Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարար Անահիտ Ավանէսեան Իսթանպուլ ժամանեց՝ մասնակցելու համար Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած «Երկրաշարժներու ընթացքին առողջութեան պաշտպանութիւնը. երկրաշարժի արտակարգ դրութեան կառավարման միջոցաւ առողջապահական անվտանգութեան զարգացումը» խորագիրով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նախարարներու համաժողովին։
Ավանէսեանի կատարած յայտարարութեան համաձայն, ներկայիս արտակարգ բժշկական օգնութեան թեխնիկական խումբեր կազմելու համար գնահատման փուլին մէջ գտնուող Հայաստան, մօտ ապագային Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութենէն համապատասխան վկայագիրը ստանալու կը սպասէ։
Անահիտ Ավանէսեան ըսաւ. «Եթէ Հայաստանը գնահատման գործընթացը յաջողութեամբ աւարտէ, պիտի ունենայ բարձր մակարդակի վկայագրուած արտակարգ բժշկական օգնութեան թեխնիկական խումբեր, որոնք հարկ եղած պարագային պիտի կարենան ծառայութիւն մատուցանել թէ՛ երկրէ ներս, թէ՛ ալ արտասահմանի մէջ»։



