Ձեր ընտանիքի անցեալը Պոլսիս կը հասնի։ Նոյնիսկ ձեր հօր Պոլիս ծնած ըլլալը գիտենք։ Այս պատճառաւ ես զիս աւելի մօտ կը զգամ ձեզ։ Իմ կարծիքով Թուրքիոյ հայերու խնդիրները աւելի հեշտութեամբ պիտի կրնաք հասկնալ։ Երբ Պոլիս կու գաք, այլ երկիրներ կատարած այցելութիւններէն տարբեր զգացումներ կ՚ունենա՞ք։
Ըսեմ, որ նախ ոչ միայն հայրս Պոլիս ծնած է, այլ իմ հայրական ընտանիքը մի քանի հարիւր տարի Պարտիզակ ապրած է։ Հետեւաբար իմ կապը շատ երկար ժամանակուայ կապ եղած է ո՛չ թէ միայն Պոլսոյ հետ, այլ Պարտիզակի հետ։ Ես գիտեմ եւ ուսումնասիրած եմ, որ 1800-ականներու վերջը, 1900-ականներու սկիզբը Պոլսոյ մէջ հիմնուող առաջին մեծ նուագախումբը, որ կը կոչուէր «Սինանեաններու նուագախումբ», մեր ընտանիքի անդամներն էին։
Ի՞նչ զգացում ունիմ։ Ճիշդն ասած, ինչ-որ իւրայատուկ զգացում չունիմ Պոլսոյ նկատմամբ։ Իւրայատուկ զգացում ունիմ պոլսահայերու նկատմամբ։ Ինձ համար պոլսահայերը շատ հարազատ են, որովհետեւ ինչ-որ չափով նաեւ հօրս հետ կ՚առանձնացնեմ, նաեւ հօրեղբայրիս հետ՝ Կարօ Համամճըօղլուի հետ, որովհետեւ հայրիկիս զարմիկն է։ Այնպէս որ, ես չեմ եկած Պոլիս այցելելու, ես եկած եմ պոլսահայերուն այցելելու։ Եկած եմ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն տեսնելու։ Իմ զգացումներս կապուած են մեր հայերու հետ։
Ձեր կարծիքով Թուրքիոյ հայերու եւ Սփիւռքի հայերու միջեւ ի՞նչ տարբերութիւններ կան։
Ի հարկէ կայ։ Ոչ թէ որպէս հայ տարբերութիւն կայ, իրենք աւելի լաւ հայ են, վատ հայ են, քիչ հայ են, շատ հայ են… Ո՛չ։ Այդ իմաստով տարբերութիւն չկայ։ Տարբերութիւն կայ, որ իրենք կ՚ապրին Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ եւ բոլորս գիտենք, որ այդ մեծ դեր կը խաղայ իրենց կենցաղին մէջ։ Այսինքն, մէկ բան է ապրիլ Միացեալ Նահանգներուն եւ ըլլալ սփիւռքահայ, լրիւ ուրիշ բան է ապրիլ Թուրքիայի Հանրապետութեան տարածքին։ Որովհետեւ մենք ունինք պատմութիւն Թուրքիոյ հետ։ Մենք ունինք պատմութիւն նախ երկար ժամանակ այստեղ ապրելու, ոչ միայն նախկին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, այլ բուն Պոլսոյ մէջ։ Եւ այդ պատմութիւնը ունի շատ մութ եւ տխուր էջեր նաեւ։ Եւ ամէն դէպքին այսօր մեր հայրենակիցները կը շարունակեն ապրիլ Պոլսոյ մէջ, ունենալ դպրոցներ, պահել եկեղեցիներ, կը փորձեն երախաներուն հայ մեծցնել։ Այդ ինձ կու թուի, Պոլսոյ մէջ բաւական հերոսական քայլ է՝ ի տարբերութիւն շատ այլ տեղերու։
Սփիւռքի եւ Հայաստանի շփումները եւ յարաբերութիւնները ամէն ատեն լաւ չեն ընթացած։ Վերջին շրջանին, ինչպէս որ «իրական Հայաստան» գաղափարը սեղանի վրայ դրաւ պարոն Փաշինեանը, այս «Իրական Հայաստան»ի գաղափարէն ետք սփիւռքի (Անշուշտ մէկ սփիւռք չկայ, զանազան սփիւռքներ կան) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յարաբերութիւնները նոր կերպարանք առա՞ւ, կամ որեւէ քննադատութիւններ եղա՞ն արդեօք սփիւռքէն։
Ի հարկէ, ինչպէս ըսիք, սփիւռքները շատ են եւ սփիւռքներուն կան տարբեր տեսակի մարդիկ, կազմակերպութիւններ, քաղաքական նոյնիսկ հոսանքներ։ Շատերը ունին իրենց կարծիքը Հայաստանի մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մասին։ Բնական է, որ կայ զանգուած, որոնք շատ քննադատաբար կը մօտենան ինձ, մեզ, մեր աշխատանքին։ Այս նորմալ կ՚ընդունիմ։ Մենք կը փորձենք մեր աշխատանքով, ոչ թէ խօսքով, այլ բուն բովանդակային աշխատանքով ի ցոյց դնել մեր արժէքները, մեր նպատակները, մեր համագործակցական մտայնութիւնը։ Մենք կ՚ուզենք, որ միասին ըլլանք։ Հետեւաբար, քննադատութեան կ՚ենթարկուինք, բայց գիտէ՞ք, կ՚ուզէ՞ք իմանալ՝ ինչ քննադատութիւն։ Ձեզ երեւի յայտնի է ամէն ինչ, որ մեր կառավարութիւնը կը մեղադրեն ապազգային ըլլալով, որ մենք լաւ հայ չենք, մենք ապազգային ենք, ազգին դէմ ենք, որ մենք ինչ-որ ձեւով մեղաւոր ենք Լեռնային Ղարաբաղի կորստի համար…
Մենք կ՚ուզենք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ։ Այս ամէն ինչի մէջ մեզ կը մեղադրեն։ Ի հարկէ, ես չեմ ընդուներ այդ մեղադրանքները, իրենք սխալ ձեւով կը մեկնաբանեն այդ ամէնը։
Օրինակ, այո՛, մենք կ՚ուզուենք Թուրքիոյ հետ ունենալ հարեւանային, այսինքն, ինչպէս երկու հարեւաններ, մինիմալ նորմալ յարաբերութիւն պէտք է ունենանք։ Եթէ ապագային ասկէ կը բխի լաւ յարաբերութիւններ, մենք ասկէ միայն կրնանք ուրախ ըլլալ։
Մենք կ՚ուզենք, այս որպէսզի Հայաստանը ըլլայ անվտանգային եւ անվտանգ միջավայրի մէջ։ Եթէ ասոր համար մեզ պէտք է մեղադրեն, շատ լաւ, թող մեղադրեն, կ՚ընդունինք մեղադրանքը։ Նոյն կերպ կը խօսին անոր մասին, որ մենք կը ձգտինք դէպի Եւրոպա, կը ձգտինք եւրոպական արժէքներուն, Եւրոմիութեանը միանալուն։ Օքէյ, եթէ այդ մեղադրանք է, կ՚ընդունիմ։ Այո, մենք կը ձգտինք դէպի Եւրոպա, այդ կը նշանակէ մենք կ՚ուզենք, որ մեր ժողովուրդը բարեկեցիկ ապրի, երջանիկ ըլլայ, չուզենայ հեռանալ Հայաստանէն, որպէսզի մենք ասոցացուինք զարգացման հետ ։ Ի՞նչ կայ ասոր մէջ վատ։ Կը կարծեմ, լաւագոյն դէպքին ալ, եթէ մենք շատ լաւ ըլլանք, աշխատինք լաւագոյն ձեւով, միեւնոյն է, մեզ միշտ քննադատողներ պիտի ըլլան։ Ասոր շատ առողջ ու հանգիստ կը մօտենանք։
Դուք Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետն էիք։ Հայաստան վերադառնալով վարչակարգին մէջ տեղ գրաւելը դժուա՞ր չեղաւ։ Կրնա՞նք այս մասին քիչ մը խօսիլ։
Անկեղծ ըսեմ, ոչ մի դժուարութիւն չեմ ունեցած։ Երեւի պատճառը ան էր, որ երբ երախաներ ունեցանք (ես 4 երախայ ունիմ), որոշեցինք, որ միակ ձեւը երախաներուն հայ պահելու այդ Հայաստանին հետ իրենց կապելն է։ Որովհետեւ կը տեսնէինք, որ երախաները շատ ամերիկացի են, շատ։ Եւ ամէն տարի երախաներուն Հայաստան կը բերէինք։ Այնպէս որ Հայաստան գալը, Հայաստան այցելելը մեզ համար դարձաւ սովորական։ Եւ ասոր արդիւնքին մենք սկսեցինք Հայաստանը ոչ թէ զբօսաշրջիկի աչքով նայիլ, այլ Հայաստանը հարազատ տեղ է։ Եւ երբ որ որոշում կայացուեց տեղափոխուիլ Հայաստան, այդ մշակութային ցնցումը շատ չէր։ Ինձ համար շատ դժուար չէր։ Կարեւորը, որ տիկնոջս եւ երախաներուս, ծնողքիս համար դժուար չէր։ Այդ է ամենակարեւորը։ Եւ շատ դիւրին ձեւով իրենք ինտեգրուեցան միջավայրին։
Համաշխարհային Հայկական Գ. Գագաթնաժողովի մասին եթէ խօսինք, այնտեղ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ երկու կողմերն ալ փոխադարձ վստահութեան շեշտը դրին։ Իսկ սփիւռքի հայերը այս «փոխադարձ վստահութիւն» շեշտադրութեան ինչպէ՞ս կը նային։
Ի հարկէ սփիւռքի հայերու տեսանկիւնէն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու մեխը, այսպէս ըսած, արմատը Հայոց ցեղասպանութեան հարցն է։ Այսինքն, սփիւռքը ձեւաւորուած է անոր արդիւնքին։ Բնականօրէն իրենց համար Թուրքիոյ հետ որեւէ յարաբերութիւն իր մէջ պէտք է պարունակի ինչ-որ ցեղասպանութեան հետ լուծում։ Ես ան կը հասկնամ։ Այդ շատ բնական է։ Ասկէ կը բխէ հէնց սփիւռքի տարակուսանքը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հետ կապուած։ Մենք Հայաստանի մէջ կ՚ըսենք՝ մենք երբեք չենք մոռնար պատմութիւնը Չենք կրնար։ Իրաւունք չունինք մոռնալու։ Չենք կրնանք ալ մոռնալ , բայց մենք պետք է շարժուինք առաջ եւ ապրինք այսօր։
Սա շատ յստակ է մեզ համար եւ մեզ համար շատ հասկնալի է։ Մենք պէտք է ապրինք։ Իսկ որպէսզի ապրինք, պէտք է ապրինք հարեւանի հետ։ Եւ գիտէ՞ք ինչ, հարեւաններէն մէկը ու շատ մեծ հարեւան, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն է։ Սա մեր մօտեցումն է։ Սփիւռքի մէջ դուն կրնաս ապրիլ Միացեալ Նահանգներուն, ըսել որ՝ «ոչ, մինչեւ որ ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը, չգիտեմ, հարցը չլուծուի, Թուրքիոյ հետ որեւէ յարաբերութիւն չունենանք»։ Լաւ, Լոս Անճելէսի մէջ այդ կրնաս ընել։ Նստիր Լոս Աճելէս, մի ունեցիր յարաբերութիւն Թուրքիոյ հետ։ Մեզ համար այդ անլուրջ է, ակտուալ չէ։ Մենք այսօր կ՚ապրինք, այսօրուայ իրականութեան մէջ՝ ապագային նայելով։ Մենք ստիպուած, պարտադրուած եւ դատապարտուած ենք մեր հարեւաններու հետ փորձել, գտնել լեզու եւ ունենալ, դրացիական յարաբերութիւններ։ Եւ մի գուցէ օր մը այդ դրացիական յարաբերութիւնները կը բերեն նաեւ բարիդրացիական յարաբերութիւնները։
Հետեւաբար ձեր գործը դժուար է սփիւռքի հետ։
Շատ դժուար։ Որովհետեւ սփիւռքը հասկանալիօրէն կրնայ իրեն թոյլ տալ շատ բարձր ստանդարտներ ունենալ, այսպէս բարոյական՝ «մենք երբեք չենք ըներ այս»։ Լաւ։ Մենք կ՚ընենք ամէն ինչ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան շահէն կը բխի։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան շահէն կը բխի, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ ունենալ դրացիական յարաբերութիւններ։ Վերջ։
Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները հետեւաբար հիմա ո՞ր մակարդակի վրայ են։ Սահմանները բացուած չեն։ Գիտենք որ Ատրպէյճանի հետ մօտ յարաբերութիւններու վերաբերեալ Թուրքիան կը սպասէ։ Ի՞նչ կը սպասեն սահմանադրութեան փոփոխութիւնը՞։ Այս մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը։
Այդ հարցին միայն կրնան պատասխանել մեր թուրք գործընկերները։ Իրենք գիտեն, թէ ինչու իրենք կը սպասեն, իսկ իրենք ալ կրնան ըսել, որ «մենք չգիտենք Ատրպէյճանը ինչին կը սպասէ»։ Այսինքն, մենք ամէն ջանք գործադրած ենք եւ կը շարունակենք գործադրել, որպէսզի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Հանրապետութիւններու միջեւ հաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ, սահմանը բացուի, այսինքն ունենանք այդ դրացիական յարաբերութիւններու մակարդակը։ Բայց ինչպէս դուք արդէն ըսիք, ամբողջ պրոցեսը շատ թափանցիկ է։ Թուրքիան սպասողական վիճակի մէջ է։ Չնայած որ որքան ես կը հասկնամ, Թուրքիան մեզ հետ խնդիր չունի, Թուրքիան իր դիրքորոշման մէջ խնդիր ունի։
Ձեր կարծիքով՝ ինչպէ՞ս կարելի է խրախուսել Հայաստան վերադարձը եւ աջակցիլ վերադարձողներու ընկերային համակեցութեան։
Իրականին ամենակարեւոր բաները, որ պէտք է ընել, որպէսզի հայրենադարձութիւն թլլայ, այն ստեղծել այնպիսի պայմաններ Հայաստանի մէջ, որպէսզի արտագաղթ չըլլայ։ Այսինքն, երբ որ դուն ընես անհրաժեշտ քայլեր, որպէսզի Հայաստանէն մարդիկ չհեռանան։ Դուն կ՚ընես նոյն բանը, որ անհրաժեշտ է, որպէսզի մարդիկ դուրսէն ուզեն Հայաստան վերադառնալ։ Ի՞նչ է այդ՝ առողջ բիզնեսային միջավայր, լաւ առողջապահական համակարգ, լաւ կրթական համակարգ, օրէնքի գերակայութիւն, անվտանգ միջավայր։ Այս բաները մենք կ՚ըսենք ինչո՞ւ համար, կ՚ըսենք, որպէսզի Հայաստանը ըլլայ անվտանգ, ապահով եւ Հայաստանի ժողովուրդը բարգաւաճի։ Այս նոյն բաները կ՚ընես, նաեւ դուրսի հայերուն համար Հայաստանը կը դառնայ ցանկալի եւ գրաւիչ։ Հետեւաբար, ամենակարեւոր առաքելութիւնը, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ունի, այդ ստեղծել լաւագոյն պայմանները Հայաստանի բնակչութեան համար։ Եւ ասոր հետ դուն կը ստեղծես պայմաններ դուրսի հայերու համար, որպէսզի ուզեն գալ Հայաստան ապրելու։ Իսկ եթէ մարդիկ կան, որոնք կու գան Հայաստան, ի հարկէ մենք ունինք որոշ աշխատանք, որոշ ծրագրեր, որոշ առաջարկներ հայրենադարձներու համար, որպէսզի իրենց այդ գործընթացը տեղափոխուելու ըլլայ հնարաւորինս սահուն։ Եւ անոր համար մենք 23 թուականի Յունիսին բացինք Հայաստանի առաջին Հայրենադարձութեան եւ ինտեգրման կեդրոնը, որու տնօրէնը, իմիջիայլոց, ինձ հետ այսօր ներկայ է Պոլիս՝ Յովհաննէս Ալեքսանեանը։ Եւ իրենց ամբողջ նպատակը, ամբողջ գործառոյթը հայրենադարձներուն աջակցելն է, որպէսզի իրենք ոչ միայն տեղափոխուին Հայաստան, այլեւ տեղափոխումը ըլլայ հնարաւորինս հաճելի եւ անցնցում։ Ու մենք այդ իմաստով ամէն բան կ՚ընենք՝ սկսած մարդկանց տոմսակները գնելէ, եթէ նման խնդիր ունին, մինչեւ երախաներու դպրոցներու հարցը, հայերէն լեզուի հարցը, աշխատանքային վերապատրաստման հարցերը, աշխատանք գտնելու խնդիրները, փաստաթղթաւորումը, բանակային ծառայութեան... ամբողջ կոմպլեքսը ինչ որ կայ, մենք իրենց կ՚օգնենք։
Տեսէք, եթէ դուք Հայաստանի բնակիչ չէք ու կ՚ուզէք քոնթէյներով գոյք բերել Հայաստան, չէք կրնար այդ ընել, պէտք է մաքս մուծէք, հարկեր մուծէք։ Հայրենադարձող անձնաւորութիւնը իրաւունք ունի իր ամբողջ գոյքը ձրիօրէն տեղափոխելու Հայաստան։ Ու մենք կ՚օգնենք իրենց։
Կնունքի վկայականներու հարցը կրնա՞ք բացատրել։
Կնունքի վկայականներու հարցին ալ մեծ փոփոխութիւն կը պատրաստուի։ Օրինակ «ես հայ եմ, կրօնափոխ եղած եմ անունս Մեհմետ է, տէրսմիսցի եմ կամ համշէնցի եմ, ինձ քաղաքականութիւն տուէք»։ Եթէ ինքը հայ է, բայց ոչ թէ հայու անուն ունի, հայերէն ալ չի գիտեր, մենք պարտաւոր ենք անոր ըստ ընթացակարգի քաղաքացիութիւն տալ։ Հիմա նման մարդիկ բնականաբար չեն կրնար եկեղեցիէն վկայական բերել, մարդ չի ըսեր «ես քրիստոնեայ եմ» ան կ՚ըսէ «Ես հայ եմ»։
Հիմա ձեւաչափը փոխուեցաւ։ Այսինքն ծնունդի վկայականը պէտք է ըլլայ ձեւերէն մէկը։ Եթէ դուն հայ ես աւելի խորը պէտք է նային։ «Եթէ չես կնքուէր կը ներես չենք կրնար քաղաքացիութիւն տալ» Այդպէս չի կարելի, չես կրնար ընել։
Բայց կնունքի թուղթով այդ շատ դիւրին կ՚ըլլայ։
Կլիմայի, թեքնոլոկիայի եւ շրջակայ միջավայրի խնդիրները բոլոր երկիրներու ընդհանուր խնդիրն են: Սփիւռքի երիտասարդ սերունդներուն եւ Հայաստանի միջեւ կա՞ն արդեօք ընկերային կառոյցներ, ուր այս խնդիրները կրնան քննարկել եւ ընդհանուր կապեր հաստատել։
Կան կառոյցներ որոնք կը զբաղին շրջակայ միջավայրի ընդհանրապէս էքոլոկիայի հարցերով եւ անոնցմէ մէկ մասը կը ներկայացուէին մեր քաղաքական ժողովի ժամանակ էՔՍՓՕ-ի մէջ։ ԷՔՍՓՕ-ին մէջ մի քանի նման կառոյցներ կային, որոնք սփիւռքեան էին կամ սփիւռքի հետ կապ ունէին՞ բայց կ՚աշխատէին Հայաստանի շրջակայ խնդիրներու շուրջ։
Նաեւ նշեմ որ՞ ինչպէս ձեր կարդացողները տեղեակ են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ COP17։ Շատ ուրախ եմ որ իր բանախօսութեան ժամանակ մենք հրաւիրած էինք շրջակայ միջավայրի նախարար Համբարձում Մաթէոսեանին եւ ան իր բանախօսութեան ժամանակ նշեց որ անցեալ տարի երիտասարդական ֆորումի մասնակցութեան արդիւնքին մեծ թիւնով սփիւռքահայ երիտասարդներ իրենք կապուած եւ խնդրած էին իրենց մասնակցութիւնը ապահովէ COP17-ին, որպէս կամաւորներ։ Եւ այդպէս ալ եղաւ, մեր աշխատակազմը կրցաւ օգտուիլ սփիւռքահայ երիտասարդներու ծառայութիւններէն։ Մեր մոլարակի առողջութիւնը ընդհանուր խնդիր է։ Այդպէս չէ ող տեղ մը լաւ ըլլայ եւ միւսներու վրայ այդ չաստէ։ Հետեւաբար մեր երիտասարդները շատ աւելի գիտակից ըլլալով կը զբաղուին այս հարցով։
Այո մի շարք կազմակերպութիւններ ասոր հետ կը զբաղուին, բայց հիմա այս կազմակերպութիւններու անունները չեմ կրնար նշել։ Մինակ կրնամ ըսել որ երկու մեծ ծառատունկ զբաղուող կազմակերպութիւններ կան մէկը «Մայ ֆորսդ Արմենիա» իսկ միւսը «Արմենիան Թրիի Փրոճէքդ»՝ երկուքն ալ սփիւռքեան եւ երկուքն ալ մեծ տնկարաններ ունին։ Միլիոնաւոր ծառեր եւ ամէն տարի ձրիօրէն ծառեր կ՚առաջարկեն անձանձ, կազմակերպութիւններուն, որպէսզի այդ ծառերը տարածուին Հայաստանի մէջ։
Նաեւ Ռուսաստանէն շատ երիտասարդներ տեղափոխուած են Հայաստան ռուս, ոչ հայ։ Անոնցմէ մի մասը իրենց հետ բերած են էքոլոկիական ակտիվիզմը Հայաստան։
Հայաստանի կողմէ COP17-ին հիւրընկալութիւն ընելը, երկիրը միջազգային հարթակի վրայ կարեւոր հանգրուանի մը հասցուցած էր։ Այսօր հերթը COP31-ով Թուրքիոյ է։ Սահմաններ եւ արգելքներ չճանչցող մեր ընդհանուր խնդրին՝ մոլորակի ապագային վերաբերեալ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընդհանուր ծրագիրներ կա՞ն։ Այս ծրագիրներուն Սփիւռքը մասնակից են։
Ես ճիշդը ըսեմ տեղեակ չեմ, որ սփիւռքը մասնակից է նման ծրագրերու։ Կրկին յիշենք, որ մենք դեռ չենք հաստատած դիւանագիտական յարաբերութիւններ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ եւ մեր սահմանները դեռ փակ են։ Այսինքն մենք Թուրքիոյ հետ կ՚աշխատինք մինիմալ ռեժիմով։ Շատ պոտենցիալը աւելի մեծ է, եթէ ունենանք դիւանագիտական յարաբերութիւններ, բացուին սահմանները, իմ կարծիքով մեծ դաշտ կը բացուի հէնց Թուրքիա բնակուող հայերու, հայկական սփիւռքի համար այդ յարաբերութիւններու մէջ դեր խաղալու համար։ Բայց քանի դեռ սահմանները փակ են, ամէն ինչ շատ սահմանափակ է։ Մենք գիտենք, որ օրինակ կան թուրքահայ անձինք, որոնք ներգրաւուած են լոժիստիկ ծառայութիւններու մէջ, բեռնափոխադրման մէջ, որ Հայաստանէն ապրանք կը բերեն Թուրքիա, Թուրքիայէն աւելի շատ Հայաստան կը բերեն եւ այլն։ Բայց այդ մարդիկ ամէն ինչ կ՚ընեն Վրաստանի միջոցով եւ ծաւալներն ալ հետեւաբար փոքր են։ Եթէ յարաբերութիւնները կարգաւորուին, իմ կարծիքով դաշտը շատ մեծ կ՚ըլլայ։




