Աթէնքի Աքրոպոլիսի թանգարանին մէջ Նոյեմբեր 20-ին պիտի բացուի «Հին Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ շուրջ 200 հնագիտական եւ արուեստի նմուշներու միջոցով պիտի ներկայացնէ Հայաստանի բազմադարեան պատմութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը։
Ցուցահանդէսը լայնօրէն կը լուսաբանուի ամբողջ քաղաքի մէջ, գովազդային վահանակներ տեղադրուած են Աթէնքի միջազգային օդանաւակայանը եւ մեթրոյի կայարաններուն։
Այս նախաձեռնության մասին Դիմատետրի իր էջին յայտնած է Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը՝ ցուցահանդէսը բնորոշելով որպէս Հայաստանի հնագոյն պատմութեանը նուիրուած աննախադէպ իրադարձութիւն։ Ան ընդգծած է, որ գովազդային արշաւը կը շարունակուի աւելի քան երեք ամիս՝ ցուցահանդէսի ողջ ընթացքին։
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին հետ գործակցաբար կազմակերպուած ցուցահանդէսը պիտի ընդգրկէ նախապատմական շրջանէն մինչեւ միջնադար երկարող ժամանակաշրջանը՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով նախաքրիստոնէական Հայաստանին եւ Ուրարտուի թագաւորութեան։ Ներկայացուելիք նմուշները լոյս պիտի սփռեն նաեւ Հայկական լեռնաշխարհի՝ Մերձաւոր Արեւելքի, Կիպրոսի, Կրետէի եւ Եգէականի հին քաղաքակրթութիւններուն հետ մշակութային կապերուն վրայ։
Ցուցահանդէսը կը գործէ մինչև 2027 թուականի Փետրուարի 28-ը։ Ան կը կազմակերպուի Աքրոպոլիսի թանգարանի և Հայաստանի պատմութեան թանգարանի համագործակցութեամբ և առաջինն է հին քաղաքակրթութիւններու նուիրուած ցուցահանդէսներու շարքին։



