Եմենի «Անսար Ալլահ» շարժման հութսիները Հոկտեմբերի 7-ի առաւօտեան շարք մը ռազմական գործողութիւններ իրականացուցին Սաուտի Արաբիայի տարածքին եւ Եմենի Ադեն քաղաքը։
Հութսիներու խօսնակ Եահիա Սարին պարզաբանած է, որ շարք մը անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորուած է սաուտական «Խալիդ Արքա» միջազգային օդանաւակայանը, որու հետեւանքով օդային հաղորդակցութիւնը խաթարուած է։
Ան նաեւ նշած է, որ հութսիները իրականացուցած են եւս երկու ռազմական գործողութիւն՝ բալիստիկ հրթիռներով եւ ԱԹՍ-ներով թիրախաւորելով Ապհայի Միջազգային Օդանաւակայանը եւ Խամիս Մուշաիտ օդային խարիսխը։ Բացի այդ, Սաուտեան Արաբիայի տարբեր շրջաններուն ռազմական ճամբարներ թիրախաւորուած են, որու հետեւանքով կան զոհեր ու վիրաւորներ։
Եմենի «Անսար Ալլահ» շարժման հութիները հայտարարած են, որ Թաիզ նահանգին խոցած են սաուտական ուժերուն պատկանող զինուած հետախուզական անօդաչու թռչող սարք։ Մասնաւորապէս, խօսքը թուրքական արտադրութեան «Bayraktar Akinci» տիպի ԱԹՍ-ի մասին է։
Հութսիներու խօսնակ Եահիա Սարին յայտնած է, որ հութսիները բալիստիկ հրթիռներով հարուածած են Պապ էլ-Մանտէպի նեղուցի մերձակայքին տեղակայուած Սաուտեան Արաբիայի կողմէն աջակցուող ուժերու հաւաքատեղիներուն։
Հութսիների առողջապահական աղբիւրները յայտնած են, որ Զամար նահանգի Հարան շրջանին գտնուող բենզալցակաեանի վրայ Սաուտեան Արաբիայի գլխաւորած կոալիցիայի կողմէն իրականացուած օդային հարուածի հետևանքով զոհուած է մէկ քաղաքացիական անձ, ևս երեքը՝ վիրաւորուած։
Հութսիները յայտնած են Եմենի շարք մը նահանգներու ուղղութեամբ սաուտական ուժերու հարուածներու մասին
Եմենի «Անսար Ալլահ» շարժման հութսիներու առողջապահութեան եւ շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը Հոկտեմբերի 9-ին յայտնած է, որ մայրաքաղաք Սանային Սաուտեան Արաբիայի գլխաւորած կոալիցիայի երկու օդային հարուածներու հետեւանքով վիրաւորուած է վեց քաղաքացիական անձ, այդ թուին՝ մէկ երախայ։
Նախարարութիւնը կոչ ըրած միջազգային հանրութեանը դատապարտել այս յանցագործութիւնները եւ ճնշում գործադրել Սաուտեան Արաբիայի գլխաւորած կոալիցիայի վրայ։
Աւելի վաղ հութսիների ռազմական խօսնակ յայտնած է, որ Սաուտեան Արաբիայի օժային հարուածներու եւ հրթիռային յարռակումներ իրականացուցած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու եւ բնակելի տարածքներու վրայ:
Եմենի Կարմիր խաչը հայտնած է, որ 2026 թուականի Յուլիսէն սկսեալ ստացած է 1800 դիմում հարազատներ կորսնցուցած ընտանիքներէն։
Թուրքիան, Փաքիստանը, Չինաստան, Եգիպտոսը եւ Սաուտեան Արաբիան դատապարտած են Ռիատի օդանաւակայանի վրայ հութսիներու յարձակումները
Թուրքիան, Փաքիստան, Չինաստանը, Եգիպտոսը եւ Սաուտեան Արաբիան դատապարտած են Իրանի աջակցութիւնը վայելող եմենեան հութսիներու յարձակումները Ռիատի միջազգային օդանաւակայանի վրայ՝ անոնք որակելով որպէս «վտանգաւոր սրացում, որ չի կրնար արդարացուիլ կամ ընդունուիլ որեւէ պատրուակով»։
Հոկտեմբերի 11-ին Սաուտեան Արաբիայի իշխանութիւնները յայտնած էին մայրաքաղաքի միջազգային օդանաւակայանի վրայ նոր յարձակման հետեւանքով մէկ զոհի եւ շուրջ մէկ տասնեակ վիրաւորներու մասին։ Յարձակումը տեղի ունեցած էր մէկ օր անց այն բանէն ետք, երբ հութսիներու հարուածի հետեւանքով 13 մարդ զոհուած էր, աւելի քան 300-ը՝ վիրաւորուած։
Տարածաշրջանային չորս երկրներու խումբը վերահաստատած է իր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը Սաուտական Արաբիոյ՝ այդ թուի՝ երկրի կողմէն յարձակումներուն հակազդելու, սպառնալիքները զսպելու եւ անոնց կրկնութիւնը կանխելու նպատակով ձեռնարկուող բոլոր «օրինական միջոցներուն եւ քայլերուն» լիակատար աջակցութիւնը։
Չինաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը եւս յայտարարած է, որ կը դատապարտէ հութսիներու յարձակումները Սաուտեան Արաբիայի մայրաքաղաք Էր Ռիատի օդանաւակայանի վրայ, որու հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ գրանցուած են։



