Հրանդ Տինք Հիմնարկի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի աջակցութեամբ կազմակերպած արեւմտահայերէնի աշխատանոցներու նոր տարեշրջանը կը մեկնարկէ 30 Մարտ 2026 Երկուշաբթի օր։
Սահուն խօսակցութիւնը զարգացնելու եւ բառապաշարը հարստացնելու միտումով կազմակերպուած աշխատանոցը կը միտի նաեւ արեւմտահայերէնը առօրեայ գործածութեան մէջ խօսելու համարձակութիւնը բարձրացնել։
Այս տարեշրջանի նորութիւնն է յատուկ հիւրերու մասնակցութիւնը։ Հիւրերը ճշդուած նիւթերու շուրջ պիտի զրուցեն մասնակիցներու հետ եւ այսպէսով ապահովուած պիտի ըլլայ երկխօսութիւնը, մանաւանդ ալ լեզուի գործածութեան լսողականութեան ընկալումը։
Ուսման շրջանը կը շարունակուի տասը շաբաթներ, ամէն երկուշաբթի 19.00-20.30 ժամերու միջեւ առցանց դրութեամբ։
Աւելի մանրամասն տեղեկութեան եւ արձանագրութեան համար կարելիէ այցլելել Հրանդ Տինք Հիմնարկի սոցցանցային հաշիւները։



