Մեզի պատմեցէք ձեր կենսագրութեան մասին։
Ծնած եմ Էլմատաղ թաղամասը, Սուրբ Յակոբ Հիւանդանոցի հիմնարկին պատկանող տուներէն մէկուն։ Իմ մանկութեան տարիներուն չէին վարաներ փողոցները խաղալէ եւ թաղի բոլոր տղաքս մանաւանդ ամառնային արձակուրդներուն աշկերտութիւն կ՚ընէինք դարձեալ նոյն թաղի արհեստանոցներու կամ խանութներու մէջ։
Երաժշտական հակումները ինչպէ՞ս յայտնուեցան։
Իմ առաջին երաժշտական գործիքը երգեհոն մըն էր։ Ամբողջովին ինքնուս կերպով ընտելացայ այդ գործիքին։ Առանց կրթութեան յաջողեցայ մաժէօր ագորները յայտնաբերել։ Հակառակ որ ծնած էի հայ կաթողիկէ ընտանիքի մը մէջ, երբեք չեմ մասնակցած եկեղեցական երգչախումբերու։ Այս առթիւ կ՚ուզեմ յիշել իմ ողբացեալ մեծ մօրեղբայրը, որ բոլորին ծանօթ է Գերապայծառ Արք. Եպսկ. Յովհաննէս Չոլաքեան անունով։
Հապա տարպուքայի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ե՞րբ սկսաւ։
Զինուորական պարտադիր ծառայութեան աւարտին երաժշտական գործիքներ վաճառող խանութի մը մէջ հանդիպեցայ ափրիկեան հարուածային գործիքի մը, որուն անունն էր ճեմպէ։ Այդ գործիքը հմայեց զիս, այնքան որ սովորութիւն դարձուցած էի աշխատանքի աւարտին ուղղակի տուն գալ եւ անոր հետ պարապիլ։ Երբ ճեմպէն անուշադրութեան զոհ դառնալով անգործածելի եղաւ, այդ ատեն գնեցի իմ առաջին տարպուքաս։
Գիտենք թէ տարպուքայի աշխարհահռչակ վարպետ մըն է, Եգիպտացի Ահմետը։ Ինչե՞ր կը պատմէք իր մասին։
Շատ բան սորված եմ Եգիպտացի Ահմետէն, քանի որ ութը տարիներ դաս առի իրմէ եւ վեց տարի ալ իր անմիջական օգնականը եղայ։
Եգիպտացի Ահմետ բացի նուագարանի թեքնիքական յատկութիւնները ուսուցանելէ, դասաւանդեց նաեւ երաժշտութեան փիլիսոփայութիւնը։ Սա լոկ արհեստ մը կամ ասպարէզ մը չէր, այլ սիրոյ եւ երկրպագութեան եղանակ մը։ Վարպետիս կը հետեւէի ո՛չ թէ մատները, այլ դէմքը դիտելով։ Անոր դէմքի արտայայտութիւններէն կը փորձէի գուշակել ներքնաշխարհի փոթորկող ալեկոծումները։ Մատներու հպումը թեքնիքական խնդիր մըն էր։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէր նուագածը ապրիլ։

Ահմետի հետ սերտելէ տարի մը ետք մեկուսացայ, թողեցի աշխատանքը եւ ամբողջ տարի մը տիւ ու գիշեր աշխատելով զարգացուցի իմ նուագը։ Սկիզբը Եգիպտացի Ահմետին երաժշտական դպրոցի համերգներուն մասնակցեցայ։ Ապա սկսայ ընկերակցիլ զանազան արուեստագէտներու։ Բազմաթիւ անգամներ բեմ բարձրացայ։ Նուագեցի հանրածանօթ անուններու հետ։
Անշուշտ որ տաղանդը կարեւոր է ինչպէս ամէն նիւթի մէջ։ Երբեմն կը հանդիպինք յամառ աշխատանքին տաղանդը գերազանցելուն։ Իսկ այդ երկուքի միաձուլումը ինքնաբերաբար կը բանայ յաջողութեան տանող դռները։ Երաժշտական գործիք մը նուագելը եւ մարմնամարզութիւնը իրարու նման են։ Երաժիշտի միակ տարբերութիւնը հոգիով ալ ներգրաւուածութիւնն է։ Մտայինի ու զգացականի միջեւ կամուրջ մը պէտք է կապէ։ Կը տեսնեմ որ նոր սերունդի երիտասարդութիւնը, յատկապէս ալ իգական սեռը որոշ հետաքրքրութիւն կ՚ածեն տարպուքայի հանդէպ։ Ուրախ եմ այս երեւոյթը տեսնելով։




