ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
Ստեղծագործութիւնները Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իսպանիոյ, Անգլիոյ, Ռուսիոյ, Գանատայի, Վրաստանի, Կիպրոսի, Իրանի եւ Հայաստանի մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ գտնուող Ապրեսեանի գործերը կրկին Թուրքիոյ մէջ է։
Գուզկունճուքի IMOGA ART SPACE-ը, 9-30 Մայիս 2026 թուականներու միջեւ կը ՚հիւրընկալէ Արծրուն Ապրեսեանի «Ճամբորդութիւն» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որուն կուրատորութիւնը կը ստանձնէ Պայքար Տեմիր։
Քաղաքային եւ գիւղական բնանկարներ, կենդանական կերպարներ եւ փոքր խորհրդանշական մանրամասնութիւններ՝ արուեստագէտը դիտողը կը տանի բաց ծայրով տեսողական պատմախօսութեան մը մէջ։ Ան առաջին անգամ 2014 թուականին, Թուրքիոյ կայանալիք իր առաջին ցուցահանդէսի առիթով այցելած էր «Ակօս»ի խմբագրատուն։ Մինչեւ այսօր շարունակուող բարեկամութեան առաջին քայլերը, այն օր նետուեցաւ ու այժմ կարօտով կը սպասենք իր նորանոր անտիպ աշխատութիւնները։ Զինք հոս չկրցանք տեսնել, սակայն խնդրեցինք որ «Ակօս»ի ընթերցողներուն համար քանի մը հարցեր պատասխանէ։
Դուք կրկին մղած էք ձեր աշխարհի սահմանները՝ երազի ու իրականութեան արանքին։ Կրկին թռչող մարդկանց ուրախութիւնը ինձ ինձանից խլեց։ Այս անգամ, ցաւօք, չկարողացանք տեսնել ձեզ։ Քանի՞ կտաւով Իսթանպուլ հասած էք։
Ողջոյն։ Ուրախ եմ այս զրոյցի հնարաւորութեան համար։ Ափսոս, որ այս անգամ Իսթանպուլ չեմ եւ չկրցայ անձամբ հիւրընկալուիլ արդէն հարազատ դարձած «Ակօս»-ի խմբագրութեան մէջ։ Ցուցահանդէսին ներկայացուած է 13 կտաւ։ Թէպէտ ինքս ֆիզիկապէս ներկայ չեմ, ուրախ եմ, որ աշխատանքներս կը շարունակեն իրենց ճանապարհորդութիւնը եւ կը հանդիպին արուեստասէրներուն։
Եկէք մի փոքր խօսինք այս ստեղծագործութիւններու աշխատանքային փուլի մասին։ Քանի՞ տարուայ ընթացքին պատրաստուեցաւ «Ճամբորդութիւնը»։ Այս ընթացքին «Ճամբորդութիւն» անունով ներկայացուած գործերէն բացի, արդեօք աշխատա՞ծ էք այլ թեմաներով, այլ ստեղծագործութիւններու վրայ։
Իմ վերջին անհատական ցուցահանդէսը 2023 թուականի Ապրիլին էր, որմէ ետք շարունակած եմ ստեղծագործական աշխատանքս առանց դադարի։ «Ճամբորդութիւն» ցուցահանդէսին ներկայացուած աշխատանքները ստեղծուած են վերջին մէկ տարուայ ընթացքին։ Այդ ընթացքին, ի հարկէ, աշխատած եմ նաեւ այլ գաղափարներու ու թեմաներու շուրջ, բայց այս շարքը իր ներքին տրամաբանութեամբ ու զգայական ամբողջութեամբ առանձնացաւ եւ ձեւաւորուեցաւ որպէս ինքնուրոյն ցուցահանդէս։
Ձեր գրեթէ բոլոր նկարներուն մարդկանց կողքին կենդանիներն ալ տեղ կը գտնեն։ Կրնա՞նք մի փոքր խօսիլ ձեր ստեղծագործութիւններուն մէջ տեղ գտած մարդկանց եւ կենդանիի համատեղ ներկայութեան մասին։ Գլխարկներն ու հագուստները ինձ կը յիշեցնեն թագաւորական դիմաւորութիւններուն տիրող շքեղութիւնը։ Իսկ ձեզ համար ի՞նչ կ՚արտայայտեն անոնք։
-Եթէ նկատած էք, իմ ստեղծագործութիւնները հիմնականին տղամարդու եւ կնոջ յարաբերութիւններու, անոնց ներքին կապի ու փոխադարձ ներկայութեան մասին են։ Կենդանիները եւ միւս առարկաները յաճախ լրացնող դեր ունին, սակայն անոնք պարզապէս դեկորատիւ տարրեր չեն։ Անոնք իմ գեղագիտական աշխարհի կարեւոր մասերն են, որոնք կ՚օգնեն ստեղծել տրամադրութիւն, խորացնել պատմութիւնը եւ ընդգծել կերպարներու ներքին վիճակները։
Ինչ կը վերաբերի գլխարկներուն ու հագուստներուն, անոնք ինձ համար նոյնպէս կարեւոր արտայայտչամիջոցներ են։ Անոնք երբեմն թատերականութիւն, իսկ երբեմն ալ կերպարներուն ժամանակակից ու իրականութիւնէն դուրս մի առանձնայատուկ ներկայութիւն կու տան։
Ձեր ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին տասնեակ երկրներուն մէջ։ Արդեօք վերջին հինգ տարիներուն, Գուզկունճուքի IMOGA Art Space-էն բացի, արտերկիներու մէջ ցուցահանդէսներ կազմակերպած էք։
Այս պահին բացառապէս IMOGA Art Space-ին է վերապահուած ներկայացնել իմ ստեղծագործութիւնները։ Անոնք իմ աշխատանքները ներկայացուցած են արուեստի տօնավաճառներու եւ միջազգային տարբեր հարթակներու մէջ, որուն շնորհիւ նկարներս հնարաւորութիւն ունեցած են հանդիպելու տարբեր երկրներու արուեստասէրներու հետ։

Կը ցանկանայի հարցնել, թէ ինչո՞ւ ձեր ցուցահանդէսը անուանած էք «Ճամբորդութիւն» անունով։ Ձեր երազի ու իրականութեան արանքին անսահման ճամբորդութիւնը արդէն ամէն անգամ կը զարմացնէ Արծրուն Ապրեսեանի սիրահարներուն։ Սակայն յատկապէս ինչո՞ւ այս ցուցահանդէսը անուանած էք «Ճամբորդութիւն»։
«Ճամբորդութիւն» անուանումը ծնած է իմ եւ ցուցահանդէսի համադրող Պայքար Տեմիրի քննարկումներու ընթացքին։ Այդ գաղափարը յետագային շատ գեղեցիկ ձեւակերպուեցաւ Մերի Թեք Տեմիրի գրած թեքսթի մէջ, որ խորութեամբ կը ներկայացնէ ցուցահանդէսի ներքին իմաստն ու տրամադրութիւնը։ Կը ցանկանայի, որ դիտողները անպայման ընթերցեն այդ թեքսթը, որովհետեւ կը կարծեմ՝ այնտեղ կարելի է գտնել նաեւ ձեր հարցի ամենաճշգրիտ պատասխանը։



