Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Մատենադարանին մէջ, 22-24 Յուլիս 2026-ին տեղի ունեցաւ Հայագիտական Գ. միջազգային համագումարը, որ համախմբեց աշխարհի 16 երկիրներէն ժամանած առաջատար համալսարաններու եւ գիտական հաստատութիւններու հայագէտներ, գիտնականներ ու մասնագէտներ։
Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս Միջազգային համագումարին մասնակցեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Օրմանեան Մատենադարանի Տեսուչ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Հայագիտական Գ. միջազգային համագումարի աւարտին, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, իջեւանեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Տէր Հայրը, իր կեցութեան առթիւ ներկայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ փոխանցեց Պատրիարք Հօր ողջոյնները։ Նորին Սրբութիւնը, ուրախութեամբ ողջունեց Տէր Հայրը եւ անդրադարձաւ իր պատասխանատու ծառայութեան ու բարի կեցութիւն մաղթեց Տէր Հօր Մայր Աթոռի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր ողջոյնները փոխանցեց Պատրիարք Հօր եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց դասուն, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, վարչայիններուն եւ ողջ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Տէր Հայրը, շաբաթավերջին մասնակցեցաւ նաեւ Ս. Էջմիածնի մէջ մատուցուած եւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, ինչպէս նաեւ ուխտի այցելութիւններ տուաւ զանազան վանքերուն։
Տէր Հայրը քաղաքս վերադարձաւ 28 Յուլիս 2026, Երեքշաբթի, առաւօտ։



