«Պատմադիտարան»՝ Ինսթակրամի վրայ հայկական պատմութիւն
Ինսթակրամի վրայ գործող «Պատմադիտարան» էջը քանի մը ամիսներէ ի վեր կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան եւ մշակութային ժառանգութեան նուիրուած կարճ տեսերիզներ։
«Պատմադիտարան»ը կը հրապարակէ՝ կարճ տեսանիւթեր, լուսանկարային շարադրանքներ, պատմական դէմքերու եւ իրադարձութիւններու պատկերապատումներ, փոխազդու հարցումներ, հանելուկախաղեր եւ հարց ու պատասխաններ։
«Պատմադիտարանը» թուային հարթակ մըն է որ կը վերապատկերացնէ հայոց պատմութիւնը՝ տեսողական պատմուածքի միջոցով։
Ան կը վերածէ գիտական հետազօտութիւնները մատչելի բովանդակութեան՝ ընկերային ցանցերու վրայ կամուրջ մը ստեղծելով գիտնականներու եւ աւելի լայն հայ հասարակութեան միջեւ։
Մարտահրաւերը առջեւ կը դնեն ժամանակավրեպ «պատմասացութիւնները» եւ կը խթանեն հետազօտութեան եւ ուսումնասիրութեան վրայ հիմնուած, բաստացի պատմութիւն։
«Պատմադիտարան» անունը կազմուած է երկու հայերէն բառերէ՝ պատմութիւն եւ դիտարան։ Միասին՝ ան կը նշանակէ «պատմութիւնը դիտելու վայր մը»։
Բոլոր բովանդակութիւնները երկլեզու են՝ Արեւմտահայերէն եւ Անգլերէն։
Էջը կը կառավարէ Պէյրութցի երկու երիտասարդներ՝ Էտուարտ Թաշճեան եւ Հրանդ Գալեմքէրեան, որոնք աւարտած են Պէյրութի Հայ ճեմարանը։ Էտուարտ պատմաբանութեան ճիւղէն կու գայ (AUB), իսկ Հրանդ գեղանկարիչ է։
«Պատմադիտարան»ը իրականութիւն դարձած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի աջակցութեամբ։
Տեսերիզները տեսնելու համար կրնաք այցելել «Պատմադիտարան»ի Ինսթակրամի էջի։

