Անի Կարմիրեանէն նոր գիրք՝ «Կախարդական ցուցափեղկը»
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայացուց Անի Կարմիրեանի հեղինակած նորագոյն հրատարակութիւնը մը՝ «Կախարդական ցուցափեղկը» մանկական պատկերագիրքը:
Անի Կարմիրեան մեզ կը հրաւիրէ աշխարհը դիտելու երեխաներուն աչքերով. փորձելով անոնց հետ միասին երեւակայել, խաղալ, ստեղծել եւ երազներ իրականացնել։
Գիրքը ընդեցնողը կը տանի դէպի «Բուրաստան» խաղալիքի խանութը, ուր կը բնակի դեղին փիղ մը՝ Փիլա Հաթին: Ան պարզ խաղալիք մը չէ. Հնդկաստանէն եկած իշխանուհի մըն է, որ կը կարօտնայ իր հեռաւոր տունը: Պատմութիւնը կը ծաւալի մեր աչքին առջեւը՝ երեխային եւ փիղին միջեւ ծնունդ առած բարեկամութեան շուրջ, ցուցափեղկին մէկ կողմէն միւսը:
Մարալ Քերովբեանի նկարազարդումները կը կենդանացնեն այս զգայուն պատմութիւնը:
«Պատմածները քանի որ միայն ես կը լսէի, արցունքները մէկ առ մէկ միայն ես կը տեսնէի…»
Այս գեղեցիկ հրատարակութիւնը արդէն պատրաստ է գրաւելու թէ՛ երեխաներուն եւ թէ՛ չափահասներուն սիրտերը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել «Արաս» հրատարակչութեան կայքէջը։

