ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի նոր տեսահոլովակի՝ «Արօրն ու Տատրակը» ստեղծագործութեան շնորհանդէսը։ Միջոցառումը համախմբած էր երգչուհիի մտերիմները, արուեստագէտները, մշակութային գործիչները եւ հրաւիրուած հիւրեր, որոնք առաջինները եղան երկար սպասուած աշխատանքի հետեւանքը տեսնողներ։

«Արօրն ու Տատրակը» տեսահոլովակը Սիպիլի ստեղծագործական գործունեութեան առանձնայատուկ նախագծերէն է։ Ան հիմնուած է Կոմիտասի պատմական ձայնագրութեան վրայ. ժամանակակից սարքաւորումներու եւ արհեստական բանականութեան հնարաւորութիւններու շնորհիւ տեսահոլովակին վերականգնուած է Կոմիտասի կերպարը։ Իսկ պահպանուած ձայնագրութիւնը համադրուած է Սիպիլի կատարման հետ՝ ստեղծելով տպաւորութիւն, թէ երգը կը կատարեն միասին։ Այսպիսով, մէկ ստեղծագործութեան մէջ հանդիպած են պատմական ձայնագրութիւնն ու ժամանակակից երաժշտական մեկնաբանութիւնը՝ ձեւաւորելով անցեալի եւ ներկայի իւրայատուկ երկխօսութիւն։
Երգչուհին կը նշէ, որ այս նախագիծը տարիներ շարունակ եղած է իր ամենանուիրական ստեղծագործական երազանքներէն մէկը, որուն իրականացումը հնարաւոր դարձած է երկարատեւ նախապատրաստական աշխատանքի եւ արդի լուծումներու կիրառման շնորհիւ։
Տեսահոլովակի համաշխարհային առաջին ներկայացումը կայացաւ Սիպիլի պաշտօնական YouTube-եան ալիքին վրայ, իսկ նոյն օրը ան ներկայացուեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակը կազմակերպուած յատուկ ցուցադրութեան ընթացքին։ Դահլիճի ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան ոչ միայն առաջին դիտողները ըլլալու, այլեւ կիսելու իրենց տպաւորութիւններն ու շնորհաւորելու երգչուհին նոր ստեղծագործութեան առթիւ։
Միջոցառումը վարեց «Ակօս» շաբաթաթերթի թղթակից Մարի Յովհաննիսեանը։
Նշենք որ այս նախագծի արտադրման մէջ Երաժշտական գործիքաւորումը կատարուած է Վահան Նահապետեանի, միքսն ու մասթերինկը՝ Հմայեակ Ռոստոմեանի կողմէ։ Պլուլի կատարողն է Յասմիկ Մուրատեան Յարութիւնեան։ Տեսահոլովակի բեմադրիչն է Արտեոմ Աբովեան։
Այս ծրագիրը իրականացուած է Հերման Խնդիրեանի եւ AGBU-ի աջակցութեամբ։



