Արդէն իսկ 18 օրեր անցած են Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի միացեալ յարձակումով բռնկած պատերազմի վրայէն։ Անցնող այս օրերու ընթացքին Իրանի դիմադրութիւնը բոլորովին փոխած կ՚երեւի համաշխարհային հաւասարակշռութիւնները։ Մանաւանդ Հուրմուզի նեղուցի նաւթատար նաւերու անցման փակուելէն ետք ծագած ճգնաժամը ռազմավարական կարեւոր շեղում մը պատճառեց Թրամփի Ռուսաստանի դէմ վարած մեկուսացման քաղաքականութեան առումով։ Տակաւին շատ կարճ ժամանակ առաջ Թրամփ սպառնալիքներ կ՚ուղղէր բոլոր այն երկիրներուն, որոնք նաւթ կամ բնական կազ կը ստանային այդ երկրէն։ Թրամփ հիմա կը յայտարարէ թէ կարելի է Ռուսաստանի հետ այդ տեսակի առեւտուրը, կանխելու համար նաւթի սակերու անհամեմատ բարձրացումը։
Բացի այդ, ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի մէջ ալ աւելի բարձրացած են պատերազմի դէմ բողոքողներու ձայները։ Այդ բողոքները նախորդ կիրակի երեկոյ Թելավիվի մէջ վերածուեցան հանրահաւաքի, որ զսպելու համար ոստիկանութիւնը չվարանեցաւ ժողովուրդին վրայ կրակելէ։ Հասկնալի է Իսրայէլի խաղաղ բնակչութեան դժգոհութիւնը, քանի որ երկար տարիներ իբրեւ անվտանգութեան երաշխիք ներկայացուած երկաթէ գմբէթը ծակծկուեցաւ Իրանեան հրթիռներու կողմէ եւ ժողովուրդը իր մորթին վրայ զգաց պատերազմի սարսափը։
Իբրեւ վերյիշում նշենք թէ պատերազմը ծագած էր ամերիկացիներու Իրանեան հիւլէական ուժի սպառնալիքը կանխելու համար։ Այսօր շատեր կը հաւատան թէ այդ ուղղութեամբ եղած պնդումները անհիմն էին, ինչպէս Պուշի օրով Իրաքը արշաւելու իբր պատրուակ ներկայացուած քիմեական զինամթերքը։
Ընդհանուր համոզումով այս պատերազմի ետին կայ Իսրայէլեան դրդումը, մանաւանդ ալ Նեթանեահուի դէմ ծաւալող հալածանքը կասեցնելու միտումով։ Թրամփ եւս մատնուած էր լուրջ դժուարութեան, Էբսթինի թղթածրարի պատճառաւ։ Պատերազմը հանրային կարծիքը այլ կերպ զբաղեցնելու առումով նպաստաւոր էր երկուքին համար ալ։
Իսկ Իրան քայլ առ քայլ կը կիրարկէ այն բոլորը, որոնք յայտարարած էր նախքան պատերազմի մեկնարկումը։ Ըսած էր, որ հաւանական յարձակումի մը պահուն խնդիրը պիտի ծաւալի ամբողջ տարածքաշրջանին։ Արդարեւ ան հիմա կը ռմբակոծէ հարեւան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող ամերիկեան ռազմախարիսխները։
Երբ Իսրայէլ առիթէն օգտուելով կը փորձէ ներթափանցել Լիբանանի հարաւային շերտը, Եւրոպական պետութիւնները չեն հնազանդիր Թրամփի աջակցութեան կոչերուն։ Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա եւ Ճափոն պաշտօնապէս յայտարարեցին թէ նպատակ չունին Հուրմուզի մէջ զինուորական դերակատարութիւն ստաձնելու։
Թրամփ իբր պատասխան հարցականի տակ դրաւ Հիւսիս Ատլանտեան Դաշինքի ապագան, ըսելով թէ նպատակ չունի այդ ծանր բեռը առանձին ստանձնելու։
Յայտնի է թէ պատերազմի երկարատեւութիւնը լուրջ բարդութիւններ պիտի յառաջացնէ այդ նոյն պատերազմէն ելքի միջոցներ ակնկալողներու դիմաց։ Վերլուծաբաններ այս հաստատումը կ՚ընեն յատկապէս նշելով ամերիկայի մօտակայ ընտրութիւնները։
Այնպէս թէ այդպէս աշխարհ մտած է խիստ վտանգաւոր հունի մը մէջ, անպատասխանատու, անխիղճ եւ անյոռետես առաջնորդներու ձեռամբ, որոնք երկիրները կ՚առաջնորդէն կործանման, յանուն որոշ ընկերութիւններու շահերուն։



