Պոլիս ունի նոր քոյրի մը՝ Քոյր Հռիփսիմէ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը, 28 Յունուար 2026, Չորեքշաբթի, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութեանց հանդիսապետեց եւ կատարեց նոր քոյրի մը քօղի տուուչութիւնը:
Առաջաւորաց Պահքի Չորեքշաբթի առաւօտ Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններ: Արարողութեանց մասնակցեցան Աթոռոյս վեղարաւոր միաբան հայրերը, քահանայից դասը, Գալֆաեան ուխտի քոյրը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը խօսեցաւ միանձնուհիութեան, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ քոյրերու եւ Գալֆաեան ուխտի քոյրերու ու իրենց դերին մասին: Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը ապա ծանօթացուց դպրուհի Սօսի Թէրզեանը, որ դիմած էր Գալֆաեան ուխտի միաբան ըլլալու համար:
Ապա սկսաւ քօղի տուուչութեան արարողութիւնը: Ընծայեալը կարդաց եւ ստորագրեց իր ուխտագիրը: Ապա աղօթքներով Պատրիարք Հայրը օրհնեց ընծայեալն ու անոր միանձնուհիի քօղը եւ նոր անուն տալով կոչեց զայն Քոյր Հռիփսիմէ:
Տպաւորիչ հոգեւոր հանդիսութեան աւարտին Սահակ Բ. Պատրիարք Մաշալեանը Պահպանիչ աղօթքով օրհնեց նորընծայ Քոյր Հռիփսիմէն ու անոր բարի եւ արդիւնաւէտ առաքելութիւն մաղթեց:
Կրօնական արարողութեանց աւարտին, Գուզկունճուքի Թաղային Խորհուրդը սիրոյ սեղան սարքեց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ, ուր ներկաներ առիթ ունեցան նորընծայ Քոյր Հռիփսիմէն շնորհաւորելու:

