Ալին Թաշճեանի հետ՝ «Նռան Գոյնը»
Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահը, շնորհիւ թաղական խորհուրդի ջանքերուն, դարձած է պոլսահայոց մշակոյթի եւ արուեստի հանդիպման կէտերէն մէկը։
Սերկէյ Փարաճանովի՝ Սայաթ Նովայի կեանքը բանաստեղծական լեզուով պատմող եւ բարձր գնահատուած ֆիլմը՝ «Նռան Գոյնը/ The Color of Pomegranates», յատուկ միջոցառումով մը քննարկուեցաւ:
Երեկոյեան բացման խօսքը կատարեց Խաչիկ Ճանել: Ան ընդգծեց մշակութային հանդիպումներու եւ արուեստի մասին կատարուած քննարկումներու կարեւորութիւնը հասարակական յիշողութեան առումով:
Ֆիլմի ցուցադրութենէ ետք բեմ բարձրացաւ Ալին Թաշճեան: Փարաճանովի կինոյի յատուկ հիւսուածքը, ֆիլմի մէջ գոյնի գործածութիւնը, փոխաբերութիւնները եւ խորհրդանշումները մանրակրկիտ կերպով վերլուծող Թաշճեան, հանդիսականներուն փոխանցեց ֆիլմի երեւացող երեսին անդին եղող խորունկ իմաստները: Ազդեցիկ զրոյցի մը վերածուած միջոցառման ընթացքին Թաշճեան պատասխանեց երիտասարդներէն եկող հարցումներուն: Մասնակիցներ ալ բարձրախօս առնելով ֆիլմի վերաբերեալ իրենց տպաւորութիւնները, զգացումները եւ իրենց մեկնաբանութիւնները փոխանակելու առիթ գտան:
Սայաթ Կիւրինի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած խաղի բաժինը, երեկոյեան երանգ մը տուաւ: Մասնակիցներ խումբերու բաժնուելով թէ՛ իրենց յիշողութիւնը թարմացնող եւ թէ՛ խումբի հոգին ամրացնող զուարճալի մրցումի մը մէջ մտան: Սաստիկ անցնող պայքարի վերջաւորութեան պարգեւ մըն ալ տրուեցաւ յաղթող խումբին:
Միջոցառումին վերջին բաժինին հիւրերը հրաւիրուեցան քոքթէյլի սրահ, ուր առիթ ունեցան արուեստի, զուարճութեան եւ բարեկամութեան զրոյցներուն շարունակելու:

