Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի կողմէ կազմակերպուած` «Մահմուտ Բ.ի եւ Թանզիմաթի շրջանին Սկիւտարի մէջ Միլլէթ-ի Սատըքայի (հայոց) վարժարաններ եւ մշակութային կեանքը» խորագրեալ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Ծաւալած ծրագիրը սկսաւ Սուրբ Խաչ Վարժարանի տնօրէն Հայկ Սերքան Քըյըճըի բացման խօսքով։
Փրոֆ. Օննիկ Ժամկոչեանի, Տքթ. Սերքան Քէչէճիի եւ Սատըք Միւֆիթ Պիլկէի պատմութեան, կրթութեան եւ մշակութային կեանքի վերաբերող կարեւոր զեկոյցները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւուեցան մասնակիցներուն կողմէ։
Անոնք իրենց խօսքերուն մէջ յատկապէս անդրադարձան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի ամիրաներու ազդեցութեան տակ գործող շրջանին, կրթական հաստատութիւններու հասարակական կեանքին մէջ ունեցած դերակատարութեան, եւ Թանզիմաթի (սահմանադրութեան եւ բարեփոխումներու) գործընթացի՝ համայնքային կեանքին վրայ տեղի տուած արձագանգին։
Ունկնդիրները՝ որոնց մէջ կարեւոր համեմատութիւն կը կազմէին գիտնականներ, հետազօտողներ եւ պատմութեան սիրողներ, ուշադրութեամբ հետեւուեցան արխիւային փաստաթուղթերով եւ մօտ անցեալի պատմութեան նկատմամբ հետաքրքիրներ գոհունակութեամբ հետեւեցան ակադեմական ելոյթներուն, որոնց շնորհիւ աւելի տեսանելի դարձաւ անցեալի բազմամշակութային կրթական կեանքը։



