Ակօս»ի ընտանիքի համար աչքի լոյսի նման արժէքաւոր ու հարազատ երիտասարդ գործընկեր մըն է Իշխան Էրտինչ։ Ան նախորդ կիրակի պսակադրութեան եղանակով մտաւ իր կեանքին նոր մէկ շրջանը, ամուսնանալով նոյնքան հարազատ Լորի Տեմիրճիի հետ։
Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ կայացող պսակադրութեան արարողութիւնը կատարեց «Ակօս»ի հիմնադիրներէն ողբացեալ Սարգիս Սերովբեանի որդին՝ Հայր Յովակիմ Վարդապետ Սերովբեան։
Արարողութիւնը իր բարձր ներկայութեամբ պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան Սրբազան։
Որպէս ակօսականներ ցկեանս երջանկութիւն կը մաղթենք մեր թանկագին սիրելիներուն։



