­ռանա­­լի նա­­խադա­­սու­­թե­­­նէն՝ «Բա­­րեւ անոնց, որ գիր­­քե­­­րը շա­­լակած բե­­րին, էջե­­րը պահ­­պա­­­նեցին ու հաս­­ցուցին մին­­չեւ օրս», մեկ­­նե­­­լով՝ դա­­րերու ըն­­թացքին վան­­քե­­­րէն տպա­­րան­­ներ, աք­­սո­­­րի ճամ­­բա­­­ներէն նեղ արա­­հետ­­նե­­­րէն տա­­ռերն ու էջե­­րը կրնակ­­նին մին­­չեւ օրս հասցնող­­նե­­­րու ժա­­ռան­­գութիւ­­նը այ­­սօր կրկին շունչ կ'առ­­նէ Նա­­րեկեանի յար­­կին տակ։
Կրկին գիր­­քի Փա­­րատօ­­նը պարզ յի­­շատա­­կի հան­­դի­­­սու­­թե­­­նէ աւե­­լի՝ նպա­­տակ ու­­նի լե­­զու­­նե­­­րու, սե­­րունդնե­­րու եւ մշա­­կոյթնե­­րու մի­­ջեւ կա­­ռու­­ցո­­­ւած դի­­մաց­­կուն կա­­մուրջը ամ­­րապնդել՝ այ­­սօ­­­րուան կեն­­դա­­­նի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րով։
Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը 5 Հոկ­տեմբեր 2026, Եր­կուշաբ­թի մի­ջօրէին, Սո­ւիս Հիւ­րա­նոց-Պոս­ֆո­րուս Իս­թանպու­լի մէջ մաս­նակցե­ցաւ Գեր­ման Միու­թեան Օրո­ւան առ­թիւ սար­քո­ւած ըն­դունե­լու­թեան:
Ըն­դունե­լու­թեան ըն­թացքին Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը Գեր­մա­նիոյ Իս­թանպու­լի Աւագ Հիւ­պա­տոս Տքթ. Ռե­ճին Կրին­պերկէ­րի ան­ձին մէջ շնոր­հա­ւորեց Գեր­ման Միու­թեան Օրը եւ յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց իրեն առա­քելու­թեան մէջ:
Ըն­դունե­լու­թեան ըն­թացքին Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան ըն­կե­րացաւ Արժ. Տ. Ոս­կի Քհնյ. Սար­գիսեան:
Արամ Գամ­­պուրեանը իր ետին բա­­րի յի­­շատակ մը թո­­ղելով տա­­րի մը առաջ հրա­­ժեշտ առաւ մեզ­­մէ։ Ան բա­­ռին բուն իմաս­­տով նո­­ւիրեալ գոր­­ծիչ մը ըլ­­լա­­­լով Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկին ծա­­ռայեց այդ հաս­­տա­­­տու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան յա­­ջոր­­դող օրե­­րէն այս կողմ։ Երբ աւան­­դեց կեան­­քը, իր բո­­լոր ու­­նե­­­ցուածքն ալ թո­­ղուց հա­­մայնքին, իբ­­րեւ կտակ։
3 Հոկ­­տեմբեր շա­­բաթ օրո­­ւայ յետ­­մի­­­ջօրէին ու­­րախ երե­­ւոյթ է տես­­նել թէ Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկը իր գրա­­սենեակի հան­­դի­­­պակած յար­­կա­­­բաժի­­նը գնած եւ Հայ­­Ճար միու­­թեան մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու խորհրդակ­­ցութեամբ վե­­րածած է Արամ Գամ­­պուրեան Մշա­­կոյ­­թի Կեդ­­րո­­­նի մը։ Նա­­խորդ շա­­բաթա­­վեր­­ջին հան­­դի­­­սաւոր կեր­­պով բա­­ցու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ նո­­րակազմ կեդ­­րո­­­նին։ Հան­­դի­­­սու­­թեան ներ­­կայ էր Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քը, Հայ­­Ճա­­­րի անձնա­­կազ­­մը եւ Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի ու միու­­թեան ան­­դամնե­­րը։
Նո­­րակա­­ռոյց կեդ­­րո­­­նին մէջ յա­­տուկ ան­­կիւն մը տրա­­մադ­­րո­­­ւած էր Արամ Գամ­­պուրեանի կի­­սանդրիին հա­­մար, որ քան­­դա­­­կած է ծա­­նօթ արո­­ւես­­տա­­­գէտ Էրոլ Սա­­րաֆեան։
Նոյն օր բա­­ցու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ նաեւ Պոլ­­սա­­­հայ նկա­­րիչ­­նե­­­րու ոսպնեակէն Պա­­լեան գեր­­դաստա­­նի ճար­­տա­­­րապե­­տական վաս­­տա­­­կի ցու­­ցահանդէսին։
Պատ­­րիարք Սրբա­­զանը առի­­թը պա­­տեհ գտաւ ան­­ձամբ շնոր­­հա­­­ւորե­­լու հա­­մար այս տա­­րի հա­­մալ­­սա­­­րանի մտից քննու­­թիւննե­­րու մէջ ար­­տա­­­կարգ յա­­ջողու­­թիւն ար­­ձա­­­նագ­­րած երի­­տասարդնե­­րը։
Խուռնե­­րամ բազ­­մութեան մը մաս­­նակցու­­թիւնով կա­­յացող բաց­­ման հան­­դէ­­­սի աւար­­տին բո­­լորի մտքին մէջ շրջող հար­­ցադրումն էր այս սրա­­հի ար­­ժա­­­նի կեր­­պով շա­­հագործման հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը։
Յի­­շենք թէ հիմ­­նարկը ու­­նի բա­­ւակա­­նին հա­­րուստ գրա­­դարան մը։ Բայց հար­­ցա­­­կան կը մնայ այդ գրա­­դարա­­նի շա­­հագործման կա­­րողու­­թիւննե­­րը։ Հոն գտնո­­ւող գիր­­քե­­­րու ցան­­կը որ­­քա­­­նո՞վ թո­­ւայ­­նա­­­ցած է եւ հա­­սանե­­լի բո­­լոր հե­­տաքրքիր­­նե­­­րուն։
Հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւններ ի՞նչ եղա­­նակ­­նե­­­րով պի­­տի կա­­րենան օգ­­տո­­­ւիլ մի­­ջավայ­­րէն։
Հար­­ցադրումներ, որոնց դրա­­կան պա­­տաս­­խաննե­­րով պի­­տի իմաս­­տա­­­ւորո­­ւի այս նոր մշա­­կոյ­­թի կեդ­րո­նը։
Հայաստա­նի եւ Ռու­սիոյ դաշ­նութեան յա­րաբե­րու­թիւննե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ բա­ւակա­նին ցուրտ մի­ջավայ­րի մէջ։ Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի աւար­տէն ետք հայ հա­սարա­կու­թիւնը ծան­րօ­րէն հիաս­թա­փեցաւ իր ռազ­մա­կան գոր­ծընկե­րոջ վա­րած քա­ղաքա­կանու­թեան դի­մաց։
Այս զար­գա­ցու­մէն ետք հայ­րե­նի երկրի մէջ հետզհե­տէ ծա­ւալե­ցաւ այ­լընտրան­քա­յին նոր յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մտադ­րութիւ­նը։ Ռու­սաստան այս երե­ւոյ­թը դի­տեց արեւմտա­մէտ քա­ղաքա­կանու­թիւն ըլ­լա­լով եւ փոր­ձեց զա­նազան եղա­նակ­նե­րով կար­գի բե­րել Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը։
Սա­կայն այդ տե­սակի պատ­ժա­միջոց­նե­րը հա­կառակ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­ցին եւ Հա­յաս­տան մա­նաւանդ գիւ­ղա­կան ար­տադրու­թեան ար­տա­հան­ման հա­մար գտաւ այլ մի­ջոց­ներ։
Այժմ Ռու­սիոյ Դաշ­նութիւ­նը իր սպառ­նա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ այս ան­գամ Հա­յաս­տա­նին մա­տակա­րարո­ւած կա­զի սա­կերուն մի­ջոցաւ։
«ՌԻԱ Նո­վոս­թի»ին տո­ւած հար­ցազրոյ­ցին ըն­թացքին այս մա­սին յայ­տա­րարեց Ռու­սիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան ԱՊՀ եր­կիրնե­րու չոր­րորդ բա­ժան­մունքի տնօ­րէն Մի­խայիլ Քա­լու­կին:
«Հա­յաս­տա­նի հետ մենք ու­նինք պայ­մա­նագ­րա­յին իրա­ւական բա­ւական ըն­դարձակ շտե­մարան, որ կ՛ամ­րագրէ երկկող­մա­նի յա­րաբե­րու­թիւննե­րու ար­տօ­նեալ, դաշ­նակցա­յին կար­գա­վիճա­կը: Եթէ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան բազ­մա­զանեց­ման ծի­րին մէջ կը փա­փաքին վե­րանա­յիլ այդ կար­գա­վիճա­կը, այդ մէ­կը իրենց իրա­ւունքն է: Սա­կայն այն ատեն հարկ պի­տի ըլ­լայ նաեւ հրա­ժարիլ այն առա­ւելու­թիւննե­րէն, զորս Մոս­կո­ւան կը տրա­մադ­րէ միայն իր դաշ­նա­կից­նե­րուն: Այդ առա­ւելու­թիւննե­րու օրի­նակ­նե­րէն մէկն է կա­զի գի­նը», ըսաւ ան:
Քա­լու­կի­նի հա­մաձայն՝ ռու­սա­կան կող­մը դէմ չէ, որ Հա­յաս­տան կազ գնէ այլ եր­կիրնե­րէ, նման կա­րելիու­թիւն ար­ձա­նագ­րո­ւած է 2013 թո­ւակա­նին Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սիոյ մի­ջեւ կնքո­ւած կա­զի վե­րաբե­րող հա­մաձայ­նա­գիրին մէջ։
«Սա­կայն պէտք է հասկնալ՝ ի՞նչ է ռու­սա­կան մա­տակա­րարումնե­րուն այ­լընտրան­քը: Տամ որոշ տո­ւեալ­ներ. Ռու­սիայէն Հա­յաս­տան մուտք կը գոր­ծէ հան­րա­պետու­թեան կող­մէ սպա­ռուող կա­զին մին­չեւ 85 առ հա­րիւ­րը՝ տա­րեկան շուրջ 2.2-2.7 մի­լիառ խո­րանարդ մեթր: Մա­տակա­րարումնե­րը կը կա­տարո­ւին առանց ար­տածման տուրքե­րու, հա­զար խո­րանարդ մեթ­րի դի­մաց 177.5 տո­լար ճշդո­ւած գի­նով: Հա­յաս­տա­նը նաեւ Ռու­սիայէն նաւ­թամթերք կը ստա­նայ առանց տուրքե­րու», յայտնեց ան։
Ան հաս­տա­տեց, որ Հա­յաս­տա­նը ոչ մէկ տեղ պի­տի գտնէ կա­զի գնման նոյնքան ար­տօ­նեալ պայ­մաններ, որ­քան այ­սօր կ՛առա­ջար­կէ Ռու­սիան։
Քա­լու­կին նաեւ խօ­սեցաւ Կիւմրիի մէջ Ռու­սիոյ ռազ­մա­կան խա­րիս­խին մա­սին՝ նշե­լով, որ Հա­յաս­տան կ՛ու­զէ Ռու­սիոյ վրայ դնել այդ կա­յանի հա­ւանա­կան դուրսբեր­ման պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։
Այդ փոր­ձե­րը, ռուս դի­ւանա­գէտին հա­մաձայն, «մաս կը կազ­մեն հայ­կա­կան ներ­կայ քա­ղաքա­կան միտ­քի հե­տաքրքրա­կան առանձնա­յատ­կութեան», ար­դա­րեւ՝ «Երե­ւանի մէջ իշ­խող վեր­նա­խաւը յա­ճախ կը սպա­սէ, որ կա­րեւո­րագոյն որո­շումնե­րը տրո­ւին ար­տա­քին դե­րակա­տար­նե­րու կող­մէ», դի­տել տո­ւաւ Քա­լու­կին:
Միաժա­մանակ, ըստ ռուս պաշ­տօ­նատա­րին, Մոս­կո­ւան պատ­րաստ է քննար­կել Կիւմրիի մէջ տե­ղակա­յուած ռազ­մա­կայա­նին վե­րաբե­րող բո­լոր հար­ցե­րը: Երկխօ­սու­թիւնը պի­տի կա­ռու­ցո­ւի ռու­սա­կան զօ­րախումբի ներ­կա­յու­թիւնը կար­գա­ւորող հա­մաձայ­նութիւննե­րուն վրայ, ընդգծեց ան։
Յի­շեց­նենք, թէ ասի­կա առա­ջին ան­գամ չէ, որ այդ ռազ­մա­կայա­նին դուրսբեր­ման մա­սին կը խօ­սուի. Ռու­սիոյ նա­խագա­հը 1 Սեպ­տեմբե­րին Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետին հետ հան­դի­պու­մէն ետք նշեց, որ՝ «Եթէ Հա­յաս­տա­նը կը կար­ծէ, թէ ռու­սա­կան ռազ­մա­կայա­նին կա­րիքը չու­նի, մենք վաղն իսկ կը հե­ռանանք»:
Ի պա­տաս­խան՝ Փա­շինեան ըսաւ, որ ռազ­մա­կայա­նի հար­ցը Փու­թի­նի հետ չէ քննար­կո­ւած, բայց եթէ «Ռու­սիան որո­շէ դուրս բե­րել ռազ­մա­կայա­նը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թե­նէն, մենք պի­տի չա­ռարկենք»:
«Պատ­մութեան մէջ այ­սօր» խո­րագի­րով շարք մը կը հրա­տարա­կուէր «Ճումհու­րի­յէթ» թեր­թի էջե­րուն վրայ, որուն հե­ղինա­կը հե­տաքրքա­կան լու­րեր կը փո­խան­ցէր ան­ցեալէն, ճիշդ ալ օրա­ցոյ­ցի այդ օրը պա­տահած, բայց եր­բեմն տաս­նա­մեակ­նե­րու, եր­բեմն ալ նոյ­նիսկ դա­րերու վա­ղեմու­թեամբ։
Այդ սիւ­նա­կը յի­շեցի, երբ առա­ւօտեայ լրա­հոսի մէջ անդրա­դարձ կա­տարուեցաւ Կազ­զա քա­ղաքի դէմ Իս­րա­յէլեան վայ­րագ վրի­ժառու­թեան Գ. Տե­րելի­ցին։ Ու­րեմն երեք տա­րինե­րու ըն­թացքին կա­յացող աւե­րը դեռ կը շա­րու­նա­կուի բազ­մաբնոյթ եղա­նակ­նե­րով։ Մի­լիոնա­ւոր ժո­ղովուրդ զրկո­ւած է բնա­կարան մը ու­նե­նալու ամե­նահիմ­նա­կան իրա­ւունքէն։ Քա­ղաքի մէջ չէ մնա­ցած գոր­ծող հի­ւան­դա­նոց, ինչպէս որ չէ մնա­ցած գոր­ծող դպրոց։
Սննդամ­թերքի կամ դե­ղորայ­քի մո­ւտքը բա­ցար­ձա­կապէս ար­գի­լուած է Իսրա­յէլի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ։
Հա­զիւ քա­նի մը օրեր առաջ էր, երբ բնա­կավայ­րի մը փլա­տակէն դուրս բե­րուե­ցան մա­հացող­նե­րու դիակ­նե­րու մնա­ցոր­դա­ցը, որոնք հա­ւաքա­կան յու­ղարկա­ւորու­թիւնով հո­ղին յանձնո­ւեցան։ Բնա­կիչ­ներ կը յայտնեն թէ փլա­տակ­նե­րու նման կոյ­տե­րու տակ տա­կաւին կան բազ­մա­հազար զո­հեր, որոնց հաս­նիլ կա­րելի չէ եղած հա­մապա­տաս­խան սար­քե­րու բա­ցակա­յու­թեան հե­տեւան­քով։
Ու­սուցչաց Հա­մաշ­խարտա­յին Օրուայ առ­թիւ հրա­պարա­կուե­ցաւ այս երեք տա­րինե­րու ըն­թացքին ռմբա­կոծումնե­րու հե­տեւան­քով մա­հացած ու­սուցիչ­նե­րու թի­ւը՝800։
Այդ 800-ը քա­նի՞ աշա­կեր­տի կը հա­մապա­տաս­խա­նէ այ­դեօք։ Սպա­նուած իւ­րա­քան­չիւր բժիշկ քա­նի՞ հի­ւան­դի, իւ­րա­քան­չիւր լրագ­րող քա­նի՞ ըն­թերցո­ղի։
Երկրա­գունդի վրայ արիւ­նող կէտ մըն է Կազ­զան։ Աշ­խարհի մնա­ցեալը ո՞ր մի­ջոց­նե­րուն կը դի­մէ արիւ­նա­հոսու­թիւնը կան­խե­լու հա­մար։
Բո­լորս գի­տենք այս հար­ցումի պա­տաս­խա­նը, որ հա­ւասար է հսկայ, շեշ­տո­ւած զէ­րոյի մը։ Արե­ւելա­հայե­րէնով ոչինչ։ Մեղ­քը որո՞ւն վզին, եթէ ոչ մեզ, բո­լորիս։
Մենք՝ որ տա­րուած ենք ամէն մէկս մեր առօ­րեայ հո­գերով, այս սահմռկե­ցու­ցիչ պա­տահար­նե­րը դի­տեցինք, կամ տա­կաւին կը դի­տենք մեծ ան­փութու­թեամբ, կար­ծե­լով թէ այդ բո­լորը շատ հե­ռու են մեզ­մէ եւ չենք յայտնո­ւելու նման կա­ցու­թեան մէջ։
Մեր տու­նե­րը չեն վնա­սուիր, մեր նա­ւար­կած նա­ւը ծո­վուն յա­տակը չի սու­զո­ւիր, մեր թռչած ինքնա­թիռի օդա­չու­նե­րը զի­րար չեն դա­շու­նա­հարեր, մեր երե­խեքը հան­գիաս տուն կը վե­րադառ­նան իրենց յա­ճախած դպրո­ցէն եւ տա­կաւին ան­հո­գու­թեան բա­զում են­դադրու­թիւններ։
Չ՞եք կար­ծեր որ Կազ­զա­յի կամ Քո­պանիի խա­ղաղ բնա­կիչ­ներն ալ, էր ժա­մանակ ձեզ նման ան­հոգ էին աշ­խարհի տա­ռապանքնե­րուն դի­մաց։
«Ես ի՞նչ կրնամ ընել որ»։ Ահա այս է էական հար­ցադրու­մը, քա­նի որ ամէն ինչ կա­խեալ է մեր ըրած­նե­րէն կամ չը­րած­նե­րէն։
Շատ բան կա­խեալ է մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւրի վար­քէն։ Եթէ անի­րաւո­ւած ենք, բո­լորէն աւե­լի գերզգա­յուն պի­տի ըլ­լանք ու­րի­շին մատ­նո­ւած անի­րաւու­թեան դէմ։ Եթէ ցե­ղաս­պա­նուած՝ մեր ձայ­նը բո­լորէն հզօր պի­տի հնչէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան բո­լոր երե­ւոյթնե­րու հան­դէպ։
Կայ ու­րիշ եղա­նակ մը եւս։ Հա­ւատալ թէ աշ­խարհի վրայ միայն անի­րաւո­ւածը ինքն է կամ միայն ցե­ղաս­պա­նուա­ծը։ Նման հա­մոզու­մով տե­սած բո­լոր չա­րիք­նե­րը ար­դա­րաց­նե­լու կամ մեղ­մացնե­լու հա­մար գտնես «բայց» պատ­րո­ւակով սկսող նա­խադա­սու­թիւններ։
Նա­խապէս մէ­կէ աւե­լի ան­գամներ յի­շած ենք Պա­րոյր Սե­ւակի բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ «Մարդ կայ աշ­խարհն է շա­լակած տա­նում, մարդ կայ ելեր է շա­լակն աշ­խարհի»։
Քաղա­քակա­նու­թեան ուղղո­ւածու­թիւնը, որ Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ ղե­կավա­րու­թիւնը ընտրած է, ոչ մէկ լաւ բան պի­տի բե­րէ: ԹԱՍՍ կը հա­ղոր­դէ, որ այս մա­սին յայ­տա­րարած է Ռու­սիոյ Անվտան­գութեան խոր­հուրդի փոխ­նա­խագահ Տմիթ­րի Մետ­վե­տեւ: Իրա­նի պե­տական պատ­կե­րաս­փիւռի կա­յանին հետ հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին: «Ամե­նէն սար­սա­փելին, որ կրնայ հան­րա­պետու­թեան պա­տահիլ, նոր Ուքրա­նիոյ վե­րածո­ւիլն է», ըսած է Ռու­սիոյ նախ­կին նա­խագա­հը: Մետ­վե­տեւի հա­մաձայն, Ռու­սիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի յա­րաբե­րու­թիւննե­րը ներ­կա­յիս ամ­րութեան փոր­ձութե­նէ կ՛անցնին:
Թուրքիոյ Փի­լիսո­փայա­կան Ըն­կե­րակ­ցութեան նա­խագահ եւ Փի­լիսո­փայա­կան Կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու Հա­մաշ­խարհա­յին Դաշ­նակցու­թեան պա­տուոյ նա­խագահ Փրոֆ. Տոքթ. Իոան­նա Քու­չուրա­տի մա­հացաւ Մալ­թե­փէի Հա­մալ­սա­րանի Բժշկա­կան Ֆա­կուլտէ­տի Հի­ւան­դա­նոցին մէջ։
Թուրքիոյ երե­ւելի փի­լիսո­փանե­րէն մէ­կը եւ մաս­նա­ւորա­պէս մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու, մար­դու փի­լիսո­փայու­թեան ու բա­րոյա­գիտու­թեան մար­զե­րուն մէջ իր աշ­խա­տանքնե­րով ծա­նօթ Փրոֆ. Տոքթ. Իոան­նա Քու­չուրա­տի 89 տա­րեկան էր։
Քու­չուրա­տիի հա­մար արա­րողու­թիւնը կա­տարո­ւեցաւ 4 Հոկ­տեմբեր, Կի­րակի օր, ժա­մը 11.00-ին, Մալ­թե­փէի Հա­մալ­սա­րանի մէջ։ Նոյն օր յու­ղարկա­ւորու­թեան արա­րողու­թիւն կա­տարո­ւեցաւ Շիշ­լիի Յոյն Ուղղա­փառաց Գե­րեզ­մա­նատան մէջ։
Քու­չուրա­տիի մա­հէն ետք բազ­մա­թիւ հա­մալ­սա­րանա­կան­ներ, մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու պաշտպան­ներ, քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ, հիմ­նարկու­թիւններ եւ ըն­կե­րակ­ցութիւններ ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղերձներ հրա­պարա­կեցին։
Հա­ճեթե­փէ Հա­մալ­սա­րանի Փի­լիսո­փայու­թեան Բա­ժինի յայ­տա­րարու­թեան մէջ յի­շո­ւեցաւ, որ Իոան­նա Քու­չուրա­տի հիմ­նած էր բա­ժինը 1969 թո­ւակա­նին եւ պաշ­տօ­նավա­րած էր մին­չեւ իր թո­շակի անցնե­լու տա­րին՝ 2003, եւ որ մեծ ներդրում ու­նե­ցած էր փի­լիսո­փայու­թեան՝ Թուրքիոյ մէջ հաս­տա­տու­թե­նակա­նաց­ման գոր­ծին մէջ։
Մալ­թե­փէ Հա­մալ­սա­րանի ռեկ­տո­րի պաշ­տօ­նակա­տար Փրոֆ. Տոքթ. Եու­սուֆ Աք­սար իր ու­ղերձին մէջ նշեց. «Մալ­թե­փէ Հա­մալ­սա­րանի հիմ­նադրու­թե­նէն ի վեր ակա­դեմա­կան կեան­քին ար­ժէք աւել­ցուցած մեր թան­կա­գին ու­սուցի­չը, փի­լիսո­փայ եւ ակա­դեմա­կան Փրոֆ. Տոքթ. Իոան­նա Քու­չուրա­տի իր մտա­ծումնե­րով, ակա­դեմա­կան աշ­խա­տանքնե­րով եւ պատ­րաստած աշա­կերտնե­րով միշտ յա­տուկ տեղ պի­տի ու­նե­նայ մեր հա­մալ­սա­րանի ակա­դեմա­կան յի­շողու­թեան մէջ»։
Ար­դի Կեան­քը Աջակ­ցե­լու Ըն­կե­րակ­ցութեան յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւեցաւ, որ Քու­չուրա­տի մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու, փի­լիսո­փայու­թեան եւ բա­րոյա­գիտու­թեան մար­զե­րուն մէջ իր աշ­խա­տանքնե­րով կա­րեւոր ներդրում ու­նե­ցած է Թուրքիոյ մէջ ար­դի մտա­ծողու­թեան զար­գացման հա­մար եւ որ ան 17-րդ «Ար­դի Կեանք Հան­րա­պետու­թիւն» մրցա­նակի դափ­նե­կիրն է։
Մարդկա­յին Իրա­ւանց Ըն­կե­րակ­ցութիւնն ալ ցա­ւակ­ցա­կան ու­ղերձ հրա­պարա­կեց. «Փրոֆ. Տոքթ. Իոան­նա Քու­չուրա­տի լաւ գիտ­նա­կան եւ մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու պաշտպան մըն էր։ Ու­սուցչու­հի Իոան­նա Քու­չուրա­տի մեր ըն­կե­րակ­ցութեան բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանքնե­րուն մեծ նպաստ բե­րած է։ Մարդկա­յին իրա­ւունքնե­րու շար­ժումին եւ փի­լիսո­փայա­կան շրջա­նակին կը յայտնենք մեր ցա­ւակ­ցութիւնը»։
Վեհա­նոյշ լա­րուած ու­շադրու­թիւնով կը լսէր Նի­կոլին բե­րած խապ­րիկնե­րը։ Լսած­նե­րուն բեր­մամբ մերթ յայտնի, ան­յայտ ժպիտ մը կը գո­յանար դէմ­քին վրայ, մերթ թա­խիծի ստո­ւեր մը կը պա­տեր երե­սը։
Հետզհե­տէ եկաւ պահ մը, ուր հա­յեաց­քը սա­ռեցաւ թոռ­նուհիին վրայ։ Թէեւ Նի­կոլն նոյն եռան­դով կը շա­րու­նա­կէր պատ­մել, բայց մեծ մայ­րի­կը այ­լեւս չէր լսեր զինք։ Ան կրկին մատ­նո­ւած էր խոր­հուրդնե­րուն, գու­շա­կելու հա­մար իր յի­շած տաս­ներկու տա­րեկան պա­տանին եւ հի­մա առան­ձին ճամ­բորդե­լով օտար եր­կիր մը հա­սած, այստեղ ալ ճար­պի­կօրէն Սուրբ Փրկիչ ծե­րանո­ցին ճամ­բան գտած երի­տասարդ կնոջ նմա­նու­թիւնը, նոյ­նիսկ նոյ­նութիւ­նը։
Այս խոր­հուրդնե­րու մէջ էր, երբ նկա­տեց մա­զերուն մէջ հա­տու­կենտ յայտնուող սպի­տակ թե­լերը։
Ինք ալ հար­ցումներ ու­նէր մտքին մէջ, բայց չէր հա­մար­ձա­կէր մտքով ան­ցած պարզ բա­ները հարցնե­լով սխալ տպա­ւորու­թիւն գո­յաց­նել։ Չըլ­լայ որ ար­դէն իրեն հա­մար յայտնի բա­ներ հարցնէ եւ պատ­ճառ դառ­նայ որ խօ­սակի­ցը կաս­կա­ծի իր յի­շողու­թե­նէն։ Ստի­պուե­ցաւ միտ­քը տան­չող հար­ցումնե­րէն ամե­նապար­զը ուղղե­լու։ «Քա­նի՞ տա­րեկան եղար»։ Զար­մա­նալի էր ստա­ցած «Երե­սունչորս» պա­տաս­խա­նը։
Մտքով հա­շուեց անցնող տա­րինե­րը, թո­ւաբա­նական հա­նու­մի գոր­ծո­ղու­թիւնով երե­սունչոր­սէն պակ­սե­ցուց տաս­ներկուն եւ գտաւ ան­ցած ժա­մանա­կը։ «Ու­րեմն տաս­ներկու տա­րի ան­ցեր է։ Դուն թե­րատի երա­խայ էիր, երբ ես վե­րադար­ձայ Պո­լիս»։ Նի­կոլ նկա­տեց տաս տա­րուայ վրի­պու­մը, բայց չու­զեց ուղղել։ «Այո, Վե­հանոյշ, շատ եր­կար տա­րիներ ան­ցան» ըսե­լով փոր­ձեց փո­խել նիւ­թը։
Ու­րիշնե­րու խորթ թո­ւացող անու­նով դի­մելու եղա­նակը սո­վորա­կան դար­ձած էր Վե­հանոյ­շի հա­մար։ Եւ ոչ միայն այ­սօր, այլ Ամե­րիկա գտնո­ւած օրե­րէն սո­վոր էր այս եղա­նակին։ Նի­կոլ նոյն կերպ, իրենց անուննե­րով կը դի­մէր նաեւ ծնող­նե­րուն, մօ­րը՝ Ռո­զին եւ հօ­րը՝ Ժի­րայ­րին։
Սկզբնա­կան շրջա­նին բա­ւական տա­րօրի­նակ թո­ւացող այս սո­վորու­թիւնը հետզհե­տէ բնա­կան դար­ձաւ, երբ Նի­կոլի հա­սակա­կից ըն­կերներն ալ նոյնպէս անու­նով սկսան խօ­սիլ իր հետ։ Նկա­տեց թէ այց ան­մի­ջակա­նու­թեան մէջ անոնք չէին թե­րանար յար­գա­լիր վե­րաբեր­ումէն։ «Կ՚երե­ւի իրենց սո­վորու­թիւնը այսպէս է» խոր­հե­ցաւ եւ խնդիր չու­նե­ցաւ սե­րունդնե­րու մի­ջեւ աս­տի­ճանա­կարգ մկ գո­յաց­նող եղա­նակի բա­ցակա­յու­մէն։
Վրայ հա­սաւ եր­կորդ հար­ցումը. «Ո՞ւր պի­տի մնաս»։ Նի­կոլ այս հար­ցումը պա­տաս­խա­նուած էր քիչ առաջ, բայց համ­բե­րու­թեամբ կրկնեց հա­մալ­սա­րանի հան­րա­կացա­րանի բա­ցատ­րութիւ­նը։
Վեր­ջա­պէս եկաւ կա­րեւո­րագոյ­նը, «Առան­ձին ե՞ս, մէ­կը կա՞յ կեան­քիդ մէջ, հոս թէ հո՞ն։ Միասին եկա՞ծ էք, թէ դուն առան­ձին»։
Նի­կոլ հար­կադրո­ւեցաւ նոյն համ­բե­րու­թեամբ կրկին պատ­մե­լու թէ առան­ձին կ՚ապ­րի, հա­մալ­սա­րանի մէջ կը պաշ­տօ­նավա­րէ որ­պէս դա­սախօս, Պո­լիս եկած է ժա­մանա­կաւոր պայ­մա­նագ­րութեամբ եւ ճշդո­ւած թո­ւակա­նի աւար­տին պի­տի վե­րադառ­նայ Միացեալ Նա­հանգներ։ Ու­զեց Վե­հանոյ­շին դէմ­քին տես­նել հա­մոզո­ւածու­թեան այ­տա­յայ­տութիւ­նը։ Չի կրցաւ վստահ ըլ­լալ թէ պատ­մո­ւած­նե­րը ամ­բողջո­վին հասկցած է՞ թէ ոչ։
Ու­շիմ էր Նի­կոլը։ Գի­տէր թէ ին­չեր կա­րելի է պատ­մել եւ ին­չեր ոչ՞
Այս դա­տողու­թիւնով լուռ մնաց իր տե­ղացի պաշ­տօ­նակ­ցին, Ու­ղուրի մա­սին։
Հոգ չէ թէ տար­բեր հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ, պաշ­տօ­նակից­ներ էին Նի­կոլը եւ Ու­ղուրը։ Իրար­մէ տե­ղեակ եղած էին հա­սարա­կական պաշ­տօ­նակից­նե­րու մի­ջոցաւ։ Ելեկտրո­նային նա­մակագ­րութեամբ իրա­րու հետ բաժ­նեկցած էին մի­միանց ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը, հե­տազօ­տու­թիւննե­րը եւ հրա­տարա­կած յօ­դուած­նե­րը։
Գրա­ռումնե­րը եր­կուստէք հե­տաքրքրու­թիւն յա­ռաջա­ցու­ցած էին իրա­րու հան­դէպ։
Նա­խապէս միայն ակա­դեմա­կան նիւ­թով շա­րադ­րո­ւած էլ նա­մակ­նե­րու բո­վան­դա­կու­թիւնը հետզհե­տէ ծա­ւալո­ւեցաւ դէ­պի առօ­րեայ ապ­րումներ, որոնց մի­ջոցաւ յայտնա­բերո­ւեցաւ նաեւ անոնց երաժշտա­կան կամ գե­ղարո­ւես­տա­կան նա­խասի­րու­թիւննե­րը եւ գա­ղափա­րախօ­սական հա­կումնե­րը։
Տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ թէեւ, եր­կուքն ալ մաս­նակցած էին Կազ­զա­յի եւ Պա­ղէս­տի­նի զօ­րակ­ցութեան ցոյ­ցե­րուն։ Նի­կոլ լուրջ մտա­հոգո­ւած էր Ու­ղուրի այդ ցոյ­ցե­րուն մաս­նակցե­լէն, վախ­նա­լով թէ Թրամ­փի կա­ռավա­րու­թիւնը կրնայ չնչել անոր ակա­դեմա­կան պաշ­տօ­նը եւ նոյ­նիսկ ար­տաքսել եր­կի­րէն։
Միւս կող­մէ Ու­ղուր մե­ղադ­րած էր Նի­կոլը, 24 Ապ­րի­լի Նիւ Եոր­քեան ցոյ­ցե­րէն բա­ցակա­յելուն հա­մար։ Նի­կոլ այդ մե­ղադ­րանքին դի­մաց ինքզինք ար­դա­րացու­ցած էր «Դաշ­նակնե­րու հետ ըլ­լալ չու­զե­ցի» ըսե­լով։
Ար­դա­րեւ Պոլ­սոյ մէջ դա­սախօ­սելու խնդիրն ալ Ու­ղուրի ջան­քե­րով իրա­կանա­ցան։ Անոր շրջա­նակ­նե­րու բեր­մամբ լսեց Պոլ­սոյ Թեխ­նիկ Հա­մալ­սա­րանի երաժշտու­թեան ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու բաժ­նի MIAM-ի մա­սին։ Ղրկեց իր CV-ին եւ որոշ ժա­մանակ անց ստա­ցաւ դա­սախօ­սելու առա­ջար­կը։
Վե­հանոյշ մատ­նո­ւած էր խոր մտա­ծումնե­րու։ Երե­կոյեան զո­վը զգաց մարմնի վրայ։ Այդ նոյն պա­հուն Նի­կոլն ալ մտա­ծեց անցնող ժա­մանա­կը։ Մտքին մէջ ծրագ­րեց վե­րադար­ձի ճամ­բորդու­թիւնը եւ շտա­պեց, խոս­տա­նալով ամե­նակարճ ժա­մանա­կին կրկին այ­ցե­լել։
(Շա­րունակելի)
Միայն թէ դուն չտխրիս
Միայն թէ չտխրի «միայն» բա­­ռը, այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, որո­­շեցի մեր լե­­զուի ամե­­նէն միայ­­նակ բա­­ռի նե­­րաշ­­խարհի մէջ պտոյտ մը կա­­տարել եւ յայտնա­­բերել անոր լուռ յու­­զումնե­­րը։ «Միայն» բառն է ան. Մար­­դա­­­կերպ կեր­­պար մը իս­­կա­­­կան։ Օր մը միայ­­նակ աղօ­­թող հա­­ւատա­­ցեալ է ան, մէկ այլ օր՝ «Միայն քեզ կը սի­­րեմ» փսփսա­­ցող սի­­րահար, մէկ օր «Միայն Սուրբ» եր­­գող դպիր է ան, մէկ այլ օր՝ «Տատ­­րա­­­կի պէս միայ­­նա­­­ցած» պան­­դուխտ մը լալ­­կան։ Դուք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, քա­­նի որ հա­­ւատա­­րիմ էք «Ոչ միայն հա­­ցիւ» սկզբունքին, այ­­սօր, գի­­շերա­­յին այս խա­­ղաղ ժա­­մերուն, լու­­սամփո­­փի մը լոյ­­սին տակ նստած, պի­­տի կար­­դաք պատ­­մութիւն մը որ իր աւար­­տին հո­­գեկան գո­­հացում մը պի­­տի տայ միայն։
Մա­­նանան է միայն իմ աչքս
«Միայն» բա­­ռը մեր գրա­­կան լե­­զուի մէջ հո­­գեւոր սկիզբ ու­­նե­­­ցաւ։ Ոչ միայն Աս­­տո­­­ւածա­­շունչ Մա­­տեանի, այլ այդ դա­­րաշրջա­­նի բո­­լոր այլ գիր­­քե­­­րու մէջ ան աղօ­­թող կամ խոս­­տո­­­վանող մար­­դու խօս­­քի մէջ տեղ գտաւ։ «Միայն» բա­­ռը 346 ան­­գամ գոր­­ծա­­­ծուեր է Սուրբ Գիր­­քի մէջ։ Առա­­ջին հայ ըն­­թերցողն ալ լսեր է այս խօս­­քե­­­րը. «Մի՚ երկնչիր, միայն հա­­ւատա», «Ո՞վ կար» թո­­ղուլ զմեղս բայց միայն Աս­­տո­­­ւած», «Կանգնե­­ցայ… միայն օդ եւ սօ­­սաւիւն լսէի», «Բայց միայն ի մա­­նանան են աչք մեր»։ Ս. Գիր­­քը մե­­զի տո­­ւաւ նաեւ բո­­լորիս ծա­­նօթ սկզբունք մը. «Ոչ հա­­ցիւ միայն կեց­­ցէ մարդ»։ Դուք կը փա­­փաքիք լսել նաեւ, թէ 10րդ, 13-րդ, 15-րդ դա­­րերու մա­­տենա­­գիր այ­­րե­­­րը ի՚նչ կը գրէին երբ միայ­­նակ կը ճգնէին լուռ խու­­ցի մէջ։ Շա­­րու­­նա­­­կենք մեր պատ­­մութիւ­­նը…
Անունս միայն ու­­նիմ
Իր մա­­տեանի աւար­­տին հայ գրի­­չը յի­­շատա­­կարան մը գրի առաւ եւ մե­­զի տո­­ւաւ իր զօ­­րաւոր իշ­­խա­­­նի, եռա­­պատիւ վա­­նահօր, ազ­­նո­­­ւափայլ պա­­տուի­­րատո­­ւի կամ շնոր­­հա­­­զարդ նկա­­րազար­­դո­­­ղի անու­­նը։ Իսկ իր անու­­նը՝ անար­­ժան էր յի­­շել։ Խու­­սա­­­փեցաւ ածա­­կան­­նե­­­րէ։ Հին սո­­վորու­­թիւն։ Այդպէս ալ ըրաւ Սա­­նահի­­նի մէջ 1485 թո­­ւակա­­նին Աւե­­տարան մը գրի առած Խա­­չատու­­րը։ Ո՞վ էր Խա­­չատու­­րը, ի՞նչ ար­­ժա­­­նիք­­ներ ու­­նէր։ Չենք գի­­տեր… «Եւ արդ, … աղա­­չեմ … յի­­շեցէք յա­­ղօթս ձեր զիս՝ զԽա­­չատուր անար­­ժան աբե­­ղաս, որ զա­­նունս միայն ու­­նիմ»։ 1497 թո­­ւակա­­նին Վա­­նայ ծո­­վէն ո՚չ շատ հե­­ռու, Բերկրի գե­­ղեց­­կա­­­գոյն աւա­­նի Ար­­գե­­­լան վան­­քի մէջ Աղ­­թա­­­մարէն եկած Յով­­սէփ անու­­նով կրօ­­նաւոր մը կը գոր­­ծէր։ Ար­­գե­­­լան գե­­ղատե­­սիլ վան­­քը կը գտնուէր Ծաղ­­կանց լեռ­­նե­­­րու հա­­րաւա­­յին լան­­ջին, բարձր քա­­րաժայ­­ռի մը վրայ։ Առաջ­­նորդա­­նիստ էր ան, ու­­նէր բազ­­մանդամ միաբա­­նու­­թիւն եւ գրչու­­թեան կեդ­­րոն։ Յով­­սէ­­­փը հոն «Շա­­րակ­­նոց» մը գրի առաւ. աւար­­տին, Յի­­շատա­­կարա­­նի մէջ յի­­շեց սոսկ իր անու­­նը, տա­­լով հե­­տեւեալ բա­­ցատ­­րութիւ­­նը. «Արդ, ես՝ յե­­տինս եւ ան­­պի­­­տանս յա­­մենայ­­նի Յով­­սէփ սոս­­կա­­­նուն կրօ­­նաւոր՝ անո­­ւամբ միայն եւ ոչ գոր­­ծով, վասն զի յոյժ հե­­ռացեալ եմ յա­­մենայն բա­­րեգոր­­ծութեանց, ծոյլ եւ պղերգ»։
Միայն սուրբ
1278 թո­­ւականն է։ Արա­­րատեան գա­­ւառի Մող­­նոյ Սուրբ Գէորգ վան­­քի մէջ Սի­­մէոն անուն վա­­նակա­­նը «Տօ­­նական» մը գրի առաւ։ Այդ օր, ո՚չ միայն ազգս հարստա­­ցաւ մէկ այլ թան­­կա­­­գին մա­­տեանով, այլ նաեւ մեր մայ­­րե­­­նին ճո­­խացաւ Հայր Աս­­տուծոյ ուղղո­­ւած ըն­­տիր ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով։ Ահա կը մէջ­­բե­­­րեմ 750 տա­­րի առաջ գրո­­ւած այդ աղօ­­թող խօս­­քե­­­րը. «Փառք, փառք ամե­­նակալ մե­­ծանուն Տէր…, միայն սուրբ, միայն ողոր­­մած, միայն բա­­րերար, միայն գթած, միայն մար­­դա­­­սէր, միայն իշ­­խան, միայն թա­­գաւոր, միայն հզօր, միայն առատ, միայն բաշ­­խող բա­­րեաց, միայն տո­­ւող ողոր­­մութեան, միայն բժիշկ հի­­ւան­­դաց, օրհնու­­թիւն եւ գո­­վու­­թիւն եւ փառք քեզ, ի Սի­­մեոնէ»։ Նոյն օրե­­րուն Գրի­­գոր Օշա­­կան­­ցի վա­­նակա­­նը ող­­բաց, թէ երկրի վրայ չու­­նէր մխի­­թարող մը. սկսաւ միայ­­նակ աղօ­­թել. «Միայն տէր իմ արա­­րող, յոյսն ան­­մահ, վեր­­նա­­­կան, վեր­­նա­­­կան»։ Թա­­թոս Թո­­խաթե­­ցին ձայ­­նակցե­­ցաւ իր հո­­գեւոր եղ­­բայրնե­­րուն եւ ըսաւ.« Աս­­տո­­­ւած.., Դու զօ­­րաւոր ես եւ միայն»։
Միայ­­նա­­­փայտ սե­­ղանը
Զի ցուրտ էր միայ­­նութիւ­­նը, «միայն» բա­­ռը փա­­փաքե­­ցաւ ըն­­կերներ ու­­նե­­­նալ։ «Միայն»-ի շուրջ հա­­ւաքո­­ւեցան 41 այլ բա­­ռեր։ Ինչպէս ըն­­տա­­­նիքի զա­­ւակ­­նե­­­րը, նոյնպէս ալ այդ բա­­ռերը ու­­նէին իւ­­րա­­­յատուկ նկա­­րագիր։ Ան, որ մէ­­կու­­սա­­­ցած կեանք կը վա­­րէր կո­­չուե­­ցաւ «միայ­­նա­­­կեաց»։ Ընթրի­­քի ժա­­մուն անոնցմէ մէ­­կը սե­­ղանա­­տուն չե­­կաւ, փա­­փաքե­­ցաւ մնալ առանց ըն­­կերնե­­րու։ Զայն կո­­չեցին «միայ­­նա­­­կեր»։ Մէ­­կը, որ աշ­­խա­­­տասէր էր, կը նա­­խընտրէր իր գոր­­ծը առանց օգ­­նա­­­կանի կա­­տարել՝ «Միայ­­նա­­­գործ» անո­­ւանո­­ւեցաւ։ Մէկ հա­­տը ճկուն չէր իր կար­­ծիքնե­­րու եւ որո­­շումնե­­րու մէջ, անու­­նը դրին «Միայ­­նա­­­կողմ»։ Անոնք ու­­նէին քոյր մը։ Օրիոր­­դի­­­կը վճռած էր մնալ կոյս։ «Միայ­­նուհի» կո­­չեցին այդ աղջկան։ 737 թո­­ւակա­­նին նոյն կո­­չու­­մին ար­­ժա­­­նացաւ Սա­­հակա­­դուխտը՝ Դո­ւինի կա­­թողի­­կոսա­­րանի աւա­­գերեց Սա­­հակի դուստրը, նշա­­նաւոր գիտ­­նա­­­կան, շա­­րակա­­նագիր Ստե­­փանոս Սիւ­­նե­­­ցիի քոյ­­րը, որ մա­­նուկ հա­­սակէն ստա­­ցեր էր «զվարս կու­­սութեան»՝ առանձնա­­ցաւ Գառ­­նիի ձո­­րի քա­­րայրնե­­րէն մէ­­կուն մէջ, ապ­­րե­­­ցաւ ճգնա­­կեցու­­թեամբ։ Իսկ ի՞նչ անուն տալ մե­­նակեացի փոքր բնա­­կատե­­ղիին, խրճի­­թին կամ սե­­նեակին։ Մեր մայ­­րե­­­նին առա­­տաձեռն է. ու­­նինք երեք գո­­յական. միայ­­նա­­­նոց, միայ­­նաստան եւ միայ­­նա­­­րան։ Իսկ դուք կը յի­­շէ՞ք այն սե­­ղանա­­տու­­նը, ուր բո­­լոր վա­­նական­­նե­­­րը միաս­­նա­­­բար կ’ու­­տէին իրենց հա­­ցը։ Այդ մե­­ծածա­­ւալ սրա­­հը ու­­նէր ընդհա­­նու­­րի հա­­մար շի­­նուած գե­­ղաքան­­դակ սե­­ղան։ Վար­­պետ ատաղ­­ձա­­­գործ մը, բա­­րեպաշտ իշ­­խա­­­նի մը պա­­տուէ­­րով, հսկայ ծառ մը կտրած, անոր միակ­­տոր փայ­­տը տա­­շած, յղկած, եւ փո­­րագ­­րած էր զայն շի­­նելու հա­­մար։ Այդ սե­­ղանը օրհնե­­ցին եւ կո­­չեցին «միայ­­նա­­­փայտ»։
Միայն 100 բառ
Նա­­րեկա­­ցիի հետ
Չենք գի­­տեր, թէ ար­­դեօք Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին իր վան­­քի սե­­ղանա­­տան մէջ մաս կը կազ­­մէր հա­­ւաքա­­կան ընթրիք­­նե­­­րուն։ Սա­­կայն, ճշմա­­րիտ գի­­տենք, թէ ի՚նքն էր որ իր մտքի մէջ, նոյ­­նիսկ հա­­ցի ժա­­մուն, կը զրու­­ցէր Աս­­տուծոյ հետ, յա­­ճախ գոր­­ծա­­­ծելով «միայն»-ը։ Խա­­ղաղ գի­­շեր մըն էր, ես միայ­­նա­­­ցայ Մա­­տեանի հետ եւ պատ­­րաստե­­ցի այս ընտրա­­նին. «Միայն քո է քա­­ւել, բժշկել», «Դու միայն Աս­­տուած երկնա­­ւոր», «Միայն դու պաշտպան», «Եւ դու միայն իս­­կա­­­պէս գթած, օրհնեալ, մար­­դա­­­սէր», «Միայն թա­­գաւոր», «Միայն բա­­րեգործ», «Միայն խնա­­մակալ», «Միայն հրա­­շագործ», «Միայն արա­­րիչ», «Միայն բազ­­մա­­­գութ», «Միայն միշտ սուրբ», «Օրհնեալդ միայն ի շրթունս ան­­բիծս լե­­զուաց եր­­ջանկաց։ Գո­­հանամ զքէն, բա­­րեգութ, միայն մար­­դա­­­սէր, արա­­րիչ երկնի եւ երկրի, Որ­­դի Աս­­տուծոյ»։
Ոչինչ միայն գրե­­ցի
Օրեր եղան հայ մար­­դը հե­­ռացաւ իր տու­­նէն։ Պան­­դուխտ էր ան։ Բա­­րեգութ տա­­ղասաց­­ներ եկան սա­­զով, եր­­գե­­­ցին անոնց վիշ­­տը։ Բայց, ի՚նչ դառն վի­­ճակ, օր մը տա­­ղասա­­ցը ի՚նքը եղաւ օտա­­րան­­դի։ Անոնցմէ մէ­­կը ակա­­նաւոր իմաս­­տա­­­սէր, քե­­րական, ման­­կա­­­վարժ, տա­­ղասաց ու հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ Սի­­մէոն Ջու­­ղա­­­յեցին էր։ 1605 թո­­ւակա­­նին, «Մեծ բռնա­­գաղ­­թի» օրե­­րուն, պա­­տանի Սի­­մէոնը իր ըն­­տա­­­նիքի հետ տե­­ղահա­­նեցին եւ Նոր Ջու­­ղա տա­­րին։ Տա­­րիներ ան­­ցան, Ջու­­ղա­­­յեցին համ­­բա­­­ւի տի­­րացաւ, բայց հայ­­րե­­­նազրկու­­թեան վիշ­­տը մնաց իր սրտի մէջ։ Օր մը իր տան առանձնու­­թեան մէջ նստե­­ցաւ, տխրե­­ցաւ ու գրեց. «Տքնե­­ցայ միայն ի տա­­նիս, / Յի­­շեցի զծնօղքս եւ զսի­­րելիս. / Լա­­ցի կա­­րօտով, կա­­րօտով»։ Մել­­քի­­­սեդեք Եպիս­­կո­­­պոսը լալ­­կան, ափը իր երե­­սին դրած՝ բո­­ւի մը նման նստե­­ցաւ եւ սրտա­­կից եղաւ հայ պան­­դուխտնե­­րուն. «Բա­­ժանեալ սի­­րելեացս, եղ­­բարցս զա­­տական, / Իբ­­րեւ զբու միայն ան­­կեալ կայ ի տան»։ Վա­­նայ ափին Արծկէ քա­­ղաքի մէջ Անդրէաս տա­­ղասա­­ցը մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ ղա­­րիպը «փայտ չո­­րացեալ» է։ Ան գոր­­ծա­­­ծեց նաեւ «տատ­­րակ» նմա­­նու­­թիւնը. «Է՜, ղա­­րիպիկս բե­­հալ է, / Քան զտատ­­րակ միայ­­նա­­­ցեալ է՜»։ Դա­­րեր ան­­ցան, բայց հա­­յու պան­­դուխտու­­թիւնը չան­­ցաւ։ 1910-1915 թո­ւական­­նե­­­րուն Մեք­­լոն Կիւրճեանը եղաւ ղա­­րիպնե­­րու խիղ­­ճը։ Գրեց Կիւրճեանը, գրեց, օր մը ափ­­սո­­­սաց եւ խոս­­տո­­­վանե­­ցաւ. «…Եւ սա­­կայն չմոռ­­նամ ըսել որ տա­­կաւին ոչին­­չը միայն գրած եմ այդ սար­­սա­­­փելի կեան­­քէն»։
Խրատ մը միայն
Խա­­ղաղ օրեր էին։ Պոլ­­սոյ մէջ տի­­կին Էլ­­պիս Կե­­սարա­­ցեանը որո­­շեց իր կեան­­քը դե­­ռատի հա­­յու­­հի­­­ներու ազ­­գա­­­նուէր դաս­­տիարա­­կու­­թեան նո­­ւիրել։ 1879 թո­ւակա­­նին այդ նպա­­տակով գրքոյկ մըն ալ գրի առաւ՝ «Նա­­մակա­­նի առ ըն­­թերցա­­սէր հա­­յու­­հիս»։ Այդ գիր­­քի մէջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կար մի միայն բա­­րի խրատ։ Ձե­­զի հա­­մար կազ­­մե­­­ցի եռա­­ծաղիկ փունջ մը. «Մի՚ լքա­­նիք վատ թմրու­­թեան մէջ, այլ յու­­սով միայն ապ­­րե­­­ցէք», «Մի՚ լի­­նիք նա­­խան­­ձորդ պա­­տիր փա­­ռասի­­րու­­թեան, այլ նա­­խան­­ձորդ միայն առա­­քինա­­կան փա­­ռաց»։ Տի­­կին Կե­­սարա­­ցեանը ձայ­­նը եղաւ նաեւ ող­­բա­­­ցող Հա­­յաս­­տա­­­նին. «Այ­­գի­­­ներս ոտ­­նա­­­կոխ եղած, ժա­­ռան­­գութիւնքս յափշտա­­կուած, զա­­ւակունքս գե­­րի վա­­րուած. ես միայն մնա­­ցած եմ մերկ եւ թա­­փուր»։
Հայ­­րե­­­նասէր մըն էր միայն
1915 թո­­ւակա­­նին եր­­կու հայ­­րե­­­նասէր ըն­­կերներ որո­­շեցին ազ­­գին ցա­­ւը եր­­գել միայն։ Մէ­­կը Ակնցի էր միւ­­սը Սե­­բաս­­տա­­­ցի՝ Սիաման­­թօն եւ Վա­­րու­­ժա­­­նը։ Ակնցին զար­­հուրան­­քով դի­­տեց հայ­­կա­­­կան աւան­­ներ դա­­լանի եկած խու­­ժան մը անաս­­նա­­­դէմ. «…Ու իրենցմէ մին գո­­չեց, արիւ­­նա­­­խում խու­­ժանն այսպէս իր շուրջն հա­­ւաքե­­լով. / Ան­­հա­­­ւատին եւ օրե­­րը եւ ոս­­կի­­­ները եւ կի­­ները եւ արե­­ւը մերն են միայն»։ Դա­­նիէլը, դեռ եր­­կինքը չէր շա­­ռագու­­նած, իր պա­­տու­­հա­­­նէն դի­­տեց հա­­զալով գոր­­ծա­­­րան գա­­ցող սե­­ւամազ, սե­­ւաբախտ, կուրծքը տան­­ջուած բա­­նուո­­րու­­հի մը, որուն ետե­­ւէն շո­­ւայտ սրի­­կայ մը մը սու­­լէր եւ շուն մը կը հա­­չէր։ Տղան ցան­­կա­­­ցաւ գրկել, ամ­­փո­­­փել եւ պաշտպա­­նել այդ աղջկան։ Նպա­­տակը՞ Դա­­նիէլին… «Միայն թէ դուն չըլ­­լաս տժգոյն ու քաղ­­ցած, / Արե­­ւուն տակ չհա­­զաս, / Մօրդ վե­­րեւ չմա­­րի ճրագն, ու, ո՚վ քոյր, / Դուն գոր­­ծա­­­տուն ա՚լ չեր­­թաս»։
Ծի­­ծաղ մը միայն
«Միայն» բա­­ռը, մտա­­ծեցի, ար­­դեօ՞ք մի միայն տրտմու­­թեան բառն է։ Ո՚չ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կաս­­կած չկայ, թէ ան ծա­­ռայած պի­­տի ըլ­­լայ նաեւ ծի­­ծաղի եւ սի­­րոյ։ Այդ խօս­­քե­­­րուն եւ եր­­գե­­­րուն հաս­­նե­­­լու հա­­մար միայն պէտք էր բա­­ռի պատ­­մութեան աւե­­լի խո­­րերը իջ­­նել։ Յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծիս մէջ կը խոս­­տա­­­նամ ձե­­զի բե­­րել միայն կեն­­սուրախ եր­­գեր եւ քեր­­թո­­­ւած­­ներ, միայն թէ դուք շա­­րու­­նա­­­կէք հա­­ւատա­­րիմ մնալ «Ոչ միայն հա­­ցիւ…» սկզբունքին։
«Մշոյ Դաշ­­­տին Ան­­­պա­­­­­­­տեհ Յետ­­­նորդը», որ հրա­­­տարա­­­կուած է «Լե­­­ժանտ» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան կող­­­մէ, կը բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կէ ազ­­­գա­­­­­­­յին ու կրօ­­­նական խտրա­­­կանու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով են­­­թասպա­­­յի կո­­­չու­­­մէն զրկո­­­ւած Մի­­­լասի պար­­­տա­­­­­­­դիր ծա­­­ռայու­­­թեան շրջա­­­նէն դրո­­­ւակ­­­ներ։
Ան­­­պա­­­­­­­տեհ յետ­­­նորդ ածա­­­կանը իրա­­­կանու­­­թեան մէջ թրքե­­­րէնի բա­­­ռամ­­­թերքին մաս կազ­­­մող ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն մըն է, որ կը մատ­­­նանշէ քա­­­ղաքա­­­կան այ­­­լա­­­­­­­խոհ­­­նե­­­­­­­րը կամ այ­­­լազգի, այ­­­լա­­­­­­­դաւան Թուրքիոյ քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րը, որոնք եկած են բա­­­նակա­­­յին իրենց պար­­­տա­­­­­­­դիր ծա­­­ռայու­­­թիւնը կա­­­տարե­­­լու հա­­­մար։ Այդ բա­­­ցատ­­­րութիւ­­­նը գրա­­­կանու­­­թեան մէջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծող առա­­­ջին­­­նե­­­­­­­րէն եղաւ լրագ­­­րող Ու­­­ղուր Մումճու, որ եւս իր զի­­­նուո­­­րու­­­թեան յու­­­շե­­­­­­­րը հա­­­ւաքած էր եր­­­գի­­­­­­­ծական ոճով գրո­­­ւած հա­­­տորի մը մէջ։
Հեր­­­քիւլ Մի­­­լաս ծնած է Ան­­­գա­­­­­­­րա 1940-ին։ Ռո­­­պերթ Քո­­­լէճի մէջ ճար­­­տա­­­­­­­րագի­­­տական կրթու­­­թիւն ստա­­­նալէ ետք 1962-ին ան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցած է Թուրքիոյ Բա­­­նուո­­­րական Կու­­­սակցու­­­թեան։
Իբ­­­րեւ ճար­­­տա­­­­­­­րագէտ եր­­­կար տա­­­րիներ աշ­­­խա­­­­­­­տած է Յու­­­նաստան, Պահ­­­րէյն, Քա­­­թար, Ին­­­դո­­­­­­­նեզիա եւ Սաու­­­տի Արա­­­բիոյ մէջ։
1990-ական­­­նե­­­­­­­րէն սկսեալ Թուրքիոյ եւ Յու­­­նաստա­­­նի զա­­­նազան հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու մէջ դա­­­սաւան­­­դած է լե­­­զուի, գրա­­­կանու­­­թեան, քա­­­ղաքա­­­կան գի­­­տու­­­թիւննե­­­րու, պատ­­­մագրու­­­թեան, ինքնու­­­թեան եւ Թուրքիա-Յու­­­նաստան յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու վե­­­րաբե­­­րեալ նիւ­­­թեր։
Բա­­­ցի թրքե­­­րէնէ յու­­­նա­­­­­­­րէն կամ յու­­­նա­­­­­­­րէնէ թրքե­­­րէն բազ­­­մա­­­­­­­թիւ թարգմա­­­նու­­­թիւննե­­­րէ ան ստո­­­րագ­­­րեց Թուրքիա-Յու­­­նաստան յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու, ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թեան, ինքնու­­­թեան, գրա­­­կանու­­­թեան եւ փո­­­խադարձ ըն­­­կա­­­­­­­լումնե­­­րու մա­­­սին գիր­­­քեր եւ յօ­­­դուած­­­ներ։
Իր գրա­­­կան վաս­­­տա­­­­­­­կով ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ զա­­­նազան մրցա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու։ Հեր­­­քիւլ Մի­­­լաս երի­­­տասար­­­դութեան տա­­­րինե­­­րուն 100 եւ 200 մեթր վազ­­­քի մէջ ալ նո­ւաճեց Թուրքիոյ առաջ­­­նութիւնները։
Երկիր­նե­րու պե­տական հարստու­թեան շա­հագոր­ծումը կա­խեալ է կա­ռավա­րու­թե­նէն։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը որ­պէս հար­կա­հաւաք, պա­տաս­խա­նատու են որոշ գու­մարներ յատ­կացնե­լու ըն­թա­ցիկ ծա­ռայու­թիւննե­րու յա­րատե­ւու­թիւնը ապա­հովե­լու հա­մար։ Ու­նին բազ­մա­թիւ գոր­ծա­կալ­ներ, կեան­քի զա­նազան ոլորտնե­րու մէջ, որոնք ստանձնած են պե­տու­թեան սպա­սար­կե­լու առա­քելու­թիւնը։
Կայ անվտան­գութեան ոլոր­տը, որ բա­նակա­յին­նե­րէն մին­չեւ ոս­տի­կանու­թիւն, բիւ­րա­ւոր մարդկանց աշ­խա­տան­քի վայրն է։ Կայ կրթա­կան հա­մակար­գը, որու ծի­րէն ներս պե­տական դպրոց­նե­րու մէջ կը պաշ­տօ­նավա­րեն բազ­մա­թիւ ու­սուցիչ­ներ, իրենց կող­քին ու­նե­նալով կրթա­կան ծա­ռայու­թեան լրա­ցու­ցիչ աշ­խա­տանքնե­րը տա­նող անձնա­կազմ։
Պար­տինք յի­շել պե­տական թղթա­բանու­թեան հսկայ բա­նակը, որ իւ­րա­քան­չիւր աշ­խա­տան­քա­յին ամ­սու աւար­տին պի­տի ստա­նայ իր ամ­սավճա­րը։
Կան նաեւ ար­դիւնա­բերա­կան կամ ծա­ռայու­թեան գոր­ծե­րով ծան­րա­բեռ­նուած ահ­ռե­լի զան­գո­ւած մը։
Այս բո­լորին հետ պար­տինք յի­շել թո­շակա­ռու­նե­րը, որոնց ապ­րուստը եւս կա­խեալ է պե­տու­թեան գան­ձէն հաս­նե­լիք գու­մա­րէն։
Եր­կիր մը բար­գա­ւաճ է, երբ վե­րեւ յի­շուած­նե­րը իրենց ստա­ցած գու­մարնե­րով կ՚ապա­հովեն մար­դա­վայել ապ­րուստ։
Ճիշդ այս պա­հուն կը գո­յանայ կա­ռավա­րու­թեան նա­խապատ­ւութիւ­նը։
Վեր­ջերս Թուրքիա չես գի­տեր քա­նիերորդ ան­գամ կը ողո­ղուի դրա­մաշոր­թութեան նոր օրի­նակով մը։ Այս ան­գամ տո­ւեալ դրա­մաշոր­դութեան թա­տերա­բեմն է երկրի սա­կարա­նը։ Այնտեղ կարգ մը ըն­կե­րու­թիւննե­րու բաժ­նե­տոմ­սե­րը կարճ ժա­մանա­կի ըն­թացքին ան­հա­մեմատ կեր­պով ար­ժէք ստա­ցան։ Ի դէմ ելմտա­կան նա­խարա­րի զգու­շա­ցումնե­րուն , ոչ մէկ վե­րաքննիչ փոր­ձեց ստուգել այդ ար­ժէքնե­րու ան­հա­մեմատ աճի պատ­ճառնե­րը։ Փչուկ մը կար բո­լորին աչ­քե­րուն առ­ջեւ, որ օրըս­տօ­րէ կ՚ուռչէր, ներառելով նաեւ փոքր գու­մարնե­րով սա­կարա­նէն շա­հոյթ ապա­հովել ցան­կա­ցող­նե­րը։
Վեր­ջա­պէս պա­հը հա­սաւ ու պայ­թե­ցաւ այդ ար­հեստա­կան եղա­նակով ու­ռած փչու­կը, իր ետին թո­ղելով ահ­ռե­լի պա­րապու­թիւն մը։
Շու­տով պար­զո­ւեցաւ թէ փչու­կի ամե­նամեծ ծա­ւալի հա­սած պա­հուն ով­քեր իրենց գու­մարնե­րը ետ բե­րած են, բո­լորո­վին դա­տար­կե­լով աճած կեղ­ծի­քը։ Յայտնի դար­ձաւ որ կա­ռավա­րու­թեան նա­խարար­նե­րէն մին, հսկայ գու­մար մը ներդնե­լով ծա­ռայած էր փչու­կի օդով լե­ցուե­լուն եւ կարճ ժա­մանակ անց ներդրած գու­մա­րը ետ քա­շած 15 ան­գամ ծա­ւալած ձե­ւով։
Հոս է որ կը յայտնո­ւի իշ­խա­նու­թեան դե­րակա­տարու­թիւնը։ Բնակ­չութեան մէջ հա­ւասա­րակշռու­թիւնը կ՚ապա­հովուի պե­տական գան­ձի բա­ժանու­մով։ Ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է թէ հարստու­թիւնը կա­պահո­վուի ու­րիշնե­րու աղ­քա­տանա­լով։ Եթէ կը նկա­տէք փար­թամ կեան­քեր, շքեղ առանձնա­տու­ներ, թանկ ինքնա­շար­ժեր, զար­դա­րանք եւ ճոխ սե­ղան­ներ, իս­կոյն մտա­բերէք թէ այդ բո­լորը կ՚իրա­կանա­նան ի գին ու­րիշնե­րու թշո­ւառաց­ման։
Մարդկա­յին պատ­մութիւ­նը բա­զում օրի­նակ­նե­րով փաս­տած է այս իրո­ղու­թիւնը, բայց իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը շա­րու­նա­կեն պա­սարա­կու­թիւնը խա­բելու, պնդե­լով թէ մաս­նա­կի այս կո­ղոպու­տը չէ վնա­սած երկրի տնտե­սու­թեան։
Երբ գայ­թակղու­թեան ան­հիմն մե­ղադ­րանքնե­րով երկրի բան­տե­րը գեր­յա­գեցած են քաղ­բանտար­կեալ­նե­րով, մե­ղադ­րո­ւած նա­խարա­րու­հիի հրա­ժարու­մէն ետք ու­շագրաւ էր նա­խագահ Էր­տո­ղանի յայ­տա­րարու­թիւնը։ «Սայ­թա­քողը, սխա­լողը կը հե­ռաց­նենք մեր շար­քե­րէն ու կը շա­րու­նա­կենք եր­թը»։
Այս ըսե­լով Էր­տո­ղան կ՚ար­դա­րաց­նէ իր վա­րած հա­րուստը ալ աւե­լի հարստաց­նող քա­ղաքա­կանու­թիւնը, բո­լոր մեղ­քը բեռցնե­լով ան­հատնե­րու վրայ։
Եկէք վե­րահաս­տա­տենք կա­տարուածը պա­տահա­կան չէ, այլ ծրագ­րո­ւած ու կազ­մակերպուած։
Սեպ­տեմբեր 28-ին, Եր­կուշաբ­թի օր, Հաս­տա­լի մէջ գտնո­ւող Աղէտ­նե­րու Շտապ Կա­ցու­թեան Տնօ­րէնու­թեան դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ԱՔՓ-ի Իս­թանպու­լի երես­փո­խան Տոց. Տոքթ. Սե­ւան Սը­վաճըօղ­լո­ւի կող­մէ։ Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին Կու­սա­կալ Կիւ­լը, Իս­թանպու­լի փոխ-կու­սա­կալ­ներ Մուսթա­ֆա Ասըմ Ալ­քան, Տոքթ. Ահ­մէտ Սիւ­հէյլ Իւ­չէր, Էլիֆ Ճա­նան Թունճէր, Իս­թանպու­լի Ազ­գա­յին Կրթու­թեան տնօ­րէն Տոց. Մու­րատ Միւ­ճա­հիտ Եեն­թիւր, Վա­քըֆ­նե­րու 1-ին Շրջա­նի Տնօ­րէն Եաւուզ Կիւ­նէր, Վա­քըֆ­նե­րու 2-րդ Շրջա­նի Տնօ­րէն Արիֆ Էօզ­սոյ, Իս­թանպու­լի AFAD-ի տնօ­րէն Տոց. Հա­լուք Էօզէ­ներ, Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ եւ ԷՐ­ՎԱՊ-ի նա­խագահ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու, եկե­ղեցա­կան թա­ղակա­նու­թիւննե­րու ատե­նապետ­նե­րը ու վա­րիչ­նե­րը, ինչպէս նաեւ հայ դպրոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը։ Հան­դիպման բաց­ման խօս­քին Տա­ւութ Կիւլ ըսաւ թէ հայ հա­մայնքին հար­ցե­րը լսե­լու եւ լու­ծում փնտռե­լու հա­մար հա­ւաքո­ւած են։
ԷՐ­ՎԱՊ-ի նա­խագահ Շի­րինօղ­լու ըսաւ թէ դպրոց­նե­րը ֆի­նան­սա­կան դժուարու­թիւննե­րու մէջ են, եւ թէ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն մէջ 2 հա­զար 500 աշա­կերտ կ'ու­սա­նին։ Շի­րինօղ­լու նշեց թէ 15 դպրոց բաց է ու այս թի­ւը շատ է եւ թէ դպրոց­նե­րը պէտք է միացո­ւին։ Ապա աւել­ցուց թէ դպրոց­նե­րէն ոմանք երկրա­շար­ժի դէմ վտան­գա­ւոր վի­ճակի մէջ են։ Ժո­ղովին նաեւ հաս­տա­տու­թիւննե­րու խնդրանքներն ու պա­հանջնե­րը լսո­ւեցան կու­սա­կալու­թեան կող­մէ։
Կու­սա­կալու­թե­նէն գծագ­րութեան ծախ­սին նիւ­թա­կան
օժան­դա­կու­թիւն
ԷՐ­ՎԱՊ-ի հան­դի­պու­մէն ետք կա­տարո­ւած յայ­տա­րարու­թեան հա­մաձայն, դպրոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը ընդհա­նուր առ­մամբ յա­տուկ խնդիր մը չեն ներ­կա­յացու­ցած։ Անոնք պա­հան­ջած են որ թրքե­րէնի ու­սուցիչ­նե­րուն եւ փոխ տնօ­րէն­նե­րուն պաշ­տօ­նավա­րու­թեան ժամ­կէտնե­րը 2015-ի կա­նոնագ­րութեան հա­մաձայն որո­շուին։ 2015 Յու­լիս 4-ին Կրթու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը փոք­րա­մաս­նութեան դպրոց­նե­րուն թրքե­րէնի ու­սուցիչ ընտրե­լու իրա­ւունք տո­ւած էր։ Հինգ տա­րուան ծա­ռայու­թեան ժամ­կէ­տը լրա­ցու­ցած թրքե­րէնի կամ թրքա­կան մշա­կոյ­թի դա­սերու նոյն ու­սուցի­չով ու­սուցու­մը շա­րու­նա­կել ու­զող, կամ այլ ու­սուցիչ­ներ աշ­խատցնել ու­զող դպրոց­նե­րու գրած դի­մումնա­գիրը կու­սա­կալու­թեան հաս­տատման կը ներ­կա­յաց­նէին։ Դպրո­ցին վար­չութեան կող­քին հա­մապա­տաս­խան ու­սուցիչն ալ դի­մումնա­գիր կը ներ­կա­յաց­նէր։ Սա­կայն 2025 Յու­նո­ւար 3-ի Պաշ­տօ­նական Թեր­թին մէջ հրա­տարա­կուած «Կրթու­թեան Նա­խարա­րու­թեան մաս­նա­ւոր ու­սուցման հաս­տա­տու­թիւննե­րու կա­նոնագ­րութեան մէջ փո­փոխու­թիւն կա­տարե­լու մա­սին կա­նոնագ­րութիւն»ով փոք­րա­մաս­նութեան եւ օտար դպրոց­նե­րուն առնչուող փո­փոխու­թիւններ կա­տարուած էին։ Կա­նոնագ­րութեան մէջ տեղ գտած էր հե­տեւեալ ար­տա­յայ­տութիւ­նը. «Թրքե­րէնի եւ Թրքա­կան Մշա­կոյ­թի Դա­սերու Ու­սուցիչ­նե­րուն Մա­սին Օրէն­քի դրու­թիւննե­րուն հա­մաձայն, առա­ւելա­գոյ­նը 5 տա­րի ժամ­կէ­տով կու­սա­կալու­թեան կող­մէ կը նշա­նակո­ւին։ Անոնցմէ մին կու­սա­կալու­թեան կող­մէ տնօ­րէնի առա­ջին օգ­նա­կան կը նշա­նակո­ւի»։ Այս փո­փոխու­թեամբ Նա­խարա­րու­թիւնը 2012-ի կի­րար­կումին վե­րադառ­նա­լու որո­շում առած էր։ Փո­փոխու­թիւնը փոք­րա­մաս­նութեան դպրոց­նե­րուն հա­մար անակնկալ եղած էր։ ԷՐ­ՎԱՊ-ի յայ­տա­րարու­թեան հա­մաձայն, հան­դիպման ըն­թացքին խօսք առած թա­ղակա­նու­թիւննե­րու ատե­նապետ­ներն ալ ըսած են թէ որե­ւէ խնդիր չու­նին, միայն թէ պատ­մա­կան յու­շարձան հա­մարո­ւող դպրոց­նե­րու դի­մումնե­րուն Յու­շարձան­նե­րու Խոր­հուրդը ուշ կը պա­տաս­խա­նէ։ Ստա­ցուած տե­ղեկու­թիւննե­րուն հա­մաձայն, հան­դիպման ըն­թացքին հիմ­նարկնե­րու վար­չութիւննե­րը նշած են թէ վա­քըֆ­նե­րէն գան­ձո­ւող ան­շարժ գոյ­քի հար­կե­րը բարձր գու­մարներ են։ Ստա­ցուած տե­ղեկու­թիւննե­րուն հա­մաձայն, դպրո­ցական շէն­քե­րու երկրա­շար­ժի դէմ ամ­րապնդման հա­մար նա­խագ­ծի գծագ­րութեան գու­մա­րին կէ­սը կու­սա­կալու­թեան կող­մէ պի­տի հո­գացո­ւի։
«Վարձքի գու­մարնե­րը
վե­րագ­նա­հատո­ւին»
Հան­դիպման ըն­թացքին ԷՐ­ՎԱՊ-ի Երկրա­շար­ժի Յանձնա­խումբի պետ եւ Եէշիլ­քէօյի Սուրբ Ստե­փան­նոս Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան ան­դամ Գէորգ Էօզ­քա­րաքէօզ դպրո­ցական շէն­քե­րու երկրա­շար­ժի դի­մադ­րութեան մա­սին ման­րա­մասն ներ­կա­յացում կա­տարեց։ Վա­քըֆ­նե­րու 1-ին Շրջա­նի Տնօ­րէն Եաւուզ Կիւ­նէր հիմ­նարկնե­րու գո­յացան­կին մէջ գտնո­ւող կա­լուած­նե­րու վարձքի գու­մարնե­րուն առնչու­թեամբ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ։ Կիւ­նէր ըսաւ թէ կա­տարած ստու­գումնե­րուն մէջ որոշ ան­շարժ կա­լուած­նե­րու վարձքի գու­մարնե­րուն ներ­կայ շու­կա­յական ար­ժէքնե­րէն ցած մնա­ցած ըլ­լա­լը հաս­տա­տած են, եւ թէ վարձքի գու­մարնե­րը ներ­կայ գի­ներուն հա­մաձայն վե­րագ­նա­հատո­ւելու են։ Կիւ­նէր խոր­հուրդ տո­ւաւ որ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան կող­մէ որո­շուած երեք փոր­ձա­գիտա­կան ըն­կե­րու­թիւննե­րէն որե­ւէ մէ­կէն նոր փոր­ձա­գիտա­կան տե­ղեկա­գիր առ­նո­ւի, եւ վարձքի գու­մարնե­րը ներ­կայ ար­ժէքնե­րուն հա­մաձայն վե­րանա­յուին։ Կու­սա­կալ Կիւլ, փակ­ման խօս­քին մէջ, ըսաւ թէ աշա­կերտնե­րու թի­ւը քիչ եղող դպրոց­նե­րը եւ երկրա­շար­ժի դէմ վտան­գա­ւոր վի­ճակի մէջ գտնո­ւող դպրոց­նե­րը երկրա­շար­ժի դէմ դի­մաց­կուն դպրոց­նե­րու հետ պէտք է միանան, եւ թէ ասի­կա անվտան­գութեան եւ տնտե­սական տե­սան­կիւնէ կարեւոր է։
Իս­րա­­յէլա­­կան Channel 13-ի լրագ­­րող Եոսի Էլին X-ի իր էջին վրայ յայտնած է, որ Ուի­­լիըմ անու­­նով տղան Երու­­սա­­­ղէմի Մա­­միլա թա­­ղամա­­սին մօտ հե­­ծանիւ կը քշէր՝ ական­­ջա­­­կալ­­նե­­­րով երաժշտու­­թիւն լսե­­լով։ Լրագ­­րո­­­ղին հա­­ղորդմամբ՝ խումբ մը երի­­տասարդներ սպառ­­նա­­­լիք­­նե­­­րով մօ­­տեցած են երե­­խային եւ պա­­հան­­ջած՝ հա­­նել ական­­ջա­­­կալ­­նե­­­րը, ապա անոր ուղղու­­թեամբ պղպե­­ղի սփրէյ ցա­­նած են։
Լրագ­­րո­­­ղը հրա­­պարա­­կած է նաեւ տե­­սագ­­րութիւններ, որոնց մէջ երե­­խան շտա­­պօգ­­նութեան ինքնա­­շար­­ժին մէջ բժշկա­­կան օգ­­նութիւն կը ստա­­նայ։ Ան յար­­ձա­­­կող­­նե­­­րը ներ­­կա­­­յացու­­ցած է որ­­պէս հրեայ ծայ­­րա­­­յեղա­­կան­­ներ։
Լրագ­­րո­­­ղին տե­­ղեկու­­թիւննե­­րով՝ ասի­­կա երե­­խային նկատ­­մամբ երկրորդ յար­­ձա­­­կումն է։ Առա­­ջին դէպ­­քին ժա­­մանակ Ուի­­լիըմին հետ եղած է հայ­­րը եւ պաշտպա­­նած զայն, իսկ այս ան­­գամ երե­­խան առան­­ձին եղած է։
Ուի­­լիըմի մայ­­րը լրագ­­րո­­­ղին պատ­­մած է, որ դէպ­­քէն ետք որ­­դին դժո­­ւարու­­թեամբ կը քնա­­նայ եւ կը վախ­­նայ ար­­տա­­­քինով հրեայ կրօ­­նաւոր­­նե­­­րու նմա­­նող ան­­ձե­­­րէ։
Լրագ­­րո­­­ղը կը պնդէ, որ մի­­ջադէ­­պը ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած է ապա­­հովու­­թեան տե­­սախ­­ցիկնե­­րուն կող­­մէ, սա­­կայն ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը գոր­­ծը փա­­կած է՝ առանց որե­­ւէ մէ­­կը ձեր­­բա­­­կալե­­լու։
Թշնա­­մու­­թիւնը սահ­­մա­­­նուած չէ ան­­ձե­­­րով։ Երու­­սա­­­ղէմի մէջ կրօ­­նական հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը եւս յար­­ձակման եւ անար­­գանքի առար­­կայ կը դառ­­նան։ 29 Սեպ­­տեմբե­­րին Երու­­սա­­­ղէմի հայ­­կա­­­կան թա­­ղամա­­սին գտնուող Սուրբ Յա­­կոբ վան­­քի տա­­րած­­քին մի­­զելու փորձ կա­­տարած հրեայ տղա­­մար­­դը բռնո­­ւած է նախ­­քան անվտան­­գութեան հայ աշ­­խա­­­տակ­­ցի մի­­ջամ­­տե­­­լը։
Մի­­ջադէպ­­քը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է Երու­­սա­­­ղէմի Հին քա­­ղաքին գտնո­­ւող հայ քրիս­­տո­­­նէական հա­­մայնքի եւ անոր սրբա­­վայ­­րե­­­րու դէմ ուղղո­­ւած շա­­րու­­նա­­­կական ոտնձգու­­թիւննե­­րու ալի­­քի շրջա­­նակ­­նե­­­րուն։
Օգոս­­տո­­­սին վեց հրեայ կրօ­­նական, որոնցմէ հին­­գը՝ ան­­չա­­­փահաս, ձեր­­բա­­­կալո­­ւած է Սուրբ Յա­­կոբ վան­­քի մուտքի մօտ թքե­­լու, դար­­պասնե­­րուն հա­­րուա­­ծելու եւ հա­­մալի­­րի վրայ քա­­րեր նե­­տելնուն հա­­մար։ Սեպ­­տեմբե­­րին Իս­­րա­­­յէլի ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը ոս­­տի­­­կան­­ներ տե­­ղակա­­յած է վան­­քի մօտ՝ փոր­­ձե­­­լով կան­­խել թքե­­լու կրկնո­­ւող դէպ­­քե­­­րը, բայց տե­­ղակա­­յու­­մէն ետք աւե­­լի լուրջ դէպ­­քեր գրան­­ցո­­­ւած են։
Դէպ­­քե­­­րը ու­­նին յա­­րատեւ բնոյթ։ Հրեայ մո­­լեռանդ հա­­ւատա­­ցեալ­­ներ ատե­­լու­­թեամբ լե­­ցուն են բո­­լոր այ­­լա­­­դաւան­­նե­­­րու նկատ­­մամբ։ Ար­­դա­­­րեւ 30 Սեպ­­տեմբե­­րին Երու­­սա­­­ղէմի հայ­­կա­­­կան կա­­թոլիկ եկե­­ղեց­­ւոյ կող­­քով անցնե­­լու պա­­հուն իս­­րա­­­յէլա­­ցի տղա­­մարդ մը եւ կին մը թքած են վան­­քի ուղղու­­թեամբ։ Այս մա­­սին Դի­­մատետ­­րի իր էջին վրայ յայտնած է Երու­­սա­­­ղէմի հայ հա­­մայնքի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Պե­­տիկ Կի­­րակոսեանը։
Թուրքիոյ պաշտպա­նու­թեան նա­խարար Եաշար Կիւ­լեր` մաս­նակցած է «Թուրքիա-Ատրպէյ­ճան բա­րեկա­մու­թեան եւ հա­մագոր­ծակցու­թեան հիմ­նադրամ»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկին: Կիւ­լեր նշած է, որ եր­կու եր­կիրնե­րու ռազ­մա­վարա­կան հա­մագոր­ծակցու­թիւնը բո­լոր ոլորտնե­րուն մէջ կը զար­գա­նայ: Անդրա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տան-Ատրպէյ­ճան խա­ղաղու­թեան հո­լովոյ­թին: Կիւ­լեր նշած է, որ գո­հու­նա­կու­թեամբ կ՛ըն­դունի ան­ցեալ տա­րի Ուա­շինկթը­նի մէջ ձեռք բե­րուած նա­խաս­տո­րագ­րումը եւ վեր­ջերս խա­ղաղու­թեան հաս­տատման ուղղու­թեամբ ձեռ­նարկո­ւած դրա­կան քայ­լե­րը: «Յոյս ու­նինք, որ օր առաջ պի­տի հաս­տա­տուի հա­մապար­փակ ու մնա­յուն խա­ղաղու­թիւն: Կ՛աջակ­ցինք գոր­ծընթա­ցը այնպի­սի մօ­տեցու­մով աւար­տին հասցնե­լու ջան­քե­րուն, որ պի­տի ամ­րապնդէ կա­յուն շրջա­նային խա­ղաղու­թիւնը եւ պի­տի նպաս­տէ ամ­բողջ շրջա­նի ժո­ղովուրդնե­րու խա­ղաղու­թեան ու բա­րօրու­թեան», նշած է Կիւ­լեր: Ըստ անոր, Կով­կա­սը ոչ թէ հա­կամար­տութիւննե­րու, այլ հա­մագոր­ծակցու­թեան, զար­գացման ու բա­րօրու­թեան կա­րիք ու­նի եւ հա­ւատա­ցած է, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­ճա­նի ամուր հա­մերաշ­խութիւ­նը եւս այդ նոր շրջա­նի կա­րեւո­րագոյն երաշ­խիքնե­րէն մէկն է:
Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարար Աքըն Կիւրլէ­քի փաս­տա­բան Ապ­տուլլահ Ատըր գրա­ւոր յայ­տա­րարու­թիւն ըրաւ Ահ­մէտ Շը­քի՝ Կիւրլէ­քի եւ անոր կնոջ՝ Էլիֆ Կիւլշահ Կիւրլէ­քի մա­սին առաջ քա­շած պնդումնե­րուն առի­թով։
Յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւեցաւ, որ Կիւրլէք եւ իր կի­նը կը բնա­կին Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րու­թեան կող­մէ իրենց յատ­կա­ցուած պաշ­տօ­նական բնա­կարա­նին մէջ, եւ թէ ու­րիշ բնա­կարան վար­ձե­լու մա­սին պնդումնե­րը չեն հա­մապա­տաս­խա­ներ իրա­կանու­թեան։
Յայ­տա­րարու­թեան մէջ ըսո­ւեցաւ հե­տեւեալը.
«Մեր Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարար Պա­րոն Աքըն Կիւրլէ­քի եւ իր կնոջ՝ Տի­կին Էլիֆ Կիւլշահ Կիւրլէ­քի մա­սին, լրագ­րող եւ երես­փո­խան հան­դի­սացող Ահ­մէտ ՇԸՔ անու­նով ան­հա­տի մը կող­մէ առաջ քա­շուած պնդումնե­րը լիովին անի­րական են, ան­հիմն եւ զրպար­տութեան բնոյթ ու­նին։ Մեր վստա­հոր­դը եւ իր կի­նը կը բնա­կին Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարա­րու­թեան կող­մէ իրենց յատ­կա­ցուած պաշ­տօ­նական բնա­կարա­նին մէջ։ Զրպար­տիչ Ահ­մէտ Շը­քի սուտ յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն հա­կառակ, մեր վստա­հոր­դին կող­մէ ու­րիշ բնա­կարա­նի վար­ձում եր­բեք խօս­քի նիւթ չէ։
Լրագ­րութիւ­նը փաս­տա­թուղթի վրայ կը հիմ­նո­ւի, երես­փո­խանու­թիւնը՝ հան­րութեան առ­ջեւ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան։ Եթէ զրպար­տի­չին ձեռ­քը վար­ձա­կալու­թեան պայ­մա­նագիր եւ վճար­ման փաս­տա­թուղթ կայ, պէտք է ան­մի­ջապէս հրա­պարա­կէ զայն հան­րութեան։ Հա­կառակ պա­րագա­յին, նշեալ ան­ձը հան­րա­յին խղճմտան­քին մէջ զրպար­տիչ պի­տի նկա­տուի։ Մեր վստա­հոր­դին եւ իր ըն­տա­նիքին անձնա­կան իրա­ւունքնե­րը եւ հե­ղինա­կու­թիւնը թի­րախ դարձնող ստո­րին զրպար­տութիւննե­րուն հա­մար, Ահ­մէտ Շը­քի դէմ Հան­րա­պետու­թեան Գլխա­ւոր Դա­տախա­զու­թեան քրէական ամ­բաստա­նու­թիւն ներ­կա­յացո­ւած է, ինչպէս նաեւ անձնա­կան իրա­ւունքնե­րու խախտման պատ­ճա­ռով բա­րոյա­կան հա­տուցման հայց յա­րու­ցո­ւած է։
Մեր վստա­հոր­դին դէմ հե­ղինա­կու­թեան սպա­նու­թեան բնոյթ ու­նե­ցող այս զրպար­տութիւննե­րուն հա­շիւը իրա­ւունքի առ­ջեւ պէտք է տես­նո­ւի, իսկ զրպար­տի­չին պա­տիւն ու ար­ժա­նապա­տուու­թիւնը՝ ազ­գին խղճմտան­քին առ­ջեւ դա­տուե­լու կա­րիքը ու­նի։ Գոր­ծընթա­ցը իրա­ւական շրջա­նակի մէջ ման­րակրկիտ կեր­պով կը հե­տապնդո­ւի։ Յար­գանքով կը հրա­պարա­կուի հան­րութեան։
Ի՞նչ եղած էր
ԹԻՓ-ի երես­փո­խան Ահ­մէտ Շըք, Սիւ­զէր Փլա­զայի եւ Ռից Քարլթը­նի մէջ գտնո­ւող բնա­կարան­նե­րու շուրջ, ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարար Աքըն Կիւրլէ­քին դէմ ուղղո­ւած մե­ղադ­րանքնե­րը օրա­կարգ բե­րաւ։ Շըք, վարձքին եւ 30 մի­լիոն թրքա­կան լի­րա ար­ժող նո­րոգու­թեան ծախ­սե­րուն կող­քին՝ նաեւ ճա­շի ծախ­սե­րուն առնչու­թեամբ, Կիւրլէ­քէն պա­տաս­խան պա­հան­ջե­լով, հե­տեւեալ 6 հար­ցումնե­րը ուղղեց։
Ահ­մէտ Շըք, իր յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն աւար­տին, Աքըն Կիւրլէ­քին ուղղեց հե­տեւեալ 6 հար­ցումնե­րը՝ պա­տաս­խան պա­հան­ջե­լով.
«1- Տա­ւութ Եասին Պի­լէնը, կամ անոր մեր­ձա­ւոր­նե­րէն մէ­կը, Սիւ­զէր Փլա­զայի մէջ բնա­կարան ու­նի՞։
2- Աքըն Կիւրլէք եւ իր կի­նը՝ Էլիֆ Կիւլշահ Կիւրլէք, այս բնա­կարա­նին մէջ վար­ձա­կա՞լ են։
3- Բնա­կարա­նին հա­մար ամ­սա­կան 750 հա­զար թրքա­կան լի­րա վարձք կը վճա­րուի՞։ Ո՞վ կը վճա­րէ։ Վճար­ման ան­դորրագ­րեր կա՞ն։
4- Բնա­կարա­նին 30 մի­լիոն թրքա­կան լի­րա ար­ժող նո­րոգու­թեան եւ կա­հաւոր­ման ծախ­սը ո՞վ ստանձնած է։
5- Սե­փակա­նու­թեան վկա­յակա­նին մէջ բնա­կարա­նին տէ­րը երեւ­ցող Տա­ւութ Եասին Պի­լէնի հետ ի՞նչ տե­սակ յա­րաբե­րու­թիւն ու­նիք։
6- Միաժա­մանակ Կա­պիտա­լի Շու­կա­յի Խոր­հուրդի (SPK) վար­չութեան ան­դամ Էլիֆ Կիւլշահ Կիւրլէ­քի՝ փլա­զայի մէջ գտնո­ւող «Նո­պու» ճա­շարա­նին մէջ կե­րած ճա­շերուն ամ­սա­կան 250 հա­զար լի­րայի հա­շիւը ինք՞ կը վճա­րէ, պա­րոն նա­խարա՞րը, թէ՞ Սիւ­զէր Հոլ­տինկը»։
Ինչպէս կը պար­զո­ւի, Ահ­մետ Շըք իբ­րեւ երես­փո­խան, կը գոր­ծա­ծէ իր հար­ցում ուղղե­լու իրա­ւունքը, սա­կայն Ար­դա­րադա­տու­թեան Նա­խարա­րը փո­խանակ ուղղո­ւած հար­ցումնե­րը պա­տաս­խա­նելու կը դի­մէ դա­տարան, զրպար­տութեան մե­ղադ­րանքով եւ հա­տու­ցում կը պահանջէ։