Ատրպէյճան կը դիտարկէ Եւրոպայի խորհուրդէն ամբողջութեամբ դուրս գալու կարելիութիւնը՝ ԵԽԽՎ-ի ներկայացուցած պահանջներուն պատճառով։ Այս մասին յայտնեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Շուշիի մէջ ընթացող «Լրատուամիջոցներու առաքելութիւնը խաղաղութեան խթանման գործին մէջ. ճշմարտութեան վերականգնում եւ վստահութեան վերածնունդ» խորագիրով լրատուամիջոցներու հաւաքի բացման արարողութեան ընթացքին։
Նախագահը յիշեցուց նաեւ, որ Յունուար 2024-ին ԵԽԽՎ-ի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները կասկածի տակ դրուած են, իսկ անկէ ետք երկիրը զրկուած է ձայնի իրաւունքէն։
«Ասիկա բացառապէս մարդկային իրաւունքներուն վերաբերող հարց չէր։ Եթէ խնդիրը այդ ըլլար, անոնք շատ աւելի կանուխ պիտի ընէին ատիկա։ Ասիկա ընդամէնը պատիժ էր՝ կապուած մեր յաղթանակին եւ մեր տարածքային ամբողջականութեան հետ։ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը շատ խելամիտ որոշում կայացուց. անոնք հրաժարեցան մասնակցելէ նիստերուն։ Եթէ մենք ձայնի իրաւունք չունինք, ինչո՞ւ պէտք է հոն ըլլանք»։
Յունիսի վերջին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը լիագումար նիստին մտահոգութիւն յայտնած էր Ատրպէյճանի մէջ «քննադատական ձայներու ճնշման» եւ քաղաքական բանտարկեալներու թիւի զգալի աճին վերաբերեալ։ Վերջին տարիներուն ընդունուած օրէնքները յանգեցուցած են «անկախ լրագրութեան, իրական քաղաքական ընդդիմութեան, քաղաքացիական դաշտի եւ խօսքի ազատութեան ճնշման», յայտարարած էին ԵԽԽՎ-ի մէջ։
Նոյն ժողովի ընթացքին Ալիեւ խօսեցաւ նաեւ Ուկրանիոյ հարցի շուրջ եւ յայտարարեց թէ Պաքու ընդմիշտ կը պաշտպանէ Ուկրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ալիեւի այս խօսքերուն արձագանգեց Ռուսիոյ Դաշնութեան բամբեր Տիմիթրի Փեսքով։



