Աւազակապետը
Թէ հայկազեան եւ թէ համաշխարհային բոլոր լեզուներու բառարաններու մէջ բացի աւազակապետէ, ուրիշ բառ մը չկայ ԱՄՆ տխրահռչակ նախագահը բնութագրելու հանար։
Միջազգային բոլոր իրաւական սկզբունքներով անվարան յանցագործ մըն է ան, որ իր օրինականութիւնը կառուցած է հզօր բանակի կարողութեան վրայ։
Ամանորի առաջին օրերուն ան յարձակեցաւ Վենեսուելայի անկախ պետականութեան վրայ, առեւանգելով երկրի օրինական նախագահը եւ կողակիցը, ներխուժելով անոնց ննջասենեակը։
Երեւոյթը ապացոյցն է միջպետական յարաբերութիւններու ցարդ ընդունուած բոլոր սկզբունքներու ի հիմանէ կործանման։ Այս պահուն իմաստազուրկ կը դառնան իրաւաբանական բոլոր կանոնները, որոնք հաստատուած էին բազում փորձութիւններու հիման վրայ եւ կը դասաւանդուին համալսարաններու մէջ։
Իմաստազուրկ դարձած է նաեւ ՄԱԿ-ը, հզօրներու նման ոտնձգութիւններու դիմաց իր մատնուած անճարակութեամբ։ Արդէն վիճելի էր հիմնադիր հինգ պետութիւններու ընձեռուած մենաշնորհը։ Այդ մենաշնորհի հետեւանքով անդամ պետութիւններու մեծամասնութեամբ կայացած բազմաթիւ որոշումներ թուղթի վրայ մնացին եւ չունեցան գործադրութեան ոեւէ ուժ։
Նման անօրինութեան կարեւորագոյն վտանգը կը գոյանայ պատահարին օրինականացումով։ Այս մասին խիստ ուշագրաւ է Եւրոպայի պետութիւններէն եկած հակազդեցութիւնները։ Գերմանիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ այլ պետութիւններու քաղաքական առաջնորդները չեն վարանած Վենեզուելայի նախագահին բերման ենթարկուելուն դիմաց իրենց ուրախութիւնը յայտարարելէ։
Կատարուածը բնական համարել, աւելին՝ տուժողը մեղադրելը շատ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ բոլոր երկիրներուն համար։ Բան մը, որ արդէն միջոցէ մը ի վեր կ'ապրուի Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի մէջ։ Այն ինչ որ Թրամփ կը վերագրէր Մատուրոյի իշխանութեան, նարքօառեւտուրի կապակցութեամբ, Թուրքիոյ նախագահն ալ նմանը կընէ երկրի հարաւային սահմաններու հարեւան Սուրիոյ բնակիչ քիւրտերու դէմ։
Այդ խնդրի մէջ ալ միայն Թուրքիոյ իշխանութիւններն են որ ահաբեկչութեամբ կ'ամբաստանեն քիւրտերու, շրջակայքի արաբներու, ասորիներու եւ այլ ժողովուրդներու մասնակցութեամբ գոյացած զինեալ դաշինքը։ Հոգ չէ թէ համաշխարհային հասարակութիւնը չի ձայնակցիր թրքական տեսութեան, նոյնն է, Թուրքիա կը յամառի իր պնդումներուն եւ յաճախ սպառնական ելոյթներ կ'ունենայ, զինեալ միջամտութեան վերաբերեալ։
Ինչպէս որ Թրամբի ոտնձգութիւնները անճարակ դարձուցին ՄԱԿ-ը, Էրտողանի իշխանութիւնն ալ անիմաստ դարձուց երկրի բարձրագոյն դատական ատեանի Սահմանադրական Դատարանի վճիռները։
Թրամբի բացած այս ճանապարհը համաշխարհային գետնի վրայ ունի իր նախափորձերը եւս։ Յիշենք թէ Իրաքի արշաւանքն ալ կայացած էր զանգուածային մարդասպանութեան կարողութիւն ունեցող քիմիական զէնքերու առկայութեան պատճառաբանութեամբ։
Գիտենք թէ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներէ ներս կատարուած բռնի իշխանափոխութիւններու ետին միշտ եղած է Ուաշինկթընի կեղտոտ ձեռքը։ Այդ տեսակի ամենավառ օրինակներէն մէկն է Չիլիի ընտրեալ նախագահ Սալվատոր Ալլենտէի իր երկրի բանակայիններու ձեռամբ սպանութիւնը։ Այդ զինուորները դաւադիր հրահանգները ստացած էին ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հնգանկիւն շէնքէն, ուր մարզուած էին նախապէս։
Նոյնը պատահած էր 1980 թուականի 12 Սեպտեմբերին Թուրքիոյ մէջ։ Հոն ալ բանակի միջամտութենէ ետք ամերիկացի հրամանատարի մը բերնէն հնչած «Անհոգ եղէք, մեր տղաներն են» խօսոյթը յստակօրէն կը պարզէր եղելութիւնը։
Այս օրինակներէն հետեւցնելով կարելի է համոզուիլ թէ ԱՄՆ աշխարհի վրայ ժողովրդավարութեան դէմ գլխաւոր սպառնալիքն է։
Ներկայ զարգացումները ցոյց կու տան թէ անցեալին թագուն գործող այդ վտանգը հիմա տիրացած է իր սեւ գործը հրապարակաւ կատարելու կարողութեան։
Եթէ Մատուրոյի եւ կնոչ ահաբեկումը խայտառակութեան առաջին վարագոյրն էր, երկրորդը բեմադրուեցաւ Թրամբի մամլոյ ժողովին միջոցաւ։ Ան հպարտօրէն ներկայացուց զինեալ գործողութիւնը, ապա խոստովանեցաւ իր աւազակութիւնը, յայտարարելով թէ ամէն ինչի ետին կայ Վենեզուէլայի քարիւղի թալանման նպատակը։ «Մեզմէ խլուածը ետ առինք» ըսաւ, ակնարկելով նախկին նախագահ Հուկօ Չաւեզի որոշումով ազգայնացուած Վենեսուելայի ստորերկրեայ հարստութեան։
Խայտառակութեան երրորդ վարագոյրին տեսանք կալանաւորուած Մատուրոյի Նիու Եորքի փողոցներուն վրայ ցուցադրութիւնը։ Այդ տեսանիւթերու հրապարակումով Թրամբ համաշխարհային հասարակութիւնը կը վստահեցնէ թէ ինք աւելի քան 2500 տարուայ վաղեմութեամբ Հռոմի կայսրութեան մերօրեայ կերպարն է։ Իր վարքով կը ներկայացնէ անցեալի բարբարոսութիւնը։
Ճիշդ ալ այս պահուն կը ծագի մեծ հակասութիւնը։ Եթէ փիլիսոփայութիւնը դատապարտեց բարբարոսութիւնը, անդին ահագին զանգուած մը կը կազմեն ուժին պաշտողները, որոնց գոյութիւնով ու աջակցութեամբ կը գործեն անմարդկային քաղաքական գործիչները։

