Հրատարակութեան թուական: 28 Հոկտեմբեր 2026 10:45
 ~ Վերջին թարմացում: 28 Հոկտեմբեր 2026 10:51
read.ReadTime

Միջազգային Գիտաժողովի օրակարգն է՝

«Ակօս»-ի դերը արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ

Հայաս­տա­­նի Ազ­­գա­­­յին Գրա­­դարա­­նի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ «Ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թիւն յա­­նուն կա­­յուն ապա­­գայի» խո­­րագ­­րով մի­­ջազ­­գա­­­յին գի­­տաժո­­ղովը՝ նո­­ւիրո­­ւած Ոս­­կան Երե­­ւան­­ցու տպագ­­րած առա­­ջին հա­­յերէն Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի հրա­­տարա­­կու­­թեան 360-ամեակին։ Գի­­տաժո­­ղովը հա­­մախմբած է մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեանը մի­­տուած ոլորտնե­­րու մաս­­նա­­­գէտ­­նե­­­րու՝ քննար­­կե­­­լու ազ­­գա­­­յին եւ տպա­­գիր ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան, ու­­սումնա­­սիր­­ման, հան­­րահռչակ­­ման ու ապա­­գայ սե­­րունդնե­­րուն փո­­խանցման ար­­դի խնդիր­­նե­­­րը։ Գի­­տաժո­­ղովի եր­­կօ­­­րեայ ծրա­­գիրն կ՚ընդգրկէր մշա­­կու­­թա­­­յին եւ ազ­­գա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան ու հան­­րահռչակ­­ման, մաս­­նա­­­գիտա­­կան զար­­գացման ու կա­­ռավար­­ման, ժա­­ռան­­գութեան թո­­ւային վե­­րափո­­խու­­մը, ինչպէս նաեւ փաս­­տաթղթե­­րու պահ­­պա­­­նու­­թեան ու վե­­րականգման առնչո­­ւող թե­­մաներ։ Առան­­ձին նիս­­տե­­­րուն անդրա­­դարձ կա­­տարո­­ւեցաւ Աս­­տո­­­ւածա­­շունչին՝ որ­­պէս մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան, սփիւռքի ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան ու հան­­րահռչակ­­ման, ինչպէս նաեւ ազ­­գա­­­յին եւ տպա­­գիր ժա­­ռան­­գութեան պահ­­պա­­­նու­­թեան խնդիր­­նե­­­րուն։ Գի­­տաժո­­ղովի շրջա­­նակին կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցան նաեւ մաս­­նա­­­գիտա­­կան աշ­­խա­­­տաժո­­ղով­­ներ՝ նո­­ւիրո­­ւած գրա­­դարա­­նային եւ ար­­խի­­­ւային ոլորտնե­­րու փոր­­ձին ու ժա­­մանա­­կակից գոր­­ծիքնե­­րու կի­­րառ­­ման։ Ծրագ­­րի մէջ նե­­րառո­­ւած էր նաեւ թան­­գա­­­րան­­նե­­­րու այ­­ցե­­­լու­­թիւն։
Պատկերը մեծցնել
«Ակօս»-ի դերը արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ