Վեհանոյշ լարուած ուշադրութիւնով կը լսէր Նիկոլին բերած խապրիկները։ Լսածներուն բերմամբ մերթ յայտնի, անյայտ ժպիտ մը կը գոյանար դէմքին վրայ, մերթ թախիծի ստուեր մը կը պատեր երեսը։
Հետզհետէ եկաւ պահ մը, ուր հայեացքը սառեցաւ թոռնուհիին վրայ։ Թէեւ Նիկոլն նոյն եռանդով կը շարունակէր պատմել, բայց մեծ մայրիկը այլեւս չէր լսեր զինք։ Ան կրկին մատնուած էր խորհուրդներուն, գուշակելու համար իր յիշած տասներկու տարեկան պատանին եւ հիմա առանձին ճամբորդելով օտար երկիր մը հասած, այստեղ ալ ճարպիկօրէն Սուրբ Փրկիչ ծերանոցին ճամբան գտած երիտասարդ կնոջ նմանութիւնը, նոյնիսկ նոյնութիւնը։
Այս խորհուրդներու մէջ էր, երբ նկատեց մազերուն մէջ հատուկենտ յայտնուող սպիտակ թելերը։
Ինք ալ հարցումներ ունէր մտքին մէջ, բայց չէր համարձակէր մտքով անցած պարզ բաները հարցնելով սխալ տպաւորութիւն գոյացնել։ Չըլլայ որ արդէն իրեն համար յայտնի բաներ հարցնէ եւ պատճառ դառնայ որ խօսակիցը կասկածի իր յիշողութենէն։ Ստիպուեցաւ միտքը տանչող հարցումներէն ամենապարզը ուղղելու։ «Քանի՞ տարեկան եղար»։ Զարմանալի էր ստացած «Երեսունչորս» պատասխանը։
Մտքով հաշուեց անցնող տարիները, թուաբանական հանումի գործողութիւնով երեսունչորսէն պակսեցուց տասներկուն եւ գտաւ անցած ժամանակը։ «Ուրեմն տասներկու տարի անցեր է։ Դուն թերատի երախայ էիր, երբ ես վերադարձայ Պոլիս»։ Նիկոլ նկատեց տաս տարուայ վրիպումը, բայց չուզեց ուղղել։ «Այո, Վեհանոյշ, շատ երկար տարիներ անցան» ըսելով փորձեց փոխել նիւթը։
Ուրիշներու խորթ թուացող անունով դիմելու եղանակը սովորական դարձած էր Վեհանոյշի համար։ Եւ ոչ միայն այսօր, այլ Ամերիկա գտնուած օրերէն սովոր էր այս եղանակին։ Նիկոլ նոյն կերպ, իրենց անուններով կը դիմէր նաեւ ծնողներուն, մօրը՝ Ռոզին եւ հօրը՝ Ժիրայրին։
Սկզբնական շրջանին բաւական տարօրինակ թուացող այս սովորութիւնը հետզհետէ բնական դարձաւ, երբ Նիկոլի հասակակից ընկերներն ալ նոյնպէս անունով սկսան խօսիլ իր հետ։ Նկատեց թէ այց անմիջականութեան մէջ անոնք չէին թերանար յարգալիր վերաբերումէն։ «Կ՚երեւի իրենց սովորութիւնը այսպէս է» խորհեցաւ եւ խնդիր չունեցաւ սերունդներու միջեւ աստիճանակարգ մկ գոյացնող եղանակի բացակայումէն։
Վրայ հասաւ երկորդ հարցումը. «Ո՞ւր պիտի մնաս»։ Նիկոլ այս հարցումը պատասխանուած էր քիչ առաջ, բայց համբերութեամբ կրկնեց համալսարանի հանրակացարանի բացատրութիւնը։
Վերջապէս եկաւ կարեւորագոյնը, «Առանձին ե՞ս, մէկը կա՞յ կեանքիդ մէջ, հոս թէ հո՞ն։ Միասին եկա՞ծ էք, թէ դուն առանձին»։
Նիկոլ հարկադրուեցաւ նոյն համբերութեամբ կրկին պատմելու թէ առանձին կ՚ապրի, համալսարանի մէջ կը պաշտօնավարէ որպէս դասախօս, Պոլիս եկած է ժամանակաւոր պայմանագրութեամբ եւ ճշդուած թուականի աւարտին պիտի վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ։ Ուզեց Վեհանոյշին դէմքին տեսնել համոզուածութեան այտայայտութիւնը։ Չի կրցաւ վստահ ըլլալ թէ պատմուածները ամբողջովին հասկցած է՞ թէ ոչ։
Ուշիմ էր Նիկոլը։ Գիտէր թէ ինչեր կարելի է պատմել եւ ինչեր ոչ՞
Այս դատողութիւնով լուռ մնաց իր տեղացի պաշտօնակցին, Ուղուրի մասին։
Հոգ չէ թէ տարբեր համալսարաններու մէջ, պաշտօնակիցներ էին Նիկոլը եւ Ուղուրը։ Իրարմէ տեղեակ եղած էին հասարակական պաշտօնակիցներու միջոցաւ։ Ելեկտրոնային նամակագրութեամբ իրարու հետ բաժնեկցած էին միմիանց ուսումնասիրութիւնները, հետազօտութիւնները եւ հրատարակած յօդուածները։
Գրառումները երկուստէք հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էին իրարու հանդէպ։
Նախապէս միայն ակադեմական նիւթով շարադրուած էլ նամակներու բովանդակութիւնը հետզհետէ ծաւալուեցաւ դէպի առօրեայ ապրումներ, որոնց միջոցաւ յայտնաբերուեցաւ նաեւ անոնց երաժշտական կամ գեղարուեստական նախասիրութիւնները եւ գաղափարախօսական հակումները։
Տարբեր քաղաքներու մէջ թէեւ, երկուքն ալ մասնակցած էին Կազզայի եւ Պաղէստինի զօրակցութեան ցոյցերուն։ Նիկոլ լուրջ մտահոգուած էր Ուղուրի այդ ցոյցերուն մասնակցելէն, վախնալով թէ Թրամփի կառավարութիւնը կրնայ չնչել անոր ակադեմական պաշտօնը եւ նոյնիսկ արտաքսել երկիրէն։
Միւս կողմէ Ուղուր մեղադրած էր Նիկոլը, 24 Ապրիլի Նիւ Եորքեան ցոյցերէն բացակայելուն համար։ Նիկոլ այդ մեղադրանքին դիմաց ինքզինք արդարացուցած էր «Դաշնակներու հետ ըլլալ չուզեցի» ըսելով։
Արդարեւ Պոլսոյ մէջ դասախօսելու խնդիրն ալ Ուղուրի ջանքերով իրականացան։ Անոր շրջանակներու բերմամբ լսեց Պոլսոյ Թեխնիկ Համալսարանի երաժշտութեան ուսումնասիրութիւններու բաժնի MIAM-ի մասին։ Ղրկեց իր CV-ին եւ որոշ ժամանակ անց ստացաւ դասախօսելու առաջարկը։
Վեհանոյշ մատնուած էր խոր մտածումներու։ Երեկոյեան զովը զգաց մարմնի վրայ։ Այդ նոյն պահուն Նիկոլն ալ մտածեց անցնող ժամանակը։ Մտքին մէջ ծրագրեց վերադարձի ճամբորդութիւնը եւ շտապեց, խոստանալով ամենակարճ ժամանակին կրկին այցելել։
(Շարունակելի)




