Փարիզի Հիւլէական ուժանիւթի վեհաժողովի ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ յայտարարեց, որ Մեծամօրի հիւլէական կայանի ժամկէտի աւարտէն ետք, Հայաստան որոշած է անցնիլ փոքր համեմատաչափ հիւլէական մարտկոցի արհեստագիտութեան։ Շարք մը երկիրներու առաջնորդներուն առջեւ Փաշինեան խօսեցաւ արդէն գործնական քայլերու մասին:
«Հայաստանը, ինչպէս այստեղ ներկայացուած շատ երկիրներ, մեկնարկել է Հայկական ատոմային էլեկտրակայանի շահագործման կեանքի մինչեւ 2036 թուականը երկարաձգման ծրագիր: Այս երկարաձգումն ամուր հիմք կը դնէ նոր միջուկային ուժանիւթի հատուածի բարեյաջող եւ անվտանգ անցման համար: Այս նպատակով: մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացած է քաղաքացիական միջուկային ուժանիւթի նորարարութիւններու վրայ, մասնաւորապէս: փոքր համեմատաչափ հիւլէական մարտկոցներու արհեստագիտութեան վրայ, որոնք խոստումնալից հեռանկարներ կ՚առաջարկեն», ըսաւ Փաշինեան եւ յիշեցուց, որ նոր մարտկոցները աւելի կարճ շինարարական ժամկէտներ կը պահանջեն, հզօրութիւնը կրնայ ընդլայնիլ, ինչ որ աւելիով կը համապատասխանէ Հայաստանի ելեկտրական ցանցերու կարիքներուն:
«Ներկայումս մենք ուշադիր ուսումնասիրում ենք տեխնոլոգիաները եւ գնահատում միջազգային գործընկերների առաջարկները: Ընտրութեան գործընթացն առաջնորդւում է յուսալիութեան, երկարաժամկէտ կայունութեան հաշուառմամբ եւ միջուկային անվտանգութեան, պաշտպանուածութեան եւ չտարածման բարձրագոյն չափանիշներին մեր նուիրուածութեամբ», յայտնեց Փաշինեան:
Փոքր համեմատաչափ հիւլէական մարտկոցներու նիւթը Փաշինեան առանձին հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեց նաեւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսիի հետ: Այդ հանդիպումին ընթացքին, զրուցակիցները քննարկեցին խաղաղ նպատակներով հիւլէական ուժանիւթի զարգացման վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ համագործակցութեան ընթացքին:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին հիւլէական ապահովութեան, արհեստագիտական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ փորձագիտական աջակցութեան ծրագիրներու շարունակական իրականացումը:
Միտքեր փոխանակուեցան նաեւ Հայաստանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ ընթացող ծրագիրներու, փոքր հիւլէական մարտկոցներու արհեստագիտութեան եւ հիւլէական ուժանիւթի զարգացման հեռանկարներուն շուրջ:



