Էջմիածինը Կաթողիկոսին հակադրուած եպիսկոպոսները կը հրաւիրէ հնազանդման
Մայր Աթոռը յայտարարութեան մը միջոցով յորդորեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքը սեղմած, ապա կաթողիկոսին հեռացումը պահանջած եպիսկոպոսները դադրեցնել խոտոր ընթացքը եւ վերադառնալ կանոնական դաշտ: «Դեռեւս զերծ մնալով խիստ միջոցների կիրառումից` Մայր Աթոռը յորդորում է կանոնախախտ եպիսկոպոսներուն դադարեցնել իրենց խոտոր ընթացքը եւ կեղծ ու մտացածին բովանդակութեամբ հրապարակային ելոյթները, վերադառնալ կանոնական դաշտ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Ուշագրաւ է, որ Մայր Աթոռը կը փոխէ իր կարծր դիրքաւորումը եւ փոխանակ եպիսկոպոսները կարգալոյծ հռչակելու, կը թելադրէ իրենց վարքը փոխել եւ հնազանդիլ աստիճանակարգին։
Իսկապէս ալ տասը եպիսկոպոսներու հակազդեցութիւնը լուրջ ազդանշան մըն է Կաթողիկոսի հանդէպ մերժման արշաւի շրջագծով։
Այս բոլորին կը միանայ Վեհափառի Մարսէյլի մէջ դէմ յանդիման մնացած բողոքի ցոյցը։ Ամբողջական ընկալումով մը կը տիրէ այն համոզումը, ըստ որու ՀՅԴ մեծ նշանակութիւն ունի սփիւռքի մէջ։ Մարսէյլի բողոքի ցոյցը այդ ընկալումն ալ վիճելի կը դարձնէ եւ մտածել կու տայ թէ հետզհետէ աւելի կը խորանայ Գարեգին Բ. Սրբազանի հանդէպ դժգոհութիւնը։

