Գատըգիւղի Արամեան Ունճեան վարժարանի աշակերտները այս տարի ալ զանազան գործունէութիւններով հայոց մշակոյթին ճոխութեան մասին տեղեկութիւններ ստանալով իրենց գիտելիքները թարմացուցին։
Վարժարանին ցուցատախտակները գիրերու օրինակներով, նկարներով , զարդարուած ոտանաւորներով ,ձեռական աշխատութիւններով Մեսրոպ Մաշտոցի վերաբերեալ գրութիւններով զարդարուեցան։
Շաբթուան ամէն մէկ օրը ներկայացում մը կատարուեցաւ ։
Շաբթուան առաջին օրը Հայերէնի ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչկին միջնակարգի աշակերտութեան ներկայացում մը կատարեց հայ մշակոյթին մաս կազմող մանրանկարչութեան' երաժշտութեան, գծագրութեան եւ մանաւանդ գորգերու մասին՝ նշելով որդան կարմիրը: Օրիորդ Թամար Մանկասարին հետ ալ մշակոյթի տարբեր
ձեռական աշխատութիւն մը տարին եւ հայկական նաշխերով գորգերու օրինակներ ներկեցին եւ բէմի յարդարանքին գործածուեցան գունագեղ գորգերը: Մեծ գնահատանքի արժանացաւ նաեւ գծագրութեան ուսուցչուհի Օրիորդ Զուլալ Ճանճանի պատրաստած Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Ս. Սահակ Պարթեւի մեծկակ պատկերը որ բէմին կեդրոնը տեղ կը գրաւէր:
Ըստ Արամեանի սովորութեան՝ Զ դասարանի աշակերտներէն երկու աշակերտ (Ռոպին Թագըճը և Արաս Չիթելի)
Մեսրոպ Մաշտոցի և Սահակ Պարթևի կերպարներով դասարանները շրջեցան։
Աշակերտներուն հետ զրոյցներ ունեցան:
Իսկ շաբթուան վերջին օրն ալ Արամեան սանուց միութեան մէջ ծնողներուն և հիւրերուն ներկայացուեցաւ Մշակոյթի և թարգմանչաց տօնի յայտագիրը: Ներկաներուն մէջ կը գտնուէին նաև Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Ռաֆֆի Կիւլէսէր:
Օրուան խօսնակներն էին Արլին Թափուճու և Արէս Թափուճու։
Բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուն ։ Ան իր խօսակցութեան մէջ
շեշտեց որ հայ ազգը այսօր իր գոյութիւնը կը պարտի Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած գիրերու գիւտին շնորհիւ։
Յետոյ մշակոյթի շաբթուան առթիւ դպրոցին մէջ կատարուած գործունէութիւններուն տեսաերիզը սփռուեցաւ։
Առաջին դասարանէն սկսեալ բոլոր դասարաններու աշակերտները յայտագրին մէջ ներկայացումներ կատարեցին։
Ոտանաւորներ արտասանեցին, Այբուբենի տառերը խօսեցուցին, թատերախաղեր բեմադրեցին, գիրերու գիւտին մասին զրոյցներ ըրին, երգեր երգեցին, հայկական պարեր պարեցին։
Այսպէս՝ ոգևորութեամբ տօնուեցաւ այս տարուան Մշակոյթի շաբաթուան ներկայացումը։
Իսկ երկուշաբի օրն ալ շարունակուեցաւ մշակոյթի գործունէութիւնները: Վարժարան հիւրասիրուած էին մանկական հէքեաթագիր Թինա Գոփման և «Յանկարծ» թատերախումբի հիմնադիր, բեմադրիչ, դերասան Եղիա Աքկիւնը:
Թինա Գոփման աշակերտներուն «Ձեռք Մը» անուն հէքեաթը կարդաց և ձեռքերու գործածութիններով զանազան շարժումներ ընել տուաւ:
Եղիա Աքկիւնն ալ թատրոնի և դերասանութեան մասին տեղեկութիւններ տուաւ: Աշակերտներուն տրամայի աշխատութեան միջոցով դերասանութեան փորձեր ընել տուաւ:
Աշակերտներուն, մեր ազգային մշակոյթի մասին իրենց ցոյց տուած հետաքրքրութիւնը, գործունէութիւններուն սիրով մասնակցութիւնը մեծ գնահատանքի արժանացաւ, գոհունակութիւն պատճառեց:

