Ամէն տարի այս շաբաթներու յատուկ յուզում մըն է համալսարաններու մուտքի քննութեան արդիւնքներու հրապարակումը։ Արդարեւ այս տարի ալ աշակերտներու նուաճած յաջողութիւնները արձագանգ կը գտնեն իրենց աւարտած վարժարաններու կայքէջերուն եւ ընկերային ցանցերու վրայ։
Այս պահու տուեալները կը նկարագրեն աշակերտներու ձեռք բերած ընդհանուր յաջողութիւնը։
Յառաջիկայ օրերուն անոնք ստացած այս նիշերով կը ճշտեն նաեւ իրենց արձանագրուելիք ԲՈՒՀ-երը։
Ըստ երեւոյթի Կեդրոնական,Սահակեան, Մխիթարեան եւ Դպրեվանքէն կարգ մը աշակերտներ նուաճած են բաւականին բարձր մրցանիշեր։
Այսպէս Կեդրոնականի սաներէն Լուսին Քարթուն դարձած է Թուրքիոյ 360-րդը։ Ան նախապէս յայտարարած էր թէ կը ցանկանայ ուսանիլ իրաւաբանութիւն։ Կարէն Քիւրքչիւօղլու եւս Կեդրոնականի սան է եւ ան ալ ապահոված է բաւականին բարձր նիշ, յատկապէս լեզուի մարզէ ներս։
Նոյնպէս Տերեւ Թաշհան իր նուաճած յաջողութիւնով պարծանք պատճառած է վարժարանին։ Նման պարծանք կ՚ապրի Սահակեան Նունեան Վարժարանի սաներէն Ժուլիա Քափ եւ Սարա Կազերօղլու, որ դարձեալ մեծ յաջողութիւն արձանագրած են։
Մխիթարեան Վարժարանը եւս տուած է յաջող աշակերտներ՝ որոնցմէ Հայասա Հարզուարթեան եւ Արտա Եուրթէրի իրաւունք ապահոված են իրենց ցանկացած բաժինները ուսանելու համար։
Դպրեվանքի Տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչաց կազմը եւս հպարտ են Էնճիլ Ամուրօղլու եւ Էրլին Ալքանլըի յաջողութիւններով, քանի որ անոնք ալ մաս կազմած են առաջին 20,000-ի շերտին։
Միւս կողմէն հոգ չէ թէ մեր դպրոցներէն շրջանաւարտ չըլլան ունիք եւս երիտասարդներ, որոնք կարեւոր յաջողութիւն նուաճեցին։ Անոնցմէ մէկն է Արա Ճանէլ, որ Մխիթարեանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումէն ետք յաճախած է ԻԹԻՒ-ի երկրորդական վարժարանը եւ համալսարանի մտից քննութեան մէջ նուաճած է բաւական մեծ յաջողութիւն։
Մօտ 2,5 միլիոն յաւակնորդներուն մէջ առաջին 20.000-ին մաս կազմելը ինքնին յաջողութեան չափանիշ է։ Ուրեմն կը շնորհաւորենք այս տարուայ շրջանաւարտները եւս իրենց յաջողութիւններուն բերմամբ։



