Անհրաժեշտութիւն դարձաւ հանրածանօթ ասացուածքը շրջել ժխտական իմաստով եւ ըսել թէ չկայ բարիք, չունենայ չարիք։ Արդէն մենք պատմական փորձառութիւն ունինք բարիք, բարերարութիւն, բարեգործութիւն բառերու հանդէպ որոշ զգուշութիւն պահելու առումով։ Պատմական փորձը սորվեցուցած է թէ այդ բառերու ետին շատ հաւանական է, որ պահուըտած ըլլայ զանազան տեսակի չար նպատակներ։
Հանրածանօթ փոփ երգիչ Հալուք Լեւենթի մարդասիրական դրդումներով ձեռնարկած հասարակական կազմակերպութիւնը այս օրերուս լուսարձակի տակ դրուած է տեսնելու համար թէ իրականութեան մէջ ինչեր կան այդ գործընթացի ետին։ Ցաւով նշենք թէ հիասթափեցնող է գոյացած պատկերը։ Հալուք Լեւենթի հիմնած Բարեկամ անուն միութիւնը այժմ կը մեղադրուի տարբեր բնոյթի զանազան յանցագործութիւններով։ Նախ նշենք թէ այդ բոլորը, այս պահուն պնդումներ են միայն եւ ստիպուած ենք խնդրին մօտենալ մեղադրեալի անմեղութիւնը հիմք ունենալով։ Տակաւին չէ շարադրուած յստակ ամբաստանագիր մը եւ Հալուք Լեւենթ չէ յայտնած իր անմեղութիւնը փաստող պաշտպանութիւն մը։ Ալ աւելի ուշագրաւ է այն երեւոյթը, ըստ որու իշխանամէտ մամուլը հալածանքի բոլոր սլաքները ուղղած է մեղադրեալ բարերարին։ Այդ մամուլի հեռուստաէգրանները կը հրապարակեն տեսանիւթեր,, ուր Հալուք Լեւենք կ՚երեւայ բախտախաղի մը սեղանին վրայ։
Իշխանամէտ մամուլը այս տեսանիւթը կը հրապարակէ կարծես թէ շատ մեծ գաղտնիք մը յայտնաբերած ըլլալու ինքնավստահութեամբ։
Անդին կը մնայ իրողութիւն մը՝ գործող կառավարութիւնը որքան ալ հալածէ նման բախտախաղերը համատարած սովորութիւն մըն են Թուրքիոյ հասարակութեան առօրեայ կեանքին մէջ։ Այս իրողութիւնը տեսանելի կը դառնայ այցելելով երկրի բազմահազար սրճարաններէն ոեւէ մէկը, ուր պիտի տեսնենք ըէ մարդիկ սեղաններու շուրջ քառեակներ կազմած անընդհատ կը մրցին իրարու հետ, երբեմն փոխան քանի մը բաժակ թէյի եւ երբեմն ալ նախապէս ճշդուած գումարներու տիրանալու համար։
Եթէ պիտի խօսինք անօրինութեան մասին, կ՚արժէ քիչ մըն ալ խօսիլ Թուրքիոյ պետական համակարգի գործած անօրինութիւններու վրայ, որոնց համար Միջազգային Դատարանը Թուրքիան դատապարտեց հարեւան երկիր Իրաքի դէմ 1,5 Եռիլիոն ԱՄՆ Տոլարի հասնող հատուցման, այդ երկրի քարիւղը ապօրէն կերպով այլ երկիրներ վաճառելու մեղադրանքով։ Ուրեմն շատերու մտքին ծագած հարց է՝ Բարեկամ միութեան վաղուց ծանօթ զեղծարարութիւնը արդեօք այս վերջին զարգացումը ուշադրութիւններէ հեռու պահելո՞ւ միտումով է, որ օրակարգի եկաւ ճիշդ ալ այս օրերուս։
Հարցում մը՝ որուն պատասխանին մասին խօսելու համար պիտի կարօտինք խօսքի ազատութեան պայմաններու վերահաստատման։



