Թուրքիա իր աշխարհագրական դիրքով շրջապատուած է ձկնառատ ծովերով։ Սակայն ագահ որսորդութեան հետեւանքով տարուէ տարի նուազած է ձուկերու թէ՛ տեսականին եւ թէ քանակը։
Այս վտանգաւոր ընթացքին իբրեւ կանխամիջոց պետութիւնը սահմանափակումներ բերած է ձկնորսութեան։ Այսպէսով կը նպատակադրուի ձուկերու բուծման եւ աճեցման շրջանը խնայել որսէն եւ ապա ընթացք տալ մեծ նաւերուն դէպի ծով հասնելուն։
31 Օգոստոսի կէսգիշերէն ետք Սեւ Ծովու, Մարմարայի, Եգէականի եւ Միջերկրականի նաւահանգիստներէն նաւեր ճչոցներու եւ իրենք ճանապարհելու փութացած ընտանիքներու ողջերթի մաղթանքներով բացուեցան ծով իրենց թամբերը ու թոռերը ծով արձակելու եւ առատ բերքով ետ վերադառնալու յոյսով։
Ոլորտի մասնագէտներ կը կանխատեսեն որ որսի այս եղանակին փալամութի առատութիւն պիտի ըլլայ, որու հետեւանքով գիներն ալ աւելի մատչելի պիտի դառնան ձկնավաճառներու մօտ։



