Պարոնեան վերադարձաւ, բեմ ալ ելաւ
Բեմադրութիւնը իր հետ բերաւ բազում վերյիշումներ։ Ընկերական զրոյցներու պահուն ափսոսանքով յիշած էինք թէ թրքական բանակի կողմէ գրաւուած Օրթագիւղի Հայոց Գերեզմանատան մէջ անյայտ կորած է երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի շիրիմն ալ։ Այդ զրոյցներով ձեւաւորուեցաւ կիսանդրի մը կարուցել եւ իր բնակած թաղի եկեղեցւոյ բակը տերադրելու գաղափարը։ Այդ գաղափարը յղացողներն էին Սարգիս Քիւլեկեչ, Սարգիս Էրքոլ, Արտաշէս Չաւուշեան եւ Բագրատ Էսդուգեան։ Իսկոյն դիմեցինք քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի, որ նոյնութեամբ ձայնակցեցաւ նախաձեռնողներու միտքին։ Նոյնը ըրաւ ճարտարապետ Վազգէն Պարըն, քանդակի յենարանը պատրաստելու համար։ Արուեստագէտները սիրայօժար պիտի աշխատէին, բայց նորէն ալ որոշ գումարի մը կարիքը կար։ Որոշուեցաւ գումարը ապահովել հասարակական հանգանակութեամբ։ Այդ հանգրուանին արուեստագէտ Մինաս Օֆլազ յղացաւ աղիւսի նկար մը, վրան Պարոնեանի անունը փորագրուած եւ այդ աղիւսը դարձաւ հանգանակութեան խորհրդանիշը, «Աղիւս մըն ալ դուն դիր» բնաբանով։
Այս նախաձեռնութիւնը նախափորձ մը դարձաւ եւ նոյն կազմը նման աշխատանքով այս անգամ Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատան մէջ տեղադրեց Դաիէլ Վարուժանի կիսանդրին։
Երբ գործը աւարտին հասաւ եւ կատարուեցաւ Պարոնեանի գանդակի հանդիսաւոր բացումը, «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան կը բացակայէր քաղաքէն։ Ան հազիւ վերադարձին տեղեկացաւ անցուդարձերէն եւ այդ ներշնչումով գրի առաւ «Յակոբ Պարոնեան Վերադարձաւ» անուն գիրքը։ Զարմանալի ոչինչ կար այս զարգացումին մէջ, քանի որ Հատտէճեան տարիներ առաջ հրատարակած էր «Յակոբ Պարոնեանի Մտերմութեան Մէջ» հատորը։
Այս անգամ դարձեալ Օրթագիւղի մերձակայ շրջանի Սիւլէյման Սեպա Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ ենք, ողջունելու համար թաղի Թարգմանչաց Վարժարանի հիմնարկութեան 240-ամեակը։
Եթէ ոչ կենդանութեան, բայց 1,5 դարուայ յապաւումով Օրթագիւղը տէր կը կանգնէր իր հարազատ թաղեցիին, թէ վարժարանի տնօրէնութեան, թէ թաղական խորհուրդի եւ թէ սանուց միութեան մակարդակով։
Այս բոլորին վրայ աւելցած էր մեր ժամանակներու հայ թատրոնի կարեւորագոյն գործիչ Եղիա Աքկիւնի գիւտարար մտայղացումները եւ վերածուած խորիմաստ բեմադրութեան։ Աքկիւն այս աշխատանքի ընթացքին վայելած էր իր վաղեմի բարեկամ Ալթուղ Եըլմազի աջակցութիւնը, յատկապէս ալ տարբեր ժամանակներուն ապրած կերպարներու համադրութեան առթիւ։ Վարժարանի ուսուցչուհիներէն Մարի Գալայճը ստանձնած էր թատրերգութեան թարգմանութիւնը։
«Կանչ» եւ «Յանկարծ» թատերախումբերու դերասանները եւս արդարացուցին իրենց վրայ դրուած պարտականութիւնը եւ հանդիսատեսին մատուցեցին խնամեալ բեմադրութիւն մը։
Ներկայացման պարոնեանական շունչով պահը զգալի դարձաւ, երբ տարեց հայ կնոջ կերպարով դերասանուհին Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին. «Ռէօնթկեն մը քաշելու համար թոշակիս կէսը պահանջեցին» ըսաւ։ Այդ պահուն բողոքը արժանացաւ ամբողջ դահլիճի ջերմ ծափահարութեան։
Տնօրէնուհի Տիրուհի Պերինի ծայր աստիճան խնամեալ ու ջինջ հայերէնով մը մեկնարկող միջոցառումը Պատրիարք Սրբազանի հուսկ բանքի աւարտին գործադրուող ձանձրացուցիչ փլաքեթի տուչութիւնով հասաւ աւարտին։

