Աստուած յաջողեցնէ, այս բջջային հեռախօսն ալ Ստեփանին շնորհիւ ունեցաւ։ Բացի իր անունով հեռախօս մը գնելէ, նաեւ մեծ համբերութեամբ սորվեցուց գործածելու եղանակն ալ։ Այդ շնորհիւ է որ կը հաղորդակցի որդիներուն՝ մանաւանդ թոռնուհուն Նիկոլին հետ։
Վերջապէս հասած էր օրը։ Այսօր Նիկոլը պիտի գար իր մօտ։ Երեկ հեռաձայնած ու տեղեակ պահած էր իր այցելութենէն։
Առաւօտուն սովորականէն աւելի կանուխ արթնցաւ։ Բաւական երկար դիտեց իր դէմքը հայելիին մէջ։ Խնամքով սանտրեց մազերը։ Նոյնպէս բաւական երկար մտմտաց հանդերձակալին դիմաց։ Կ՚ուզէր ամենավայելուչ հագուածքով ներկայանալ Նիկոլին։
Իրականութեան մէջ այդքան մտմտալու պատճառ մը չունէր, քանի որ հազիւ քանի մը տարազներ կային այդ հանդերձակալին մէջ, բայց անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր հետ կապուած յիշատակներ։ Սա մէկը միայն յատուկ է՝ ան որ իր հետ տարած էղ Ամերիկա եւ վերադարձին ալ խնամքով տեղադրած ճամբրուկին մէջ։
Յիշեց այդ տարազը գնած օրը։ Բաւականին սուղ էր, ինք պիտի հրաժարէր, բայց Տիրան յամառած էր, ըսելով թէ շատ վայելած է, հետեւաբար ինչ գինով ալ ըլլայ պիտի գնէ։
Սովորականէն տարբեր հագուստը ուշադրութեան նիւթ դարձաւ ծերանոցի բնակիչներուն ու աշխատակազմին համար։
Բոլորին ալ տուաւ նոյն պատասխանը, ձայնին մէջ հպարտութեան որոշ շեշտադրութեամբ. «Թոռնուհիս պիտի գայ»։
Օրուայ երկրորդ կէսն էր արդէն։ Սեպտեմբեր ամսուն վերջին շաբաթը, օրը երկուշաբթի։ Ճիշդ ըսած ժամուն հասաւ Նիկոլը։ Սուրբ Փրկիչի մուտքին նախ հարցուց ծերանոցը, ինչպէս միշտ, սովորաբար անգլերէն լեզուով։ Տեսնելով թէ դիմացինը չիմանար անգլերէն, հարցումը կրկնեց հայերէնով։ Դարձեալ ապարդիւն։ Վերջապէս քարտուղարուհի մը վրայ հասաւ, որ կրնար հայերէն խօսիլ։ Անոր ցուցմունքով ուղղուեցաւ դէպի ծերանոցի շէնքը, որուն դրան մօտ նստարանի մը վրայ զինք կը սպասէր Վեհանոյշ մեծ մայրիկը։
Ցնծութիւն, մեծ ուրախութիւն էր մեծ մօր եւ թոռնուհիի հանդիպումը։ Երկուստէք իրար գրկեցին եւ երկար մնացին այդպէս գիրկընդխառնուած։ Երկուքն ալ լայն բացին իրենց ռունգերը վայելելու համար իրարու բուրմունքը։ Երբ թողեցին զիրար, Նիկոլը նշմարեց մեծ մօր այտերէն վար հոսող արցունքի շիթերը։ Վեհանոյշ նկատեց թոռնուհիի մտավախութիւնը ու հանգստացուց «Երջանկութեան արցունքներն են» ըսելով։
Ապա սկսաւ երկար զրոյցը երկուքին միջեւ։ Որքան շատ բան կուտակուած էր իրարու հետ կիսելու համար։ Նախ Նիկոլ պատմեցիր գալստեան պատճառը։ Պոլսոյ համալսարաններէն մէկուն մէջ երկու եռամսեայ դասաւանդելու համար պայմանագիր կնքած էր։ Դասախօսութեան նիւթն էր Բիւզանդական երաժշտութեան ազդեցութիւնները տարածաշրջանի մշակոյթներուն վրայ։ Այս նիւթով դասախօսելու առաջարկը եկած էր իր հեղինակած նոյնանուն գիրքի նախորդ տարի հրատարակուելէն անմիջապէս ետք։
Վեհանոյշ զարմանքով կը փորձէր ընկալել ներկայ ժամանակներու հասկացողութիւնները։ Իր երիտասարդութեան տարիներուն երեւակայելն իսկ անկարելի երեւոյթները հիմա իրականութիւն դարձած էին եւ իր ամենամտերիմները իսկ ներգրաւուած այդ իրողութեան մէջ։
Ամերիկա՝ որ աշխարհի ամենազարգացած երկիրը կը համարուէր, հիմա այդ երկիրէն մարդիկ իրենց ուսումը ալ աւելին զարգացնելու համար կու գան յետամնաց երկիր համարուող Թուրքիա։ Նիկոլէն լսեց թէ կայ «Էրասմուս» կոչեալ ծրագիր մը, որու շրջանակներով բազմաթիւ ուսանողներ կը շրջին աշխարհի տարբեր երկիրներու միջեւ։
Նիկոլ ինք ալ ուսանողութեան տարիներուն փորձած էր ուսման մէկ տարեշրջանը անցնել Թուրքիոյ համալսարաններէն մէկուն յաճախելով, բայց չէր կրցած համոզել իր ծնողները՝ Ժիրայրն ու Ռոզը։
Անոնք տարբեր մտահոգութիւններով առարկած էին Նիկոլի այդ ցանկութեան։ Այդ ցանկութիւնը իրականացաւ շուրջ տասը տարուայ ուշացումով, այս անգամ ոչ թէ ուսանողի, այլ դասախօսի հանգամանքով։ Ժամանման յաջորդ օր այցելեց համալսարանի տեսչութեան, ստացաւ իր բնակարանի բանալին եւ լրացուցիչ տեղեկութիւններ աշխատանքի պայմաններուն մասին։
Յաջորդ օրուայ առաջին կիսուն զանգահարեց մարդկանց, որոնց անունները եւ հեռախօսահամարները ապահոված էր նախքան ժամանումը։
Պոլսոյ երկրորդ օրուայ յետմիջօրէին է որ եկած է Վեհանոյշ տատիկին մօտ, խապրիկներու ամբողջ պաշար մը կուտակած կերպով։
Ինչե՞ր չկային որ այդ խապրիկներու պաշարին մէջ։ Թեւանցուկ ելան ծերանոցի հիւրընկալ պարտէզը։ Հոն նստարանի մը վրայ նստած՝ երկար ու երկար զրուցեցին տատիկն ու թոռնուհին։ Նիկոլ մի առ մի պատմեց նախ ծնողներուն, ապա հօրեղբայր ու քեռկնոջ առողջութեան ու առօրեային մասին։ Ռոզի մօտ բժիշկները երկու տարի առաջ քաղցկեղ յայտնաբերեցին, բայց շնորհիւ կանուխ նկատուելուն յաջողեցան բուժել առանց աւեր մը գործելուն։ Այդ միջոցին է որ դադրեցաւ աշխատանքէ։ Իսկ հայրը Ժիրայր կը պատրաստուի գալ տարի թոշակառու դառնալու։
Հոմլէսը այլեւս խօսուն դարձած է։ Ինչպէս Վեհանոյշ յանձնարարած էր, Նիկոլ տատիկի մեկնումէն ետք շարունակեց Հոմլէսին ճաշով մատակարարելու առաքելութիւնը։ Ամէն երեկոյ դպրոցէ վերադարձին կը մտնէր խոհանոց, բաներ մը կը պատրաստէր եւ կը փութար Հոմլէսին քով։ Ինք կը զբաղեցնէր նախապէս Վեհանոյշի համար Հոմլէսին հնարած ցածրիկ նստարանը։ Նիկոլ անգլերէնով կը խօսէր Հոմլէսին հետ, հետեւաբար անոնց զրոյցը աւելի կարճատեւ կ՚ըլլար, բայց նոյնքան աւելի հասկնալի, քանի որ այս անգամ մենախօսութիւնը վերածուած կ՚ըլլար երկխօսութեան։ Անցեալին Վեհանոյշ հայերէնով կը պատմէր ու Հոմլէս լարուած ուշադրութեամբ կը լսէր զինք, առանց բան մը հասկնալու։ Ապա Հոմլէս անգլերէնով կը պատմէր իր խօսքը, այս անգամ ալ Վեհանոյշ նոյն լարուած ուշադրութեամբ կը լսէր իր զրուցակիցը, դարձեալ առանց բան մը հասկնալու։ Հիմա որ զիրար կը հասկնային նոյն լեզուով զրոյցները շատ աւելի կարջ կը տեւէր, դիւրաւ կը հասկնային զիրար։ Անգամ մը Հոմլէսը Նիկոլէն խնդրած էր թէ եթէ կրնայ, քիչ մըն ալ, գոնէ քանի մը նախադասութիւն հայերէն խօսի, իբրեւ սփոփանք Վեհանոյշի բացակայութեան։ Այդ օրէն ետք իրենց զրոյցները միշտ աւարտեցան հայերէնով։
Նիկոլի պատմածները շարժանկարի ֆիլմի մը նման կը պատկերանային Վեհանոյշի երեւակայութեան մէջ։ Միայն ժամանակի տեւողութիւնը կամ հերթականութիւնը լուրջ շփոթ կը յառաջացնէր։
Իր վկայութիւնները կը վերաբերին թոռնուհիի դպրոցական տարիներուն Պոլիս վերադառնալէն որոշ ժամանակ անց լսած էր թէ ան համալսարան մտնելով հեռացած էր հօրենական տունէն։ Ուսանողութեան շրջանին բնակած իր հանրակացարանը։ Ուրեմն Հոմլէսի մասին պատմածները ո՞ր ժամանակներու ապրումներ էին։
Միւս կողմէ խապրիկներու պարկը անսպառ էր Նիկոլի մօտ։ «Այդ ամերիկացի պառաւը, որ քու այցելութենէն վախցած ոստիկան կանչած էր, նման յիմարութիւն մը եւս գործեց բոլոր թաղը ոտքի հանելով։ Հօբարիս կողքի տունը բնակող հայաստանցի ընտանիքը իրենց ամերիկա գալու տարեդարձին առթիւ կարտըն փարթի մը կազմակերպեցին իրենց պարտէզին մէջ։ Ազգական, բարեկամ, ընկեր ահագին մարդ հրաւիրեր են։ Դուն գիտես թէ հայերս մսակեր ժողովուրդ ենք։ Առանց խորովածի, առանց քուֆթայի ի՞նչ կարտըն փարթի։ Արդարեւ կրակարանի վրայ քանի կը խորովուէր միսը իւղոտ, բնականաբար կը բարձրանար ծուխն ալ։ Ահա այդ ծուխը նկատելով մեր յիմար ամերիկացին ահազանգ հնչեցուցեր է, որու հետեւանքով թաղ փութացին հրշէջ մեքենաներ, շտապօգնութեան ինքնաշարժը եւ քանի մը ոստիկանական կարգեր։ Շուտով պարզուեցաւ խնդրի էութիւնը, եկողները քառորդ ժամ ետք հեռացան թաղէն։ Վերջին հեռացողները եղան ոստիկաններ, որոնքզբաղած էին տանտէրընտանիքի անդամները յանդիմանելով, թէ ինչո՞ւ ոստիկանութիւնը տեղեակ չէին պահած իրենց կարտըն փարթիէն։
Այդ խուճապը պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն գոյացուցեր է բոլորին մօտ, որոնք մէկ մէկ հեռացեր են հիւրընկալուած տունէն, որ վայրկեաններու մէջ վերածուեր է դէպքի վայրի։ Ամենացաւալին, հրաւիրեալներէ ոմանց հրաժեշտի պահուն ըսածներն էին։ «Մարդիկ իրաւունք ունին, այստեղը Հայաստան չէ որ» կամ «Ի՞նչ իրաւունք ունինք ուրիշներու հանգիստը խանգարելու» եւ նման խօսքեր։
Այդ բոլորը լսելով Վեհանոյշ մատնուեցաւ վերյիշումներու։ Իր պատանութեան կամ երիտասարդութեան տարիներուն ալ երբ հայու մը տան մէջ տիրող ուրախութիւնը լսելի դառնար դուրսէն անպայման կը գտնուէր անհանդուրժող թուրք մը, որ կամ ոստիկանատուն բողոքելով կամ ինք պոռում-կոչումով կը խանգարէր այդ ուրախութիւնը։ Վրայ հասաւ մի այլ վերյիշում, այս անգամ իր վաղեմի բարեկամ Ստեփան Կալլոշեանի փոխանցմամբ։ «Ետին թողած էինք հարսանիքի գիշերուան ուշ ժամերը եւ կը դիմաւորէինք նոր օրուայ առաջին ժամերը։ Երբ հարսնեւորներ կը պատրաստուէին հրաժեշտ առնելու, կրկին բացուեցան նուագարաններու տուփերը եւ բոլորս սկսանք միաբերան երգելու- Ղարս, Ղարս, Ղարս, հայրենի հարս, երբ պիտի դու Հայաստան ետ վերադառնաս-երգը։ Այդ պահուն իմ մէջ մտահոգութիւն յառաջացաւ, խորհելով թէ հիմա հարեւանները պիտի բարկանան մեր վրայ, ուշ ժամը յիշեցնելով։ Իրաւ ալ նկատեցի թէ կողքի տուներուն պատուհանները մէկ մէկ լուսաւորուեցան՞ Բայց պատահածը հրաշքի համազօր էր։ Իւրաքանչիւր պատուհանէն կամ պատշգամբէն մարդիկ գունի զգեստներով դուրս կու գային ու կը ձայնակցէին մեր երգին։ - Ղարս, Ղարս, Ղարս, հայրենի հարս- կոչելով։ Ես այդ պահուն որոշեցի ներգաղթել» պատմած էր մալաթիացի Ստեփան Կալլոշեան»։
(Շարունակելի)




