Ծարաւ
Հոգիս վերջալոյսին մահը մտիկ կ՚ընէ.
Չարչարանքի հեռաւոր հողին վրայ ծնրադիր,
Հոգիս վերջալոյսին ու հողի վէրքերը կը խմէ...
Եւ իր մէջ, դեռ իր արցունքին անձրեւումը կ՚զգայ...
Ու ջարդուած կեանքերուն աստղերը համակ՝
Աւրուած աչուըներու ա՜յնչափ նման,
Սրտիս աւազաններուն մէջ այս իրիկուն՝
Յուսահատութենէ, սպասումէ կ՚ոգեվարին...
Ու բոլոր մեռածներուն ուրուականներն այս գիշեր
Աչքերուս եւ հոգիիս հետ Արշալոյսը պիտի սպասեն...
Որպէս զի, կեանքերուն ծարաւը յագեցնելու համար՝
Թերեւս վերէն իրենց վրայ՝ կաթիլ մը լոյս իյնայ։


