Ակնարկ Օսմանեան կայսրութեան հայ մամուլին
Նախորդ շաբաթ «Մենք ու Մերոնք» սիւնակի վրայ անդրադարձած էինք իրերայաջորդ կերպով հրատարակուած երեք գիրքերու։ Անոնցմէ առաջին երկուքը պատմական ուսումնասիրութիւններ էին ու կ՚անդրադառնային ԺԹ. դարու վերջերու եւ Ի. դարու սկիզբներու Օսմանեան Կայսրութեան եւ ապա Թուրքիոյ հանրապետութեան քաղաքական անցուդարձներուն։
Երրորդը վէպ մըն էր, որ կ՚անցներ այդ նոյն ժամանակահատուածին, առանցք ունենալով 1915 տարեթիւը։
Այս անգամ մեր սեղանին դրուած է վեցամսեայ հերթականութեամբ Անգարայի մէջ հրատարակուող պարբերական մը։ «Քեպի քեչ» անուն այս պարբերականը հիմնականին կ՚արծարծէ մարդկային գիտութիւններու վերաբերեալ նիւթեր։
Հանդէսին ներկայ հատորը հիմնականին նիւթ ունեցած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ոչ թրքերէն, պարբերական մամուլը։
Բովանդակութեան մէջ կը հանդիպինք Յովակիմ Վարդապետ Սերովբեանի ստորագրութեամբ «Հայ մամուլը կայսրութենէ դէպի հանրապետութիւն», Մասայուքի Ուէնոյի «Որո՞ւն պատասխանատուութիւնն է հայ մամուլի հսկողութիւնը», Օրհուն Եալչընի «Գաւառէն Պոլիս, Ազատութիւն թերթէն ցոլացումներ», Եաշար Թոլկա Ճորայէն «Սիմոն Չէօմլեքճեան եւ առաջնորդ վաճառականաց, հայ առեւտրականի համար հանդէս հրատարակել», Օզան Չէօմելէքօղլուէն «Կարապետ Փանոսեանի հետ Օսմանեան լրագրութեան մասին անկարելի հարցազրոյց մը», Էօզկիւն Ուչարէն «Թաքվիմի վէքայիի հայերէն առաջին թիւը», Արա Գոչունեանէն «Ժամանակ թերթի երկարաշունչ ոդիսականը», Եդուարդ Տանձիկեանէն «Ի՞նչ էր եւ ի՞նչ է «Ակօս»ի խնդիրը» եւ այլ յօդուածներ։
Ինչպէս բովանդակութիւնն ալ կը վկայէ 385 էջերէ բաղկացող այս հանդէսը շատ կարեւոր հորիզոններ կը բանայ ընթերցողին դիմաց։
Թերթելով հանդէսի էջերը անգամ մը եւս կ՚անդրադառնանք Օսմանեան կայսրութեան քայքայումէն ետք հանրապետութեան ձեւաչափով ազգային պետութիւն մը հիմնելու որոշումին, երկրի ընկերաքաղաքական այդքան ծաւալուն ներուժը, ինչպէս փճացնելուն։
Պարզապէս առիթներու մսխում մըն է կատարուածը յանուն ազգային պետութեան։ Երկիրը իր բազմազգի ներուժով կարող էր մեծ ոստումներ արձանագրել եւ իր բնակիչներուն պարգեւել բարգաւաճ հայրենիք։ Այդ բնական ընթացքը խաթարողը եղաւ ազգային գաղափարախօսութիւնը, որ մէկ ազգի գերակշռութիւնը ապահովելու համար կործանեց ամէն ինչ։
Տեսնենք թէ յառաջիկայ օրերը տակաւին ինչ հետաքրքրական հրատարակութիւններ կը պարգեւէն, որոնք կու գան երկրի պատմութեան ներկայացուցած կարծրատիպները ի հիմանէ փլելով։

