6-րդ Համահայկական խաղերու շեմին
Այս տարի Հայաստանի մէջ 6-րդ անգամ կը կայանան Համահայկական ամառնային խաղերը։ Աշխարհի տարբեր ծայրերէն կը հաւաքուին փրոֆեսիոնել եւ սիրողական մարզիկներ, անգամ մը եւս իրար կապելով Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը։ Այս մասին Արմենփրեսի հետ զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնեց Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի անդամ Սեպուհ Պաղտոյեան եւ ըսաւ.
«Ահաւասիկ 6-րդ խաղերու շեմին կը գտնուինք եւ հպարտութեամբ կարելի է ըսել, որ նախկին 5 խաղերու ընթացքին մասնակից քաղաքներու եւ խումբերու թիւին շարունականան աճը, մարզաձեւերու աւելացումը, մարզական արդիւնքները մասնակիցներու մէջ յառաջացած անբացատրելի եռանդն ու ոգեւորութիւնը մեծապէս ամրապնդեցին մէկ ազգի, մէկ նպատակի, մէկ համոզմունքի եւ մէկ տեսլականի գաղափարը։ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը այս տարուայ խաղերուն բոլոր մասնակիցներուն կու տայ ազգային միական պահանջատիրութեան անսասանութիւն, արմատային խարսխում՝ մեր զոհերուն չմոռնալու եւ միշտ իրենց անմեղ յիշատակը վառ պահելու համար»։

