ԱԼՄ-ի յայտարարութեան համաձայն՝ թերթիս լրագրողներէն Պուրճու Գարաքաշ, Աննա Պապինեց եւ Եանինա Քոմիենքօն արժանացան «Ուղուր Մումճու Հետաքննական Լրագրութեան Մրցանակին»։
Մրցանակը շնորհուեցաւ «Թուրքիա բերուած ուկրաինացի որբերու նկատմամբ անփութութեան եւ շահագործման շղթան» վերտառութեամբ յետաքննական յօդուածի համար։ Այս միջազգային հարցազրոյցին կեդրոնացուած է ռուս-ուկրաինական պատերազմի ընթացքին «Անպատերազմ Մանկութիւն» ծրագրի շրջանակներուն Անթալիա բերուած 510 որբ երախաներու վիճակին։ Պաշտօնական զեկոյցներուն արձանագրուած հոգեբանական եւ սեռական բռնութեան դէպքերը փաստագրուած ու հասարակութեան ուշադրութեան ներկայացուած են։



