Երեք տարիներ անցած են Համասի 7 Հոկտեմբերի յարձակումներէն ցայսօր։ Իսրայէլի հետզհետէ ցեղասպանութեան վերածած հակայարձակումները խլեցին աւելի քան 70 հազար պաղեստինցիներու կեանքեր։ Սա պաշտօնական տուեալն է, որուն պէտք է աւելցնել անասունները, ձիթենիները եւ ամբողջ կենդանութիւնը տարածաշրջանի։
«Թոյլ չենք տար որ Կազզան մարդու իրաւունքներու թաղուած գերեզմանի մը վերածուի»։ Երկար ու դաժան տարիներ պաղեստինցիներու մարդու իրաւունքը պաշտպանելու եւ ցեղասպանութեան դիմադրելու համար տարած պայքարին համար 2026-ին, Հրանդ Տինք Միջազգային Մրցանակին արժանացած իրաւապաշտպան Ռաճի Սուրանի, մրցանակաբաշխութենէ ետք կատարուած ժողովի մը ընթացքին արտասանած էր այս նախադասութիւնը։ Ան այս տողերով կը պարզէր իրողութիւն մը։ Կազզան այլեւս գերեզման մըն է, ուր կազզացիներ կը յամառին ապրիլ։
Մի այլ պաղեստինցի, Աթթա Սաիտ Հասան Շեւիք եւս, յարձակումներու երրորդ տարելիցին, հետեւեալը կ՚ըսէր BBC-ի թղթակցին։ «Կենդանի ենք, բայց կ՚ապրինք ընդարձակ գերեզմանատան մը մէջ»։
Կազզայի Շուճայյէ թաղամասէն Աթթա Սաիտ Հասան Շեւիք կը պատմէ թէ Իսրայէլեան յարձակումներուն կորսնցուցած է որդին, դուստրը, քոյրը եւ անոր երախաները։ Շեւիք ընտանիքի մնացեալ անդամներուն հետ կը թափառի աջ ու ձախ. «Այլեւս լուծում մը գտնուելու է, տարիներէ ի վեր կեղտի, խայտառակութեան մէջ կ՚ապրինք» կ՚ըսէ Շեւիք։
Սամիրա Ապտուլլահ Ալ Ուատիյա 7 Հոկտեմբերին հարկադրուած է Շուճայյէի իր բնակարանը լքել, որմէ ետք ոչ մէկ տեղ 40 օրէ աւելի չեն բնակած։ Պատերազմի ընթացքին որդիները կորսնցուցած Սամիրայի համար պատահարները կարելի է բնութագրել մէկ բառով, որն է սարսափը։
Կազզայի համար կնքուած զինադադարները թուղթի վրայ կը մնան, քանի Իսրայէլ յարատեւ կերպով կը շարունակէ պաղեստինցու ցեղը կոտորել։ Իսրայէլի Արտ Գործ Նախարարը առանց ամչնալու պաղեստինցիները կ՚որակէ անասուն մարդիկ ըլլալով եւ կը պնդէ թէ պէտք է ոչնչացուին։ Կը փորձեն պաղեստինցիները սովի ճամբով կրթել, հիւանդանոցները հրթիռակոծելով, ջուրի սանձը խանգարելով, սննդամթերքի ներածումը արգիլելով մեզ կարգի բերել կ՚ուզեն։ Բայց գերեզմանը կը շարունակէ պահել իր կենդանութիւնը»։
Պաշտօնական տուեալները, թուանշանները պաղ են, կը տեսնենք ու կ՚անցնինք։ Բայց գոնէ անգամ մը այդ թիւերը լսելու պահուն յիշեցէք ձեր մերձաւորները, հարազատները ու միջազգային կազմակերպութիւններու պաշտօնական տուեալներով Կազզայի մէջ մահացողներու թիւը 74 հազար է։ Տեղական աղբիւրներու համաձայն այդ թիւը շատ աւելի բարձր է, քանի կարելի չէ եղած շէնքերու, դպրոցներու,հիւանդանոցներու կամ շուկաներու փլատակներուն տակ անթաղ մնացածներուն թիւը ճշդել։
Միւս կողմէ նոյն 7 Հոկտեմբեր թուականին կը յիշատակուի նաեւ Համասի գործադրած յարձակումներուն հազար երկու հարիւր իսրայէլացի զոհերը։ Թէեւ յիշատակումները կը կատարուին բովանդակ Իսրայէլի տարածքին, բայց յատկապէս կ՚առանձնանայ 378 անձերու մահացած եւ 44-ին ալ պատանդ վերցուած «Նովա» երաժշտական փառատօնի կայացած վայրը։
Ի՞նչ կ՚ուզէք մանուկներէն
Պաշտօնական տուեալները թէեւ հեռու են կատարուածը ցոլացնելու առումով, բայց փոխանցուած տեղեկութիւններէն կարելի է ենթադրել հակառակորդը, ոչնչացնելու ուղղեալ գործողութիւններու տարողութիւնը։ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանման կեդրոնին համաձայն 2023-ի Հոկտեմբերէն այսօր սպանուած են 21.745 երախաներ։ Անոնցմէ 293-ը նորածիններ էին եւ շուրջ հազարը տակաւին չէր լրացուցած առաջին տարին։ 123 մանուկներ մահացան սնունդի անբաւարարութեան պատճառաւ, կամ այլ խօսքով սովամահ եղան։ Երեք տարիներու ընթացքին 46 հազար երախայ վիրաւորուեցան, իսկ 11 հազարը անդամահատուեցան։ Ընտանեզուրկ մնացած, ռումբերու, պայթումներու հետեւանքով քունը խանգարուած, բուժօգնութիւն չստացած։
Իսրայէլեան յարձակումներէն տուժողներու շարքին են տարեցները, կանայք, հաշմանդամները, անասունները ու վերջապէս հողը։ Պաղեստինի վիճակագրութեան կեդրոնի համաձայն քաղաքի 82 տոկոսը գետնին հաւասարեցուած է։ Ամբողջովին փլած են 134 հազար 422 շէնքեր։ Տեղահանուած 1,65 միլիոն պաղեստինցի ձմրան նախօրեակին բնակութեան լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։
Քաղաքի ենթակառուցուածքը ամբողջովին վնասուած է։ Բնակչութեան 70 տոկոսը օրական հազիւ 6 լիթր ջուր կը ստանայ։
Լրագրողներ՝ ձեր անունը
տակաւին կը յիշուի
Համաշխարհային բազմաթիւ լրատուամիջոց զուրկ են Կազզա մտնելու արտօնութենէն։ Երրորդ տարեդարձի մասին լրահոսը կը հաղորդուի Իսրայէլեան յիշատակումներու սահմանումով։ Լրագրողներու կազմակերպութիւններու փոխանցմամբ ցարդ սպանուած են 263 լրագրողներ։ Իսրայէլի բանտերուն մէջ կը պահուին 50 լրագրողներ, որոնցմէ 23-ը ձերբակալուած։ Կայ նաեւ երեք անյայտ կորածներ։
Լրագրողութեան պարտականութիւնը կատարած պահուն սպանուած սիրելի պաշտօնակիցներ Սամէր Ապու Տաքքա, Էնէս Էլ Շերիֆ, Մաիրամ Էպու Տաքքան եւ Ֆաթմա Հասունայի ազնիւ յիշատակին յարգանքով։
Ձեր անունները տակաւին կը յիշուին։




