Աբգարեան պիտի մարմնաւորէ Շարլ տէօ Կոլի դերը
Ֆրանսահայ արուեստագէտ եւ դերասան Սիմոն Աբգարեան պիտի մարմնաւորէ Շարլ Տէօ Կոլի կերպարը։ Երկարատեւ աշխատանքներէ ետք Շարլ տէօ Կոլի մասին կենսագրական ֆիլմը յառաջիկայ տարի պիտի ցուցադրուի ֆրանսական շարժանկարի սրահներէն ներս։
Ֆիլմին մէջ Շարլ տէօ Կոլի գլխաւոր դերը կը մարմնաւորէ ֆրանսահայ դերասան, զանազան մրցանակներու դափնեկիր՝ Սիմոն Աբգարեան։ Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած են նաեւ՝ Պընուա Մաժիմել, Մաթիու Քասովից, Նիլզ Շնայտըր, Քարիմ Լըքլուն, Ֆլորիան Լեզիէ եւ Անա Մարիա Պարթոլոմէ։
«Փաթք» շարժանկարի ընկերութիւնը ներկայացուցած է առաջին պատկերները եւ կարճ տեսերիզները՝ այս ժապաւէնը համարելով ցարդ իրագործած իր ամէնէն յաջողած նախագիծներէն մէկը։
«De Gaulle: Tilting Iron» եւ «De Gaulle: The Sovereign Edge» վերնագրերով ժապաւէններուն առաջին ցուցադրութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ, 10 Յունիս եւ 3 Յուլիս 2026-ին։ Ժապաւէնները ակնդիրները կը տանին Համաշխարհային Բ. պատերազմի վճռորոշ պահերը՝ զօրավար տէօ Կոլի եւ աչքերով անոնց, որոնք մերժեցին յանձնուիլ, երբ Ֆրանսա փլման վտանգի տակ եր։ Նիւթը կը սկսի Յունիս 1940-ին. Ֆրանսա կը յանձնուի, զինադադար կը կնքուի, եւ այդ օրերուն ոչ շատ յայտնի զօրավար տէօ Կոլ կը փախչի Լոնտոն՝ մէկ անսասան միտքով, թէ Ֆրանսայի համար պայքարը տակաւին չէ վերջացած։ Ժապաւէնը նաեւ կ'ուսումնասիրէ Տէօ Կոլի բարդ յարաբերութիւնները Ուինսթըն Չըրչըլի հետ։
Բեմադրիչ Անթոնեն Պոտրի, որ նախկին դիւանագէտ է, ոգեշնչուած է իր անձնական փորձառութենէն։ «Ես յաճախ կը մտածեմ, թէ ինչպիսի մարդ պէտք է ըլլալ, որ 1940-ին հրաժարի յանձնուելէ՝ սեփական կառավարութեան չենթարկուելով եւ իր կեանքը Ֆրանսային նուիրելով։ Այսպիսի մարդիկ հազուադէպ գոյութիւն կ'ունենան։ Ես այնքան հետաքրքրուած էի անոնցմով, որ որոշեցի նկարահանել ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու ժապաւէն», յայտնեց Պոտրի։
Սիմոն Աբգարեան
Աբգարեան առաջին անգամ ժապաւէնի մէջ դեր ստանձնած է 1989-ին:
Շարժապատկերի իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին Աբգարեան արդիւնաբերհամագործակցութիւն ունեցաւ Սետրիք Քլափիշչի հետ, ֆրանսական վեց ժապաւէններու մէջ, հռչակստանալով մրցանակակիր «Շաքէոն շերշ սոն շա» (1996) ժապաւէնով:
Ան արժանացաւ քննադատներու բարձր գնահատանքին Ատոմ Էկոյեանի մրցանակակիր«Արարատ» (2002) ժապաւէնին մէջ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի կերպարը մարմնաւորելու համար:
Աբգարեան մրցանակներ շահած է «Թու թէյք է ուայֆ» (2004) ժապաւէնին մէջ Էլիահուի դերըկատարելու համար (բեմադրիչ՝ Ռոնիթ Էլքապէց): Ան մեծ ոստում արձանագրեց «Քազինօ Ռուայալ» (2006) ժապաւէնին մէջ Ալեքս Տիմիթրոսի երկրորդական դերով հանդէս գալով եւ Տանիէլ Քրէյկիկողքին քանի մը ուժեղ տեսարաններու մէջ խաղալով:

