Ամառնային արձակուրդը կամաց-կամաց կը հասնի իր աւարտին, անոր հետ մէկտեղ՝ Եսայեան Միութեան «Ամարանոց աշխատանոց» ծրագիրը ամբողջացուց իր շրջանը։ Յուլիս 16-էն մինչեւ Օգոստոսի 27՝ եօթը շաբաթ շարունակ, մասնակիցներուն ձայները արձագանգեցին Գնալըի բարձունքէն՝ ծիծաղ ու լեզու, ստեղծագործական եռանդ եւ նոր մտերմութիւններ։
Լարա Սուլուօղլուին հետ բնութենէն հաւաքած նիւթերով պատկերներ պատրաստեցինք, Ժուլիանա Ճեպեճիին հետ ծովու համար գունաւոր պայուսակներ ձեւաւորեցինք, Դալար Միտոյեանին հետ տպագրութեան տարբեր ձեւերով գործեր ստեղծեցինք, Թինա Քոբմային հետ միասին մտածեցինք ու հաճոյքով հարցումներ հարցուցինք, Նարօտ Ավճըին հետ ձեռքերնիս աղտոտելով կաւէ գործեր շինեցինք, Վարդան Էսդուգեանին եւ Վահագն Քէշիշեանին հետ Եսայեան Միութեան «Հարկաւ» թերթիկին նոր թիւը պատրաստեցինք, ու Միհրան Թովմասեանին հետ ազատօրէն պարեցինք։
76 մասնակից ներկայ եղան մեր աշխատանոցներուն՝ ընդհանուր 130 արձանագրութիւն, 5-էն մինչեւ 15 տարեկան։ Տակաւին շատեր մասնակցեցան առանց արձանագրուելու, որոնց առջեւ բաց էին դռները Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։
Սրտագին շնորհակալութիւն բոլոր ծնողներուն, որոնք մեզի վստահեցան իրենց զաւակները։ Նաեւ մեր բոլոր վարիչներուն, իրենց ժամանակին, ստեղծագործ գաղափարներուն եւ սիրոյն համար։ Եւ վերջապէս Ներսէսեան Դպրաց դասին, իր ջերմ աջակցութեան համար։
Յոյսով ենք որ ծրագիրը պիտի վերադառնայ գալ ամառ։ Կը սպասենք ձեզի մեր յառաջիկայ աշխատանոցներուն եւ ձեռնարկներուն։ Մինչեւ այն ատեն, բարի աշուն։



