Տօնածառը յոյսի ներշնչման աղբիւր
Ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ Ամանորի ընդառաջ մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ լուսաւորուեցաւ աւանդական տօնածառը։
Ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ Ամանորի ընդառաջ մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի վրայ լուսաւորուեցաւ աւանդական տօնածառը։
Ծառի գոյութիւնը յաւելեալ փայլ կու տայ հրապարակի ընդհանուր գեղեցկութեան։
Նոյնիսկ յաւելեալ պերճանքի բացակայութեան հրապարակը մեյրաքաղաքի բնակիչներուն կը պարգեւէ ինքնավստահութեան զգացում։
Ֆանտանի շուրջ բոլորը ամէն գիշեր կը վերածուի զբօսայգիի մը տրամադրութեան, շնորհիւ ժայթքող գունագեղ ջուրերու եւ հնչող երաժշտութեան։
Այս է պատճառը թէ մայրաքաղաքը ձմրան եղանակին իսկ կը հիւրընկալէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ, աշխարհի տարբեր անկիւններէն։

