Ճէյ Տի Վենս-ի Հայաստանի այցելութիւնը
ԱՄՆ եւ Հայաստանի միջեւ նոր պայմանագիրներ ստորագրուեցան
ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս երէկ այցելեց Հայաստան եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ստորագրեց հիւլէական ուժանիւթի ոլորտէն ներս 9 միլիառ տոլարի ներդրումային համաձայնագիր մը։ Վենս յայտնեց, որ առաջին փուլին կը վերաբերի 5 միլիառ, ապա յաւելեալ 4 միլիառ տոլար, որ «Թրամփի ճամբայ» հիմնադրամի միջոցով Հայաստան պիտի հոսի։
Փոխնախագահը նաեւ աջակցութիւն յայտնեց Փաշինեանին՝ Յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ, ըսելով. «Եթէ իմ աջակցութիւնս բան մը կը նշանակէ, ան անշուշտ ունի զայն»։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան նաեւ պաշտպանական գործընկերութեան. Վենս հաստատեց Հայաստանի համար 11 միլիոն տոլարի հետախուզական անօդաչու սարքերու վաճառքը։
Վենս հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ, ապա կէսօրին Երեւանէն մեկնեցաւ դէպի Պաքու։
Այցելութեան ընթացքին նախագահական նստավայրին մօտ բազմաթիւ արցախցիներ ցոյց ըրին՝ Վենսէն պահանջելով Ատրպէյճանէն ապահովել հայ գերիներուն ազատ արձակումն ու Ղարապաղի հայերուն հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը։

