Թերթիս հիմնադիր՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան 20-ամեակին մօտենալուն զուգընթաց, կը ցանկանանք լսել այն երիտասարդներու պատմութիւնները, որոնք հնարաւորութիւն ունեցած են հետագային ճանչնալ անոր։ Մենք կը փնտռենք այն անհատները, որոնք դեռ չէին ծնած կամ անչափահաս էին Հրանդ Տինքի սպանութեան ժամանակ ու այժմ 18-էն 35 տարեկան են եւ հետագային հանդիպած են անոր միտքերուն, յիշատակի միջոցառման ելոյթներու կամ այլ առիթով։ Մենք կը ցանկանայինք հրապարակել «Ակօս»ի մէջ ձեր ուղարկած նամակներու ընտրանին՝ ձեր անունով կամ անանուն, եթէ կը ցանկանաք։ Դուք կրնաք գրել ձեր պատմութիւնը՝ հիմնուելով հետեւեալ հարցերու վրայ.
Ե՞րբ եւ ո՞ր առիթով առաջին անգամ լսեցիք Հրանդ Տինքի անունը։
Անոր անունը ի՞նչ զգացում կ՚արթնացնէ ձեր մէջ։
Արդեօք եղա՞ւ պահ մը, երբ դուք անոր աւելի մօտիկէն ճանչցաք։
Արդեօք սա ինչ-որ բան մը փոխե՞ց ձեզ համար։
Արդեօք անոր միտքերը երբեւէ կը համընկնի ձեր կայացուցած որոշումներուն, ձեր ձեւաւորած յարաբերութիւններուն կամ ձեր կեանքի վարքագծի հետ։
Դուք կրնաք ձեր գրածները ուղարկել՝ [email protected] հասցէով։



