Տիգրիս Թաշքըրան Յիշատակուեցաւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի Մէջ
10 Փետրուար 2026 Երեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը՝ ի յիշատակ վարժարանի վաստակաշատ ուսուցիչներէն Տիգրիս Թաշքըրանի մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ոգեկոչման ձեռնարկի ընթացքին սարքուեցաւ հոգեճաշ։
Յայտագրին ներկայ գտնուեցան Տիգրիս Թաշքըրանի ընտանիքը, գործընկերները, աշակերտները, խնամակալութեան անդամները եւ սանուց միութեան ներկայացուցիչները։ Հոգեճաշէն ետք, տեղի ունեցաւ իր անունը կրող «Տիգրիս Թաշքըրան Կենսաբանութեան Աշխատանոց»ին բացումը։
Յուզումնալից պահերով լեցուն հանդիսութեան ընթացքին, անգամ մը եւս շեշտուեցաւ Տիգրիս Թաշքըրանի նուիրումը իր ասպարէզին եւ այն արժէքները, զորս ան ընծայած էր կրթական կեանքին։
Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքը յայտնեց, որ պիտի շարունակէ վառ պահել Տիգրիս Թաշքըրանի բարի յիշատակը եւ զայն փոխանցել գալիք սերունդներուն։

