Մամուլի կազմակերպութիւնները, լրագրողներու ձերբակալութենէն ու կալանաւորումէն մինչեւ լրատուամիջոցներուն տեղապահ նշանակուիլը, լուրերու կայքէջերու եւ ընկերային ցանցերու հաշիւներու հասանելիութեան արգելափակումները ընդգրկող ճնշումներուն դէմ, Հոկտեմբերի 24-ին բողոքի ցոյցեր պիտի կազմակերպեն։
Անոնց շարքին Թուրքիոյ Լրագրողներու Արհմիութիւնը, Թուրքիոյ Լրագրողներու Ընկերակցութիւնը, Մամուլի Խորհուրդը, Լրագրողներու Ընկերակցութիւնը, Արդի Լրագրողներու Միութիւնը, Իզմիրի Լրագրողներու Ընկերակցութիւնը, Տիգրիս-Եփրատ Լրագրողներու Միութիւնը, DİSK Մամուլ-Աշխատանք եւ լրագրութեան մասնագիտական միութիւններ ընդգրկող մամուլի մասնագիտական կազմակերպութիւնները, վերջին օրերուն մամուլի ազատութեան դէմ աճող ճնշումներուն դիմաց ամբողջ երկրի տարածքին բողոքի ցոյցեր պիտի կատարեն։
Մամուլի մասնագիտական կազմակերպութիւններուն համատեղ յայտարարութեան մէջ հետեւեալ արտայայտութիւնները տեղ գտան.
«Ո՛չ գրաքննութեան, ազատութիւն լուրին։ Մենք՝ ժողովուրդին տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքը պաշտպանող, ճշմարտութեան ետեւէն վազող լրագրողները ներկայացնող մամուլի մասնագիտական կազմակերպութիւններս, կը յայտարարենք. Բաւ է, չենք կրնար շնչել։ Լրագրութիւնը յանցանք, լուրը սպառնալիք, ճշմարտութիւնը անընդունելի նկատուող, ոչ միայն լրագրողներու, այլ նաեւ ընդդիմացող բոլորին գրաքննութեան ենթարկուած կարգի մը առջեւ լուռ պիտի չմնանք։ Մամուլի ազատութիւնը միայն լրագրողներու չէ, այլ ամբողջ հասարակութեան հիմնական իրաւունքն է։ Ճշմարտութեան լռեցումին, ժողովուրդին տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքին արգելք հանդիսանալուն եւ հասարակութեան բոլոր խաւերուն գրաքննութեան ենթարկուելուն դէմ մեր ձայնը կը բարձրացնենք»։



