Թուրքիոյ Խորհրդարանի 87-րդ նստաշրջանին ելոյթ ունեցաւ ԻՅՒ Կուսակցութեան Փոխատենապետ Թուրհան Չէօմէզ։ Ան նշեց, որ օրակարգէն դուրս խօսք կ'առնէ , հակազդելու համար քանի մը օր առաջ կատարուած յայտարարութիւններուն ու յիշատակութիւններուն Ապրիլ 24-ի մասին։ Ան ըսաւ, թէ կ'ուզէ «Խորհրդարանի արձանագրութիւններուն մէջ կրկին անգամ փաստուի, որ այն օրը եւ երբե՛ք ցեղասպանութիւն չէ եղած»՝ նկատի ունենալով, որ «ներքուստ ու արտաքուստ որոշ շրջանակներ կը ջանան այդ ամսաթիւը որպէս ցեղասպանութիւն ոգեկոչել»։
ՏԵՄ Կուսակցութենէն Ճորճ Ասլանի «Ուրեմն ի՞նչ պատճառով, 1915-ին մօտ 3 միլիոն հայութիւն ունեցած երկիրը, այժմ ընդամէնը 50 հազա՞ր ունի» եւ «Ուրեմն ի՞նչ ըրին Ասորիները, որ այնքան քիչ մնացին» հարցումներուն առթիւ կրկնակի ելոյթ ունեցած Չէօմէզ պատասխանեց. «Անշուշտ, արտագաղթի ճամբուն վրայ կեանք կորսնցնողներ եղան, սակայն այդ ընթացքին Օսմանեան Կայսրութիւնը բոլոր զգուշաւորութիւնները ձեռք առաւ. ապրուածները պատմական ընթացք մըն էր, Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իր աշխարհագրութեան ներսէն կայացուած որոշում մըն էր»։
Ասորիներու մեղքը ի՞նչ էր
Չէօմէզ, հարցումին պատասխանելու փոխարէն, առաջին ելոյթը կրկնելէ ետք, Ճորճ Ասլան կրկին խօսեց.
«Հայերը մէկ կողմ թողնենք, ձեր մօտ ո՛րոշ փաստարկ ունիք “Հայերը սա ըրին, նա ըրին” կ'ըսէք։ Ուրեմն, Պարոն Չէօմէզ, Ասորիները ի՞նչ ըրին։ Ասորիներու մեղքը ի՞նչ էր։ Այս հարցումիս ալ խնդրեմ պատասխանեցէ՛ք»։
«Այս երկրէն Ասորիները ոմն պատճառներով արտասահման գացին, զատ ըլլալ, ատոնք կը գիտէնք, դուք ինձ շատ լաւ կը ճանչնաք, ձեր պատկանած համայնքն ալ ինձ շատ լաւ կը ճանչնայ։ Մարտինի մէջ Ասորի համայնքի հետ ունեցած հանդիպումներէս ալ տեղեակ էք։ Ուստի, այս երկրի, այս երկրի վրայ ապրուած բոլոր ցաւերը մեր ցաւերն են, սակայն ատոնք ահաբեկելով, ահաբեկչական կազմակերպութիւններ հովանաւորելով, Հնչակ եւ Դաշնակ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կատարած կոտորածը արդարացնելու ճամբով, հոս այս հարցը չէք կրնար պաշտպանել։ Անատոլուի երկրի վրայ ապրուած իրողութիւններ կան, այդ իրողութիւնները պատմութեան էջերուն մէջ են, պատմութիւնը պէտք ըրածը ընէ, սակայն խնդրեմ, այս հարցերը մի'չարաշահէք»։
Զտուած փաստաթղթեր
Այս խօսքերու վրայ, ՏԵՄ Կուսակցութեան Մուշի պատգամաւոր Սէզայի Թէմէլլի խօսք ուզեց եւ հետեւեալը ըսաւ.
«Չէօմէզ կը խօսի պատմութեան, փաստաթղթերու մասին, ցաւօք, պատմութեան այն էջերը, այն արխիւները բացուած չեն։ Դաշնակ Կուսակցութեան մասին ըսածը… Եթէ պատմութիւնը լաւ գիտնար, Իթթիհատ եւ Թերաքիի գործընկերները Դաշնակցականներն էին, ե՛ւ աւելի, Ապրիլ 24-ի նախընթաց գիշեր Թալէաթ Փաշան Դաշնակ Կուսակցութեան ղեկավարի հետ էր։ Ուստի, պատմութիւնը շեղելով, հոս ինչպէս միշտ, ամէն ինչ “ահաբեկութիւն” ըսելով, ճշմարտութիւնները չէք կրնար փոխել։ Թէ Դաշնակ Կուսակցութիւնը օրինական կուսակցութիւն մըն է, Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններու ներքոյ գոյութիւն ունեցող կուսակցութիւն մըն է։ Ուստի, այս երկրի քաղաքացիներուն մասին կը խօսինք։ Սխալ քաղաքականութիւն մը պաշտպանելով, հոս, ուստի, այդ իրաւունքը չէք կրնար պաշտպանել։ Եթէ կ'ուզենք պատմութեան տէր ըլլալ, այս հողերու վրայ ապրած բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան ալ տէր պէտք է ըլլանք։ Ուստի, ատոնք չէք կրնար շեղել. սոյն փաստաթղթերը զտուած, մաղէ անցուած կերպով հրապարակուած փաստաթղթեր են»։


