Պատմական Միութեան եւ Խաղաղութեան Ուղերձ Նիկիոյի մէջ
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 267րդ Պապը Լեւոն ԺԴ. , 2025 Նոյեմբեր 27 թուականին Թուրքիոյ իր առաջին պաշտօնական ճամբորդութիւնը կատարեց։ Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ հանդիպումներէն ետք, Պապին ուղին Պուրսայի Իզնիք թաղամասն էր։ Այցելութեան նպատակը, Քրիստոնէութեան պատմութեան համար կարեւորութիւն ունեցող Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական ժողովին 1700-րդ ամեակը տօնելն էր։ Այս պատմական հանդիպման Պապ Լեւոն ԺԴ-ն դիմաւորուեցաւ, Կոստանդնուպոլսոյ Յոյն Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս, Անտիոքի եւ Արեւելեան Ուղղափառ Ասորիներու Պատրիարք Մօր Իգնատիոս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ․ Մաշալեանը եւ բազմաթիւ հոգեւորականներ։
Պատմական Սուրբ Նէոփիոս Պազիլիկային մօտ կազմուած բեմին վրայ մէկտեղուող հոգեւոր առաջնորդներ, շարականներու ընկերակցութեամբ ընդհանուր աղօթք կատարեցին։ Պապը նշելով Նիկիոյ Առաջին Տիեզերական Ժողովին հիմքը կազմող Յիսուս Քրիստոսի Աստուածային բնութեան հաւատքը, բոլոր Քրիստոնեաները խորապէս միացնող ուժեղ կապ մը ըլլալը ընդգծեց։ Ան իր խօսքին մէջ, Քրիստոնեաներու լման միութիւնը, բոլոր մարդկութեան եղբայրութիւնը եւ խաղաղութիւնը առաջ երթալու անհրաժեշտութիւնը նշելով, կրօնքի պատերազմը, բռնութիւնը կամ ծայրայեղութիւնը արդարացնելու համար իբր առարկայ գործածուիլը յստակ լեզուով մերժեց։ Պապը, աշխարհին համերաշխութեան, միութեան եւ խաղաղութեան համար կոչ ըրաւ։
Մօտաւորապէս 40 վայրկեան տեւող արարողութեան ընթացքին պատրիարքները եւ հոգեւորականները իտալերէն, հայերէն, ասորերէն եւ Արաբերէն լեզուներով աղօթեցին։ Պատմական Սուրբ Նէոփիոս Տաճարի աւերակները այցելելէն ետք՝ Պապը, Պոլիս վերադարձաւ։
Պապին Թուրքիոյ ծրագիրը, Շաբաթ օր5 Պոլսոյ «Վոլքսվակէն» Մարզադաշտին մէջ հանրային արարողութիւնով պիտի շարունակուի։ Նիկիոյ մէջ տեղի ունեցած այս պատմական հանդիպումը, 1700 տարի ետք Քրիստոնեայ աշխարհին միութեան եւ խաղաղութեան պատգամ մը փոխանցեց։

