Ֆորում՝ հայրենակցական միութիւններու նշանակութեան մասին
Վաքըֆգիւղի Հայրենակցական միութիւնը իր հիմնադրութեան 25-ամեակը նշեց ասուլիսով մը։ Ֆորումի ձեւաչափով կայացող միջոցառումը տեղի ունեցաւ Ֆերիգիւղի եկեղեցւոյ յարակից Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ 9 Յունուար, ուրբաթ երեկոյ։ Ժողովավար Բագրատ Էսդուգեան նախ ամփոփ կերպով նկարագրեց «հայրենակցական միութիւն» եզրի բովանդակութիւնը եւ հայ ժողովուրդի մէջ ունեցած նշանակութիւնը։ Ան յիշեցուց թէ ժողովուրդի մը իր բնօրրանէն հեռանալով եւ սփիւռքանալով կը յայտնուի նման բնոյթի միութեան մը հիմնադրման կարիքը։ Օրինակներ թուեց աշխարհի տարբեր կեդրոններէն, ուր ձեւաւորուած են հայրենակցական միութիւններ։
«Թուրքիոյ քաղաքական պայմաններու բերմամբ բաւական ուշացած նախաձեռնութիւն մըն է հայրենակցական միութեան հաստատումը։ Արդարեւ վաքըֆգիւղցիներ երբ նկատեցին թէ Պոլիս կոչուած այդ մեծ խառնարանին մէջ աւելի բազմանդամ բնակչութիւն ունին բաղդատմամբ իրենց ծննդավայրին։ Այս պայմաններու տակ հաւանական ձուլումի մը արգելք ըլլալու մարմաջով հիմնեցին Վաքըֆգիւղի Հայրենակցական միութիւնը։ Այս նախափորձը օրինակ հանդիսացաւ երկրի այլ գաւառներու այժմ պոլսաբնակ դարձած անդամներուն համար։ Իրերայաջորդ կերպով կեանքի կոչուեցան Սասնայ Աճար (Հեռենդ) գիւղի, Տէրսիմի Հայոց Հաւատքի ու Մշակոյթի Կեդրոնի, սասունցիներու, մալաթիացիներու, եոզղադցիներու, ատըեամանցիներու հիմնած հայրենակցական միութիւնները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը վերահաստատեց երբեմնի հայրենեայ երկրի հետ շփումներ։ Ուխտագնացութիւններ կատարուեցան դէպի բնօրրան եւ տեղական իշխանութիւններու հետ մշակուած երկխօսութեան շնորհիւ անտէրութենէ եւ լքուածութենէ ձերբազատուեցան կարգ մը եկեղեցիներ ու գերեզմանատուներ» յիշեցուց Էսդուգեան։
Ժողովավարը ապա մի առ մի բեմ հրաւիրեց հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները։ Այսպէս՝ Վաքըֆգիւղի անունով Թադէոս Պէպէք, Սեբաստացի Հայրենակցական Միութեան անունով Շուշան Եէնիճէ, Ատըեամանի Միութեան անունով՝ Ֆերհատ Պաքըրճըօղլու, Եոզղադի Միութեան անունով՝ Նազարէթ Էօզսահակեան, Բաղէշի եւ Սասնայ Հայրենակցական միութեան անունով Թուրկայ Քափ եւ Սասնայ Աճար գիւղի Հայրենակցական միութեան անունով ալ Գէորգ Ֆիքրի Չալըշ։
Ժողովավարը օրակարգի բերաւ կարգ մը հարցադրումներ վերոյիշեալ միութիւններու հիմնադրութեան, ցարդ կատարած գործունէութեան եւ ապագայի հանդէպ տեսլականի մասին։
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Վաքըֆգիւղի ներկայացուցիչ Թադէոս Պէպէք։ Ան հակիրճ տողերով նկարագրեց միութեան հիմնադրութեան շրջանը, դժգոհեցաւ հաւաքավայրի մը բացակայութենէն եւ յոռետես մերձեցումով մը հարցականի տակ դրաւ թէ գիւղի եւ թէ հայրենակցական միութեան ապագան։ Անդրադարձաւ երկրաշարժի աւերին, որմէ ետք գիւղը հետզհետէ կորսնցուցած է իր նախկին դիմագիծը եւ յստակ չէ թէ յառաջիկայ 15 տարիներէն ետք պիտի կարենա՞նք խօսիլ Մուսա լերան լանջին գոյութիւն ունեցող գիւղի մը մասին։
Շուշան Եէնիճէ բաւական զգացուած էր, երբ կը պատմէր Սեբաստիոյ Հայոց եւ բարեկամներուն հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան շրջանը։
«Այդ գաղափարը յղացողը եւ կեանքի կոչելու համար մեծ ջանք վատնողը եղբայրս Փայել Կիւլլիւտերէն էր։ Ան յաջողեցաւ իր ծրագրին մէջ, բայց ափսոս որ չկրացաւ վայելել իր ջանքերու յաջողութեամբ պսակուելու ուրախութիւնը»։ Շուշան Եէնիճէ ապա պատմեց միութեան կեդրոնին ձեռքբերման գործընթացը։ Երախտիքով յիշատակեց Տիգրան Կիւլմեզկիլի բարերարութիւնը, որ առատաձեռն եղած էր միութեան կեդրոնին համար կատարուած համագործակցութեան շրջանին։
Ուշագրաւ էր Գէորգ Ֆիքրի Չալըշի ելոյթը, քանի որ անոր գլխաւորած միութիւնը ունէր իւրայատուկ բնոյթ։
«Երբ այցելէք մեր միութիւնը, հոն պիտի նկատէք թէ միութեան անդամներուն մէկ մասը քրիստոնեաներ են եւ մէկ մասն ալ իսլամադաւան։ Մերթ ընդ մերթ տարակածութիւններ կը ծագի իրենց միջեւ, բայց այդ վէճերը հաշտութեամբ կ՚աւարտին, քանի որ ի դէմ կրօնական տարբերութեան, իրենց միջին յայտարարն է՝ հայ ինքնութիւնը եւ հայրենի երկիրը»։
Բագրատ Էսդուգեան մերթ ընդ մերթ բարձրախօսը յանձնեց նաեւ ունկնդիրներու շարքին տեղ առած որոշ անձերու։ Այսպէս Մասիս Եոնթան՝ արտայայտուեցաւ Մարտինի Տէրիք գաւառի, Մահիր Էօզքան՝ համշէնցիներու, Սատըք Պաքըրճկօղլու՝ ատըեամանցիներու, Անուշ Գազան՝ ամիտացիներու, Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին Տէրսիմի ալեւիացած հայերու մասին։
Վարդանուշ Չերմէ դժուարացաւ ինքզինք տեղադրել յատուկ երկրամասի մը մէջ, քանի որ իր ծնողները եկած էին տարբեր քաղաքներէ, ամուսինը՝ Թովմաս Չերմէ Մարտինի կարկառուն ներկայացուցիչ մըն էր եւ ինք կը շարունակէր հայերէն դասաւանդել Սեբաստացիներու Հայրենակցական Միութեան մէջ։ Իբրեւ այս զանազանութեան համադրութիւն ան իր խօսքը շեշտադրեց հայերէն լեզուի իմացութեան կարեւորութիւնը ընդգծելով։
Նազարէթ Էօզսահակեան իբրեւ Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ, այս ժողովին կը ներկայացնէր Եոզղադի Հայրենակցական Միութիւնը։ Ան ուշադրութիւն սեւեռեց հասարակական կազմակերպութիւններու նիւթական կարողութիւններու խնդրին։
«Լաւ մշակուած նախագիծերու միջոցաւ կարելի է օգտուիլ Եւրոմիութեան տրամադրած դրամաշնորհներէն։ Կարեւորը իմաստալից ծրագրեր առաջարկելն է» եզրակացուց Նազարէթ Էօզսահակեան։
Ապա կարգաւ խօսք առին Ատըեամանի Հայոց Հայրենակցական Միութեան ներկայացուցիչ Ֆերհատ Պաքըրճըօղլու եւ Պաղէշի ու Սասնայ Հայրենակցական Միութեան ներկայացուցիչ Թուրկայ Քափ։ Երբ Պաքըրճըօղլու կ՚անդրադառնար Ատըեամանի եւ յատկապէս ալ Գաղթա գաւառի հայ բնակչութեան, աւետեց թէ շնորհիւ վերջին տարիներու ջանքերուն յաջողած են Գալֆայեան Որբանոցի տրամադրած առիթներէն օգտուիլ եւ աշակերտուհիներ ղրկել դէպի Պոլիս։
Ֆերհատ Պաքըրճկօղլուի այս խօսքերէն ետք Բագրատ Էսդուգան խօսափողը յանձնեց Պոլսահայ համայնքի բազմավաստակ գործիչ տիկին Տիանա Քամփարոսեանին։
Ան երիտասարդ տարիքներէն ի վեր մասնակցած էր Գաղթականաց Յանձնախումբի աշխատութիւններուն եւ իր նուիրական ծառայութիւնը յարատեւ դարձուցած մինչեւ օրս։
Տիանա Քամփարոսեան յայտնեց թէ բազում անգամներ այցելած է Ատըեաման եւ եթէ պէտք է առանց նկատի ունենալու իր յառաջացած տարիքը, այսօր ալ պատրաստ է նոյն առաքելութիւնը շարունակելու։
Եթէ սփիւռքի պայմաններու մէջ ամենամեծ թիւը կը կազմեն սեբաստացիները, անվարան կարելի է ըսել թէ, անոնց համազօր ազդեցութիւն մը ունեցող մի այլ խմբակ է սասունցիները։
Թուրկայ Քափ ընդգծեց այդ իւրայատկութիւնը, ըսելով թէ ուր որ երթան կը հանդիպին սասունցիներու լայն շրջանակի մը։ Ան յիշեց նաեւ Սասնայ Հայրենակցական Միութեան մասնակցութիւնը Համահայկական Ողիմպիական Խաղերուն, ուր վայելած էին ամենահաճելի պարտութիւններու առթած ուրախութիւնը։
Իր տեսակին մէջ եզակի այս հանդիպումը առիթ ստեղծեց կրկին անգամ իմաստաւորելու հայրենակցական միութիւններու նշանակութիւնը եւ դերակատարութիւնը՝ Պոլսահայ ընկերային կեանքի մէջ։
Շուրջ երկու ու կէս ժամ տեւող միջոցառման աւարտին ներկաները համտեսեցին Վաքըֆգիւղի աւանդական խոհանոցէն պատրաստուած նմոյշներ։
Մինչ այդ միութեան անդամները բացատրութիւններ կու տային իրենց յաջորդ ծրագիրներուն մասին։ Այդ ծիրէն ներս անոնք այժմ կը պատրաստուին Բարեկենդանի խրախճանքին, Մուսա Լերան պատմութիւնը ուսումնասիրող գիրքի մը հրատարակութեան եւ այլ ծրագրերու վրայ։

