Հանդիպման շրջանակին կազմակերպուեցաւ «Յիշողութեամբ պայմանաւորուած ժառանգութիւն. բարոյագիտական մօտեցումներ, մշակութային լանդշաֆտներ եւ անդր սահմանային համագործակցութիւն» խորագիրով միջազգային գիտական գիտաժողովը, որու ընթացքին մասնագէտները քննարկեցին մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան, վերականգնման եւ յիշողութեան քաղաքականութեան արդի մարտահրաւէրները։ Միջոցառման բացմանը ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Հայաստանի Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարագոսը, ICOMOS International-ի նախագահ Թերեզա Պատրիսիոն, ինչպէս նաեւ ոլորտի շարք մը հեղինակաւոր մասնագէտներ։ Գիտաժողովիզեկուցողներու թուին էր նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի թղթակից, մատենագէտ եւ մշակութային հետազօտող Մարի Յովհաննիսեանը, որ ներկայացուց «Յիշողութեան էթիկան եւ վերականգնման դերը մշակութային ժառանգութեան մէջ. Անիի Մայր Տաճարի փորձառութիւնը» թեմայով զեկոյցը։ Ան ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ։
**
Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ վերականգնման ժամանակակից քննարկումներուն յիշողութեան էթիկան դարձած է առանցքային հասկացութիւններէն մէկը։ Այսօր մշակութային ժառանգութիւնը կը դիտարկուի ոչ միայն որպէս անցեալի նիւթական վկայութիւն, այլեւ որպէս յիշողութեան, ինքնութեան եւ պատմական փորձառութեան կրող։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր պահպանական կամ վերականգնողական միջամտութիւն կապուած է ոչ միայն թեխնիկական, այլեւ էթիկական հարցերու հետ. ինչպէ՞ս պահպանել յուշարձանը՝ առանց խաթարելու անոր պատմական իսկութիւնը, եւ ինչպէ՞ս ներկայացնել անոր պատմութիւնը՝ առանց անտեսելու անոր բազմաշերտ բնոյթը։ Այս հարցերը յատկապէս արդիական են Անիի Մայր Տաճարի պարագային, որ հայկական միջնադարեան իրականութեան միաժամանակ բազմաշերտ մշակութային յիշողութեան բացառիկ կրող է։
Անիի համաշխարհային
նշանակութիւնը
Անիի ճարտարապետական եւ մշակութային նշանակութիւնը հաստատուած է նաեւ միջազգային մակարդակով։ 2016 թուականին Անիի հնագիտական համալիրը ներառուեցաւ ՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին։ Եւ ՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կեդրոնի գնահատումով՝ Անին «հայկական մշակութային, գեղարուեստական, ճարտարապետական ու քաղաքաշինական զարգացման մասին բացառիկ վկայութիւն է եւ հայկական կրօնական ճարտարապետութեան «Անիի դպրոցի» անըստգիւտ օրինակներէն, որ կ՚արտացոլէ այդ դպրոցի կառուցողական թեխնիկան ու ոճական առանձնայատկութիւնները (UNESCO World Heritage Centre, 2016)։ Միառժամանակ ՈՒՆԵՍՔՕ-ն Անին կը բնութագրէ որպէս տարբեր մշակութային աւանդոյթներու փոխազդեցութեան կարեւոր կեդրոն, որտեղ հայկական եւ իսլամական ազդեցութիւնները ձեւաւորած են տարածաշրջանային նշանակութեան մշակութային միջավայր։ Այսպէսով, Անին կը ներկայացնէ ոչ միայն որպէս հայկական ժառանգութեան կարեւոր բաղադրիչ, այլեւ որպէս համաշխարհային նշանակութեան մշակութային արժէք, որուն պահպանութիւնը համամարդկային պատասխանատւութեան հարց է։
Անիի Մայր Տաճարը՝ պատմական, հոգեւոր եւ ճարտարապետական համատեքստին
Անիի Մայր տաճարի ուսումնասիրութիւնը ձեւաւորուած է բազմաշերտ գիտական աւանդոյթի շրջանակին։ Յուշարձանի ճարտարապետական առանձնայատկութիւններու եւ պատմական նշանակութեան ուսումնասիրութեան հիմքերը դրուած են Թորոս Թորամանեանի եւ Նիկողայոս Մառի աշխատութիւններով, իսկ յետագային զարգացուած են Փաուլօ Կունէոյի, Քրիստինա Մարանցիի, Կարէն Մաթէոսեանի, Վետաթ Աքչաէօզի եւ բազմաթիւ այլ հայ ու միջազգային հետազօտողներու կողմէն։ Այս ուսումնասիրութիւնները հնարաւորութիւն տուած են Մայր Տաճարը դիտարկել ոչ միայն որպէս ճարտարապետական կոթող, այլեւ որպէս միջնադարեան Հայաստանի քաղաքական, կրօնական եւ մշակութային յիշողութեան կարեւոր կրող։
Անիի Մայր Տաճարը (Սուրբ Աստուածածին Կաթողիկէ Եկեղեցի) Բագրատունեաց Հայաստանի պետական եւ հոգեւոր վերելքի ամենանշանաւոր յուշարձաններէն է։ Տաճարի շինարարութիւնը նախաձեռնուած է Սմբատ Բ Տիեզերակալի օրօք եւ աւարտուած է 1001 թուականին՝ Քրիստոսի ծննդեան հազարամեակի տարին, Գագիկ Ա Բագրատունիի իշխանութեան շրջանին՝ Կատրամիդէ թագուհիի հովանաւորութեամբ։ Շինարարական արձանագրութիւնը, որ պահպանուած է տաճարի հարաւային ճակատին, կը վկայէ թէ՛ Կատրամիդէի անմիջական մասնակցութեան, թէ՛ Սարգիս Ա Սեւանցի Կաթողիկոսի կարեւոր դերակատարութեան մասին։ Կառոյցի ճարտարապետն էր Տրդատը, որ անունը կապուած է միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան կարեւորագոյն նուաճումներու հետ։
Մայր տաճարի կառուցումը համընկաւ Անիի՝ որպէս համահայկական քաղաքական եւ եկեղեցական կեդրոնի ձեւաւորման հետ։ Սմբատ Բ-ի օրօք իրականացուող լայնածաւալ շինարարական ծրագրերու շրջանակին կառուցուեցան քաղաքի մեծ պարիսպները եւ սկսուեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը։ Գագիկ Ա-ի գահակալութեան տարիներուն, 992 թուականին, Սարգիս Ա Սեւանցի Կաթողիկոսը Արգինայէն տեղափոխեց կաթողիկոսական աթոռը Անի։ Արդիւնքին մայրաքաղաքը դարձաւ ոչ միայն Բագրատունեաց Հայաստանի քաղաքական, այլեւ Հայոց եկեղեցւոյ գլխաւոր կեդրոնը։ Այս համաթեքստին Մայր տաճարը ձեռք բերեց առանձնայատուկ նշանակութիւն՝ որպէս պետականութեան, եկեղեցական իշխանութեան եւ ազգային ինքնութեան խորհրդանիշ։
Տաճարի ճարտարապետական յօրինուածքը կը ներկայացնէ հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան բարձրագոյն նուաճումներէն մէկը։ Քառամոյթ գմբէթաւոր կառոյցը աչքի կ՚իյնայ իր մոնումենթալութեամբ, ներդաշնակ համամասնութիւններով եւ ներքին տարածութեան նորարարական կազմակերպումով։ Կեդրոնական նաւի գերիշխող դերը, մոյթերու փնջաձեւ մշակումը եւ սլացիկ կամարներու կիրառումը կը ստեղծէին ընդգծուած ուղղաձիգութեան տպաւորութիւն։ Այս առանձնայատկութիւններու պատճառով շարք մը հետազօտողներ Տրդատի ստեղծագործութիւնը դիտարկած են որպէս ան ճարտարապետական սկզբունքներու վաղ արտայայտութիւններէն մէկը, որոնք հետագային որոշակի զուգահեռներ կը գտեն եւրոպական գոթական ճարտարապետութեան մէջ։
Վերջին տարիներու ուսումնասիրութիւնները լրացուցած են նաեւ տաճարի գեղարուեստական յարդարանքի վերաբերեալ պատկերացումները։ Թորոս Թորամանեանը դեռեւս XX դարի սկզբին նշած էր, որ Մայր Տաճարի խորանին պահպանուած են ծեփի տակ թաքնուած պատկերներու հետքեր։ Քրիստինա Մարանցիի հետազօտութիւններու շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ թուային թեխնոլոկիաներով բացայայտել այդ որմնանկարներու հատուածները եւ հաստատել, որ անոնք, ամենայն հաւանականութեամբ, ստեղծուած են հէնց տաճարի կառուցման ժամանակաշրջանին։ Պատկերագրական տուեալները կը վկայեն, որ խորանը զարդարուած է Քրիստոսի գահակալութեան տեսարանով, ինչը կարեւոր նշանակութիւն ունի յուշարձանի սկզբնական տեսքի վերակազմութեան համար։
Դարերու ընթացքին Մայր Տաճարը պահպանած է իր բացառիկ նշանակութիւնը հայ հասարակութեան համար։ Այստեղ կատարուած են պետական եւ եկեղեցական կարեւոր արարողութիւններ, այդ թուին՝ Գագիկ Բ թագաւորի օծումը։ Սակայն 1064 թուականին Անիի սելջուկեան նուաճումէն ետք տաճարը վերածուեցաւ մզկիթի, ինչը խոր ազդեցութիւն ունեցաւ քաղաքի հոգեւոր կեանքի վրայ։ Այնուամենայնիւ, XII դարի սկզբին, Դաւիթ Շինարարի արշաւանքներէն ետք, տաճարը վերաօծուեցաւ եւ վերադարձուեցաւ քրիստոնէական պաշտամունքին։ Աղբիւրները կը վկայեն, որ հետագային նոյնիսկ քաղաքական պայմանաւորուածութիւններու մակարդակով յատուկ ընդգծուած է Մայր տաճարի՝ հայերուն պատկանելու իրաւունքը։
Այսպիսով, Անիի Մայր Տաճարը միջնադարեան Հայաստանի ոչ միայն ճարտարապետական գլուխգործոցներէն է, այլեւ բազմաշերտ յիշողութեան, կրօնական ինքնութեան եւ պատմական շարունակականութեան կարեւոր վկայութիւններէն մէկը։ Անոր պատմութիւնը կ՚արտացոլէ Անիի վերելքը, քաղաքական ու կրօնական փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ վերաիմաստաւորման շարունակական գործընթացները։
Յիշողութեան էթիկան եւ
բազմաշերտ ժառանգութիւնը
Սակայն յուշարձանի արժէքը պայմանաւորուած չէ միայն անոր ճարտարապետութիւնով։ Դարերու ընթացքին ան դարձած է բազմաշերտ պատմական յիշողութեան կրող։ Անիի քաղաքական վերափոխումները, բնական աղէտները, ժամանակի ազդեցութիւնը եւ մարդկային գործունէութիւնը ձեւաւորած են յուշարձանի ներկայիս տեսքը։ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան իր հետքը թողած է տաճարի վրայ՝ ան վերածելով պատմութեան կենդանի փաստաթուղթի։
Ժամանակակից ժառանգագիտական մօտեցումներու համաձայն՝ յիշողութիւնը չի հանդիսանար անցեալի անփոփոխ արտացոլումը։ Ան մշտապէս կը վերաիմաստաւորուի ներկայի կողմէն։ Մշակութային ժառանգութեան իւրաքանչիւր յուշարձան կը ներառէ տարբեր ժամանակներու, տարբեր համայնքներու եւ տարբեր մեկնաբանութիւններու շերտեր (Halbwachs, 1950; Nora, 1984–1992)։ Անիի Մայր Տաճարը անոր վառ օրինակն է։ Եւ հէնց այս հանգամանքն է ան կը դարձնէ յիշողութեան էթիկայի ուսումնասիրութեան կարեւոր դէպք։
Վերականգնումը որպէս
յիշողութեան մեկնաբանութիւն
Վերջին տարիներուն Անիի հնավայրին կ՚իրականացուին պահպանական աշխատանքներ, որոնց նպատակն է ապահովել յուշարձաններու կառուցուածքային կայունութիւնը եւ կանխել անոնց հետագայ քայքայումը։ Անիի Մայր Տաճարի վերականգնման ծրագրերը կ՚իրականացուին Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան համակարգումով՝ միջազգային մասնագիտական կառոյցներու համագործակցութիւնով (World Monuments Fund; UNESCO, 2016)։ Սակայն ցանկացած նման միջամտութիւն կ՚առաջացնէ կարեւոր հարց մը. որտե՞ղ կ՚աւարտուի պահպանութիւնը եւ կ՚սկսուի վերակառուցումը։ Ժառանգութեան պահպանութեան միջազգային սկզբունքները կը շեշտեն յուշարձանի իսկութեան եւ ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։ Այդ պատճառով մասնագէտներու մեծ մասը կը կարեւորէ ոչ թէ կորսնցուցած տարրերու ամբողջական վերաստեղծումը, այլ պահպանուած պատմական նիւթի առաւելագոյն պահպանումը (Venice Charter, 1964)։ Հէնց այս համաթեքստի մէջ է, որ Անիի Մայր Տաճարի վերականգնման գործընթացը ձեռք կը բերէ ոչ միայն ճարտարապետական, այլեւ յիշողութեան հետ կապուած կարեւոր նշանակութիւն։ Վերականգնման գործընթացի շուրջ վերջին տարիներուն աշխուժացած են նաեւ յուշարձանի հետագայ գործառոյթի վերաբերեալ քննարկումները։ Թրքական որոշ լրատուամիջոցներու մէջ եւ հանրային դիսկուրսում կը շրջանառուին տեսակէտներ, համաձայն որոնց՝ վերականգնման աւարտէն ետք Մայր տաճարը կրնայ օգտագործուիլ նաեւ որպէս մզկիթ։ Սակայն հարկ է ընդգծել, որ նման կարգավիճակի վերաբերեալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իրաւասու պետական մարմիններու կողմէ պաշտօնապէս հաստատուած որոշում կամ հրապարակուած ծրագիր առայժմ գոյութիւն չունի։
Միաժամանակ ուշադրութեան արժանի են այն մօտեցումները, որոնք կը ձեւաւորուին Անիի ուսումնասիրութիւնով զբաղուող մասնագիտական շրջանակներուն։ Սոյն թուականի Մայիս ամսին Անի կատարած մեր այցի ընթացքին հնարաւորութիւն ունեցանք հանդիպելու Անիի երկարամեայ հետազօտող Վետաթ Աքչաէօզի հետ, որ շուրջ երեք տասնամեակ զբաղուած է Անիի պատմութեան եւ յուշարձաններու ուսումնասիրութիւնով։ Մայր տաճար կատարած այցելութեան ընթացքին ան նշեց, որ իր տեղեկութիւններով վերականգնման աշխատանքներն կ՚իրականացուին յուշարձանի պատմական ինքնութեան պահպանման սկզբունքով՝ որպէս հայկական քրիստոնէական կառոյց։ Անոր փոխանցմամբ՝ մասնագիտական քննարկումներուն կը դիտարկուին նաեւ գմբէթի վերականգնման դէպքին անոր վրայ խաչի տեղադրման հնարաւորութիւնը։ Թէեւ այս տեղեկութիւնը չի հանդիսանար պաշտօնական յայտարարութիւն, ան ցոյց կու տայ, որ մասնագիտական դաշտին առկայ են նաեւ այնպիսի մօտեցումներ, որոնք կը կարեւորեն յուշարձանի պատմական եւ կրօնական ինքնութեան հնարաւորինս ամբողջական պահպանումը (հեղինակի դաշտային դիտարկումներ եւ հարցազրոյց Վետաթ Աքչաէօզի հետ, Անի, Յունիս 2026)։ Այս հանգամանքը եւս մէկ անգամ կ՚ընդգծէ, որ վերականգնումը երբեք զուտ թեխնիկական գործընթաց չէ։ Ան նաեւ յիշողութեան մեկնաբանութեան ձեւ է, որ կրնայ ազդել ապագայ սերունդներու կողմէ անցեալի ընկալման վրայ։
Զեկոյցի աւարտին Մարի Յովհաննիսեանը Թուրքիոյ ICOMOS-ի նախագահ Ումութ Ալմաչին առաջարկեց Անիի Մայր Տաճարի հետագայ վերականգնման աշխատանքներուն ներգրաւել նաեւ Հայաստանի ճարտարապետներուն եւ մասնագէտներուն՝ ընդգծելով, որ նման համագործակցութիւնը կրնայ նպաստել յուշարձանի պահպանման գիտական եւ մասնագիտական բարձր չափանիշներու ապահովմանը։ Կը մնայ յուսալ, որ այս առաջարկը կը գտնէ իր գործնական շարունակութիւնը, եւ հայ մասնագէտները հնարաւորութիւն կ՚ունենան իրենց ներդրումն ունենալու Անիի Մայր Տաճարի պահպանութեան գործին մէջ, քանզի Անիի Մայր Տաճարը, իր հազարամեայ պատմութեամբ, ոչ միայն հայկական մշակութային ժառանգութեան բացառիկ մաս է, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի այն յուշարձաններէն, որոնք կը յիշեցնեն, որ ժառանգութեան պահպանութիւնը նախ եւ առաջ պատասխանատուութիւն է անցեալի, ներկայի եւ ապագայի միջեւ։



